ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆԻ ԿԵԱՆՔԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ՏԱՐԻՆԵՐԸ
Այսօր հայ գրականութեան հարուստ աշխարհին մէջ իր ուրոյն տեղն ու երանգը ունեցող մեծանուն գրող Վահան Թէքէեանի ծննդեան օրն է: Ծնած ըլլալով Իսթանպուլ, 1878 թուականին, Թէքէեան մահացած է Գահիրէ, Եգիպտոս, 4 ապրիլ 1945 թուականին, ուր կը հանգչի մեծ մտաւորականին աճիւնը: Անոր գրական, մանկավարժական, հրապարակախօսական կեանքը Պոլսոյ մէջ քաջ ծանօթ է, նաեւ այն հանգամանքը, որ Թէքէեան Պոլսոյ մէջ շրջան մը խմբագրած է «Ժողովուրդի Ձայնը-Ժամանակ» միացեալ օրաթերթը: Բացի Պոլիսէն, Թէքէեան ապրած է նաեւ Եւրոպա եւ Գահիրէ:
Գահիրէի մէջ Թէքէեանի կեանքին վերջին տարիներուն մասին ուշագրաւ յօդուած մը հրատարակած է հայրենի գրականագէտ, Թէքէեանի գրականութեան լաւագոյն մեկնաբաններէն Արծրուն Աւագեան, նշելով, որ համեմատական առումով, Վահան Թեքէեան թէեւ ապրած է արեւմտահայ գրականութեան մեր գեղապաշտ սերունդի միւս գրողներէն աւելի երկար, սակայն անոր երջանիկ կեանք չէ վիճակուած, աւելին, անոր ապրած ամէն մէկ օրը լի էր բազում դառնութիւններով: Գրականագէտ Աւագեան ողբերգական կոչած է Թէքէեանի կեանքի մանաւանդ վերջին տարիները: Կը յիշեցնէ, որ 1940 թուականի ապրիլին Միքայէլ Կիւրճեանին գրած նամակի մը մէջ Թէքէեան ցաւով նշած է. «…Ուժս պակսած է, բայց խմբագրատուն կու գամ կոր՝ որովհետեւ պէտք է գալ եւ պէ՛տք է սատկիմ այս գէշ օդին, գէշ օգնականներուն եւ գէշ գործին մէջ…», իսկ յաջորդ տարուայ դեկտեմբերին գրած նամակին մէջ, խօսելով իր «գէշէն գէշ» վիճակին մասին, վկայած է. «Երէկ իրիկուն երբ խմբագրատունէն ելայ՝ հինգ վայրկեան մայթին եզերքը, մութին մէջ կեցած մնացի՝ երթալիք տեղս չգիտնալով, որքա՜ն մութ էին մտածումներս»:
Հակառակ այդ ամէն ինչին, Թէքէեան կը շարունակէր աշխատիլ, ստեղծագործել եւ, ինչպէս գրականագէտ Արծրուն Աւագեան կը յիշեցնէ, իր այդ ծանր վիճակով հանդերձ՝ այդ շրջանին կը ձեռնարկէ հիւանդանոցը գտնուող Շահան Շահնուրին օգնութեան հանգանակութիւն կազմակերպել, ազգային ու կուսակցական ասպարէզներուն մէջ պայքարներ մղել.
«Անոր կացութեան շատ թէ քիչ լաւացման արտայայտութիւններէն մէկն ալ եղաւ 1941-էն «Արեւ»ի թիւերուն մէջ «Ամէնօրեայ» խորագրով սիւնակին բացումը, զոր ան կոչեց իր «երկրորդ երիտասարդութեան պտուղները»: Բայց ո՛չ տնտեսական եւ ո՛չ ալ մանաւանդ առողջական վիճակին էական փոփոխութիւն չէր սպասուեր»,- իր յօդուածին մէջ կը գրէ Արծրուն Աւագեան:
Կը ներկայացնենք «Վահան Թէքէեանի կեանքին վերջին տարիները» խորագրով Արծրուն Աւագեանի յօդուածէն ուշագրաւ հատուածներ.
ԿԵԱՆՔԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ՏԱՐԻՆԵՐԸ
1943-ի գարնան «Արեւ»ի խմբագրատան մէջ ան աղիներու գալարում կ՚ունենայ, սիրտի ցաւեր, կը փոխադրուի ֆրանսական հիւանդանոց, ուր կը մնայ քանի մը օր: Գրողը արդէն ստեպ-ստեպ կ՚այցելէ խմբագրատուն: Ան աւելի կ՚ապրի «երէկի ներկայութեամբ ընդդէմ այսօրուան», թէեւ իր դեռատի նամակագրի մը (Ֆիմի անունով) կը գրէ, թէ ինք տակաւին կը շարունակէ «փոխն ի փոխ տառապիլ» անցեալով, ներկայով ու ապագայով:
…Թէքէեանի ապրած օրերը հետզհետէ աւելի ու աւելի ծանր կը դառնային, որուն կը նպաստէր նաեւ Գահիրէի, ուր ան կը բնակէր, դժուար տանելի տաք ու խոնաւ եղանակը: Թէքէեան 1943-ի սեպտեմբերին կարճ ժամանակով կ՚ըլլայ Ալեքսանդրիա, որուն ծովափնեայ օդը կազդուրիչ դեր կ՚ունենայ իր առողջութեան վրայ, որու հետեւանքով ան «շատ գէշ» չէր՝ «շատ ա՛ղէկ չըլլալով հանդերձ» կ՚արտայայտուի:
Ան կը մասնակցի արտասահման ապաստանած հայութեան հայապահպանման սատար կանգնելու նպատակով ստեղծուող «Հայ ազգային հիմնադրամ»ի կազմակերպման աշխատանքներուն: Գրողին կ՚առաջարկուի ստանձնել Գահիրէի հայկական վարժարաններու ուսումնական խորհուրդի ղեկավարումը, սակայն ան չի համաձայնիր: Եգիպտոսի «հայկական կեանքին մթնոլորտը» եւս «շնչելի» չի դարձներ անոր ապրած օրերը: Իրենք զիրենք ազնիւ չեն պահեր նաեւ Թէքէեանի որոշ բարեկամ-ընկերները: Շուտով ան ընդհարում կ՚ունենայ «Արեւ»ի տնօրէնութեան ու կուսակցութեան որոշ ղեկավարներուն հետ եւ կը դադրի թերթին աշխատակցելէ: Ան կը հեռանայ նաեւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան կենդրոնական վարչութենէն:
Հրանդ Նասիբեանի նիւթական աջակցութեամբ 1943-ին, Գահիրէի մէջ լոյս կը տեսնէ Թէքէեանի «Հայերգութիւն» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն: Կեանքին յարուցած բազում դժուարութիւններուն համար Թէքէեան տասը տարի գիրք լոյս չէր ընծայած: Գրողին այս 5-րդ գիրքը կը միտի դառնալ մեր ժողովուրդին անցած ճանապարհին հայելին, անոր գոյակռուին, յոյսին ու հաւատին, կորուստներուն եւ մանաւանդ մարդկային ու ազգային մաքառումներուն արտացոլքը տալու…
…1944-ի ամրան Թէքէեան կ՚այցելէ Պաղեստին: Երուսաղէմի, Հոպպէի եւ Հայֆայի մէջ, ի պատիւ անոր, կը կազմակերպուին հանդիպումներ ու հաւաքոյթներ: Գրողը կը վայելէ Յ. Օշականին, Շ. Պէրպէրեանին եւ իր խումբ մը համակիրներուն ընկերակցութիւնը. գոհ մնալով իր ապրած այդ օրերէն՝ կրկին կը վերադառնայ Գահիրէ եւ շնչարգելութենէն ու պնդերակութենէն բուժուելու նպատակով կը մեկնի Ալեքսանդրիա: Շուրջ մէկ տարուան ընդմիջումէն ետք կը վերսկսի իր ծանր աշխատանքը «Արեւ»ի մէջ: Թէքէեան այլեւս նման չէր ո՛չ նախկին «ղազէթէճիին» եւ ո՛չ ալ բանաստեղծական նախկին «յորդումներ կը զգար կուրծքին տակ»: Բազում մտածումներ ու ըսելիքներ մէկընդմիշտ «թաղուած պիտի մնային» անոր մէջ: Հոկտեմբերի վերջերը գրուած նամակի մը մէջ ան կ՚արձանագրէ. «Կար չկար ծեր մարդ մը կար, որուն քերթող կ՚ըսէին եւ որ վերջ ի վերջոյ, եկած էր, սիրած էր գալ նոյն համոզումին՝ բայց ոչ առանց տխրութեան, ծեր մարդ մը, ծեր քերթող մարդ մը հետեւաբար, որ խոր ծերութեան հասնելէն քիչ առաջ, թերե՜ւս այդ համոզումին շնորհիւ՝ որ իր քերթուածներուն մէջ թափած սէրերէն ցոլք մը կը դարձնէր իրեն, զայն կը դնէր նայուածքին, ձեւին ու ձայնին մէջ` որոնք իր խրտչոտ ու երկչոտ ըլլալովը, վերապահ ըլլալէ աւելի՝ գրեթէ կարծր ու չոր էին իր ամբողջ երիտասարդութեանն ու չափահասութեանն ալ ատենը»:
Այսպէս, տարիներու հեռուէն գրեթէ սպառիչ բնութագրելով ինքզինք ու իր քերթողութիւնը, Թէքէեան վերոյիշեալ տողերուն մէջ կրկին ու կրկին կը շեշտէ այն անհուն տխրութիւնը, որ ուղեկցած էր իրեն ողջ կեանքին ընթացքին:
Այդ տխրութեան պատճառները տարբեր էին, որոնց մէջ ետին տեղ չէին գրաւեր Թէքէեանի շրջապատն ու մանաւանդ անոր վիճակուած առանձին կեանքը. «Դժուար է խնամող մը եւ տուն մը չունենալ մանաւանդ: Առաջ այսպէս չէր բոլորովին: Ընտանիքի մը մէջ կ՚ապրէի. մինչ հիմա սենեակի մը մէջ եմ միայն, երբ աւելի պէտք ունիմ հանգիստի, հոգածութեան»:
Աւելցնենք, որ միշտ ալ անոր բնակած «սենեակները» «դամբանային» եղան, իսկ կերած հացը՝ լեղի, որուն պատճառով ալ ան իր արցունքներուն հետ իր այդ դատապարտուածութիւնն է, որ կը կլլէր ու իրեն վիճակուած կեանքին մնացած մասը կ՚ապրէր «կէս մը մանուկի եւ կէս մը ծերի վիճակով»: Թերեւս ատոր համար ալ ան ինզքինք յաճախ կը կոչէր «քարանձաւ», «աւերակ», «անապատ», անապատ մը, որ իր բառերով՝ «աւելի չոր եւ ճնշիչ կ՚ըլլար»:
Հակառակ այս բոլորին՝ Թէքէեան միշտ մնաց նուիրեալ հոգի, հաւատաց, որ պէտք է «մէկդի նետել մտածումները եւ հաստատ կերպով… մղել ներկայ ամէնօրեայ պզտիկ պայքարները, որոնց յաղթական ելքով է, որ վաղը հնարաւոր պիտի ըլլայ… մեծ պայքարը…»: Այս ընթացքին Թէքէեան «Արեւ»ի մէջ կը տպագրէ անստորագիր քանի մը ջախջախիչ խմբագրականներ, որոնցմէ մէկը «Ի պատասխան հարեւաններուն հանած անհարկի վլվլուկին»՝ նկատի ունենալով հնչակեաններու հակառակորդ կուսակցութեան օրկան «Յուսաբեր» թերթը, ստեպ-ստեպ, ինչպէս կ՚ըսեն նաեւ կը թեւածէր բանաստեղծական աշխարհներու մէջ:
Միակ մխիթարութիւնը կը դառնայ այն, որ նախորդ գիրքի հովանաւորին օգնութեամբ լոյս աշխարհ կու գայ հերթական ժողովածուն՝ «Տաղարանը», որուն նախնական խորագրերը՝ «Հոգետուն», «Վերջին լոյս», «Նոր սէր» արդէն կ՚ենթադրէին, որ գրողը անոր մէջ կը կատարէ մարդկային կեանքի ու սիրոյ տարաբնոյթ եզրերու բացայայտումներ:
1945-ը բանաստեղծական հունձք չբերաւ Թէքէեանին եւ ոչ ալ՝ առողջութեան կազդուրում: Տաք Եգիպտոսին մէջ, ուր, Յ. Օշականի խօսքերով՝ «մարդուն միտքը կը լխկի», Թէքէեան «կը մսէր»: Կը մսէր հոգիով, մտքով, բայց մանաւանդ շրջապատէն բխող սառնութենէն:
Շ. Շահնուրի բնութագրմամբ՝ «բարձր բարոյականի ջատագով», «միշտ վերապահ», «գերզգայ» այդ մարդը ստիպուած էր ամէն օր հաղորդակցիլ ազնուութիւն ու մտաւորականի հոգի չունեցող «շուկայիկ մարդոց» հետ: Այդ ազնուական մարդը, որ վեր էր նաեւ իր կուսակիցներէն, որքան դժբախտ էր իր անձնական կեանքին մէջ, նոյնքան ալ առանձին էր հասարակական շրջապատին մէջ:
Թէքէեան 1945-ի սկզիբները կ՚ունենայ թոքի արիւնազեղութիւն, կը սկսի դժուարութեամբ քալել, առաւելեւս դժուարութեամբ գրել, նոյնիսկ կարդալու տկարութիւն կը զգայ: Թէքէեան մարտին կը պառկի Գահիրէի ֆրանսական հիւանդանոցը: Ձեռքերուն վէրքերը եւ մանաւանդ թոքերը ծայրագոյն վատթար վիճակի հասած էին, հազը՝ այլեւս անտանելի. «Ասանկ չարչարուելո՞վ պիտի մեռնիմ: Սանկ շնորհքով հիւանդութիւն մը ըլլար, քեզ քանի մը օրէն առնող տանող… բայց ասիկա՜… էօֆ…»:
Շուտով հիւանդին վիճակը այնքան կը ծանրանայ, որ բժիշկները խորհուրդ կու տան քիչ խօսիլ, իսկ աւելի ստոյգ կը պահանջեն «բնաւ չխօսիլ»: Թէքէեան այլեւս մահճակալին գամուած մարդ էր, մինակ քան երբեւէ, եւ եթէ չհաշուենք անոր «ընկերակցող» հիւանդութիւնները, կողքին չունէր հարազատներ, հոգատար ձեռքեր եւ նոյնիսկ իր միտքին ու ձեռքերուն այնքան տարիներ հաւատարմօրէն ծառայած գրիչը: Եղածը ընդամէնը կարճ ժամանակով այցելած քանի մը համակիրներ էին: Բացակայ էր նաեւ Տէրը: Թէքէեան այլեւս մահուան մահիճին մէջ էր, ուր փոխադրուած էր իր կեանքի ցաւի անկողինէն: Անօգնական մարդ մըն էր ան՝ իր մէկ հատիկով, որ շուտով այլեւս պիտի չբացուէր: Վերջիններէ՜ն մէկը… «Կը մսի՞ սիրտըդ» հայ բանաստեղծ…:
Մահէն ընդամէնը մէկ ամիս առաջ Թէքէեան կը փայփայէր այն միտքը, որ ամրան Երուսաղէմ պիտի այցելէ: Չայցելեց:
…1914-ին լոյս տեսած իր «Հրաշալի Յարութիւն» ժողովածուին մէջ տպագրած «Երկու մահերը» քերթուածով Թէքէեան կը տենչար իր մահուան երկու տեսակ՝ «իրիկուն մը մարիլ» գիւղական խրճիթին մէջ, ուր «սէրը տիրէ», եւ կամ՝ «Տարուիլ դաշտե՛րը կռուոյ, վրէժաբորբ, հըրաչուի»: Բայց դժխեմ ճակատագիրը անոր չձգեց նման ելք ընտրել, թէեւ անոր ողջ կեանքը մարտադաշտէն քիչ զանազանուեցաւ:
1 ապրիլ 1945-ին, որ Զատիկի տօն էր, փրկութեան, խաղաղութեան ու յոյսերու տօն, այդ նոյն յոյսերով պարուրուած, բայց եւ անյուսութեամբ լեցուն հիւանդը քննելէ ետք բժիշկները կ՚եզրակացնեն, որ «Յոյս չկայ»: Արդէն կ՚երեւէին առաջին մահանշանները՝ դէմքի դեղնութիւն, անկանոն խօսք: Հիւանդը յաճախ կը խնդրէ շրթներուն թրջած բամպակ մօտեցնել ու հազիւ լսելի ձայնով կը շշնջայ «սո՜ւ… ո՜ւս…», նոյնիսկ բանաւոր բանաստեղծութիւն կ՚ըսէր. «Հոգիս էր, հոգեակս կ՚ուզես… Բայց հոգիս շուտ չեմ տար…»: Ապրիլ 2-ին, շատ թէ քիչ խնամք ապահովելու համար Թէքէեանի մտերիմ, բժիշկ Շահէն Սեւյօնքեանը հիւանդը կը տեղափոխէ իր տուն, սակայն մէկ օր ետք Թէքէեան կը խնդրէ զինք տանել Հելիոպոլիսի իր բնակած սենեակը (առաջին յարկը կը բնակէր Միքայէլ Կիւրճեանը), ուր զայն պիտի խնամէր վարձուած օտարուհի (աւստրիացի) հիւանդապահը: Այդ կիսադատարկ ու անկահոյք սենեակը բանաստեղծին թափառական կեանքին ո՞րերորդ բնակատեղին էր, ոչ ոք կրնայ ըսել, բայց եղաւ վերջինը:
Իր գրած բանաստեղծութիւններէն մէկուն մէջ «Գեղջկական» Թէքէեան կ՚երազէր «…ի մահ ընթանալ քիչ առ քիչ», սակայն ան շատ երկար սպասել չտուաւ: 4 ապրիլ 1945-ի վաղ առաւօտեան, լոյսը դեռ չբացուած (4:30-ին), իր բնակած փոքրիկ սենեակին մէջ, գրողին կողմէն այնքան «սպասուած», բայց երբեք չսիրուած մահը այցելեց անոր ու… մարեց լոյսը. այն լոյսը, որ անոր կեանքին ընթացքին միշտ կիսալոյս եղած էր ու շատ հազուադէպ բացուած անոր համար:
Մահէն առաջ Թէքէեան խնդրած էր «պարզ թաղում», «արարողութիւն չեմ ուզեր, ծաղիկ չեմ ուզեր: Օ՜… մանաւանդ ճառ չեմ ուզեր»: Նկատի չառնելով գրողին փափաքը՝ անոր աճիւնը յաջորդ օրը փոխադրուեցաւ Գահիրէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին: Յուղարկաւորողներուն մէջ սրտակից բարեկամները քիչ էին: Մեծ մասը անոնք էին, որոնք անտարբեր ու անհոգ եղած էին Թէքէեանի նկատմամբ երբ ան ողջ էր, նոյնիսկ կային մարդիկ, որոնց գրողը երբեք չէր հանդուրժած:
Թաղման արարողութիւնը եղաւ զուսպ ու պարզ, տիրապետողը համատարած լռութիւնն էր: Թէքէեանի մարմինը ամփոփուեցաւ Գահիրէի Մար Մինայի գերեզմանատան մէջ՝ իր դժբախտ գրչեղբայրներ Արփ. Արփիարեանի եւ Եր. Օտեանի շիրիմներուն հարեւանութեամբ: Նոր կացարանը ոչ մէկ բանով կը տարբերէր նախորդ բնակատեղիներէն. նոյնքան մութ էր ու նոյնքան մինակ: Հետագային Թէքէեանի աճիւնը տեղափոխուեցաւ Գահիրէի արուարձան Հելիոպոլիսի գերեզմանատունը՝ իր բարեկամ-գործընկեր Միհրան Տամատեանի շիրիմին քով, ուր մինչեւ օրս կը հանգչին կողք կողքի…
Կեանքէն հեռացաւ հայ գրականութեան մեծերէն մէկը՝ անճարակ ու լքուած հայ գրողը: Ան, որ ապրեցաւ ու իր գրիչով արտայայտեց հայ մարդուն պանծացումներն ու փլուզումները, որ մասնակիցն ու ստեղծողներէն մէկը եղաւ արեւմտահայ ու սփիւռքահայ գրականութիւններու լաւագոյն արարումներուն, որ անմնացորդ նուիրուեցաւ իր ժողովուրդին ոսկի տեսիլքներուն եւ արձանագրեց անոր «պայծառացած» պայքարները, որոնցմէ մէկուն արտայայտութիւնը եղաւ անոր «Սուէտիա» բանաստեղծութիւնը.
Պզտիկ գիւղե՛ր, դուք մեծցաք,
Անհունօրէ՜ն մեծցաք դուք՝
Երբ բնակիչ չունեցաք…
Ու ձեր այն Լեռը մեծցաւ,
Լեռն անծանօթ մշուշոտ
Պայծառացաւ, հայացա՜ւ…
Թէքէեան իր ողջ կեանքին ընթացքին տուն չունեցաւ, ինքը եղաւ իր տունը. ընտանիք չունեցաւ, ինքը եղաւ իր ընտանիքը. զաւակ չունեցաւ, ինքը եղաւ իր զաւակը՝ իր երեք գիրքերուն մէջ զետեղած «Զաւակս» խորագրուած երեք բանաստեղծութիւններով եւ միշտ մնաց «ծեր տղայ» այն մանուկը, որ ինչպէս գրած է 18 յունուար 1927-ի «Արեւ» թերթին մէջ տպագրած իր մօրը վերաբերող յօդուածին մէջ, մէկ անգամէն «պատանի եղաւ», տարօրինա՜կ յուզումներով պատանի, որ նոյնքան տարօրինակ տղայ պիտի ըլլար, որքան նաեւ կանուխ ծերացած այր:
Ան կորսնցուց իր ծննդավայրն ու հայրենիքը եւ մնաց մխիթարութեան ու սփոփման կարօտ մտաւորական, սիրուելու կարօտ մարդ, որ երբեմն սիրեց, բայց ոչ մէկէն սիրուեցաւ ու իր ստեղծագործութիւններով այդ իր մեծ կորուստներն է, որ երգեց ու իր ամբողջ կեանքով փաստեց 1925-ին գրուած հնչեակի մը առաջին տողով.
«Ծնած օրէս մինչեւ այժմ իմ Հայրենիքս ինծի հետ
Տարի ամէն տեղ…»:
Անոր կորսնցուցած ու «կորսուող» հայրենիքը.
Իմ հայրենիքս, ա՜հ, ինչպէ՜ս դաւեց ինծի, խաբեց զիս…
Կը պահանջեմ մերթ իրմէ հաշիւն անհուն իմ սիրոյս,
Իմ կորովիս վատնուած, իմ խորտակուա՛ծ երազիս,
Ու մերթ՝ ձեռքերս երեսըս գոցած կու լամ լացով մը անյոյս,
Պաղատելով որ ապրի՛, հոգ չէ թէ զիս մեռցուցած… («Մութ ժամեր»):
Թէքէեանն իր ուսերուն կրեց նաեւ նահատակ հայ գրչակիցներուն կէս ձգած գործին ծանրութիւնն ու իր ողջ կեանքով դարձաւ սփիւռք դարձած անտունիներուն բոլոր ժամանակներուն յաւերժական խորհրդանիշը:
Տախտակներու վրայ չոր, ձեղուններու տակ ցրտին
Հիմա սառող քովէ քով հայ որբերու ո՜րբ
ձեռքեր… («Որբերուն ձեռքերը»)
Ան՝ հոգին խռովեալ ու դէմքը միշտ տխուր մարդը՝ հայ գրականութեան յաւերժական ներկայ Վահան Թէքէեան, որուն կեանքն ու գործը, թերեւս, կարելի է բնութագրել երկու բառով՝ պայքար եւ անկում: Ո՛չ կեանք, ո՛չ սէր, ո՛չ երջանկութիւն՝ այս մէկը ճիշդ անոր համար ըսուած էր: Այնուամենայնիւ Թէքէեան երջանիկ եղաւ. երջանիկ, որ բանաստեղծ էր, աւելի ճիշդ՝ Թէքէեան բանաստեղծ էր եւ նոյնինքն ատոր համար ալ երջանիկ եղաւ: Ե՛լք, ամէն գնով ելք. ասիկա Թէքէեան մտածողի ու արուեստագէտի գերխնդիրը եղաւ եւ դարձաւ անոր կեանքին իմաստը, որ նպատակ ունէր օգնելու հայ մարդուն, որ ան առանձին չմնայ իր ցաւերուն հետ:
«Գիշերագնաց ճամբորդն էր ան, անստոյգ արահետին վրայ: Ոսկետառ անձնագիր մըն էր ան, թէեւ պատառոտուն»,- անոր մասին գրեց Շ. Շահնուրը եւ աւելցուց. «…Թէքէեան քար դրած էր իր սիրտին վրայ եւ անով չափած՝ անյատակ ողբերգութիւնը Հայուն»: Եւ իրօք, Թէքէեանը իր մէջ կրեց իր ազգին ողջ տառապանքը եւ ինչ որ կը գրէր իր մասին, նոյնքան կը վերաբերէր իր տառապակոծ ժողովուրդին.
Անդունդի մէջ ինկած ազգ, անդունդի մէջ հեղձամահ:
Ներդաշնակութիւններու բանաստեղծը, Կ. Զարեանի խօսքերով՝ «հայ գրականութեան ամենէն թանկարժէք դէմքերէն մէկը», Լեւոն Զաւէն Սիւրմելեանի բնութագրմամբ՝ «հայ բանաստեղծութեան իշխանը», Ա. Չօպանեանի բառերով՝ «խորախոհ բանաստեղծը», ինքնիրմով մարմնաւորեց արեւմտահայ ու սփիւռքահայ մտաւորականի ողբերգական ճակատագիրը եւ այդ ճակատագրով հաստատեց հայ մարդուն գոյատեւելու վճռականութիւնը:
Բանաստեղծ, արձակագիր (վէպ, պատմուածքներ, քրոնիկոններ, յուշեր), թատերագիր (նախատեսած էր չափածոյ թատրերգութիւն գրել), երգիծագիր, խմբագիր, գրաքննադատ, հրապարակագիր, կուսակցական ու հասարակական գործիչ, ուսուցիչ, թարգմանիչ, նամակագիր (որոնց մեծ մասը ճանաչողական, պատմական ու գրական արժէք ունին), երեսփոխան ու բարերար Վահան Թէքէեան հասցուց վեց գիրք տպագրել: Անոր մի քանի գործերը հրապարակուեցան յետմահու՝ «Կեսարիա» օրագրութիւն-ուղեգրութիւնը, «Երկու դրախտները», որ կը պարունակէ անոր յօդուածներուն մէկ մասը, Գահիրէի «Թէքէեան ֆոնտի յանձնախումբի» վեցհատորեակին մէջ (նախատեսուած էր 15 հատոր) լոյս տեսած որոշ գործեր, այդ կարգին՝ «Եթէ տէրը կամենայ» վէպը, «Հովհար հոգւոյ» (արձակ եւ ոտանաւոր երգիծանք) եւ այլն, սակայն մինչ այսօր առանձին հրատարակման կը սպասեն մամուլի զանազան օրկաններուն մէջ ցրուած գործեր (գեղարուեստական եւ ոչ գեղարուեստական):
Կայ ու միշտ ըլլալու է ճանաչելի Թէքէեան գրողը, մարդն ու գործիչը, որուն համար ամենադիպուկ բնութագիրը տուած է ինքը՝ «Մէկ հատիկս», որուն բանաստեղծական բարձունքը, ցաւօք չյաղթահարուեցաւ սփիւռքահայ ոչ մէկ քերթողի կողմէ:
Նկատի ունենալով իրեն վիճակուած կեանքին ողջ ընթացքը՝ իր բանաստեղծութիւններէն մէկուն մէջ («Ապրի՞լ թէ ոչ, երազել») ան գրած է. «Չառինք երազ մը կեանքէն, ու երազէն չառինք կեանք…»:
Այդ անհաս երազին ու տենչուած կեանքի խառնարանին մէջ ալ ապրեցաւ ու արարեց մեծ բանաստեղծը եւ իր հեռու-մօտիկութենէն իր ստեղծած գրականութեամբ դիմեց իր ժամանակակիցներուն ու բոլոր նոր եկողներուն ըսելով. «Այս պատմութիւնը, որ իմս է եւ որ քուկդ է նոյն ատեն»:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024