ԿԸ ՀԱՒԱՏԱ՞Ս ՃԱԿԱՏԱԳՐԻ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ

Հետզհետէ սկսած է ստուարանալ ու բազմանալ թիւը այն «հաւատուրաց» ու ցնորախօս մարդոց, որոնք Աստուծոյ հայրութիւնն ու բարութիւնը մոռացութեան գիրկը նետելով՝ զԱստուած կը մեղադրեն այն պատճառաբանութեամբ, թէ իրենց կենսընթացին պատահած դժբախտութեանց, տուայտանքներու եւ նեղութեանց բացարձակ պատճառը Աստուած Ինքն է։ Այսպէս, գործի ասպարէզէ ներս, երբ յաջողակ մէկը յանկարծ տնտեսական անկում արձանագրէ, երբ առողջ անձ մը անակնկալօրէն մահացու հիւանդութեամբ մը վարակուի կամ բռնուի, երբ երիտասարդ մը արկածի մը զոհը երթայ եւ իր աչքերը առյաւէտ փակէ…, այս եւ նման պարագաներու դիմաց գտնուելով, մարդիկ կ՚ափսոսան ու կ՚եզրակացնեն ըսելով. «Փախուստ չկայ, ճակատագիրն էր, Աստուած այսպէս ուզեց»։

Ինչո՞ւ զԱստուած կը մեղադրես կամ ի՞նչ համարձակութեամբ եւ հիմամբ զԻնք կը պարսաւես։ Որովհետեւ աննախադէպ եւ անըմբռնելի դէ՞պք մը պատահած է կեանքիդ մէջ եւ չես գիտեր ո՞վ է յանձնակատարը կամ որո՞ւ ձեռքով կատարուած է։ Ուրեմն, երբ չես գիտեր դատապարտելի անձը կամ խնդրոյ առարկան, որ տեղի տուած էր ի յայտ եկած դժբախտութեանդ, զԱստուա՞ծ պէտք է եպերես։ Սա կասկածամիտի մը վախի ազդեցութեան տակ կատարուած մեղադրանք է։

Եթէ իսկապէս քեզի պատահող չարիքները Աստուծոյ որոշումով է, որ կը կատարուին, սա կը նշանակէ, թէ Աստուած չարիքը կամեցող մըն է։ Իսկ եթէ Աստուծոյ կամքն է, որ այսինչ կամ այնինչ չարիքին հանդիպիս, այդ պարագային իրաւունք չունիս մաքառելու քեզի պատահող չարիքներուն ու փորձութիւններուն դէմ, որովհետեւ չարիքին դէմ պայքարելովդ՝ Աստուծոյ կամքին ու որոշումին դէմ է, որ պայքարած կ՚ըլլաս։ Ո՞վ է ճակատագրի հաւատացող այն մարդը, որուն եղբայրը երբ արկածի մը հանդիպի, զինք իսկոյն բժշկի չի տանիր, այլ կը սպասէ տեսնելու համար եթէ երբեք իր եղբօր ճակատագիրը մեռնիլն է, ապա կ՚որոշէ զինք բժշկի տանիլ կամ ոչ։ Նոյնիսկ կարելի է տրամաբանել եւ եզրայանգել, թէ զո՛ւր է հիւանդը ազատելու իր ճիգը, որովհետեւ եթէ Աստուած անոր «ճակտին վրայ գրած է» որ պիտի մեռնի, հետեւաբար, ոչ մէկ բան կրնայ նախապէս «վճռորոշուած» իր ճակատագիրը փոխել։

«Պէտք չէ ճակատագրի գոյութեան վերագրել այն ինչ որ մարդոց անկարգութեան եւ անպատասխանատուութեան արդիւնքն է: Օրինակ, երբ շէնք մը փուլ կու գայ եւ անոր բնակիչները կը մահանան, փոխանակ ըսենք, «Անոնց ճակատագիրն էր». նախ մասնագէտներ բերենք որպէսզի շէնքին փլելուն պատճառները քննեն: Ո՛վ գիտէ, թերեւս շատ աւազ խառնուած էր անոր պեթոնին մէջ եւ կամ պէտք եղած քանակութեամբ երկաթ չէր դրուած անոր մէջ, եւ ատոնք դարձան պատճառ որ շէնքը փուլ գայ: Երբ ամէն ինչ օրէնքով, կարգ ու կանոնով ըլլայ, փորձանքները նուազագոյնի կ՚իջնեն եւ զԱստուած այպանողներուն ալ թիւը կը նուազի: Մարդոց անպատասխանատուութեան զոհ գացողներ թող զԱստուած պատասխանատու չդարձնեն» (Վաղինակ Վրդ. Մելոյեան):

Ինչպէ՞ս կարելի է ճակատագրի մը գոյութիւնը ընդունիլ, երբ կը հաւատանք, թէ Աստուած մարդը ստեղծած է ընտրելու եւ որոշումներ առնելու ազատ կամեցողութեամբ։ Ո՞ւր մնաց մարդուն բանականութիւնն ու մտածելու կարողութիւնը եւ ընտրութիւն կատարելու ազատակամութիւնը։ Ուստի ի՞նչն է, որ մարդը կը զատորոշէ կենդանիէն։ Այս իմաստով, մարդ էակը կը դադրի ինքնիշխան ըլլալէ եւ կը հաւասարի անբան անասունի մակարդակին։ Ստեղծագործութեան պսակը՝ մարդը ԱԶԱ՛Տ ստեղծուած է եւ ԱԶԱ՛Տ է թէ՛ հոգեպէս՝ զԱստուած պաշտելու եւ թէ մտապէս՝ մտածումներ յղանալու եւ որոշումներ կայացնելու։ Կեանքի գործերուն մէջ կ՚ընտրէ այս կամ այն, մերժելով այս եւ ընդունելով այն։ Երբ մարդ որոշում մը կը կայացնէ եւ զանիկա կը գործադրէ, անպատճառ կը հանդիպի երկար մտածուած կամ հապճեպային որոշումի հետեւանքներուն: Մեր առած որոշումներուն եւ կատարած գործերուն հետեւանքները պէտք չէ վերագրել ճակատագրին։ 

Իւրաքանչիւր գոյակ ընդոծին Աստուծոյ կողմէ տաղանդ մը, քանքար մը ունի, բայց անոր հետ միաժամանակ ունի զայն գործածելու ու արդիւնաւորելու ազատութիւնը եւ այդ իսկ պատճառաւ մարդ իր արարքին պատասխանատուն ու համարատուն է։ Ահա այստեղ կը կայանայ պատասխանատուութիւնը իր ըրածին, վեհութիւնը իր արարքներուն եւ անոնց  ընդմէջէն՝ մեծութիւնը իր անձին։ Եթէ նախապաշարեալներու նման համոզուած ես, որ ճակատագրուած ես եւ ենթակայ անոր, ապա ազատութիւն բառը կեանքի բառարանէդ պէտք է հեռացնես ու հանես։ Ազատութիւն եւ ճակատագիր բառերը իրարու ներհակ սահմանումներ ու եզրեր են, որոնք ո՛չ թէ կեանքդ կը հունաւորեն ու կը կարգաւորեն, այլ ընդհակառակը, քեզ կեանքի անյայտ հրապարակներուն վրայ դէսուդէն կը դեգերեն։ 

Զարեհ Արք. Ազնաւորեան կ՚ըսէ. «Չարը արդիւնքն է մարդու ազատ կամքին ու գործերուն։ Աստուած մարդուն տուած է բացարձակ ազատութիւնը՝ ընտրելու եւ ընելու ինչ որ կ՚ուզէ, ընտրելու չարը կամ բարին, մահը կամ կեանքը։ Բայց Աստուած մարդուն կը յիշեցնէ նաեւ, որ մեր ընտրութիւնը իր հետեւանքները ունի, որ մարդ պիտի կրէ անպայմանօրէն։ Սխալ որոշում մը իր ցաւալի արդիւնքները կրնայ ունենալ, որ մարդ պիտի կրէ անխուսափելիօրէն։ Աստուած մարդուն ցոյց կու տայ ուղիղը, բայց չի կաշկանդեր մարդուն ազատութիւնը՝ ընտրելու ինչ որ կ՚ուզէ»։

Սովորաբար ճակատագրին հաւատացողները չեն քններ երեւակայածին ու մարդահնար ճակատագրի ինչութիւնը եւ պատճառը, այլ լսելով կամ կարդալով հաւատք չունեցող անուս մարդոց խօսքերն ու պառաւական հեքիաթները, իրենց ողջ կեանքը կ՚ապրին սնոտիապաշտական հաւատալիքներով ու գաղափարներով, համոզուած ըլլալով, որ ծննդեան օրուընէ սկսեալ իրենց ճակտին վրայ գրուած է իրենց կեանքի ընթացքը, ձեռքբերումները, յաջողութիւններն ու ձախորդութիւնները։ Նման անհիմն մտածողութիւն կը ջլատէ մարդուն կամքի զօրութիւնը եւ կը չքացնէ կեանքի դէմ պայքարելու անոր եռանդը: Իսկ երբ մարդուն մէջ շիջի յոյսի կրակը. մեռնի մաքառելու, դիմադրելու եւ յաղթելու ոգին, այն ատեն մարդու կեանքը կը վերածուի ինքնակղզիացած բեւեռի մը, ուր ան ձեռնածալ կը սպասէ իրեն վիճակուած անցուդարձերուն եւ ըստ այնմ իր կեանքը յումպէտս կ՚ապրի։

Ճակատագրին հաւատք ընծայողները ժամանակի ընթացքին ճակատագրապաշտութեան «երկրպագու» դառնալով՝ իրենց կեանքը կ՚աղերսեն ճակատագրին եւ ամէն երեւոյթ կը վերագրեն երկնաւոր Հօր Աստուծոյ։ Նմանատիպ նեղմիտ մտածելակերպ ունեցողներ անզգալաբար եւ ակամայ կ՚իմաստազրկեն Քրիստոսի փրկագործութիւնը, արդար հատուցման գոյութիւնը, մեղքի եւ դատաստանի հասկացողութիւնը։ Պահ մը երբեք դուն քեզի հարց տուած ես, թէ ինչո՞ւ Քրիստոս մարմին զգեցաւ եւ աշխարհ եկաւ։ Ի՞նչն էր Անոր առաքելութեան գերագոյն նպատակը։ Ինչո՞ւ համար մարդուս սիրոյն ցաւատանջ ու անասելի չարչարանքներու ենթարկուեցաւ, թագի փոխարէն փշեպսակի արժանացաւ եւ Իր անմեղ ու քաւչարար արիւնը հեղեց խաչին վրայ։ Ինչո՞ւ եւ ի՞նչ նպատակադրութեամբ սահմանուած է Վերջին Դատաստանը…։

Մեղքը մեզ Քրիստոսէ հեռացնող յաւիտենական պատնէշ մըն էր (Հմմտ. Ես 59.2)։ Մեղքը բաժանումի, պառակտումի, տարբաղադրութեան նկարագրով քանդիչ ուժ մըն էր։ Քրիստոս Իր քաւչարար արեամբ խորտակեց այդ մեղքի ախտով պարսպապատ պատնէշը ո՛չ թէ մեզ դժոխքէն ազատագրելու, այլ Իր լոյս արքայութեան մէջ ընդունելու համար։ Եթէ ճակատագրի գոյութեան կը հաւատաս, ամբողջապէս դրժած ու ջրած կ՚ըլլաս վերոնշեալ բոլոր ճշմարտութիւնները, որոնք աշխարհի սկիզբէն իսկ յայտնուած են մարգարէներուն եւ իրականացուած ու իրենց լրումին հասած են Քրիստոսով։ Աւելի ցաւալին այն է, որ երբ ճակատագրին կը հաւատաս, Վերջին Դատաստանի ու մեղքի հասկացողութիւնը ինքնաբերաբար մտքէդ կը վերանայ եւ Աստուածաշունչ մատեանին մէջ գրուած բոլոր ճշմարտութիւնները քեզի համար սոսկ յերիւրուած պատումներ կը դառնան։ Մեղա՜յ Աստուծոյ։

Ոմանք ծայրայեղութեան երթալով՝ կը շարունակեն զԱստուած մեղադրել ու այպանել ըսելով. «Աստուած կողմնակալ է։ Ինչո՞ւ զիս այսպէս ստեղծած է։ Ինչո՞ւ միայն ես եմ նեղութեանց ու փորձութեանց ենթարկուողը, եւ ոչ իմ ընկերս…։ Ինչո՞ւ ինծի այսպիսի դժբախտ ճակատագիր մը տրուած է, մինչդեռ դրացիիս՝ տարբեր ճակատագիր մը…»։ Կեանքի այս թաւալքին մէջ անկասկած, որ ահալի փորձանքներ ու պատահարներ պիտի հանդիպին քեզի։ Սակայն պէտք է գիտնաս, թէ Աստուծոյ թոյլտուութեամբ կրնան պատահիլ միայն այնպիսի՛ փորձութիւններ, որոնք կը նպաստեն փրկութեանդ։ Այն փորձութիւնները, որոնք քեզ կը հեռացնեն հաւատքէդ ու ճշմարիտ աստուածպաշտութենէն՝ չե՛ն կրնար Աստուծոյ կողմէ ըլլալ։ Եթէ նման փորձութիւններ վերագրես ճակատագրի գոյութեան եւ ճակատագրին գոյութեան հեղինակը Աստուած համարես, այդ պարագային Բանսարկուին ըրածը Ամենակալին վերագրած կ՚ըլլաս։ Պօղոս առաքեալ այս ուղղութեամբ կ՚ըսէ. «Փորձութեան մէջ եղող ոեւէ մէկը թող չըսէ, թէ Աստուած է որ զինք կը փորձէ, որովհետեւ Աստուած մասնակից չէ փորձութիւններուն որոնք չարէն կու գան, ո՛չ ալ ինք մարդիկը փորձութեան կ՚ենթարկէ։ Իւրաքանչիւր մարդ կը փորձուի՝ իր իսկ ցանկութիւններէն տարուելով ու խաբուելով» (Յկ 1.13-14)։

Մի՛ մոռնար, որ աշխարհը լի է բազմապիսի փորձութիւններով ու տուայտանքներով: Ո՛չ ոք կրնայ զերծ մնալ անոնցմէ: Ո՛չ հաւատացեալը եւ ո՛չ ալ անհաւատը. ո՛չ քրիստոնեան եւ ո՛չ ալ հեթանոսը: Երկուքն ալ հաւասարապէս փորձութիւններու ենթակայ են: Բայց երանելի է միայն ան՝ որ Քրիստոսի համար է որ կը չարչարուի (Հմմտ. Ա,Պտ 4,14): Ճշմարիտ քրիստոնեան փորձութիւնը աստուածապարգեւ օրհնութիւն եւ Քրիստոսի չարչարանքներուն մասնակցութիւն կը նկատէ եւ ո՛չ թէ Աստուծոյ կողմէ մեր ճակատներուն վրայ դրոշմուած անէծք:

Աստուածաշունչի ամենէն ժողովրդական գիրքերէն՝ Յոբ Երանելիին գիրքին մէջ մահը Աստուծոյ կողմէ իբրեւ փորձութիւն տրուած է։ Փորձութիւնը մեր կեանքին մէջ բնական է եւ ոչ թէ ժխտական։ Ժխտական տեսակէտէ դիտուած՝ ան նոյնիսկ օգտակար ազդակ մըն է իբրեւ մեր ներքին էութիւնը հարազատօրէն յայտնաբերող եւ մեր կամքը մարզող, զօրացնող, մեր անհատականութիւնը յղկող ու շեշտող առիթ։ Ըսուած խօսք է, թէ «Փորձութեան չհանդիպիլը առաքինութիւն չէ, այլ փորձութեան հանդիպելէ ետք՝ չտարուիլն է, անոր յաղթելն է բուն, տոկուն առաքինութիւնը»։

Նկարիչ մը գեղեցիկ նկար մը կը գծէ եւ իր տան մէջ կը կախէ։ Ապա տախտակամածի մը վրայ կը բարձրանայ եւ կամաց-կամաց ետեւ կ՚երթայ, որպէսզի նկարին հեռուէն նայի եւ ըստ այնմ վերջին սրբագրութիւնները կատարէ։ Առանց անդրադառնալու կը հասնի տախտակամածին ծայրը եւ վար իյնալու վտանգին մէջ կ՚ըլլայ։ Քայլ մը եւս ետեւ երթալու պարագային կրնար վար իյնալ եւ մեռնիլ։ Երբ կը պատրաստուի իր վերջին քայլը դէպի ետեւ նետել, յանկարծ իր փոքրիկ որդին ձեռքը եղած աղտոտ վրձինով մը կը խծբծէ նկարը։ Նկարիչը սրտնեղած ու բարկացած փոքրիկին վրայ կը վազէ։ Նկարը թէպէտ կ՚աւրուի, բայց նկարիչը ստոյգ մահէ կ՚ազատի։ Ինչպէս մանուկը նկարը աւրելով՝ ազատած եղաւ նկարիչը, այնպէս ալ Աստուած յաճախ զանազան միջոցներով կը միջամտէ ու «կ՚աւրէ» մեր ծրագիրները՝ նպատակ ունենալով մեր կեանքը փրկել եւ մեզ ազատել յաւիտենական կորուստէ։ 

Սիրելի՛ ընթերցող, Աստուած բարի ու արդար Հայր ըլլալով, ստեղծագործութեան պահէն սկսեալ կը հետեւի իւրաքանչիւր քայլափոխիդ՝ խրատելով, յանդիմանելով, երբեմն պատժելով քեզ, որպէսզի չխոտորիս, չսայթաքիս եւ Անոր ճամբուն մէջ մնաս։ Կեանքիդ տագնապներուն մեծ մասը քու իսկ ձեռքո՛վդ է, որ կը շինես ու դժուարութեան հագուստը հագցնելով՝ զանոնք դիմացդ կը զետեղես։ Սակայն Աստուած այդ տագնապներուն կեղծ շպարները մաքրելով, քեզի ցոյց կու տայ ճշմարտութիւնը ու կը հանդարտեցնէ քեզ՝ համաձայն իր քաղցրաբարոյ նկարագրին։ Քրիստոնեան ճակատագրին չի՛ հաւատար եւ իր հաւատքը այսպիսի անհիմն ու շեղ «հաւատալիք»ներու վրայ չի՛ հիմնաւորեր, այլ իր հաւատքի վէմը Քրիստոսի վրայ կը հիմնէ։

Քու կենսընթացիդ պատահող դժբախտութեանց դրդապատճառները այս աշխարհին վրայ փնտռէ եւ զանոնք Աստուծոյ մի՛ վերագրեր…։

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունիս 21, 2017