558 առաջարկ՝ 66 երկիրներէ

Ան­ցեալ տա­րուան ամ­փո­փում­նե­րուն մէջ կա­րե­լի չէ մոռ­նալ «Աու­րո­րա» մար­դա­սի­րա­կան հա­մաշ­խար­հա­յին մրցա­նա­կի հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ, 2016 թուա­կա­նի Ապ­րի­լին, ա­ւե­լի քան եօթ հա­րիւր հիւ­րե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ:

Սոյն մրցա­նա­կը նա­խա­ձեռ­նող­նե­րուն հա­մար ամ­բողջ տա­րին ե­ղաւ «Աու­րո­րա» մրցա­նա­կի ցու­ցի­չի քննարկ­ման տա­րի, ինչ­պէս նաեւ՝ պատ­րաս­տուե­լու յա­ջորդ՝ 2017 թուա­կա­նի «Աու­րո­րա»ի մրցա­նա­կին:

Յանձ­նա­խում­բը ար­դէն յայ­տա­րա­րած է 2017 թուա­կա­նին տե­ղի ու­նե­նա­լիք ձեռ­նարկ­նե­րուն մա­սին. մրցա­նա­կի յա­ւակ­նորդ­նե­րուն ա­նուն­նե­րը կը յայ­տա­րա­րուին Ապ­րի­լի 24-ին: Յա­ւակ­նորդ­նե­րէն մէ­կը՝ Մա­յիս 28-ին Ե­րե­ւա­նի մէջ կը հռչա­կուի 2017 թուա­կա­նի «Աու­րո­րա» մրցա­նա­կի դափ­նե­կիր: Դափ­նե­կի­րը եւ յա­ւակ­նորդ­նե­րը կ՚ո­րո­շէ «Աու­րո­րա» մրցա­նա­կը ընտ­րող յանձ­նա­խում­բը՝ 66 եր­կիր­նե­րէ ներ­կա­յա­ց-ւած 558 ա­ռա­ջարկ­նե­րէն ընտ­րե­լով:

Ապ­րիլ 24-Մա­յի­սի 28 թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ «Աու­րո­րա» մար­դա­սի­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը աշ­խար­հի տար­բեր եր­կիր­նե­րուն մէջ կը կազ­մա­կեր­պէ կարգ մը ձեռ­նարկ­ներ՝ ներ­կա­յաց­նե­լով մրցա­նա­կի 2017 թուա­կա­նի յա­ւակ­նորդ­նե­րուն ո­գեշն­չող պատ­մու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ մար­դա­սի­րա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը:

Յանձ­նա­խում­բը այս ա­ռի­թով կրկին կը յայ­տա­րա­րէ, որ հա­յե­րը կը փոր­ձեն վե­րա­փո­խել ըն­կա­լու­մը՝ զո­հէն ան­ցում կա­տա­րե­լով դէ­պի ար­ժա­նա­պա­տիւ եւ ստեղ­ծա­րար կեանք: Հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով այդ ջան­քե­րուն՝ «Աու­րո­րա» մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւ­նը կը փա­ռա­բա­նէ մարդ­կայ­նու­թեան հա­մընդ­հա­նուր ո­գին եւ տո­կու­նու­թիւ­նը: Այս ան­գամ ան իր գա­գաթ­նա­կէ­տին կը հաս­նի Մա­յի­սի 28-ին՝ Ե­րե­ւա­նի մէջ: Այս ամ­սա­թի­ւը պա­տա­հա­կան չէ ընտրուած, քա­նի որ յանձ­նա­խում­բը շեշ­տած է, որ Մա­յի­սի 28-ը՝ Հա­յաս­տա­նի Ա­ռա­ջին հան­րա­պե­տու­թեան օ­րը, Հա­յոց Ե­ղեռ­նէն վե­րապ­րող­նե­րուն կամ­քի դրսե­ւո­րու­մը կը խորհր­դան­շէ: Հա­յե­րը, Ե­ղեռ­նէն ըն­դա­մէ­նը ե­րեք տա­րի անց, հռչա­կած են Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին հան­րա­պե­տու­թիւ­նը: Մրցա­նա­կի շնորհ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը եւ ու­ղեկ­ցող ձեռ­նարկ­նե­րը կ՚ար­ժե­ւո­րեն այդ ու­ղին՝ մա­հէն դէ­պի կեանք, սար­սա­փէն դէ­պի յոյս, կոր­ծա­նու­մէն՝ վե­րած­նունդ:

Այժմ «Աու­րո­րա» մրցա­նա­կի դափ­նե­կի­րի թեկ­նա­ծու­նե­րը կ՚անց­նին նախ­նա­կան դի­տարկ­ման փու­լէ: Այդ փու­լը կը վա­րէ Ան­կախ փոր­ձա­գէտ­նե­րու յանձ­նա­խում­բը, որ կը գոր­ծէ «Աու­րո­րա» մրցա­նա­կի քար­տու­ղա­րու­թեան կազ­մին մէջ: Յանձ­նա­խում­բը, հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով «Աու­րո­րա» մար­դա­սիա­րա­կան մրցա­նա­կի ընտ­րա­կան չա­փա­նի­շե­րուն, կ՚ու­սում­նա­սի­րէ մրցա­նա­կին ա­ռա­ջադ­րուած բո­լոր թեկ­նա­ծու­թիւն­նե­րը եւ քուէար­կու­թեամբ կ՚ընտ­րէ անձ­նուի­րու­թեամբ եւ խի­զա­խու­թեամբ ա­ռանձ­նա­ցող 20-25 թեկ­նա­ծու­ներ:

«Աու­րո­րա» մրցա­նա­կի նա­խընտ­րա­կան փու­լին մէջ ընտ­րուած թեկ­նա­ծու­նե­րը կը ներ­կա­յա­ցուին ընտ­րող յանձ­նա­խում­բին, որ, ինչ­պէս ծա­նօթ է, կը գլխա­ւո­րէ օս­քա­րա­կիր դե­րա­սան եւ մար­դա­սէր Ճորճ Քլու­նին: Ընտ­րող յանձ­նա­ժո­ղովն ալ իր կար­գին «Աու­րո­րա» մրցա­նա­կի յա­ւակ­նորդ­նե­րու ա­նուն­նե­րը կը յայ­տա­րա­րէ 2017 թուա­կա­նի Ապ­րի­լին եւ Մա­յի­սին տե­ղի ու­նե­նա­լիք ձեռ­նար­կով մը վերջ կը դրուի 2017 թուա­կա­նի մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան:

Ան­կախ փոր­ձա­գէտ­նե­րու յանձ­նախմ­բի կազ­մին մէջ կ՚ընդգր­կուին մար­դա­սի­րա­կան ո­լոր­տի յա­ռա­ջա­մար­տիկ­ներ եւ մար­դա­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ: Այս տա­րի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­ներն են Մի­ջազ­գա­յին ճգնա­ժա­մա­յին խում­բի Ափ­րի­կէի ծրագ­րի տնօ­րէն՝ Տքթ. Քոմ­ֆորտ Է­րօ, Ֆրան­սա­յի «Բժիշկ­ներ ա­ռանց սահ­ման­նե­րու» կազ­մա­կեր­պու­թեան նա­խա­գահ՝ Տքթ. Մե­կօ Թէր­զեա­ն, ՄԱԿ-ի Մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու բարձր յանձ­նա­կա­տա­րի գրա­սե­նեա­կի փոր­ձա­գէտ՝ Բետ­րօ Մու­րա­տեա­ն, The Elders խում­բի նախ­կին տնօ­րէն՝ Լեզ­լի-Ան­նա Նայ­թ, Բաց հա­սա­րա­կու­թեան հիմ­նադ­րա­մի պա­տուոյ նա­խա­գահ՝ Տքթ. Ա­րիէ Նե­ր, Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու պե­տա­կան քար­տու­ղա­րի բնակ­չու­թեան, փախս­տա­կան­նե­րու եւ տե­ղա­շարժ­ման հար­ցե­րու նախ­կին օգ­նա­կան՝ Է­րիք Շուար­ց, Նիւ Եոր­քի հա­մալ­սա­րա­նի Ստեր­նի պիզ­նըս դպրո­ցի Մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու եւ գոր­ծա­րա­րու­թեան կեդ­րո­նի տնօ­րէն՝ Փրոֆ. Մայ­քըլ Պոզ­նը­ր, Crisis Action կազ­մա­կեր­պու­թեան ար­շաւ­նե­րու տնօ­րէն՝ Նի­քո­լա Ռէյն­տորպ, լրագ­րող, Փու­լի­ցը­րեան մրցա­նա­կի դափ­նե­կիր՝ Սթի­վըն Քիւրք­ճեա­ն եւ Ա­րուեստ­նե­րու եւ գի­տու­թիւն­նե­րու ա­մե­րի­կեան ա­կա­դե­միո­յ նա­խա­գահ՝ Ճա­նը­թըն Ֆան­թո­ն:

Վեր­ջերս նաեւ ռու­սաս­տա­նեան «Նուի­րէ կեան­ք» հիմ­նադ­րա­մի հա­մա­հիմ­նա­դիր, նշա­նա­ւոր դե­րա­սա­նու­հի եւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ՝ Չուլ­պան Խա­մա­տո­վա միա­ցած է «Աու­րո­րա» մար­դա­սի­րա­կան մրցա­նա­կի Ան­կախ փոր­ձա­գէտ­նե­րու յանձ­նա­խում­բին:

Ռուս նշա­նա­ւոր դե­րա­սա­նու­հին, որ տա­րի­ներ շա­րու­նակ զբա­ղած է մար­դա­սի­րա­կան գոր­ծու­նէու­թեամբ, հայ­կա­կան մի­ջազ­գա­յին այս մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան մաս կազ­մե­լէ ետք ը­սած է.

«Սար­սա­փե­լի է կար­դալ մեր օ­րե­րուն տա­ռա­պան­քի եւ կեան­քի ու մա­հուան սահ­մա­նա­գի­ծի վրայ ապ­րող մար­դոց մա­սին, բայց իմ սիրտս ջեր­մու­թեամբ կը լե­ցուի, երբ կը ծա­նօ­թա­նամ այս անձ­նա­զոհ հե­րոս­նե­րու պատ­մու­թիւն­նե­րուն: Ա­նոնց գո­յու­թիւ­նը եւ խի­զախ ու նուի­րուած գոր­ծու­նէու­թիւ­նը կ՚ա­պա­ցու­ցեն, որ չկայ կո­րուստ, որ մարդ­կա­յին կեան­քը կը շա­րու­նա­կէ մնալ բա­ցար­ձակ ար­ժէք: Չա­փա­զանց հպարտ եմ, որ ես ալ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նիմ մաս­նա­կից դառ­նա­լու այս մար­դա­սի­րա­կան շար­ժու­մին եւ «Աու­րո­րա» մրցա­նա­կի դափ­նե­կի­րի ընտ­րու­թեան նա­խընտ­րա­կան փու­լին: Ա­սի­կա շատ կա­րե­ւոր եւ պար­տա­ւո­րեց­նող փոր­ձա­ռու­թիւն մըն է»:

ԱՅԼ ԾՐԱԳ­ՐԵՐ՝ «ԱՈՒ­ՐՈ­ՐԱ»ԷՆ

«Աու­րո­րա» մար­դա­սի­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեան հրա­ւէ­րով, այս Դեկ­տեմ­բեր ամ­սուն, Հա­յաս­տան այ­ցե­լեց ե­րա­ժիշտ եւ մշա­կու­թա­յին ձեռ­նե­րէց Փաու­լօ Փեթ­րո­չել­լի, որ աշ­խար­հի մէջ նշա­նա­ւոր է իր խա­ղա­ղա­սի­րա­կան ծրա­գիր­նե­րով եւ մշտա­պէս ա­ռաջ­նոր­դուած է այն հա­ւատ­քով, որ ա­րուեստն ու ա­րուես­տի կրթու­թիւ­նը աշ­խար­հի վրայ ա­ճի, զար­գաց­ման ու փո­փո­խու­թեան նե­րուժ ու­նին։ 2013 թուա­կա­նին Փաու­լօ Փեթ­րո­չել­լի հիմ­նած է «Եւ­րո­մի­ջերկ­րա­կան ե­րաժշ­տա­կան ա­կա­դե­միա՝ յա­նուն խա­ղա­ղու­թեա­ն» (EMMA) կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը, ո­րուն նպա­տա­կը ե­րաժշ­տա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թեան ու կրթու­թեան մի­ջո­ցով խա­ղա­ղու­թիւն սեր­մա­նելն է։ Ներ­կա­յիս ան Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կա­կիր­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին գա­գաթ­նա­ժո­ղո­վի մշտա­կան յանձ­նա­խում­բի Մշա­կու­թա­յին եւ ե­րաժշ­տա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թեան հար­ցե­րու հա­մա­կար­գողն է եւ ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի՝ Ի­տա­լիոյ պե­տա­կան յանձ­նա­խում­բի Ե­րի­տա­սար­դա­կան կո­մի­տէի հա­մա­հիմ­նա­դիրն ու նա­խա­գա­հը։ Մէկ խօս­քով, Հա­յաս­տան այս օ­րե­րուն ու­նե­ցաւ հռչա­կա­ւոր հիւր մը եւս, որ գտնուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի նշա­նա­ւոր կեդ­րոն­նե­րուն մէջ, հան­դի­պե­ցաւ յա­ռա­ջա­դէմ ե­րի­տա­սար­դու­թեան եւ իր հետ Եւ­րո­պա տա­րաւ «Աու­րո­րա» մրցա­նակ հիմ­նե­լու հա­յե­րու ան­նա­խա­դէպ խի­զախ պատ­մու­թիւ­նը:

«ԱՈՒ­ՐՈ­ՐԱ-Ն՝ UWC ՑԱՆ­ՑԻ ԴՊՐՈՑ­ՆԵ­ՐՈՒՆ ՄԷ­Ջ»

«Աու­րո­րա» մար­դա­սի­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը ընդ­լայ­նած է իր ծրա­գիր­նե­րու շրջա­նա­կը՝ մեկ­նար­կե­լով «Աու­րո­րա-ն՝ UWC ցան­ցի դպրոց­նե­րուն մէ­ջ» նա­խա­գի­ծը:

Ան կը խրա­խու­սէ United World Colleges (Միա­ցեալ հա­մաշ­խար­հա­յին գո­լէճ­ներ, UWC) ցան­ցի դպրոց­նե­րու ու գո­լէճ­նե­րու ու­սա­նող­նե­րը՝ ստեղ­ծել եւ հե­տա­գա­յին զար­գաց­նել այն­պի­սի նա­խա­գի­ծեր, ո­րոնք կ՚ա­ռըն­չուին մար­դա­սի­րա­կան խնդիր­նե­րու եւ UWC ցան­ցին հա­մար ու­նին ա­ռանձ­նա­յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն:

Միա­ցեալ հա­մաշ­խար­հա­յին գո­լէճ­նե­րը, ինչ­պէս ծա­նօթ է, Միա­ցեալ Թա­գա­ւո­րու­թեան մէջ հիմ­նուած մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն մըն է, ու­նի տասն­վեց դպրոց­ներ եւ գո­լէճ­ներ՝ Հա­յաս­տան, Գա­նա­տա, Հոնկ Քոնկ, Հնդկաս­տան, Ի­տա­լիա, Նո­րվե­կիա, Սին­կա­փուր, Զուի­ցե­րիա, Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, Միա­ցեալ Թա­գա­ւո­րու­թիւն, Քոս­թա-Ռի­քա, Պոս­նա եւ Հեր­ցե­քո­վի­նա, Հո­լան­տա, Գեր­մա­նիա, Չի­նաս­տան եւ ազ­գա­յին կո­մի­տէ­ներ՝ ա­ւե­լի քան հա­րիւր քա­ռա­սուն եր­կիր­նե­րու մէջ, բազ­մա­թիւ երկր­նե­րու մէջ ի­րա­կա­նա­ցուող կարճ ծրա­գիր­նե­րու ծրա­գիր, ա­ւե­լի քան 50 հա­զար շրջա­նա­ւարտ­նե­րու ցանց՝ ա­ւե­լի քան 181 երկր­նե­րու մէջ եւ մի­ջազ­գա­յին գրա­սե­նեակ մը՝ Լոն­տո­նի մէջ:

«UWC ցան­ցի դպրոց­նե­րուն ու գո­լէճ­նե­րուն հա­մար «Աու­րո­րա» մար­դա­սի­րա­կան ծրա­գի­րը կ՚ար­ժե­ւո­րէ էա­կան ազ­դե­ցու­թիւն ձգե­լու հնա­րա­ւո­րու­թեամբ նա­խա­գի­ծե­րը եւ յաղ­թո­ղին կը տրա­մադ­րէ դրա­մաշ­նորհ՝ նա­խա­գի­ծի հե­տա­գայ զար­գաց­ման հա­մար: «Աու­րո­րա-ն՝ UWC ցան­ցի դպրոց­նե­րուն մէ­ջ» նա­խա­գի­ծի նպա­տակն է բարձ­րաց­նել հան­րա­յին ի­րա­զե­կու­թիւ­նը աշ­խար­հի յոյժ հրա­տապ մար­դա­սի­րա­կան հիմ­նախն­դիր­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ եւ քայ­լե­րու ձեռ­նար­կել ա­նոնց լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ։

«Մենք ստեղ­ծած ենք «Աու­րո­րա-ն՝ UWC ցան­ցի դպրոց­նե­րուն մէ­ջ» նա­խա­գի­ծը՝ խրա­խու­սե­լու հա­մար UWC ցան­ցի ու­սա­նող­նե­րը, որ­պէս­զի ա­նոնք ներգ­րա­ւուին մար­դա­սի­րա­կան հար­ցե­րուն մէջ եւ հե­տաքրք­րուին, թէ ի­րենք ինչ­պէ՞ս կրնան զգա­լի ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­նալ այն հար­ցե­րուն վրայ, զորս կը դի­մագ­րա­ւեն մար­դիկ եւ հա­մայնք­նե­րը: Մենք կ՚ու­զենք ո­գեշն­չել ու­սա­նող­նե­րը՝ հա­մա­տե­ղել ու­ժե­րը եւ օգ­տա­գոր­ծել UWC ցան­ցի շրջա­նա­ւարտ­նե­րու մաս­նա­գի­տա­կան փոր­ձը, որ­պէս­զի յա­ռաջ մղեն ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան, կա­յուն եւ յստակ ծրա­գիր­ներ՝ ա­պա­գան ա­ւե­լի լաւ եւ մարդ­կա­յին դարձ­նե­լու հա­մա­ր», ը­սած է UWC Dilijan մի­ջազ­գա­յին գո­լէ­ճի հիմ­նա­դիր Վե­րո­նի­քա Զո­նա­պենտ:

«Աու­րո­րա-ն՝ UWC ցան­ցի դպրոց­նե­րուն մէ­ջ» ծրա­գի­րը ոչ միայն կը ներգ­րա­ւէ ու­սա­նող­ներ եւ աշ­խա­տա­կից­ներ, այ­լեւ կոչ կ՚ուղ­ղէ UWC ցան­ցի շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն ա­ջակ­ցիլ ծրա­գի­րին՝ ներգ­րա­ւուե­լով բո­լոր մաս­նա­կից խում­բե­րուն մէջ: Ա­նոնք կրնան օ­ժան­դա­կել ծրա­գի­րին որ­պէս խորհր­դա­տու­ներ՝ նկա­տի առ­նե­լով ա­նոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րին ա­ռանձ­նա­յա­տուկ հմտու­թիւն­ներն ու մաս­նա­գի­տա­կան փոր­ձե­րը եւ ամ­րապն­դե­լով UWC ցան­ցի ներ­կայ եւ նախ­կին ու­սա­նող­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը:

«Այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը կա­րե­ւոր ան­կիւ­նա­քար մըն է UWC շարժ­ման ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը յա­ռաջ մղե­լու հար­ցին մէջ. խա­ղա­ղու­թիւնն ու կա­յու­նու­թիւ­նը դարձ­նե­լով ա­ռա­քե­լու­թիւն՝ ու­սա­նող­նե­րու եւ շրջա­նա­ւարտ­նե­րու կրթու­թեամբ: Մեր ու­սա­նող­նե­րու եւ շրջա­նա­ւարտ­նե­րու ա­ռա­ջար­կած մար­դա­սի­րա­կան նա­խա­գի­ծե­րուն մի­ջո­ցաւ մենք կը դառ­նանք խա­ղա­ղու­թեան ի­րա­կան եւ գործ­նա­կան տա­րա­ծող­նե­րը: Այս է UWC ցան­ցին նպա­տա­կը», ընդգ­ծած է UWC International-ի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն՝ Եէնս Ո­ւալ­տեր­ման:

Իւ­րա­քան­չիւր նա­խա­գիծ կը գնա­հա­տուի իր ինք­նա­տի­պու­թեամբ, կա­յու­նու­թեամբ, հե­տա­զօ­տա­կան ո­րա­կով, ազ­դե­ցու­թեամբ, նուի­րուա­ծու­թեամբ եւ այլ յատ­կա­նիշ­նե­րով: Ծրա­գի­րը ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար ընտ­րուած ե­րեք յա­ւակ­նորդ խում­բե­րը կը ժա­մա­նեն Ե­րե­ւան՝ մաս­նակ­ցե­լու հա­մար «Աու­րո­րա» մրցա­նա­կի շնորհ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան՝ 2017 թուա­կա­նի, Մա­յի­սի 28-ին: Յաղ­թող նա­խա­գի­ծը կը ստա­նայ 4 հա­զար տո­լար պար­գեւ՝ նա­խա­գի­ծի հե­տա­գայ մշակ­ման եւ ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար:

 UWC ցան­ցի բո­լոր տասն­վեց դպրոց­ներն ու գո­լէճ­նե­րը հաս­տա­տած են «Աու­րո­րա-ն՝ UWC ցան­ցի դպրոց­նե­րուն մէ­ջ» նա­խա­գի­ծին մէջ ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը:

ՄԱ­ՏԵ­ՆԱ­ԴԱ­ՐԱ­ՆԻՆ

«Աուո­րա­րա» նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը Ե­րե­ւա­նի Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի ա­նուան հին ձե­ռա­գիր­նե­րու գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան հիմ­նար­կին՝ Մա­տե­նա­դա­րա­նին վեր­ջերս 20 հա­զար տո­լա­րի դրա­մաշ­նորհ տրա­մադ­րած է՝ միա­նա­լով Հա­յաս­տա­նի մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րը օ­տա­րերկ­րա­ցի­նե­րուն լա­ւա­գոյնս ներ­կա­յաց­նե­լու ջան­քե­րուն:

Դրա­մաշ­նոր­հին մի­ջո­ցաւ նիւ­թա­կան հո­գա­ծու­թեան տակ պի­տի ըլ­լայ Մա­տե­նա­դա­րա­նի տա­սը ու­ղեկ­ցող-վա­րող­նե­րու (guide) դա­սըն­թաց­քը՝ Գեր­մա­նիոյ մէջ: Դա­սըն­թաց­քի տե­ւո­ղու­թեան ա­նոնք կ­­՚այ­ցե­լեն թան­գա­րան­ներ եւ մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն­ներ, կը ծա­նօ­թա­նան թան­գա­րա­նա­յին կա­ռա­վար­ման եւ ներ­կա­յաց­ման նո­րա­գոյն սկզբունք­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ կը զար­գաց­նեն օ­տար լե­զու­նե­րով աշ­խա­տող թան­գա­րա­նա­յին ու­ղեկ­ցող­նե­րու անհ­րա­ժեշտ հմտու­թիւն­նե­րը:

ՍՈՒ­ՐԻԱ­ՑԻ ՓԱԽՍ­ՏԱ­ԿԱՆ­ՆԵ­ՐՈՒՆ

Փրկու­թեան մի­ջազ­գա­յին կո­մի­տէն (IRC) եւ «Աու­րո­րա» մար­դա­սի­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը հա­մա­տեղ ջան­քե­րով կը գան­ձատ­րեն հե­տա­զօ­տա­կան նոր ծրա­գիր մը, որ Փրկու­թեան մի­ջազ­գա­յին կո­մի­տէին հնա­րա­ւո­րու­թիւն կու տայ վստա­հե­լի եւ հա­շուե­տու դրա­մա­կան բաշխ­ման մի­ջո­ցաւ կեն­սա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն ցու­ցա­բե­րել սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մէն տու­ժած­նե­րուն։

«Աու­րո­րա» մար­դա­սի­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը իր կող­մէն տրա­մադ­րած է 100 հա­զար ա­մե­րի­կեան տո­լար դրա­մաշ­նորհ, ո­րու օգ­նու­թեամբ Փրկու­թեան մի­ջազ­գա­յին կո­մի­տէն պէտք է սկսի «Ա­ռաջ­նա­հերթ կան­խի­կ» ծրա­գի­րի ճա­նա­պար­հա­յին քար­տէ­սի մշա­կման, որ կը տե­ւէ մէկ տա­րի եւ ար­դիւն­քին կ­­՚ա­ռա­ջար­կէ նոր գոր­ծե­լա­ձեւ, որ կ­­՚ու­սում­նա­սի­րէ կան­խի­կի փո­խանց­ման ընդ­լայն­ման դէմ ծա­ռա­ցած խո­չըն­դոտ­նե­րը՝ ըստ եր­կիր­նե­րու եւ կ՚ա­ռա­ջար­կէ զա­նոնք յաղ­թա­հա­րե­լու մի­ջոց­ներ։

Ա­պա­ցու­ցուած է, որ դրա­մա­կան մի­ջոց­նե­րու փո­խանց­ման ծրագ­րու­մը օգ­նու­թեան տրա­մադր­ման չա­փա­զանց ազ­դե­ցիկ եւ ար­դիւ­նա­ւէտ տար­բե­րակ մըն է՝ ի տար­բե­րու­թիւն մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան այլ ձե­ւե­րու, ո­րոնք նուի­րա­բե­րուած դրա­մա­կան մի­ջոց­նե­րը կ՚ուղ­ղեն անհ­րա­ժեշտ պա­րա­գա­նե­րու ձեռք­բեր­ման եւ բաշխ­ման: Փոր­ձը ցոյց կու տայ, որ կան­խիկ դրամ իր տե­ղը հասց­նե­լը ա­ւե­լի ա­ժան եւ ա­րագ է, քան՝ օգ­նու­թեան այ­լընտ­րան­քա­յին ձե­ւե­րը, ո­րոնք կը պա­հան­ջեն ապ­րան­քի հայ­թայ­թում, տե­ղա­փո­խում, պահ­պա­նում եւ բաշ­խում։

Կան­խի­կի փո­խանց­ման ծրագ­րու­մը շա­հա­ռու­նե­րը կ՚օժ­տէ ա­ւե­լի մեծ ա­զա­տու­թեամբ ու ար­ժա­նա­պա­տուու­թեամբ հնա­րա­ւո­րու­թիւն տալ ա­նոնց, սե­փա­կան կա­րիք­նե­րը լու­ծել ըստ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թեան՝ դառ­նա­լով ի­րենց իսկ կեան­քի վե­րա­կա­ռուց­ման գոր­ծա­կալ­նե­րը։ Փաս­տե­րը ցոյց կու տան, որ տու­ժած հա­մայնք­նե­րուն կան­խիկ գու­մա­րի տրա­մադ­րու­մը կը բազ­մա­պատ­կէ տե­ղա­կան տնտե­սու­թեան վրայ ու­նե­ցած ազ­դե­ցու­թիւ­նը։

«Ու­րախ ենք գոր­ծակ­ցե­լով Փրկու­թեան մի­ջազ­գա­յին կո­մի­տէին հետ, քա­նի որ միա­սին կրնանք յա­ռաջ տա­նիլ կա­րի­քա­ւոր­նե­րուն օգ­նե­լու մեր ընդ­հա­նուր նպա­տա­կը», ը­սած է «Աու­րո­րա» մար­դա­սի­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեան հա­մա­հիմ­նա­դիր Ռու­բէն Վար­դա­նեա­ն։ «Ո­գեշն­չուե­լով հա­րիւր տա­րի ա­ռաջ յա­նուն հա­յու­թեան փրկու­թեան գոր­ծող ան­հատ­նե­րէն՝ մենք այ­սօր հպար­տօ­րէն կը շա­րու­նա­կենք ա­նոնց ո­գին, ա­ջակ­ցե­լով ներ­կա­յի ա­մե­նէն հրա­տապ մար­դա­սի­րա­կան մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը դի­մագ­րա­ւող կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն: Մե­զի հա­մար հա­ճե­լի է օ­ժան­դա­կել մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան այս նո­րա­րա­րա­կան մի­ջո­ցին, որ անհ­րա­ժեշտ օգ­նու­թիւ­նը իր տե­ղը կը հասց­նէ ա­ւե­լի ա­րագ՝ գո­հաց­նե­լով շա­հա­ռու­նե­րը»։

Փր­կու­թեան մի­ջազ­գա­յին կո­մի­տէն, որ ներ­կա­յիս աշ­խար­հի տաս­նինն եր­կիր­նե­րու մէջ կան­խիկ օգ­նու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րէ 113 հա­զար մար­դու, մշա­կուե­լիք ճա­նա­պար­հա­յին քար­տէ­սը կը գոր­ծա­ծէ կան­խիկ մի­ջոց­ներ ծրագ­րա­ւո­րե­լու իր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ա­ւե­լի ընդ­լայ­նե­լու հա­մար՝ չկեդ­րո­նա­նա­լով օգ­նու­թեան պա­կաս ար­դիւ­նա­ւէտ տրա­մադր­ման ձե­ւե­րուն վրայ։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2016