ՄԵՐ «ՃԱՔԵՐԸ» ՄԵՐ ՄԵՏԱՅԼՆԵՐՆ ԵՆ

Կեանքը լի է յուսալքութիւններով եւ անոնց յառաջ բերած «ճաք»երով։ Անկասկած, բոլորս իմացած ենք մեր սրտէն հնչած այդ «կոտրուածքի ձայնը», երբ մեր սպասումները եւ իրականութիւնը չեն համընկնիր, մեր փափաքները չեն իրականանար, խոստումները չեն կատարուիր… 

Մարդոց մեծ մասը այդ «ճաք»երը չեն սիրեր եւ միշտ կը փորձեն թաքցնել զանոնք։ Երբեմն կը վախնան կրկին վիրաւորուելէ եւ կը սկսին խուսափիլ կեանքէ, կը հրաժարին երազելէ, յուսալէ…

Ճաբոնական Քինցուկի արուեստը կը փորձէ ի ցոյց դնել վերականգնուած խեցեղէններու ճաքերը՝ այլ ոչ թէ թաքցնել զանոնք։ Անկատարութիւնը իրականութեան անբաժանելի մասն է։ Կատարելութիւնը ձեռք կը բերուի անկատարութեան ընդունմամբ եւ այդ թերութիւններու բարելաւման ճանապարհով։ Քինցուկի, որ ճաբոներէնի մէջ կը թարգմանուի՝ որպէս ոսկէ կարկտան, հիմնուած է կոտրուած առարկաները ոսկիով վերականգնելու վրայ։ Այս արուեստը գեղեցկութիւն կը փնտռէ աշխարհի անկատարութիւններու մէջ։ Առարկաներու վերականգնման ժամանակ կ՚օգտագործուի յատուկ շիճուկ մը, որ կը պարունակէ ոսկի, արծաթ եւ լսնոսկի։ Այսպէսով մարդիկ կը ծանօթանան կոտրուած իրի պատմութեան եւ կը փափաքին նոր կեանք հաղորդել անոր։ Վերջնական արդիւնքը սովորաբար աւելի գեղեցիկ կ՚ըլլայ, քանի որ «փորձառութեամբ» առարկան աւելի արժէքաւոր կը դառնայ։ Հակառակ ճաքերուն, կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ։ Ճաքերը կը միացուին ու կը պատուին ոսկիով։ Փորձառութիւնը կը փառաբանուի ոսկիով՝ ամենաթանկագին մետաղներէն մէկուն հետ։ 

Մարդ պէտք է առերեսուի իրականութեան եւ սեփական էութեան հետ, որպէսզի անդրադառնայ, թէ ան, իրականութեան մէջ, աշխարհէն ի՞նչ կ՚ակնկալէ։ Ճաբոնական բազմաթիւ արուեստներ՝ ներառեալ Քինցուկին, կը փորձէ բացայայտել մեզ շրջապատած աշխարհի գեղեցկութիւնները եւ ապացուցանել անոնց պարզութիւնը։ Պարզութիւնը կատարելութեան նշան է, իսկ կատարելութիւնը կը բնորոշուի սակաւութեամբ։ 

Ընկճուածութենէ տառապող հիւանդի մը Քինցուկի մասին սապէս կ՚արտայայտուի. «Տարիներ շարունակ ես կը մտածէի, թէ որքա՛ն թոյլ եմ։ Ծանօթանալով այս արուեստին՝ հասկցայ, որ որքան ուժեղ եմ։ Հակառակ բոլոր փորձանքներու, ես հասկցայ, թէ որքան դիմադրունակ եմ։ Հետաքրքրական է, որ Քինցուկի փիլիսոփայութեան ուսումնասիրութիւնը եւ ըմբռնումը աւելի արդիւնաւէտ եղաւ ընկճուածութեան յաղթահարման, քան դեղերը»։

Իրօք, մեր «ճաք»երը մեր մետայլներն են։ Անոնք մեր փորձառութիւններն են, ապացոյցը այն բանի, որ մենք կ՚ապրինք, մենք ուժեղ ենք։ Անոնց գոյութիւնը ապացոյցն է այն բանի, որ մենք կը գոյատեւենք։ Երբեմն կոտրուած իրերը վերականգնելու գործընթացին կը ստացուի աւելի իւրօրինակ, գեղեցիկ ու դիմացկուն արդիւնք մը։ Բոլորս կը դիմագրաւենք ծանր ժամանակներ եւ կատարեալ կեանք վարելը իրատեսական չէ։

Պէտք է նախ ընդունինք կեանքի լաւ ու վատ կողմերն ու անհամաչափութիւնները։ Այս բոլորը ընդունիլը արդէն կ՚ապացուցանէ մեր ուժը, կարողութիւնները։ Մեր բարեկեցութիւնը, խաղաղութիւնը ձեւով մը պայմանաւորուած են մեր դիմադրողականութեամբ մարտահրաւէրներու յաղթահարումով եւ մեր բոլոր ոսկէ ճաքերով»։ Երբ կը գիտակցիս ունեցածդ ու երախտագէտ ես անոնց համար, ընդունակ ես աւելի արագ բուժուելու եւ աւելի դիմացկուն ըլլալու։ Ամէն ինչ ունի պատճառ մը եւ չկայ իրավիճակ մը, որ մեր առջեւ կը կանգնի առանց նպատակի։ Այդ նպատակն է, որպէսզի մենք դառնանք աւելի լաւ, աւելի փորձառու, աւելի երախտապարտ ու աւելի դիմացկուն անհատներ։ 

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Յունիս 21, 2021