ՀԱՅ-ՔՐԻԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔ

Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդարանէն, վերջերս ստացանք հետաքրքրական տեսանիւթ մը, ուր մեզի ծանօթ ու անծանօթ դէմքեր, անսովոր արարողութեան մը կը մասնակցէին՝ անապակ բնութեան գիրկը, անվրդով հոսող գետակի մը քով, կանաչ ու կուսական անտառին մէջ:

Ծանօթ դէմքերը Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Գանատահայոց թեմի առաջնորդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեանն ու դիւանապետ տիար Լեւոն Իսախանեանն էին, որոնց շուրջը կը դառնային անծանօթ մարդիկ՝ բարակ հիւսուած մազերով, ցորնագոյն մորթով տղամարդիկ, երկար փէշերով կիներ, արեւավառ երեսներով երեխաներ: Նկատելի էր, որ քաղաքակրթութենէն հեռու տեղ մը, իրենց աշխարհին մէջ, շատ երջանիկ են:

Ովքե՞ր են այս մարդիկը: Անմիջապէս դիտեցի տեսանիւթը, որու ուղեկցող հաղորդագրութնէն ալ տեղեկացայ, որ վայրը, ուր յունիս ամսուան վերջաւորութեան այցելած են Գանատայոց թեմի առաջնորդն ու դիւանապետը, Գանատայի մէջ բնակող Լեռնային քրի ժողովուրդին ճամբարն է, ուր կը բնակի այս ժողովուրդը, որ Գանատայի միւս բնիկ ժողովուրդներուն մէջ իր ուրոյն տեղը կը զբաղեցնէ, կը պահէ աւանդութիւնները, սովորութիւնները, ծէսերը, լեզուն, այբուբենը… Հետաքրքրութիւնս աւելցաւ Գանատայի Ալպերթա նահանգին մէջ ապրող այս ժողովրդին եւ անոր աւանդոյթներուն հանդէպ, այն վայրին հանդէպ, ուր Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեան, դիւանապետին ընկերակցութեամբ այցելած եւ մտերմիկ ժամանակ մը անցուցած է:

Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեանի այցելութեան նպատակն էր ճանչնալ տեղաբնիկ ազգերուն աւանդական տարածքային պատկանելիութիւնը: Տեղաբնիկներուն համար Գանատան վաղեմի հայրենիք է, ուր յետագային հաստատուած են նաեւ հայերը: Իր այցի ընթացքին Գանատահայոց թեմի առաջնորդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեան շնորհակալութիւն յայտնած է քրի ցեղի ներկայացուցիչներուն՝ գանատահայութեան՝ Գանատայի մէջ ապրելու առիթը ընծայելու համար: Այս այցելութիւնը կազմակերպուած է ցեղապետ Ռէյնհարթ Ռոանի հրաւէրով եւ այցին աջակցած է նաեւ Զորթեան ընտանիքը:

Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեանն ու Լեւոն Իսախանեանը ճամբարին մէջ մասնակցած են նաեւ քրիներուն «Արեւի պար» աւանդական արարողութեան:

Ի՞նչ կապ ունի Զորթեան ընտանիքը այս ցեղախումբին հետ. կը պարզուի, որ մէկ դար առաջ, Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ Զորթեան ընտանիքէն փրկուածներէն մէկը Կուտինայէն ժամանած է Հիւսիսային Ամերիկա եւ ծանօթանալով քրի ցեղին, ամուսնացած է ցեղապետին աղջկան հետ: Ծնած են զաւակներ, որոնք կրելով հայ-քրիական արիւնը, երբեք չեն հրաժարիր իրենց հայ ինքնութենէն: Անոնք իրենց զաւակներուն սովորաբար հայկական անուններ կու տան:

Այսօր Զորթեան ընտանիքին անդամներուն մէկ մասը Գալիֆորնիա կ՚ապրի, իսկ միւս մասը այժմ Ալպերթայի Ռոքի լեռներու քրի ազգաբնակչութեան մաս կը կազմէ՝ Cree-Smallboy ճամբարին մէջ: Գալիֆորնիա եւ Գանատա բնակող Զորթեանները նոյն ընտանիքէն են: Բոլորը կը սերին նշանաւոր կուտինահայ գրող, հրապարակագիր Համբարձում Զորթեանէն, որ ստորագրած է Առնակ գրչանունով: Գանատա բնակող Զորթեանները Առնակ անունը աւանդաբար կու տան իրենց որդիներուն:

Սրբազանին այցը առաջին դէպքն է, որ Հայ Եկեղեցւոյ սպասաւորը կը ճանչնայ բնիկ ժողովուրդներու հողային պատկանելիութիւնը:

Այդ առիթով առաջնորդարանը հրապարակած է տեսանիւթ մը, որուն մէջ լեռնային քրի ժողովուրդին ներկայացուցիչները կը խօսին հայ սրբազանին իրենց տարածք այցին եւ հայերուն հետ ունեցած կապին մասին: Զորթեաններէն ոչ ոք, տարիներու ընթացքին, հեռացած է իրենց ապաստան տուած քրի ժողովուրդէն. լեռներուն մէջ մնալով, ընդունած են լեռնային ճամբարին մէջ ապրելու ձեւը:

Անոնք կը յիշեն իրենց մեծ հայրը՝ Ժիրայր Զորթեանը, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ հռչակի հասած է իբրեւ պոհեմական արուեստագէտ: Ան հեռացած է կեանքէն 2004 թուականին, բայց Միացեալ Նահանգներու մէջ տակաւին կայ անոր «Զորթեան ագարակը»՝ արուեստի եւ բնութեան շունչով պարուրուած ընտանեկան վայր մը, ուր այցելած են հռչակաւոր արուեստագէտներ, Նոպէլեան մրցանակակիրներ:

Առնակ Զորթեան այս լեռներու մէջ կը բնակի իր որդիներուն եւ անոնց ընտանիքներուն հետ: Ընտանիքները կը բնակին գմբէթաւոր վրաններու մէջ, որ աւանդաբար ժառանգուած կացարանի ձեւ մըն է:

Ժիրայր Զորթեանին՝ Գանատայի այս լեռները բնակող միւս թոռը՝ Անդրանիկը, գանատական դպրոցի մը մէջ միջմշակութային ուսուցիչ է:

Գանատայի թեմի առաջնորդին այս հանդիպումը քրի ցեղին միաձուլուած Զորթեաններուն հետ, առաջինը չէր, անցեալ տարի սրբազանը իր գրասենեակին մէջ ընդունած է զանոնք, մտերմիկ զրոյց ունեցած է անոնց հետ եւ նախաճաշած: Այդ ժամանակ ալ Զորթեանները Սրբազանը հրաւիրած են Ալպերթայի լեռներու իրենց բնակավայրը:

ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆ

Ըստ տեղեկութիւններուն, լեռնային քրի ժողովուրդին տարեգրութիւնը 15 հազար տարուան պատմութիւն ունի: Այսօր Գանատայի մէջ կը բնակի քրի ժողովուրդի քանի մը ճիւղ: Ըստ 2016 թուականի գանատական մարդահամարի տուեալներուն, ծագումով քրի 356.655 մարդ կայ, քրի լեզուով կը խօսի 96.575 մարդ: Ալպերթա նահանգէն զատ անոնք բնակավայրեր ունին նաեւ Գանատայի Մանիտոպա, Օնթարիօ եւ այլ նահանգներու մէջ: Մօտաւորապէս 27 հազար քրի կը բնակի Քէպէքի մէջ:

Լեռնային քրի ժողովուրդը, բազում աւանդութիւններու առընթեր՝ կը կատարէ նաեւ աւանդական «Արեւի պար» արարողութիւնը, որ Ամերիկայի եւ Գանատայի հնդիկներուն խմբաւորման պատկանող տեղացիներուն աւանդական արարողութիւններէն մէկն է, որ ծիսական խորհուրդ ունի: Այս արարողութեան հանդէպ մշակութային ժառանգութեամբ զբաղող օտարները այսօր մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն, բայց եղած է ժամանակ, որ Գանատայի մէջ արգիլած են բնիկներուն ծէսերը եւ ամէն ձեւով փորձած են ճնշել անոնց աւանդոյթները: Քրիները գաղտնօրէն կ՚իրականացնէին իրենց արարողութիւնները մինչեւ անցեալ դարու 1950-ականները, երբ վերցուեցաւ գաղտնութեան արգելքը: Առհասարակ, արդէն ծանօթ է, որ Գանատայի իշխանութիւնները, աւելի քան հարիւր տարի, վարած են բնիկ ժողովուրդներու մշակոյթը վերացնելու, իրաւունքները ոտնահարելու քաղաքականութիւն, չընդունելով զանոնք որպէս ինքնուրոյն համայնքներ: Անոնց երեխաներուն համար ստեղծուած են գիշերօթիկ դպրոցներ, ուր արմատներու մոռացութեան յատուկ ծրագիր կը մշակուէր:

1840-էն ընդհուպ մինչեւ 1996 թուականները, աւելի քան 150 հազար բնիկ երաեխաներ, տարուած են եկեղեցիներու կից գործող գիշերօթիկ դպրոցներ, որպէսզի չհաղորդակցին իրենց ծնողքին հետ եւ մոռնան բնիկներուն մշակոյթն ու ապրելակերպը: Գանատական կառավարութեան տարիներ առաջ հրապարակած զեկոյցին համաձայն, աւելի քան 3 հազար երեխաներ մահացած են այս դպրոցներէն ներս, շատեր ենթարկուած են ֆիզիքական, հոգեբանական եւ սեռական բռնութեանց։

Այսօր Գանատայի կառավարութեան բարձր հովանիին ներքոյ կը գործէ բնիկ ժողովուրդներուն նկատմամբ ճնշումները հետաքննող յանձնախումբը, որուն գործունէութիւնը կ՚ողջունէ վարչապետ Թրիւտօ, որ Գանատայի պատմութիւնը կը դիտարկէ որպէս ամբողջական պատմութիւն, ուր իրենց առանձին տեղն ունին բնիկները: Այսօր բնիկներու իրաւունքներուն վերականգնման որոշումներ գործի դրուած են՝ անոնց հետ հաշտեցման եզրեր փնտռելու ուղղութեամբ:

1994 թուականին ՄԱԿ-ը օգոստոս 9-ը հռչակած է որպէս Աշխարհի բնիկներու օր, ի պաշտպանութիւն 370 միլիոն բնիկներուն, որոնք կը բնակին աշխարհի իննսուն երկիրներու մէջ: Այդ թիւը կը կազմէ աշխարհի բնակչութեան հինգ տոկոսը:

2007 թուականին վաւերացուած ՄԱԿ-ի հռչակագրին մէջ կ՚ըսուի, թէ բնիկները յատուկ ժողովուրդներ են իրենց յատուկ մշակոյթով, ծէսերով ու հաւատալիքներով, ինչ որ աւելի կը հարստացնէ մարդկային քաղաքակրթութիւններն ու մշակոյթները: Բնիկները, յատուկ կապուածութիւն ունենալով իրենց տարածքին, նաեւ կ՚ունենան զայն պահպանելու օրէնքներ: Անոնք քաղաքակրթութեան բարիքներէն օգտուող, բայց քաղաքակրթութեան կործանիչ ալիքին չենթարկուող մարդիկ են, որոնք իւրայատուկ գոյն կը հաղորդեն մեծ երկիրներու համատարած միօրինակութեան:

ԱՌՆԱԿ ԶՈՐԹԵԱՆ - Հայերը այստեղ բնակութիւն հաստատեցին շուրջ հարիւր տարի առաջ եւ այսօր կը վայելեն Հիւսիսային Ամերիկան: Այսօր վերջապէս մէկը շնորհակալութիւն յայտնեց բնիկ ժողովուրդին: Կը կարծեմ, որ աշխարհի որեւէ մէկ ծայրը, ուր հայ կայ, նոյնը պիտի ընէ: Անոնք պիտի ճանչնան բնիկ ժողովուրդները, քանի որ ժողովուրդները իրենց տարածքներուն վրայ ապրելու հնարաւորութիւնը Արարիչէն ստացած են: Ուրախալի է, որ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեան այդ մէկը գիտակցած, այցելած է ու իր այցին պատգամը պէտք է տարածուի ամբողջ աշխարհին:

Մենք հպարտ ենք, որ քրիներու արեան հետ միաձուլուած ենք, մեր մականունը կը շարունակենք պահել հոս՝ իրենց հետ ապրելով: Այս ժողովուրդը նոյնպէս բնաջնջում ապրած է, բայց քրիները բախտաւոր են, որ Գանատայի մէջ ճանչցուած են եւ մասնայատուկ իրաւունքներ ունին, իսկ հայերը նոյն իրաւունքները չունին իրենց բնաշխարհին մէջ, ուրկէ ելած են: Քրիները յաջողութեամբ պահած են իրենց մշակոյթը՝ համերաշխ ապրելով բնութեան հետ:

ԹԵՐԻ ՍՄՈԼՊՈՅ - Ես շատ հպարտ եմ մեր հողին վրայ ողջունելով Աբգար Սրբազանը, բարի գալուստ մաղթելով մեր տուն, մեր տարածք: Խօսքեր չունիմ իմ զգացումներս եւ երախտագիտութիւնս արտայայտելու: Հայ եպիսկոպոսին ճանաչումը ամենապատուաբեր քայլն է իմ ժողովուրդին հանդէպ: Մենք սովոր չենք այսպիսի վերաբերմունքի: Ոեւէ ժողովուրդի ներկայացուցիչ չէ եկած եւ չէ առած այս քայլը, այսինքն, ան ճանչցաւ իմ ազգակիցները իբրեւ այս հողի առաջին ժողովուրդ: Կարելի չէ ասկէ աւելի մեծ բան ընել: Ես երջանիկ եմ, կը սիրեմ իմ ընտանիքս, կը սիրեմ իմ հողին վրայ աշխատիլ, ես լրջօրէն կը վերաբերիմ իմ դերիս, որ Զորթեան ընտանիքի հարսին դերն է: Այս կեանքը, որ մենք կ՚ապրինք, մեր ընտրութիւնն է: Մեր հայ մեծ հայրը լուրջ, զօրաւոր մարդ եւ լաւ նկարիչ եղած է. մեծ սիրտ ունէր եւ ամենաշատը ան կ՚ուզէր վստահ ըլլալ, որ իր ընտանիքը տեղ ունի ապրելու եւ կեանքը շարունակելու համար: Ան շատ կարեորութիւն կու տար Զորթեան մականունին: Երբ առաջին որդիս ունեցայ, Տիրան կոչեցինք:

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԶՈՐԹԵԱՆ - Ես ամբողջ կեանքիս մէջ կը սիրէի երգել ու պարել մեր աւանդական երգերն ու պարերը: Անգամ մը հեռաձայն ստացայ, թէ արդեօք կ՚ուզէի՞ զանազան դպրոցներու մէջ աշակերտներուն իմ մշակոյթս ուսուցանել: Ես յիշեցի իմ մեծ հայրս եւ հասկցայ, որ գտած եմ կեանքիս գործը, զոր կը սիրեմ: Արդէն երեք տարիէ ի վեր կը դաստիարակամ երեխաները: Ասիկա ամենակարեւոր գիտելիքն է, որ ստացայ իմ ընտանիքիս հայկական կողմէն: Ուրախութիւն է գտնել բան մը, որ հաճելի է ընել եւ, միեւնոյն ժամանակ, մարդիկ կը վճարեն ատոր համար:

ՏԷՅԼ ԶՈՐԹԵԱՆ - Հայերն ու քրիները իրար նման են իրենց հալածուած ճակատագրով: Հակառակ դժուարութիւններուն, կը կարծեմ, որ իմ ընտանիքս լաւագոյն արտայայտութիւնն է կեանքի յարատեւութեան: Իմ հայ ըլլալովս ես շատ հպարտ եմ, մանաւանդ՝ իմ մականունովս, որ իր նշանակութիւնը ունի. կը նշանակէ զօրութեան որդի:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յուլիս 21, 2020