ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ «ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՀԱՅ ՎԱՐՊԵՏՆԵՐ» ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

«Ա­րա­մէ» ցու­ցադ­րաս­րա­հի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մաս­նա­ճիւ­ղին եւ «Սիլ­վա­նա» ցու­ցադ­րաս­րա­հին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ, «Ժա­մա­նա­կա­կից ա­րուես­տի հայ վար­պետ­ներ» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէ­սը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Մար­տի 12-26 թուա­կան­նե­րուն, «Սիլ­վա­նա» ցու­ցադ­րաս­րա­հին մէջ։ Պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ ցու­ցա­հան­դէ­սին, ո­րու ըն­թաց­քին կը ցու­ցադ­րուին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը շարք մը ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու, նե­րա­ռեալ՝ Ռու­բէն Ա­բո­վեան, Շո­թա Ոս­կա­նեան, Սար­գիս Հա­մալ­պա­շեան, Տիգ­րան Մա­թու­լեան, Տիգ­րան Պար­խա­նա­ճեան, Գա­գիկ Գա­զան­ճեան, Ռու­բէն Գրի­գո­րեան, Ա­րամ Յա­կո­բեան, Ա­ւե­տիս Խա­չատ­րեան, Մա­րաթ Մար­գա­րեան, Ա­րա­մազդ Պետ­րո­սեան, Քար­լոս Սա­յա­թեան, Լի­լիթ Սո­ղո­մո­նեան եւ Կայծ Վա­նի­քեան։

 

Երկուշաբթի, Մարտ 21, 2016