ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 8-ՐԴ ՀԱՒԱՔԸ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

«Հա­յոց պե­տա­կա­նու­թիւ­նը՝ միաս­նա­կա­նու­թեան ա­ռանցք» խո­րագ­րեալ Լրագ­րող­նե­րու հա­մա­հայ­կա­կան 8-րդ հա­մա­ժո­ղո­վը, որ ե­րէկ սկսաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ, այս շա­բա­թա­վեր­ջին կը շա­րու­նա­կէ իր ծա­ւա­լուն աշ­խա­տան­քը։ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս տե­ղի ու­նե­ցան հա­մա­ժո­ղո­վի ա­ռա­ջին օ­րուան նիս­տե­րը։ Այ­սօր եւս ա­նոնք կ՚ըն­թա­նան նոյն վայ­րին մէջ։ Իսկ շա­բա­թա­վեր­ջին հա­մա­գու­մա­րի աշ­խա­տան­քը կ՚ըն­թա­նայ Ար­ցա­խի մէջ։

Ե­րէկ հա­ւա­քը սկսաւ հան­դի­սա­ւոր բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը։ Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան հան­դէս ե­կաւ ող­ջոյ­նի խօս­քով մը։ Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի պատ­գա­մը փո­խան­ցեց՝ Ա­լեք­սան Յա­րու­թիւ­նեան, որ իր աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վա­րի ա­ռա­ջին տե­ղա­կալն է։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի հայ­րա­պե­տա­կան պատ­գա­մը փո­խան­ցեց՝ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Ա­րա­րո­ղա­կար­գի բաժ­նի վա­րիչ Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեան։

Ներ­կայ էին նաեւ Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Ար­մէն Ա­մի­րեան, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի բան­բեր Վլա­տի­միր Յա­կո­բեան, Հա­յաս­տա­նի Լրագ­րող­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Աստ­ղիկ Գէոր­գեան, հա­մա­ժո­ղո­վի կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը հա­մա­կար­գած յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րը, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­յին ռա­տիո­յի տնօ­րէն Ար­ման Սա­ղա­թե­լեան, «Ար­մէնփ­րէս»ի տնօ­րէն Ա­րամ Ա­նա­նեան եւ աշ­խար­հի ա­ւե­լի քան ե­րե­սուն եր­կիր­նե­րէն հա­մա­ժո­ղո­վի շուրջ 150 մաս­նա­կից­նե­րը։

Ըն­թա­ցիկ աշ­խա­տան­քին զու­գա­հեռ՝ հա­մա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րը օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցան Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հետ։

Հա­ւա­քը ձօ­նուած է Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կի յո­բե­լեա­նի­ն։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2016