ՎԻՇԱՊԱՔԱՐԵՐԸ…

Հա­յաս­տա­նի, Թուր­քիոյ եւ Վ­­րաս­տա­նի սահ­մա­նին վրայ գտնուող հե­ռա­ւոր սահմա­նա­մերձ Դա­րիկ գիւ­ղը տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ ե­ղած է բա­ցա­ռա­պէս թուր­քե­րու բնա­կա­վայր: Սում­կա­յի­թի դէպ­քե­րը սկսե­լէ ետք, ներ­կա­յիս Դա­րիկ, իսկ այն ժա­մա­նակ Էօքս­իւզ ա­նու­նը կրող գիւ­ղին մէջ բնա­կող թուր­քե­րը, Հա­յաս­տա­նի ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րուն պէս հե­ռա­ցած են ի­րենց բնա­կա­վայ­րե­րէն: Դա­րի­կի թուրք բնա­կիչ­նե­րը ան­ցած են սահ­մա­նին միւս կող­մը՝ Թուր­քիա: Բնա­կա­վայ­րը թուր­քե­րէ պար­պուե­լէ ետք գիւ­ղը ո­րոշ ժա­մա­նակ մը ե­ղած է լքուած տա­րածք, ուր Ե­րե­ւա­նէն բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած են ե­րի­տա­սարդ գիւ­ղատն­տես­ներ Ար­մէն Խե­չո­յեան եւ Ի­րի­նա Թա­դէո­սեան զոյ­գը՝ փոր­ձե­լով ի­րենց գի­տե­լիք­նե­րուն հա­մապա­տաս­խան ալ­պեան բնու­թիւն ու­նե­ցող այդ բնա­կա­վայ­րը դարձ­նել հայ­կա­կան ժա­մա­նա­կա­կից գիւղ: Հրա­ւի­րած են այլ բնա­կիչ­ներ, հիմ­նած են դպրոց, կա­թի վե­րամ­շակ­ման գոր­ծա­րան, սկսած են ար­տա­սահ­մա­նէն Հա­յաս­տան ներ­մու­ծել նոր տե­սա­կի կո­վեր, ձիեր եւ բազ­մաց­նել գիւ­ղին մէջ: Բնա­կիչ­նե­րը եր­կար ա­տեն չեն կրցած դի­մագ­րա­ւել գիւ­ղի խիստ հե­ռաւո­րու­թեան այլ բնա­կա­վայ­րե­րէ, խստա­շունչ ձմրան, են­թա­կա­ռու­ցուածք­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թեան ու ա­նոնք բո­լո­րը հե­ռա­ցած են գիւ­ղէն: Այ­սօր Դա­րի­կի մէջ մնա­ցած է միայն Ար­մէն Խե­չո­յեան եւ իր կի­նը, իսկ ի­րենց զա­ւակ­նե­րը ու­սա­նող­ներ եւ ա­շա­կերտ­ներ են ու գիւ­ղը չեն բնա­կիր: Ա­մու­սին­նե­րը գիւ­ղին մէջ հիմ­նած են հրա­շա­լի տնտե­սու­թիւն մը՝ գամփռ ցե­ղատե­սա­կի հայ­կա­կան շու­նե­րով, Վա­նայ կա­տու­նե­րով, ձիե­րու ե­րա­մա­կով, կո­վե­րով, ցու­լե­րով, հսկա­յա­կան դաշ­տա­վայ­րե­րով ու խոտ­համ­բար­նե­րով, ո­րու տէրն ու տի­րա­կա­լը Ար­մէն Խե­չո­յեանն է:

Մօ­տա­ւո­րա­պէս քսան­հինգ տա­րի ա­ռաջ, երբ Ար­մէն Խե­չո­յեան Դա­րիկ գիւղ գա­ցած է, գիւ­ղի տա­րած­քին տե­սած է հսկայ կան­գուն վի­շա­պա­քա­րը (կամ ինչ­պէս կը կո­չեն հնա­գէտ­նե­րը՝ վի­շա­պը), որ մե­գա­լի­թեան շրջա­նին պատ­կա­նող քա­րէ յու­շա­կո­թող մըն է եւ ո­ր, ո­րոշ ժա­մա­նակ անց, խումբ մը մար­դոց կող­մէ վար առ­նուած է: Այդ մար­դիկ կան­գուն վի­ճա­կէն հո­րի­զո­նա­կան դիր­քի բե­րած են հսկա­յա­կան քա­րը, քա­նի որ չեն հասկ­ցած ա­նոր նշա­նա­կու­թի­ւնը կամ զայն վե­րագ­րած են այդ տա­րած­քին բնա­կած թուր­քե­րու մշա­կոյ­թին: Հե­տաքրք­րուե­լով վի­շապ­նե­րու պատ­մու­թեամբ՝ Ար­մէն Խե­չո­յեան հրա­ւի­րած է մաս­նա­գէտ­ներ, ո­րոնք ալ հաս­տա­տած են, որ վի­շապ­նե­րը բնո­րոշ ե­ղած են զուտ Հայ­կա­կան լեռ­նաշ­խար­հին, եւ Դա­րի­կի տա­րած­քին գտնուող վի­շապն ալ Հայ­կա­կան լեռ­նաշ­խար­հի հարս­տու­թիւն­նե­րէն մին է եւ չորս հա­զար տա­րուան պատ­մու­թիւն ու­նի:

Գիւ­ղին մէջ քսան­հինգ եւ ա­ւե­լի տա­րինե­րու ըն­թաց­քին գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լած Ար­մէն Խե­չո­յեան եւ իր կի­նը՝ Ի­րի­նա Թա­դէո­սեան մեծ ջան­քեր գոր­ծադ­րած են, որ­պէս­զի հնա­գոյն վի­շա­պա­քա­րը կրկին կանգ­նե­ցուի իր նախ­նա­կան դիր­քով եւ վե­րա­կանգ­նէ իր մշա­կու­թա­յին ար­ժէ­քը: Մենք տա­կա­ւին ա­ռիթ կ՚ու­նե­նանք անդ­րա­դառ­նա­լու Ար­մէն Խե­չո­յեա­նի ըն­տա­նի­քի շատ հե­տաքրք­րա­կան կեան­քին՝ հե­ռա­ւոր Դա­րի­կի մէջ, իսկ ա­հա­ւա­սիկ Կի­րա­կի օ­րը Հա­յաս­տա­նի Հնա­գի­տու­թեան եւ ազ­գագ­րու­թեան հիմ­նար­կի մաս­նա­գէտ­նե­րու, Մշա­կոյ­թի նա­խա­րարու­թեան աշ­խա­տա­կից­նե­րու եւ տաս­նեակ հիւ­րե­րու ներ­կա­յու­թեամբ Ար­մէն Խե­չո­յեա­նին պատ­կա­նող հո­ղա­տա­րած­քի վրայ կանգ­նե­ցուե­ցաւ չորս­հա­զա­րա­մեայ վի­շա­պա­քա­րը: ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ Ե­րե­ւա­նէն հա­րիւ­րա­ւոր քի­լօ­մեթ­րեր հե­ռու գտնուող սահ­մա­նա­մերձ գիւ­ղին մէջ ներ­կայ ե­ղաւ այդ հե­տաքրք­րա­կան ի­րա­դար­ձու­թեա­ն: Տեղ­ւոյն վրայ հար­ցազ­րոյց կա­տա­րե­ցինք պատ­մա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու թեկ­նա­ծու, Հա­յաս­տա­նի Հնա­գի­տու­թեան եւ ազ­գագ­րու­թեան հիմ­նար­կի աշ­խա­տա­կից, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի դա­սա­խօս Ար­սէն Բո­բո­խեա­նին հետ: Ար­դէն չորս տա­րիէ ի վեր՝ Ար­սէն Բո­բո­խեան լրջօ­րէն կը զբա­ղի հայ­կա­կան լեռ­նաշ­խար­հին մէջ գտնուող վի­շապ­նե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թեամբ: Մաս­նա­գէտ­նե­րը կը վկա­յեն, որ վի­շապ­նե­րը Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին գտնուող ա­մե­նէն հին յու­շա­կո­թող­ներն են, ա­նոնք շուրջ հինգ հա­զար տա­րուան պատ­մու­թիւն ու­նին:

-Պա­րոն Բո­բո­խեան, ի՞նչ է վի­շապա­քա­րը, կամ ինչ­պէս Դուք մաս­նա­գէտ­ներդ կը կո­չէք՝ վի­շա­պը:

 -Վի­շա­պա­քա­րը քիչ մը կոշտ բնո­րո­շում մըն է այս յու­շար­ձա­նի ա­նու­նը սահ­մա­նե­լու հա­մար, զայն մենք կը կո­չենք վի­շապ­ներ: Վի­շապ­նե­րը, ինչ­պէս խաչ­քա­րե­րը, բնո­րոշ են միայն Հայ­կա­կան լեռ­նաշ­խար­հին, ի յայտ կու գան որ­պէս կա­նոն շատ բարձր լեռ­նա­յին գօ­տի­նե­րու մէջ (2500-3000 մեթր ծո­վու մա­կար­դա­կէն բարձր): Ա­նոնք շատ հին ժա­մա­նակ ե­ղած են սրբա­վայ­րեր եւ զե­տե­ղուած են կա­րե­ւոր վայ­րե­րու մէջ: Վի­շապ­նե­րու թուագ­րու­թեան խնդի­րը շատ բարդ է, բայց վստահօ­րէն կա­րե­լի է ը­սել, որ ա­նոնք պրոն­զէ դա­րու եր­ե­ւոյթ են, կը պատ­կա­նին Ն. Ք. Բ. հա­զա­րա­մեա­կին: Ըստ ձե­ւի ու պատ­կե­րագ­րու­թեան կը բա­ժնուին ե­րեք տե­սա­կի՝ ցլա­կերպ, ձկնա­կերպ եւ ձկնաց­լա­կերպ: Կեն­դա­նա­կան պատ­կե­րագ­րու­թիւն կրող այդ յու­շար­ձան­նե­րը խորհր­դան­շա­կան մեծ ի­մաստ ու­նին: Ա­նոնց ա­նուա­նու­մը գու­ցէ կ՚ա­ռըն­չուի տե­ղա­կան ա­ւան­դոյթ­նե­րուն, ո­րոնց մէջ վի­շապ­նե­րը կա­րող էին կապ ու­նե­նալ լեռ­նե­րու մէջ ապ­րող հսկա­նե­րուն հետ. ա­նու­նը կրնար յա­ռա­ջա­նալ նաեւ պատ­կե­րագ­րու­թեան այ­լա­բա­նա­կան մեկ­նա­բա­նու­թեան ար­դիւն­քին:

-Հայ­կա­կան լեռ­նաշ­խար­հի տա­րածքին ե՞րբ սկսած են յայտ­նա­բե­րուիլ այդ հնա­դա­րեան կո­թող­նե­րը:

-Վի­շապ­նե­րը յայտ­նա­բե­րուած են 19-րդ-20-րդ դա­րե­րու սահ­մա­նին: Ա­ռա­ջին ան­գամ մեր ի­րա­կա­նու­թեան մէջ զայն յայտ­նա­բե­րած է Ատր­պե­տը, որ գրող էր եւ սի­րո­ղա­կան պե­ղում­ներ կը կա­տա­րէր: Այ­նու­հե­տեւ վի­շապ­նե­րը հե­տա­զօ­տուած են տար­բեր հե­ղի­նակ­նե­րու կող­մէ, օ­րի­նակ՝ մեծ հնա­գէտ Նի­կո­ղա­յոս Մառն ու իր օգ­նա­կա­նը՝ Սմիռ­նո­վը, նաեւ՝ Աշ­խար­հաբէկ Քա­լան­թա­րը, Էմ­մա Խան­զա­տեա­նը: Ա­նոնք կ՚են­թադ­րէին, թէ վի­շապ­նե­րը ջրա­բաշ­խա­կան հա­մա­կար­գե­րու հան­գու­ցա­կէ­տե­րու վրայ դրուած յու­շար­ձան­ներ են, շատ չէին կա­րե­ւո­րեր հնա­գի­տա­կան հա­մա­տես­քը: Հե­տա­գա­յին, երբ մեր հիմ­նար­կը սկսաւ լրջօ­րէն զբա­ղիլ վի­շապ­նե­րով, մենք յու­շար­ձան­նե­րը քննե­ցինք, ու­սում­նա­սի­րե­ցինք, վի­շապ ե­րե­ւոյ­թին այլ մօ­տե­ցում ցու­ցա­բե­րե­ցինք՝ կա­րե­ւո­րե­լով ա­նոր թէ՛ հնա­գի­տա­կան, թէ՛ մշա­կու­թա­յին եւ թէ ծի­սա­կան ար­ժէք­նե­րը: Մե­զի հետ այս աշ­խա­տան­քով հե­տաքրք­րուած են նաեւ Պեր­լի­նի Բաց հա­մալ­սա­րա­նի մեր գոր­ծըն­կեր­նե­րը, ո­րոնք կը մաս­նակ­ցին պե­ղում­նե­րուն, ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րուն:

-Քա­նի՞ վի­շապ յայտ­նա­բե­րուած է Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին եւ ո՞ր շրջան­նե­րուն սո­վո­րա­բար բնո­րոշ են ա­նոնք:

-Աշ­խա­տան­քի ար­դիւն­քին մեր ար­շա­ւա­խում­բը տե­ղե­կու­թիւն­ներ հա­ւա­քեց ինն­սուն վի­շա­պա­քա­րե­րու մա­սին, ո­րոնց­մէ յի­սու­նե­րե­քը յա­ջո­ղե­ցաւ տե­ղայ­նաց­նել եւ փաս­տագ­րել: Նա­խա­պէս ա­նոնց­մէ տասն­վե­ցը ան­յայտ էր: Այդ վի­շա­պա­քա­րե­րէն ե­րե­սուն­չոր­սը ի­րենց տեղ­ւոյն վրայ էին, տաս­նե­րեք վի­շա­պա­քար տե­ղադ­րուե­ցաւ իր ան­մի­ջա­կան մի­ջա­վայ­րին մէջ: Ա­մե­նա­մեծ վի­շա­պա­խում­բը Ա­րա­գա­ծի մէջ է, ուր գրե­թէ տա­սը վի­շապ կայ: Այն ի­մաս­տով ար­ժէ­քա­ւոր է Ա­րա­գա­ծի վի­շա­պա­խում­բը, որ ա­նոնք ի­րենց նախ­նա­կան վայ­րին մէջ են, եւ մենք պե­ղած եւ գտած ենք զա­նոնք, այլ վայ­րեր չեն փո­խադ­րուած: Սո­վո­րա­բար վի­շապ­նե­րը տա­րա­ծուած ե­ղած են բարձր լեռ­նա­յին մա­կար­դակ ու­նե­ցող բնա­կա­վայ­րե­րու մէջ եւ սրբա­զան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն բնո­րոշ յու­շար­ձան­ներ ե­ղած են: Այ­սօր ալ, ո­րոշ վայ­րե­րու մէջ, ժո­ղո­վուր­դը, կրնամ ը­սել, որ վի­շապ­նե­րու վրայ մոմ կը վա­ռէ: Ի­րենք ի­րենց բնոյ­թով շատ նման են խաչ­քար ե­րե­ւոյ­թին, խաչ­քա­րի նա­խա­տի­պը կը հան­դի­սա­նան, եւ պա­տա­հա­կան չէ, որ օ­րի­նակ, Ա­ղաւ­նա­ձո­րի մէջ եր­կու խա­չան­կա­րուած վի­շապ­ներ կան, ո­րոնք ե­կե­ղե­ցիին քով դրուած են: Շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւն կայ այդ ա­ռու­մով՝ վի­շա­պէն դէ­պի խաչ­քար: Այդ մէ­կը նաեւ Նի­կո­ղա­յոս Մառ նկա­տած է:

Այ­սօր մեծ խնդիր է վի­շապ­նե­րու պահ­պա­նու­թեան հար­ցը: Վի­շապ­նե­րը պառ­կած վի­ճա­կէն մար­դիկ շատ յա­ճախ փոր­ձած են կանգ­նեց­նել եւ սխալ դիր­քով զա­նոնք կանգ­նե­ցու­ցած են՝ գլխով դէ­պի վար, ին­չ որ շատ սխալ է: Ու­րիշ սխալ մըն է նաեւ վի­շա­պը իր նախ­նա­կան վայ­րէն այլ վայր մը փո­խադ­րե­լը: Այ­սօր Ե­րե­ւա­նի մէջ, այ­գի­նե­րու կամ այլ վայ­րե­րու մէջ կան տաս­նեակ վի­շապ­ներ, ո­րոնք տե­ղադ­րուած ըլ­լա­լով իբ­րեւ յու­շար­ձան­ներ, ի­րենց մշա­կու­թա­յին նշա­նա­կու­թե­նէն դուրս են, քա­նի որ, ինչ­պէս ը­սի, ա­նոնք բարձր լեռ­նա­յին մի­ջա­վայ­րե­րու յու­շար­ձան­ներ են, ջրա­յին մի­ջա­վայ­րե­րու քով դրուած են նախ­նա­դա­րեան մար­դու կող­մէ: Ճիշդ է՝ փո­խադ­րե­լով, կար­ծած են, որ երկ­րորդ կեանք կու տան ա­նոնց, բայց յու­շար­ձան­նե­րու նախ­նա­կան հա­մա­տես­քը խախ­տուած է: Վի­շապ­նե­րը պէտք է մնան ի­րենց նախ­նա­կան պե­ղում­նե­րու մի­ջա­վայ­րին մէջ:

Ան­կեղ­ծօ­րէն կրնամ ը­սել, որ ես շատ ալ շա­հագրգռուած չեմ պե­ղում­ներ կա­տա­րե­լով եւ տա­րա­ծե­լով վի­շապ­նե­րու վայ­րե­րը, ո­րով­հե­տեւ նոյն այդ վայ­րե­րուն մէջ աղ­մուկ եւ ա­ւե­լորդ հե­տաքրք­րու­թիւն կը յա­ռա­ջա­նայ տե­ղաբ­նակ­նե­րու կող­մէ: Մար­դիկ կը սկսին այլ միտ­քով, գան­ձեր ո­րո­նե­լու նպա­տա­կով մօ­տե­նալ այդ տա­րածք­նե­րուն եւ կը փճաց­նեն յու­շար­ձա­նը: Երբ տեղ մը պե­ղում­ներ կը սկսիս՝ տեղ­ւոյն բնա­կիչ­նե­րը ան­մի­ջա­պէս կը կար­ծեն՝ ոս­կի կը պե­ղես եւ ի­րենք ալ ի­րենց կար­գին կը պե­ղեն տա­րած­քը: Թէեւ ա­ռանց այդ ե­րե­ւոյ­թին ալ շատ մը յու­շար­ձան­ներ փճա­ցուած, վնա­սուած են, եւ վի­շապ­ներն ալ պէտք չէ, որ նոյն ճա­կա­տագ­րին ար­ժա­նա­նան: Պե­տու­թիւ­նը պէտք է ար­գի­լուած գօ­տի­ներ դարձ­նէ վի­շապ­նե­րու տա­րածք­նե­րը, քա­նի որ ա­նոնք մեր լեռ­նաշ­խար­հի ա­մե­նէն հե­տաքրք­րա­կան, հնա­գոյն կո­թող­ներն են, ո­րոնք այ­սօր շատ հար­ցե­րու պա­տաս­խան­ներ կու տան: Այլ երկ­րի մը մէջ չկան վի­շապ­ներ:

Վի­շապ­նե­րու տա­րած­քը, մա­նա­ւանդ Ա­րա­գա­ծի մէջ, զբօ­սաշր­ջու­թեան կեդ­րոն դառ­նա­լու մեծ հե­ռան­կար ու­նի, ա­ռանց խան­գա­րե­լու այն ժո­ղո­վուր­դը, ո­ր այդ սա­րե­րը կը հա­նեն ի­րենց ա­նա­սուն­նե­րը: Ընդ­հա­կա­ռա­կը, ա­նա­սուն­նե­րը ա­րօ­տա­վայ­րեր հա­նե­լու այդ ա­ւան­դոյ­թը ա­ւե­լի գե­ղե­ցիկ կ՚ըն­կա­լուի զբօ­սաշր­ջու­թեան ծրագ­րե­րուն մէջ:

-Ի՞նչ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի Դա­րի­կի մէջ բարձ­րա­ցուած վի­շա­պը:

-Ան կրկին ծի­սա­պաշ­տա­մուն­քա­յին կո­թող ե­ղած է: Այս տա­րած­քէն ներս թուր­քեր բնա­կե­լով՝ նոյ­նիսկ ա­նոր քով ծի­սա­կան ա­ռիթ­նե­րով այ­ցե­լած են նաեւ ի­րենք: Բարձ­րա­ցուե­լով՝ վի­շա­պը կրնայ նոր ու­ղի բա­նալ դէ­պի Դա­րիկ, զայն դարձ­նե­լով զբօ­սաշր­ջա­յին վայր մը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Յուլիս 21, 2015