ԱՆՀԱՒԱՏՆ ՈՒ ՀԱՒԱՏԱՒՈՐԸ

Հետաքրքրական է, թէ մարդ ինչպէ՞ս կրնայ ապրիլ առանց հաւատքի։ Զոր օրինակ, անհաւատները ինչպէ՞ս կ՚ապրին առանց Աստուծոյ։ Անոնք կը մերժեն Տիրոջ գոյութիւնը։ Մեր մոլորակի տէրը կը ճանչնան մարդը։ Գիտութեան զարգացումով կու տան այս կամ այն իրավիճակի բացատրութիւնը։

Անհաւատը կը հաւատայ միմիայն իր տեսածին ու շօշափածին։ Իսկ Տէրը մենք՝ մահկանացուներս անզօր ենք տեսնելու։

Անհաւատը քամին նոյնպէս չէ տեսած, սակայն կը հաւատայ անոր գոյութեան։ Հաւատքը նոյնպէս զգալով է. «Երանի անոնց, որոնք չեն տեսնած, սակայն կը հաւատան», այս մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի խօսքերն են։ Թէեւ անհաւատութիւնն ու հաւատաւոր ըլլալը միշտ ալ ենթակայական են, սակայն այսօր յիշեցի անհաւատներուն ու անոնց հետ կապուած քանի մը պատմութիւն։

***

Աղքատ ընտանիքի մը մայրը խոր հաւատացեալ էր։

Անգամ մը, երբ այլեւս երեխաները կերակրելու համար սնունդ չկար, կինը հեռաձայնեց ձայնասփիւռի ընկերութեան եւ աղաչեց, որ եթեր հեռարձակեն Տիրոջ ուղղուած իր խնդրանքը։

Ձայնասփիւռի աշխատակիցները ըմբռնումով մօտեցան աղքատ կնոջ խնդրանքին ու չմերժեցին։

Սակայն ձայնասփիւռի ունկնդրողներէն մէկուն խիստ վրդովեցուց այս հաղորդումը։ Ան անհաւատ մըն էր ու որոշեց քիչ մը զուարճանալ՝ ծաղրանքի ենթարկելով աղքատ կինը։ Ան սորվեցաւ այդ կնոջ հասցէն։ Այնուհետեւ իր քարտուղարուհիին յանձնարարեց երթալ խանութ ու առատօրէն գնել ամենալաւ մթերքը։

Քարտուղարուհին վերադարձաւ եւ իր հետ բերաւ լաւագոյն մսեղէնը, պանրեղէնը, քաղցրեղէնն ու նպարեղէնը։ Սակայն որչափ մեծ եղաւ անոր զարմանքը, երբ տնօրէնը անոր յանձնարարեց այս բոլորը յանձնել աղքատ կնոջ։

-Երբ կինը հարցնէ, թէ ո՞վ ղրկած է այս մթերքը,- կ՚ըսես՝ սատանան,- պատուիրեց տնօրէնը։

Քարտուղարուհին ամբողջ մթերքը հասցուց կնոջ տունը։ Հաւատաւոր կինը երկար ատեն տամուկ աչքերով շնորհակալութիւն կը յայտնէր ու կ՚օրհնէր քարտուղարուհիին։ Սակայն երբ կ՚ուզէր հրաժեշտ տալ, քարտուղարուհին հարցուց.

-Իսկ չէ՞ք ցանկար գիտնալ, թէ ով ղրկած է այս բոլորը։

-Ո՛չ, ի՞նչ կարեւորութիւն ունի։ Երբ Աստուած հրաման մը կ՚արձակէ, սատանան անգամ կ՚ենթարկուի։

***

Անհաւատ մը տարեց կնոջ մը կը վստահեցնէր, թէ Աստուած չկայ։

-Մեծ մայր, ախր կրնաս հաւատալ Աստուծոյ։ Մենք այլեւս եղանք տիեզերքի մէջ, եւ այնտեղ անգամ չհանդիպեցանք Աստուծոյ։ Գետերու հուները փոխեցինք՝ նորէն զԱստուած չտեսանք։

Իսկ մեծ մայրը անոր կը պատասխանէ.

-Իսկ դուք գիտէ՞ք, թէ տղամարդոց պեխերը ինչո՞ւ կ՚աճին, իսկ կանանցը՝ ոչ։

Անհաւատը շփոթահար կը լռէ, այնուհետեւ կը պատասխանէ.

-Չեմ գիտեր։

Իսկ տատիկը անոնց կ՚ըսէ.

-Դէ՜հ, եթէ չէք գիտեր, թէ ձեր քիթի տակ ինչ կը կատարուի, ինչո՞ւ կ՚երթաք դէպի տիեզերք։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունիս 21, 2023