ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԱՆԼՌԵԼԻ ԶԱՆԳԱԿԱՏՈՒՆԸ

Չկայ անձ մը, որ տարուան վերջին օրուան եւ յատկապէս՝ վերջին ժամերուն ընթացքին տարբերութեան շունչով մը չթարմանայ։ Թէեւ տարուան սովորական օրերէն եւ գիշերներէն մին է Ամանորը, որ իր խաւարին մէջ կը պահէ առաւօտեան արշալոյսն ու արեւածագի ջերմութիւնը։ Իսկ, ի՞նչ է պատճառը, որ տարուան սովորական միւս օրերուն մէջէն ընտրած ենք օր մը, որուն բեռցուցած ենք նաեւ իմաստ մը եւ զայն վերածած ենք նշանակալից պահու մը։ Ո՞ր զօրութեամբ հանուր մարդկութիւնը կը հետեւի այս իմաստէն բխած բարեմաղթական ընթացքին եւ թէկուզ անհաւանական թուի երբեմն մեր շրթներէն դուրս կու գայ յոյսը։ Ի՞նչ է պատճառը, որ տակաւին քանի մը ժամեր առաջ նոյնիսկ անբախտութեան մատնուած անձ մը՝ ամանորեան գիշերը կը փարի թարմ յուսադրումներուն ապագայ օրերու նկատմամբ։ Հետեւաբար, Տարեվերջն ու Ամանորը իրենց բառական իմաստները լաւագոյնս կը ներկայացնեն։ Տարեվերջ՝ Տիրոջ շնորհած 365 օրերը աւարտին հասած են, տարին վերջացած է եւ լաւ թէ վատ, խռով կամ խաղաղ ապրումները թողած է պատմութեան լայնածաւալ էջերուն։ Ամանոր՝ գրաբարի նշանակութեամբ նոր տարի, այսինքն տարի մը, որ կը սպասէ մեր արժեւորման։ Տարի մը, որ ապագայ 365 օրերը մեզի կը տրամադրէ ըսելով. «Սրտին ծրագիրները մարդուն կը վերաբերին, բայց լեզուին պատասխանը Տէրոջմէն է։ Մարդուն բոլոր ճամբաները իրեն մաքուր կ՚երեւնան, բայց Տէրը հոգիները կը կշռէ» (Առ. 16.1-2)։

Հակառակ անոր որ քորոնա համավարակը աշխարհի ընթացքը լրջօրէն հարուածեց եւ մարդկութեան իրականութեան մէջ յայտնուեցաւ որպէս անիծեալ աղէտ, իր այնքան զօրութեամբ հանդերձ չկարողացաւ հարուածել մէկ բան, որ է ամանորեան բարեմաղթական ոգին։ Այս այն բարեմաղթութիւնն է, որուն մէջ կայ գործոց բարեաց յաջողութիւն, հիւանդաց բժշկութիւն, աշխարհի խաղաղութիւն, մեղաց զթողութիւն, սէր եւ միաբանութիւն եւ տակաւին նման լաւ ածականներով շրջապատուած բազմապիսի մաղթանքներ։ Այս այն բարեմաղթանքն է, որ երբեմն փոքրիկ մանկան մը անուշ սիրտէն, երբեմն ալ տարեց երէցի մը պատմական բերնէն դուրս կու գայ, երբ արտաքին աշխարհի մէջ կը շողշողան լոյսեր եւ կը լսուին խնջոյքի ձայներ։ Սակայն պէտք է քաջատեղեակ ըլլալ, թէ Ամանորը կը տարբերի այն ատեն, երբ մեր մաղթանքներուն կը յաջորդեն մեր արարքները, որոնք աւելի տարբեր կրնան դարձնել մեր կեանքը։ Այլ խօսքով՝ Ամանորը ապրումներու գիշեր է, իսկ բարեմաղթութիւնները կեանքի կոչելը Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ առաջնորդութեամբ անկ է բարեմաղթողներուս՝ բոլորիս։ Հետեւաբար, ուղղորդներն ենք ճանապարհի մը, որուն մէջ խառնուած է դրականն ու ժխտականը, իսկ մենք որպէս ուղղորդներ կը յուսանք միշտ բարիին եւ կը միտինք ընթանալ դէպի լաւագոյնին։ «Եղբայրնե՛ր, ես հասած չեմ նկատեր զիս, բայց խնդիրն այն է, որ ետեւ մնացած բաները մոռցած, կը ձգտիմ առջեւս եղած բաներուն. Քրիստոս Յիսուսով, ուշադրութեամբ կ՚ընթանամ Աստուծոյ կոչման նպատակակէտին» (Փլպ. 3.13-14)։

Ուստի, եկէ՛ք քիչ մը շրջինք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի համալիրին շուրջ եւ վերյիշենք, թէ ինչպէս շրջած է ամանորեան հոգին, միանալով զինքը այնքան շատ սպասողներուս։ Հետեւաբար, այս մէկը լաւ առիթ է, 2021-ի վերջին պահերուն եւ 2022-ի առաջին ժամերուն ոգեւորուածներէս լսել գեղածածան համալիրը։

Ժամը արդէն հասած է 21.00-ի մօտ եւ Մայրավանքը արդէն իսկ ըստ ընկալեալ երեկոներու գիշերային մութով ծածկուած է։ Սակայն, այս գիշերը կը տարբերի իր նախորդներէն, վասնզի ծառերու վրայի լուսաշող զարդարանքները արդէն իսկ լոյս սփռել սկսած են Ամանորի առթիւ։ Գիշերային աղջամուղջը մասամբ կը վերանայ այս հիանալի զարդարանքներէ ճառագայթող լոյսերու շնորհիւ եւ գեղեցիկը այն է, որ մթնոլորտը բոլորովին այլափոխուիլ կը սկսի։ Օդը շատ ցուրտ է եւ բոլոր այցելուները մերթ դողալով մերթ քիչ մը ջերմանալու փորձեր կատարելով կը փութան Մայրավանք։ Համավարակի ազդեցութիւնը կարծէք այս գիշեր վերացած է Սուրբ Էջմիածնի իրականութեան մէջ եւ քանի քանի ընտանիքներ տարեվերջի վերջին աղօթքները մատուցանելու համար կը փութան Վանքի փոքրիկ մատուռը։ Մայրեր, հայրեր, իրենց զաւակներով հանդերձ կը մտնեն մատուռէն ներս, կը վերցնեն մոմ մը, խոնարհութեամբ ու դանդաղաշարժ քայլերով կը մօտենան մատրան խորանին առջեւ, նախ իրենց ի ձեռին ունեցած մոմը կը լուսաւորեն ու կը մխրճեն մոմի ամանին մէջ եւ ապա՝ իրենց աղօթքը կը վերառաքեն առ բարձրեալն Աստուած իրենց ընտանիքներուն համար։ Փոքրիկներու ամանորեան խանդը արդէն իսկ միացած է մատրան հոգեշնչող մթնոլորտին։ Յաջորդաբար, իրենց ծանօթներուն ողջո՜յն տալով կը սկսին շնորհաւորել Ամանորը։ Ապա դուրս կու գան եւ Սուրբ Էջմիածնի Տաճարին դիմացը յարդարուած Յիսուսի խորհրդանշական մսուրին առջեւ կանգ կ՚առնեն։ Ինչպէս բոլոր շրջակայքը, մսուրը եւս լուսաւոր է այս գիշեր։ Փոքրիկ Յիսուսը, Ս. Մարիամը, Ս. Յովսէփը, երեք մոգերը, կենդանիները կը շողշողան այցելուներուն առջեւ յարատեւօրէն։

Ի տես այս խորհրդաւոր պատկերին, մանուկներ յատկապէս աւելի մեծ ժպիտով կը մօտենան Փրկչի խորհրդանշական մսուրին եւ անզգալաբար կը փորձեն մսուրի սուրբ ենթականերէն միոյն վերածուիլ։ Հայրեր ու մայրեր, որոնք վստահաբար տարուայ ընթացքին յատկապէս համավարակի եւ տակաւին ինչ ինչ պատճառներով նիւթական եւ ընկերային լուրջ տագնապներէ անցած են, այս տեսարանին մէջ պահ մը կը մոռնան անցեալի դժբախտ պահերը եւ իրենց զաւակներու ժպիտը դիտելով կը մխիթարուին եւ իրազեկ կը դառնան, թէ Յիսուս մանուկը, մանուկներու ժպիտներուն ընդմէջէն կարող է լոյս ու յոյս ճառագայթելու։ Մանուկներու խնճախառն հնչիւնները կը խառնուէին լուռ եւ մութ գիշերին։ Այլ խօսքով մանուկները, անզգալաբար կը դառնային գործակիցները փոքրիկ Յիսուսի հսկայ ծրագրին եւ իրենց փոքրիկ երեսներէն ծիածանած խնդուկով կը փարատէին իրենց մեծերուն կողքին կանգնած բացասական բոլոր երեւոյթները։ Մանուկներուն խանդին եւ հետաքրքրութեան կը միանան նաեւ այլ ընտանիքներ, նորապսակներ, երիտասարդներ եւ ուխտաւորներ, որոնք մատրան մէջ աղօթք կատարելէ յետոյ կը մօտենան մսուրին՝ նկարահանումով կը փորձեն անմահացնել այս եզակի պահը։ Շատեր յայտնած են նաեւ, թէ համավարակի ազդեցութեամբ է, որ այցելուներու թիւը բաղդատմամբ անցեալին, աւելի նուազ է։ Սակայն այսքանը անգամ կարող էր, որպէս մանրանկար գաղափար տալու համար ժողովուրդին մերձեցման։

Տեսարանը շատ գեղեցիկ է, վասնզի ամէն տեղ լուսաւորուած է ճերմակ, դեղին ու գունաւոր լոյսերով։ Յատկապէս Ամանորին եւ Ս. Ծննդեան շրջանին վերապահուած մթնոլորտ մըն է այս մէկը, որուն ականատես դառնալու համար գիշերուան ժամուն պէտք է ներկայ ըլլալ Մայրավանքի համալիրէն ներս։ Լոյսին գեղեկցութեան եւ խորհրդաւոր ազդեցութեան մասին քարոզողներուս համար յատկապէս այս տեսարանը կարեւոր է, վասնզի այստեղ ուղղակիօրէն ականատեսը կը դառնանք շատերս, թէ մութին մէջ ինչպէս կ՚ոգեւորէ լոյսի ներկայութիւնը եւ մարդ արարածը ինչպէս մոռնալ կը փորձէ ժխտական ամէն ինչ։ Իսկ ամանորեան գլխաւոր պատգամը այս մէկը չէ՞ միթէ, յուսալիք աշխարհի մօտ։ Մենք չե՞նք յուսար «Արդարութեան Արեգակ»էն, որ նախ կը ճառագայթէ մութին մէջ եւ զգալի կը դարձնէ իր խորհուրդը եւ ապա՝ որպէս «Լոյսէ Լոյս, Աստուծմէ Աստուած եւ Ճշմարիտ Աստուած» յոյսի աղբիւր կը դառնայ դառնութեան եւ խռովութեան մէջ ընկղմած մարդկային իրականութեան։ Պէտք է խոստովանիլ, թէ գիշերուան այս մթնոլորտը առաւել եւս խորհրդաւոր կը թուէր, քան առաւօտեան արշալոյսին ներկայացած Մայրավանքը։ Աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ եւ ինչու չէ Պոլիսի մէջ եւս Ամանորին դէմ յանդիման կը մնանք նման տեսարանով, լուսաճեմ բնութեամբ, սակայն կը կարծեմ, թէ սուրբ վայրերու մէջ աւելի տարբեր շունչ մը կը պտտի մեր մօտ։ Այն ինչ որ տարիներ առաջ Ս. Երուսաղէմի մէջ Բեթղեհէմի տաճարին մօտ վայելած էի, այսօր կը կրկնուի Սուրբ Էջմիածնի Տաճարին ներքեւ։ Հետեւաբար սուրբ վայրերու մէջ հոգին կը սաւառնի ոգեշնչող եւ առինքնող ներկայութեամբ, այցելուին մտածումները կ՚առնէ ու կը փոխադրէ դէպի այն վայրը, ուր կայ հիացմունք ու զարմանք։

ԹԱՓՕՐ ՎԵՀԱՐԱՆԷՆ ԴԷՊԻ Ս. ՏՐԴԱՏԻ ԽՈՐԱՆԸ

Ահա, այս խորհրդաւոր տեսարանին մէջ արդէն իսկ ժամանակը անցաւ, ժամեր սահեցան եւ ժամացոյցի սլաքները քիչ յետոյ ցոյց պիտի տային 2022-ի առաջին պահերը։ Այս պահուն արդէն իսկ, Մայրավանքէ ներս սկսած էր նաեւ միաբանական ոգեւորութիւն՝ գլխաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին։ Վանաբնակ բոլոր միաբանները՝ եպիսկոպոսները, վարդապետները, սարկաւագները արդէն իսկ համախմբուած էին Հայոց Վեհարանի մուտքին իրենց եկեղեցական հանդերձանքներով։ Խորհրդանշական այս պահուն ականատեսներէն մին էր նաեւ նուաստս, որ կը միանար Մայր Աթոռոյ ողջ միաբանութեան ժպտախառն ուրախութեան։ Հոգեւորականներ իրարու մօտ կանգնած արդէն իսկ սկսած էին ամանորեան բարեմաղթութիւններ փոխանցել եւ պատրաստուիլ նաեւ Նռնօրհնէքի արարողութեան։ Ահա, 00.00-ի մերձաւոր պահուն արդէն իսկ յայտնուեցաւ այս հսկայ ընտանիքի հայրը՝ Վեհափառ Տէրը եւ Իր Հայրապետական օրհնութիւնն ու շնորհաւորանքը բերաւ բոլոր ներկաներուն ըսելով. «Շնորհաւոր Նոր տարի»։ Վեհափառ Հայրապետի շնորհաւորական խօսքերուն յաջորդեց արդէն նոր տարուայ աւետիսը ի Հայաստան եւ 2022 թուականը արդէն իսկ թեւակոխած էր։ Ահա, այս աւետիսը զգալի կը դառնար հոգեւորի եւ աշխարհիկի գիրկընդխառնումով։ Մէկ կողմէ Սուրբ Էջմիածնի զանգակները կը հնչէին, իսկ միւս կողմէ հրավառութեան «փաթ փաթ» ձայները կը հասնէր բոլորիս։

Քանի Ամանորը հասած է, այլեւս պարտ է Հայոց Վեհարանէն ուղղուիլ դէպի Ս. Տրդատի բացօթեայ խորանը։ Վեհափառ Հայրապետի գլխաւորած թափօրը դանդաղ քայլերով ուղղուիլ սկսաւ։ Ոգեւորիչ էր այդ պահը, քանի զանգակներու ղօղանջին եւ հրավառութեան ձայներու ընկերակցութեամբ հոգեւորականներ կը շարժէին գիշերային ահռելի ցուրտին մէջ։ Զգեստներով պատսպարեալ հոգեւորականներս, մէկ կողմէ կը փորձէինք չմսիլ, սակայն միւս կողմէ կը փորձէինք այս եզակի պահուն խնջոյքէն մաս եւ բաժին ստանալ։ Անցանք Ս. Տրդատի կամարէն, ողջո՜յն տուինք Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին, կամաց մը դիտեցինք Վանատունն ու Երեմեան խցերը եւ ուղղուեցանք դէպի բացօթեայ խորան։ Անկարելի էր ուշադրութիւն չընել այն լուսաշող խաչին, որ կանգնած էր Ս. Տրդատի Խորանին վերեւ։ Մէկ կողմէ կ՚ընթանայինք, իսկ միւս կողմէ առաջի լուսաւոր խաչին եւ լուսաւորեալ Ս. Խորանին կը խաչակնքէինք ըսելով. «Փառք Քեզ Տէր»։ Խորանին վրայ հսկայ կաթսաներու մէջ դրուած էին տասնեակ նուռեր, որոնք խորհրդանիշներն են օրհնութեան ու պտղաբերութեան։ Իսկ կեդրոնական կաթսային վերեւ, ըստ աւանդութեան դրուած էր կլորաձեւ այն ճաճանչը որուն վրայ աշխատուած է աղաւնին՝ Ս. Հոգիի խորհրդանիշը։

Պահ մը վերյիշեցի Պոլսոյ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի օրհնութեամբ աւանդութեան վերածուած ամանորեան կէս գիշերին կատարուած Նռնօրհնէքի արարողութիւնը, որով տասնեակ հաւատացեալներ «Փառք ի բարձունս երգելով» ու «Ամէն. ալէլուիա»ներով եկեղեցւոյ մէջ կը դիմաւորէին Նոր տարին։ Յիշատակներուս մէջ մարմին առին նաեւ Գնալը կղզիի բարձունքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ վերջին տարիներուն Տ. Գրիգոր Աւ. Քահանայի հետ միատեղ մեր կատարած արարողութիւնները, որով եկեղեցւոյ պաշտօնէութեան մասնակցութեամբ, ահռելի ցուրտին, Ամանորը կը դիմաւորէինք զանգակներու ղօղանջով, լուսաւոր մեր Ս. Խորանով ու զանգակատունով, աղօթքով ու նռնօրհնէքով։ Իսկ միւս կողմէ, անշուշտ, թէ այս Ամանորն ու Նռնօրհնէքը եւս արդէն իսկ մեծ տառերով արձանագրուած էին յիշողութեանս յուշամատեանին մէջ։

Առ այդ, բացօթեայ խորանին մօտ արդէն իսկ հաւաքուած էին բազմաթիւ հաւատացեալներ, որոնք փութացած էին Մայր Աթոռ մասնակցելու համար Նռնօրհնէքի արարողութեան եւ ստանալու՝ Վեհափառ Հայրապետի օրհնութիւնը։ Մինչ այդ, ներկաներ կը փորձէին մօտենալ Վեհափառ Հայրապետին, համբուրելու համար իր ձեռաց խաչը։ Յաջորդաբար Նորին Սրբութիւնն ու հոգեւորականներս բարձրացանք բացօթեայ խորան եւ «Եւ եւս խաղաղութեան զտէր աղաչեսցուք» քարոզով, խաղաղութեան բառերով ու մաղթանքով արարողութիւնը։ «Փառք Սուրբ Խաչիդ ալէլուիա…» շարականի երգեցողութիւնը առիթ եղաւ, որ երկրպագանենք առաջի Ս. Խաչին եւ ի մասնաւորի այն խաչին, որ հաստատուած էր մեր ճիշդ դիմացը կանգնած Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի կաթողիկէներուն վերեւ։ Աղօթք առաջի Աստուծոյ եւ Ս. Տաճարին…. Ծիսակատարութիւնն էր այս մէկը, սակայն միեւնոյն ժամանակ կը համապատասխանէր ծիսական աստուածաբանութեան հիմնական կանոնին, որով նիւթական իրեղէնի օգտագործումով եւ շարականի ու աղօթքի ներգործութեամբ, հաւատացեալներ կը ստանային աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ։ Եւ ահա, արարողութեան աւարտին, բոլորս միատեղ երիցս երգեցինք «Ամէն, ալէլուիա, ալէլուիա, ալէլուիա» եւ Վեհափառ Հայրապետը ի ձեռին ունենալով ձեռաց խաչն ու հայրապետական մականը օրհնեց նուռերը։ Օդը այնքան ցրտացած էր, որ երգեցիկ հոգեւորականներուս երաժշտական յանկերգին կը միանային ջրաշոգիները, սակայն կ՚արժէր այս մթնոլորտի հոգեւոր ջերմութեան մէջ թաթախուիլ ու միանալ աղօթախառն մաղթանաց։ Արարողութեան աւարտին, բոլոր ներկաներս անխտիր ստացանք օրհնուած նուռեր, որոնց մէջ ըստ մեր հաւատքին միացած էր Միջածնաէջի Միածնի ամանորեան անդրանիկ օրհնութիւնն ու պտղաբերութիւնը։ Հետեւաբար, այս նուռը այլեւս պարզ նիւթ մը չէ սոսկ, որուն միջոցաւ մենք եւս փոխանցել պիտի ջանանք իր մէջ խառնուած օրհնութիւնը մեր հարազատներուն, ժողովուրդին եւ անշուշտ թէ՝ մեզի։ Նռնօրհնէքի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն, այս բոլորին մէջ յատկապէս մաղթեց, որ Տէրը բարի ու օրհնեալ տարի պարգեւէ մեր ժողովուրդին։ Արարողութեան աւարտին, բոլոր հոգեւորականներս վերստին կազմեցինք թափօր եւ Վեհափառ Հայրապետը վերստին առաջնորդեցինք դէպի Վեհարան։ Ահա, նոր տարին, նոր վկայութիւններով, նոր յոյսերով ու նոր եռանդով բացուեցաւ բոլորիս առջեւ եւ մենք ապաւինելով աղօթքի զօրութեան դարձանք մաղթողներ՝ վասն եկեղեցւոյ եւ մերազնէից։

Պէտք է խոստովանիլ, թէ այս յօդուածը գրել սկսած էի Ամանորի յաջորդող ժամերուն Մայր Աթոռոյ համալիրին մէջ եւ Պոլսոյ մէջ առիթը չէր եղած զայն ամբողջացնելու Ս. Ծննդեան շրջանին։ Իսկ  Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան յաջորդող օրերուն, Միածնաէջ նոյն վայրն է, որ Ս. Ծննդեան մսուրով եւ զարդերով վերյիշել կու տայ աւանդականի վերածուած, սակայն նուաստիս մօտ որպէս եզակի յիշատակութիւն արձանագրուած ամանորեան գիշերը։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Ուրբաթ, Յունուար 21, 2022