ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՕՐ

Համաշխարհային բանաստեղծութեան օրը կը նշուի ամէն տարի՝ մարտի 21-ին, սկսած 1999 թուականէն, երբ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի 30-րդ նստաշրջանի բանաձեւի համաձայն ընդունուեցաւ տօնը որպէս ամէնամեայ մասնագիտական օր։

Ինչպէս օրին նշուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի որոշման մէջ, տօնի ստեղծման նպատակն է «նոր լիցք եւ ճանաչում հաղորդել ազգային, տարածաշրջանային եւ միջազգային բանաստեղծական շարժումներուն»։

Բայց ատկէ առաջ, տակաւին 1930-ական թուականներուն, եղած են փորձեր՝ միջազգային մակարդակով քերթողութեան օր մը սահմանելու:

1938 թուականին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Օհայօ նահանգին մէջ Տեսսա Սուիզի Ուէպպ բանաստեղծուհիի նախաձեռնութեամբ բանաստեղծութեան օր հռչակուած է հոկտեմբերի 15-ը՝ հին հռոմէացի քերթող Վերկիլիոսի ծննդեան օրը։ Մինչեւ 1951 թուականը այդ օրը յիշարժան աւանդոյթի վերածուած էր Միացեալ Նահանգներու ութ նահանգներու մէջ, ինչպէս նաեւ Մեքսիկօ, եւ կը նշուէր որպէս բանաստեղծութեան ազգային օր։ Այնուհետեւ հոկտեմբերի 15-ը որպէս համաշխխարհային բանաստեղծութեան օր, սկսած են նշել նաեւ այլ երկիրներու մէջ:

1998 թուականին Մարոքի առաջարկով ԻՒՆԷՍՔՕ-ի գործադիր կոմիտէն քննարկած է Համաշխարհային բանաստեղծութեան օրը տօնելու հարցը եւ առաջարկած, որ նմանատիպ միջոցառումներ տեղի ունենան զանազան երկիրներու մէջ։ Այսինքն, մինչեւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կողմէ բանաստեղծութեան տօն հչակուիլը, զայն արդէն կը տօնուէր եւ բանաստեղծներն ու բանաստեղծութեան սիրահարները կարիք ունէին ընդհանուր օրուան մը ընդունման:

Հայաստանի մէջ Համաշխարհային բանաստեղծութեան օրը սկսած են նշել 2010 թուականին: Այս օրուան խորհուրդին տարուէ տարի կը միանան նոր մշակութային օճախներ՝ իրականացնելով տարաբնոյթ միջացառումներ։ Դպրոցներու, թանգարաններու, գրադարաններու, մշակոյթի կեդրոններու մէջ եւ այլուր կը կազմակերպուին հանդիպումներ բանաստեղծներու հետ, տեղի կ՚ունենան գիրքերու շնորհանդէսներ, ընթերցումներ, հանրային քննարկումներ եւ այլ միջոցառումներ:

Վերջին երկու տարին բանաստեղծութեան օրը Հայաստանի մէջ կ՚արժեւորուի նաեւ արեւմտահայ բանաստեղծութիւնը: Շիրակի մարզային գրադարանը կը կազմակերպէ մասնայատուկ միջոցառում, որու ընթացքին աշխարհի զանազան ծայրերէ կը միանան եւ իրենց բանաստեղծութիւնները կը կարդան արեւմտահայերէնով ստեղծագործող ժամանակակից գրողներ:

Համաշխարհային բանաստեղծութեան օրուան առթիւ կու տանք Յակոբ Օշականի մէկ գրութիւնը՝ պոլսահայ բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանի մասին եւ Շահան Պէրպէրեանի յառաջաբանը՝ գրուած Զարֆեանի «Տրտմութեան եւ խաղաղութեան երգեր» գիրքին համար:

ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆ
(«ՏՐՏՄՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳԵՐ»)

Պ. Զարիֆեան իրական խառնուածք բերող բանաստեղծ մըն է։

Մեծարենցէն ի վեր մենք չունէինք զգայնութեան այս լարը, որ հարազատ ու անկեղծ քերթողները կը յատկանշէ։

Բայց ատով իսկ կը մեծնայ վտանգը։

Բոլոր անոնք, որ աշխարհը պատմելու համար՝ իրենց պզտիկ, գուցէ հիւանդ սիրտը միայն ունին, որոնք իրերուն վրայ ցաւ ու թախիծ միայն տեսան - քանի որ անկարող էին ուրիշ բան փոխադրելու հոն - բոլոր ատոնք պարտաւորուած են այդ վիշտը ըսելու՝ ձեւով մը, որուն համար սակարկութիւն չեն ըներ, որ մէկէն ինքզինքը կը պարտադրէ, բռնի, տիրապէս, առանց ազդուելու շրջապատի ու ժամանակի տեսութիւններէն ու պայմանաւորումներէն:

Այդպէս է, որ արեւելահայերը կ՚ունենան Տէրեանը, այդպէս է, որ արեւմտահայերը ունեցան առաւելապէս Դուրեանը եւ գրեթէ նոյն չափով Մեծարենցը:

*

Թերեւս պահանջկոտ եմ տղու մը համար, որ առաջին փորձը կը բերէ տակաւին իր սրտին։

Բայց այդ սիրտը արդէն ծեր է ու նախասահմանուածներուն այրումը թափանցիկ կ՚ընէ անոր ալքերը։

Բայց այդ սիրտը արդէն իսկ կը նմանի կանխահաս պտուղի մը, որ ճիւղին կը փարի շատ տժգոյն թելով մը ու հովերուն կը սպասէ գետին թափելու համար իր մոխիրը, բռնկած խունկէն ետքը, ծիրանի մոխիր մը, եթէ կ՚ուզէք։

Չեմ գիտեր ինչո՛ւ այդ սիրտը բացուած գերեզմանի մը պէս կը հնչէ վրաս ու անոր եզերքը նայելու համար մարդ բուրվառ մը կը փնտռէ։

Այս տպաւորութիւնը, ամենէն առաջ, այդ տրտմութեան եւ անոր յաջորդող խաղաղութեան երգերէն, որ արիւնոտ են երբեմն ու երբեմն շքեղ։ Անոնցմով կարելի է մահուան դէմ խրոխտալ:

*

Պ. Զարիֆեան անկեղծ զգայութիւն մըն է (sensibilité):

Անիկա իրերուն դէմ բռնուած հայելի մըն է, սեւ շղարշով մը քօղուած, որ արտաքին ձեւերուն ու երանգներուն բոլոր առատութիւնները ու բոլոր ուժը կը մեղմէ։ Աւելի՛ն. բոլոր տպաւորութիւններուն կը հագցնէ այդ թերաստուերին պատանքը։

Անոր համար ծովն ու ծաղիկը, աղջիկն ու ժայռը սգաւոր շրջանակով նկարներ են, որոնք անոր սրտին խորանին վրայ կը կենան, իւրաքանչիւրը բերելով իր ընդհանուր դիմագծութենէն կտոր մը բան, ու կ՚ունենանք աշխարհին դարձող հոգիին պատկերը, որ անկեղծ է ու շատ քիչ անգամ գիրքերէ վերցուած։

Պ. Զարիֆեան տառապանքի ու տրտմութեան երգիչ մըն է։

Տրուած ըլլալով լարին հասարակութիւնը, ու սովորականին թովքը՝ բոլոր սուգի ասպետներուն մօտ, բախտ մըն է հաստատել, որ այդ եղերերգը ոչինչ ունի ուրիշներուն հետ ընդհանուր։ Գիրքին ստուար մասը ոչ մէկուն ոչինչ կը պարտի։ Ինքն է, որ գտած է այդ լարը իր քերթուածներէն շատին մօտ ու եթէ երբեք տեղ - տեղ թեքնիքի բնազդ մը անոր գիւտեր ընել կու տայ թելադրական տեսակէտէն (այսպէսով ընելով երգերուն կառուցուածքը գրական), գրեթէ ուրիշ ամէն տեղ, անոր դաշնակութիւնը կը հոսի ընդհանուր հոգեբանութենէ մը:

Ո՞վ է աս տղան, որ լուսնոտ գիշերներուն, իր անձը կը յանձնէ նաւին՝ երթալու համար.

ԴԷՊԻ ՍԷՐ

Իմ կղզիէս իր կղզին
Կ՚երթամ նորէն յամրօրօր,
Այսպէս կ՚ընեմ ամէն օր,
Երբ ալիքները յուզուին…
Նաւավարս է պատանի.
Ունի տժգոյն, վէս աչքեր,
Իր ճողփիւնով չի գիտեր
Թէ զիս ինչի՜ կը տանի…
Եղեւինին տակ մթին
Լուռ կը սպասէ ան հիմա.
Քի՛չ մ՚ալ կանայ՝ թող շատնայ
Յուզումը իր հոգիին,
Ու երբ հասնինք մեր ժայռին՝
Տժգոյն ըլլայ իր սէրէն,
Ու իր թեւերը բերեն
Նորէն այն դո՛ղը մթին…

Այս տարտամութիւնը, իրերուն վրայ նետուած այս սեւ մշուշը տիրապետող մթնոլորտ մըն է գիրքին մէջ։ Այդ վիճակը թերեւս կը փրկէ խորհուրդի, թելադրականութեան հարկը, ստեղծելով անհրաժեշտ անորոշութիւնը, որ կը խնայէ իրականութեան բրտութիւնը, բայց ուրիշ տեսակէտէ մը կը հակադրէ այլապէս անհրաժեշտ պարտք մը:

Այդ պարտքը ճակատագրական է գրեթէ ամէն բանաստեղծի համար, որ Պ. Զարիֆեանի նման կ՚ապաւինի միմիայն իր սրտին։

Հանճարային բան մը կայ այդ յանդգնութեան մէջ իսկ, եթէ անիկա գիտակից է: Բայց Պ. Զարիֆեան այդ յաւակնութիւնը արդարացնող տողեր միայն ունի։ Ու տողերը տողեր են։

*

Քիչ բան չէ, որ նորեկ մը առաջին իսկ փորձով իր զգայնութիւնը, խառնուածքը որոշապէս կարողանայ ճչդել:

Իր քերթուածներուն մէջ ես փնտռեցի ուրիշ տարրեր, անոնցմէ՝ որոնք խառնուածքներուն քովն ի վեր կը կենան ու անոր միօրինակութիւնը կամ դաժանութիւնը կ՚ամոքեն. անոնցմէ՝ որոնք լուսապսակի մը պէս խառնուածքներուն վրայ կ՚ահեղնան, երբեմն ստակ փայլի մը մէջ քօղելով մերկութիւններ կամ նիհարութիւններ։

Իր քերթուածներուն մէջ ես փնտռեցի դարձեալ զգայական տարրերէն դուրս, իմացական խորք մը, ուր մտածումը կը բեկբեկի եւ իրերուն խորհուրդը կը շառաւիղէ։

Ու չգտայ:

Մեղադրելի չէ, որ իր սրտովը տապկուող բանաստեղծ մը իրմէն դուրս չուզէ նայիլ։

*

Ու իր երգն է, որ ծայրէ ծայր կը բռնէ հատորը:

Շնչատ է այդ մեղեդին, երբեմն տարօրէն տպաւորիչ քաղցրութեամբ, որ կոտրած սիւքի մը նման, թեւերը արիւններէ բռնկած, կը քակուի անոր բերնէն: Ան կը սիրէ պզտիկ հատուածներուն հանգիստը, նման հիւանդներուն, որոնք ճամբայ մը չսկսած, աչքով կը քալեն ու անոր վախճանը կը փնտռեն։

Պ. Զարիֆեան այդ երգերուն մեծ մասը գիրի առած է այդ շունչով։

Պ. Զարիֆեանի երգը մեղմ է ու սրտագրաւ, այդ նուագին մէջ ամենէն աւելի մեզ կը յուզէ միամիտ նոթը, որ գրեթէ միշտ արուեստական էֆէներ հետապնդելու տեղ, բառերուն կը հագցնէ տեսակ մը բռնկած երանգ, դաշնաւորում։ Ու ամէն մէկ տող կը թաթխուի վանկի ու խաղի այդ ծիածանումին մէջ, գործածելու համար Մեծարենցի այս գեղեցիկ պատկերին։

Ու անկեղծութենէն ետքը միամտութիւնը ամենէն արժանաւոր առաքինութիւնն է երիտասարդ բանաստեղծին:

Չեմ կարծեր, որ անիկա առաջ գայ թեքնիքի կատարելութենէ մը, ինչպէս է պարագան հայնէի երգերուն մէջ։

*

Արուե՞ստը:

Անշուշտ։ Վասնզի առանց անոր բանաստեղծը դատապարտուած է միշտ Պ. Զարիֆեան մը մնալու:

Եթէ բացառիկ ուղեղներ կամ սիրտեր գիտցան արհամարհել զայն, կամ կրցան իրենց խառնուածքն ու անոր բխումը պարտադիր ընել մեզի, անոնք միշտ իրաւունքը ունէին:

Արդ, բանաստեղծը, այդ սահմանով, ամենէն հազուադէպ էակն է ստեղծագործողներուն մէջ։

Ստիպումը կայ բոլոր անոնց համար, որոնք սահմանէն անդին չեն ինկած, յարգելու արուեստին պայմանները։

Ու Պ. Զարիֆեան, այս հատորին մէջ, կ՚անգիտանայ անոնք:

Անոր ոտանաւորը, հակառակ իր գնացքի սահունութեան, յաճախ արձակի կը մօտենայ ու միամտութիւնը իրեն առաջնորդ ունենալով գրեթէ խօսուած լեզուէն ֆրազներ փոխ կ՚առնէ։

Դարձեալ, ոճը թոյլ ձգելու, չպրկելու իր առաւելութիւնը վերջ ի վերջոյ զեղծումի կը փոխուի:

Դարձեալ փորձելով ձայնական յուզումներուն խաղը, ինչպէս ըրած է Մէթէրլինկ իր երգերուն մէջ, իր տողերը կը լծէ դժնդակ աշխատանքի։ Պ. Զարիֆեան իրերուն ծոցը խորհուրդ տեսնելու չափ չէ ապրած։

Պ. Զարիֆեան պահերու ընտրութեան մէջ խստապահանջ չէ եղած ու քերթուածներուն շատը գրած է թուղթին առջեւ անցնելէ ետքը (Լամարթին լեռներուն մէջ, ձիուն վրայ, մտքէն կը գրէր իր քերթուածները: Պ. Զարիֆեանին նման եղերերգակ մըն ալ ան է)։

Պ. Զարիֆեան պէտք ունի մա՛նաւանդ խորք ճարելու իր քերթուածներուն։

*

Ահա նոթեր, զորս գիրքը կարդացած պահուս լուսանցքին վրայ նետած էի:

Անոր գործը վերլուծումի չի գար։

Որքան պիտի ուզէի իր ճշմարիտ բանաստեղծի խառնուածքին հետ տեսնել նաեւ արուեստագէտի ընտիր ու ապահով ճաշակը, որ պիտի կրնար խնայել իրեն՝ ինքզինքը գտնելու այս թարթափումները:

Բայց յուսահատ չըլլանք։ Մեծարենցի առջի քերթուածները շատ աւելի բախտաւոր չեղան, քան Պ. Զարիֆեանի «Տրտմութեան եւ խաղաղութեան երգեր»ը։

(1921 թիւ)

ՅԱՌԱՋԱԲԱՆԻ ՀԱՄԱՐ

Սիրելի Զարիֆեան,

Քու «Տրտմութեան եւ խաղաղութեան երգեր»ը, որ ուրախ եմ տեսնելու թէ լոյս կ՚ընծայես, ինձ խորհիլ տուին դարձեալ այն տարօրինակ խորհուրդին որ բանաստեղծութեան իսկութիւնը կը ծածկէ։

Որքան անգամներ ներկայ կ՚ըլլանք բանաստեղծութեան հատորներու հրատարակութեան, որոնց մէջ կարծես թէ սեռին պահանջած յատկութիւններէն ոչ մին կը պակսի. - չափ, յանգ, գաղափար, համակրելի զգացումներ, ինքնատպութեան համար ստեղծուած պատկերներ եւ հաւաքուած հազուագիւտ բառեր եւ բացատրութիւններ, եւ երբեմն նոյն ճարտար դարձուածք մը խօսքի եւ մտածման, ու տակաւին, եթէ կ՚ուզես, լեզուի մաքրութիւն, ազնուութիւն, - բայց անոնց մէջ՝ այս ամէն յատկութիւններուն եւ ներկայութիւններուն ետին, միակ բացակայ մը, բայց Մեծ Բացակայ մը կայ…

Նոյն ինքը՝ Բանաստեղծութիւնը։

Ու երբեմն, ընդհակառակը, կը դիտենք թէ ինչպէս այսինչ բանաստեղծին մէջ չափի հաշիւ չի կայ, եւ ուրիշի մը մէջ՝ յանգ, երրորդի մը կարծես գաղափարը կը պակսի կամ զգացումներու ամեհի թափը, թէ ինչպէս, մէկուն քով, երբեմն բառերը այնքան պարզ եւ սովորական են որ կարծես լեզու չունի ան, ու պատկերները այնքան կեանքին մօտ՝ որ պիտի ըսես թէ երեւակայութիւն չունի, տաղաչափութիւնն ալ այնքան ամէնօրեայ՝ որ կարծես ինքնատպութենէ զուրկ է, - բայց այդ ամէնուն դէմ կը զգանք թէ միակ բան մը, բայց էական բանը ներկայ է…

 Նոյն ինքը՝ Բանաստեղծութիւնը։

Բանաստեղծութիւն, այսինքն անծանօթ ու նոր Օրօրում մը, որ տողերուն մէջ կ՚երգէ…

Մտերիմ բան մը՝ որ ամենէն պարզ բառերուն իսկ կը թափանցէ ու անոնցմով քեզի կը հծծէ...

Նորէն այս աշխարհէն, բայց կարծես ուրիշէ մը եկած Տեսիլ մը, որ աչքերուդ առջեւ կը յայտնուի…

Ու այս ամէնուն ետին թաքուն եւ սակայն զգալի ու հեշտագին եւ յաւիտենական Կեանքի Բանը - միաձուլող զօրութիւնը - հին Լողոսը…

Սիրելի Զարիֆեան, ի՞նչ հարկ խօսիլ քու երգերուդ յատկութիւններուն եւ թերութիւններուն վրայ. չի՞ բաւեր երբ որ ըսեմ քեզ ներկայացնելով

-Բանաստեղծ մը…

Մէկը՝ որ Խօսքի Ափունքին կը հանէ Անծանօթ Նաւող մը, Իրականութեան մտերիմ խորքին մէջ հոսող Կեանքի Գետին։

Շնորհաւորութեամբ եւ սիրով՝

Շ. Ռ. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

16 մարտ, 1921 Սկիւտար

ՀԱՄԲՈՅՐ

Նորէն տնակըս եկայ.
Աղքատ տնակս, որուն սեմեն, ինծի հետ,
Իրիկունէ իրիկուն,
Տրտմութիւնը միայն կ՚անցնի։
Ահա սենեակս, իր մտերիմ, ու գունաթափ որմերով,
Կաղ սեղանըս, իր փոշիով, լքուած իրի իր թախիծով.
Ճիշտ դիմացըս, որմին վրայ,
Մաշած Թոլսթոյ մը, բոպիկ, կը մտմտայ.
Ու քիչ անդին, իմ հայելին,
Է՛ն թանկ իրը խցիկիս…

Ամէն գիշեր, դողդոջ ճրագ մը ձեռքիս,
Անոր առջեւ արձանացած՝ կը յառիմ
Շրթունքներուս ժպիտին ու աչքերուս գիշերին.
Ու երբ, լռիկ, ճրագը վար կը դնեմ,
Ու կէս-մութին մեջ շրթունքներս կ՚երկարին
Հայելիին մեջէն ժպտող շրթունքներուն՝
Ցուրտ եւ հպարտ՝
Ահ, կարծես թէ հոգի՛ս է որ կը համբուրեմ,
Այդ համբոյրին ո՛չ մէկ համբոյր կը փոխեմ…

ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ

Դեռ կը հեւամ.
Դեռ մահամերձ վարդերու պէս
տժգոյն եմ.
Հոգիիս մէջ, դեռ գիշերը
Տառապանքին
Հսկայ բուի իր թեւերը կը փռէ...
Բայց արդէն իսկ կապոյտ
լեռնե՜րն են ահա,
Զոր երազեր եմ երկար.
Կապոյտ լեռնե՜րն, ու իրենց վէս
կողերն ի վեր
Լռութի՜ւն անրջական՝
Որուն համար արցո՛ւնք թափեր
եմ երկար,
Երբ պատանի հոգիս մինակ կը
մնար,
Մութ գիշերներ, աստղերուն
տակ...
Մատներըս դեռ կ՚արիւնին.
Ի՜նչ դժուարին վերելք էր այս,
Ապառաժէ ապառաժ,
Վիշտերու բեռը ուսիս...
Եւ ահա մութ, կապոյտ լեռնե՜րն
են, իրաւ,
Շքեղ՝ ինչպէս մերկ հոգին,
Թէեւ տժգոյն ու հեռաւոր
տակաւին...
Գիշեր չեղած՝
Ինչպէ՞ս նայիլ ամբաւին...
Բայց այս յուզո՜ւմը յստակ.
Ահ, կարծես թէ,
Այս խորտակուած կուրծքիս
տակ,
Տրտմութեան հին աղբիւրն է որ,
Աւերակէ աւերակ,
Լուսնի լոյսովը օծուն,
Հոգւոյս ճամբան կը փնտռէ,
Ահ, սփոփա՛նքը իր երգին...
Խաղաղութի՜ւն։

Այս իրիկուն,
Աստղերն որքա՜ն են վճիտ,
Ինչպէս շիթերն արցունքի՝
Որ կը թափին երբ մարդ կ՚իյնայ
աղօթքի…
Խաղաղութի՜ւն։

Ու այս ձա՜յնը,
Բայց ծաղիկէ զատ ո՛չ մէկ իր կայ այստեղ.
Ահ, այս ձա՜յնը, այսպէս խաղաղ ու տրտում…
Անհո՞ւնն է,
Զայն կը լսեմ, կարծես թէ,
Լռութեան այս անրջահեւ երգին
մէջ…
Խաղաղութի՜ւն։

ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Մարտ 21, 2024