ԱՐՑԱԽՑԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ
Ինչպէս ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ հարցազրոյցին ընթացքին տեղեկացուցած էր Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան, թէ այս տարի Հայաստանի Ազգային արխիւը հայ նշանաւոր եկեղեցականներէն մէկուն՝ Գարեգին Յովսէփանի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ կը պատրաստէ երկու հատորէ բաղկացած աշխատութիւն մը, որուն առաջին հատորը՝ Հայաստանի Ազգային արխիւին, իսկ երկրորդ հատորը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի նիւթերն են: Ահաւասիկ հատորները պատրաստ են եւ անոնց շնորհանդէսն ալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած է՝ ներկայութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին:
Վաւերագրերուն առաջին հատորը տպուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, իսկ երկրորդ հատորը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ մէջ: Հատորները լոյս տեսած են Գարեգին Ա. Յովսէփեան Կաթողիկոսի ծննդեան 150-ամեակին եւ վախճանման 65-րդ տարելիցի ոգեկոչման առիթով, որ կը համընկնին 2017 թուականին: Գարեգին Ա. Յովսէփեան Կաթողիկոսի մեծ վաստակին եւ յիշատակին առջեւ իր խոնարհումը արտայայտելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ըսած է. «Մեր եկեղեցին, որ դարերու հոլովոյթին մէջ յաճախ դիմագրաւած է նեղութիւններ, գործած է պատմական ու քաղաքական դժուար պայմաններու մէջ, շնորհիւ առաքինազարդ հայրապետներուն՝ փառքով յարութիւն առած է փորձութիւններէն ու շարունակած է տէրունապատուէր իր առաքելութիւնը: Ահա այսպիսի մեծանուն կաթողիկոսներէն է Գարեգին Ա. Յովսէփեանը, որուն անունը արձանագրուած է մեր նոր ժամանակներու պատմութեան կարեւոր իրադարձութիւններու բարձրակէտին մէջ. «Այր՝ լի շնորհօք եւ զօրութեամբ» (Գրծ. 6.8): Նոր Կտակարանի այս խօսքերը ճշմարտապէս կը բնորոշեն Գարեգին Յովսէփեան Կաթողիկոսը: Ան Քրիստոսի հաւատարիմ ու քաջ զինուոր էր հոգեւոր անդաստանին մէջ, միութեան ջատագովն ու իրագործողն էր ներեկեղեցական ասպարէզին մէջ, փայլուն միտք էր գիտական աշխարհին մէջ, ոգի ու սխրանք էր մարտի դաշտին վրայ, մեծ հայ եւ ականաւոր գործիչ էր ազգային կեանքին մէջ: Ան իր հովուական ու առաջնորդական գործունէութեան բոլոր տարիներուն հայրական խնամքով, սիրով ու հոգատարութեամբ հովուեց մեր ժողովուրդի զաւակները, պայծառացուց անոնց հաւատքը, աւելցուց ազգասիրութիւնն ու հայրենանուիրումը: Տիրոջ անձնուէր սպասաւորի առաջնորդութեան ներքեւ վերելք ու զարթօնք ապրեցաւ ազգային-եկեղեցական կեանքը Խրիմի եւ Նոր Նախիջեւանի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հայոց թեմերուն մէջ: Մեր ժողովուրդի օրհասական պահուն Քրիստոսի նուիրեալ սպասաւորը դարձաւ ազգին ու հայրենեաց պաշտպանութեան զինուոր՝ «հովիւ քաջ, որ զանձն իւր դնէ ի վերայ ոչխարաց» (Յհ. 10.11): Սարտարապատի մէջ ան երեւեցաւ որպէս նոր Ղեւոնդ Երէց եւ մահապարտներու գունդին ու հայոց աշխարհազօրին հետ իր աւանդը բերաւ հայրենիքի պաշտպանութեան նուիրական գործին եւ յաղթանակի կերտման, որ դարձաւ հիմքը մեր անկախ պետականութեան հաստատման:
«Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեան Կաթողիկոսը առաքելութեան ծանրաբեռն վաստակով ընտրուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս, եւ ինչպէս վկայեց Մեր հոգեւոր եղբայրը՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսը, ան առաւել շէնցուց Կաթողիկոսութիւնը, նուիրական տեսլականներ կեանքի կոչեց, եկեղեցանպաստ ու ազգօգուտ ծրագիրներ իրագործեց: Ան նորովի ցոլացուց Լուսաւորիչի տեսիլքին լոյսը Անթիլիասի մէջ, միաբանութեան լոյսը՝ տարաձայնութիւնները հարթելու, երկպառակութեան տանող ընթացքները կանխելու, մեր եկեղեցւոյ ու ազգին միասնականութիւնը հաստատուն պահելու: Եւ խորհրդանշական է, որ Գարեգին Յովսէփեանի վաւերագրերուն ու արխիւային նիւթերու ժողովածոներու շնորհանդէսին կը մասնակցինք Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ միասնաբար՝ ի նշան հոգեւոր-եկեղեցական մեր անդաստանին մէջ քրիստոսապատուէր սիրոյ ու միաբանութեան, որուն աւանդութիւններուն ջատագովն ու պաշտպանն է եղած մեծանուն հայորդին: Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեան Կաթողիկոսը եկեղեցական անդաստանին մէջ բեղուն ծառայութիւններէն բացի, մեր ժողովուրդին պարգեւեց նաեւ իր գիտական ու գրական գործունէութեան արդիւնքները: Անոր աշխատութիւնները ընդգրկեցին հայագիտութեան գրեթէ բոլոր բնագաւառները՝ պատմութիւն, բանասիրութիւն, բանահիւսութիւն, գրչութիւն ու մանրանկարչութիւն, արուեստ, եկեղեցագիտութիւն, հնագիտութիւն, ձեռագրագիտութիւն: Ահա այսպէս այսօր մեր առջեւ կը ներկայանայ պայծառ կերպարը Գարեգին Ա. Յովսէփեան Կաթողիկոսին՝ մեծ մարդ, ազգի արժանաւոր զաւակ, Քրիստոսի հաւատարիմ ծառայ»:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը եւս նոյն առիթով իր խօսքը ըսած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ. «Պատմութեան մէջ մեծութիւններ կան, որոնք լոյս կը դառնան ու լոյս կը մնան պատմութեան գիշերին դիմաց: Պատմութեան մէջ մեծութիւններ կան, որոնք իրենց հոգեմտաւոր ստեղծագործութեամբ վեր կը մնան պատմութեան փոշիէն: Այսպէ՛ս եղաւ Գարեգին Ա. Յովսէփեան Կաթողիկոսը։ Հայ լեզուի բազմաշնորհ, բազմավաստակ բառերը տկար են նկարագրելու Գարեգին Յովսէփեան Կաթողիկոսին կեանքը եւ հոգեմտաւոր վաստակը՝ Սուրբ Էջմիածինէն սկսեալ մինչեւ Ռուսաստան, Թիֆլիզ, Ամերիկա եւ Անթիլիաս: Հարուստ կեանք ունեցաւ ան եւ իր կեանքով ու վաստակով հարստացուց մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին կեանքը: Հայաստանը ապրեցաւ նաեւ Հայաստանէն դուրս: Հայաստանը իր հետ տարաւ, ուր որ գնաց: Հայաստանը իր ոգիով, իր տագնապներով, իր տեսիլքով, իր քարերով, ձեռագիրներով ու մանրանկարներով: Մեր պատմութիւնը ճանչցաւ, ուսումնասիրեց եւ ապրեցաւ իր հոգեմտաւոր ստեղծագործութիւններով։ Պաշտամունքի հասնող սէր ունեցաւ հայ մշակոյթին նկատմամբ, մեր եկեղեցւոյ աստուածաբանութիւնը, հաւատքը, ծէսը, մեր ողջ պատմութիւնը դիտեց եւ արժեւորեց հայ մշակոյթի լոյսին տակ, որովհետեւ գիտէր, որ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ՝ Հայաստանը, մշակոյթը, հաւատքը եւ եկեղեցին սերտօրէն ընդելուզուած են իրարու հետ:
«Գարեգին Յովսէփեան եղաւ, մնաց ու կը մնայ մեծութիւն՝ Հայ Եկեղեցւոյ ճառագայթող մեծութիւններէն մէկը»։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս, նշանաւոր հայագէտ, արուեստաբան, Գերմանիոյ Լայպցիկ քաղաքի համալսարանի իմաստասիրութեան տոքթոր Գարեգին Ա. Յովսէփան ծնած է հին Արցախի, Ջրաբերդ գաւառի, Մաղաւուղ գիւղին մէջ՝ 17 Դեկտեմբեր 1867 թուականին: Ան Վարպետ Կարապետի վեց զաւակներէն մին էր: Իր մանկութեան տարիներուն մասին յետագային ապագայ գործիչը գրած է. «Հայրս գիւղական առաջնակարգ երաժիշտ էր, բնաւորութեամբ վերին աստիճանի մեղմ էր ու քաղցր, երբեք իմ վրաս չէ բարկացած»:
Ծնողքը աղքատ էր, եւ թերեւս չէր ալ պատկերացներ, որ բազմանդամ ընտանիքի յարկին տակ ապագայ կաթողիկոս մը կը մեծնայ:
Իր սկզբնական ուսումը Գարեգին Յովսէփեան ստացած է ծննդավայրի դպրոցին մէջ: Մօր հօրեղբայրը, որ Գանձասարի միաբան Անտոն Վարդապետն էր, հոգ տարած է, որ ան ուսում ստանայ: Ուսման համար վճարած է ուսուցիչին այգիին մէջ աշխատելով, եւ եղած է սիրուած աշակերտ: Այնուհետեւ Անտոն Վարդապետը զայն կը տանի Ամարասի վանքը, այնտեղէն ալ՝ Շուշիի հայոց թեմական հոգեւոր դպրոցը: Այստեղ նիւթական դժուարութիւններու հանդիպելով՝ Գարեգին Յովսէփեան կրկին գիւղ կը վերադառնայ եւ կարճ ժամանակի ընթացքին սորված գիտելիքները կը դասաւանդէ բակի երախաներուն: Ի վերջոյ, Գէորգ Զ. Կաթողիկոսին հետ հանդիպումէն ետք Անտոն Վարդապետ նամակ մը կը յղէ ծնողքին, որպէսզի որդին Սուրբ Էջմիածին ճամբեն, եւ 1882 թուականին ան կ՚ընդունուի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարան: Գարեգին Յովսէփեանի հետ այդ տարիներուն Ճեմարանի մէջ կ՚ուսանէին նաեւ նշանաւոր այլ գործիչներ՝ Մանուկ Աբեղեան, Լեւոն Շանթ, Աւետիք Իսահակեան, Կոմիտաս եւ ուրիշներ: Այստեղ ան վեց տարի յետոյ կը ձեռնադրուի սարկաւագ։
1890 թուականին ան աւարտած է Ճեմարանը, այդ շրջանին ան Մանուկ Աբեղեանի հետ շրջած է Հայաստանի գիւղերը, բանահաւաքութիւն կատարած է, եւ մէկ գիրքի մէջ հաւաքած է «Սասունցի Դաւիթ» առասպելի չորս պատում եւ այլ բանահիւսական նիւթեր: Երկու տարի անց քանի մը սարկաւագներու հետ (որոնց մէջ էր նաեւ Գէորգ սարկաւագը, յետագային՝ Գէորգ Զ. Կաթողիկոս) մեկնած է Գերմանիա եւ Լայպցիկի, Պերլինի եւ Հալլէի համալսարաններուն մէջ խորացուցած է իր աստուածաբանական եւ իմաստասիրական գիտելիքները։ Այդ տարիներուն ան զբաղած է նաեւ հիւանդախնամութեամբ, եւ յօդուածաշքարեր գրած է աղքատներու խնամքը նիւթին մասին: Գարեգին Յովսէփեան 1897 թուականին Լայպցիկի համալսարանին մէջ ստացած է իմաստասիրական տոքթորի աստիճան՝ ներկայացնելով «Միակամութեան ծագումը» թէզը։
1897 թուականին վերադարձած է Սուրբ Էջմիածին, եւ Խրիմեան Հայրիկի տնօրինումով ձեռնադրուած է աբեղայ, եւ Ճեմարանին մէջ նշանակուած է Հայ մատենագրութիւն եւ Աստուածաբանութիւն առարկաներու դասախօս: Սակայն աշխատանքը կը հիւծէ զայն եւ ան որոշ ժամանակ, բժիշկներու կարգադրմամբ, կը դադրեցնէ ծանր աշխատանքը:
1898 թուականին ստացած է վարդապետական աստիճան։
1899 թուականին տպագրուած է անոր Մխիթար Սասնեցիին եւ Խոսրովիկ Թարգմանիչին նուիրուած արժէքաւոր աշխատութիւնը, շուտով նշանակուած է Վիրահայոց առաջնորդական փոխանորդ, ապա՝ Երեւանի թեմական դպրոցներու տեսուչ։
1902 թուականին հրատարակած է «Սասնայ ծռեր. Սասունցի Դաւիթ» ժողովրդական վէպի երկու տարբերակները» ու «Փշրանքներ ժողովրդական բանահիւսութենէն» գիրքերը, աւելի ուշ՝ «Ռոստամ Զալ։ Ժողովրդական վէպ» հետազօտութիւնը։
Գարեգին Յովսէփեան 1902 թուականին ընտրուած է Մոսկուայի Կայսերական հնագիտական ընկերութեան կովկասեան բաժանմունքի իսկական անդամ, իսկ 1912 թուականին՝ Սեն Փեթերպուրկի Կայսերական հնագիտական ընկերութեան անդամ։
1905-1906 թուականներուն ան նշանակուած է Ճեմարանի տեսուչ՝ դասաւանդելով նաեւ Ճեմարանի մէջ, իսկ 1907-1908 թուականներուն դարձած է «Արարատ» ամսագրի խմբագիր եւ Հռիփսիմէ վանքի վանահայր, իսկ Մատթէոս Իզմիրլեանի կաթողիկոսութեան տարիներուն կը նշանակուի անոր խորհրդական:
1911 թուականին Գարեգին Աբեղայ Յովսէփեան նկարիչ Եղիշէ Թադէոսեանի հետ կը մեկնի Պոլիս եւ Երուսաղէմ: Նկարիչը կ՚արտանկարէ այնտեղ պահուող հայկական կարեւոր ձեռագիրներու մանրանկարները, իսկ Գարեգին Յովսէփեան կ՚ուսումնասիրէ եւ կը նկարագրէ գրչագրական արժէք ունեցող ձեռագիրները, ինչպէս նաեւ կ՚արտագրէ անոնց յիշատակարանները: Անոր ջանքերով շատ ձեռագիրներ փրկուած են եւ կը պահուին Երեւանի Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ:
1909-1910 թուականներուն մասնակցած է Նիկողայոս Մառի ղեկավարած Գառնիի պեղումներուն, նոյնպէս մասնակցած է այլ վայրերու մէջ ընթացած հնագիտական պեղումներու: Քասախ գետի ակունքներուն մօտ անոր յայտնաբերած Տրդատ Ա. թագաւորի յունարէն արձանագրութիւնը կը դառնայ դարասկիզբի նշանաւոր յայտնութիւններէն մին, եւ այդ ձեռագիրը յայտնաբերելէն ետք անոր կը շնորհուի Կայսերական հնագիտական ընկերութեան իսկական անդամի կոչում: Պատմահնագիտական եւ ճարտարապետական յուշարձաններու ուսումնասիրման բնագաւառէն ներս ան նոյնպէս հեղինակած է աշխատութիւններ, ինչպէս՝ «Պտղեվանքը եւ գմբէթաւորումը հայ տաճարներուն մէջ», «Գերեզմանական կոթողներ եւ անոնց հնագիտական արժէքը հայ արուեստի պատմութեան համար», «Հաւուց թառի ամենափրկիչը» եւ այլն:
Ուշագրաւ են հայկական վանքերու դռներու փայտեայ փորագրութիւններու արուեստին նուիրուած իր ուսումնասիրութիւնները: Այդ շարքէն են «Սեւանայ Առաքելոց վանքի հարաւային դուռը» (1932թ.) եւ «Մշոյ Առաքելոց վանքի դուռը» (1937թ.) յօդուածները, հայ արուեստի զանազան բնագաւառներուն վերաբերող բազմաթիւ գործերը: Այդ բնոյթի ուսումնասիրութիւնները ամփոփուած են 1935 թուականին հրատարակուած՝ «Նիւթեր եւ ուսումնասիրութիւններ հայ արուեստի պատմութեան» շարքին մէջ:
Գարեգին Յովսէփեան հայ արուեստին նուիրուած շարք մը դասախօսութիւններով հանդէս եկած է Պոլսոյ, Թիֆլիզի, Մոսկուայի եւ այլ քաղաքերու մէջ։
1913 թուականին Գարեգին Յովսէփեանի անունով հրատարակուած է՝ «Գրչութեան արուեստը հին հայոց մէջ» աշխատութիւնը, իսկ մէկ տարի ետք լոյս տեսած է Թովմա Մեծոփեցիին նուիրուած ուսումնասիրութիւնը։
Գարեգին Յովսէփեան պատրաստած էր նաեւ «Հայ մանրանկարչութեան քարտէս» ծաւալուն աշխատասիրութիւնը, սակայն Առաջին Աշխարհամարտի պատճառաւ չէ կրցած զայն տպագրել:
1915-1917 թուականներուն ան կրկին նշանակուած է Ճեմարանի տեսուչ, զբաղած է նաեւ Սուրբ Էջմիածին եկող հայ գաղթականներու խնամքով, եւ անոնց հետ շփումի ժամանակ վարակուած է ժանտատենդով, որուն հետեւանքները կրած է ամբողջ կեանքին ընթացքին:
Պատմական Հայաստանէն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին բերուած ձեռագիրներուն մէջ ան յայտնաբերած է միջնադարեան հեղինակներու՝ մինչ այդ կորսուած համարուող երկերու բնագիրներ։
Ծանօթ է, որ 1918 թուականի գարնան, Կարսի մէջ յայտնուած Գարեգին Յովսէփեան կրցած է կանխել քաղաքի հայ բնակչութեան կոտորումը: Աւելի ուշ, հոգեւոր գործիչը եւ հայ մշակոյթին նուիրեալ գիտնականը սուրը ձեռքին կը միանայ Սարտարապատի հերոսամարտի զինուորներուն, կոչ կ՚ընէ ժողովրդին՝ զինուիլ եւ պաշտպանել հայրենիքը։ Շատեր այդ կոչը կը նմանցնեն Աւարարայրի ճակատամարտին հնչած Ղեւոնդ Երէցի կոչին եւ պատահական չէ, որ յետագային որոշ յուշագիրներ, պատմաբաններ Գարեգին Յովսէփեանը կոչած են՝ «նոր Ղեւոնդ Երէց»:
1920 թուականին, երբ կը բացուի Երեւանի համալսարանը, Գարեգին Եպիսկոպոս կը դառնայ հայ արուեստի եւ հնագիտութեան բաժիններու ուսուցչապետ, մինչ այդ արդէն ստեղծած էր Հայաստանի հնութիւններու պահպանման կոմիտէն:
1921 թուականին հրատարակած է «Բանբեր» ժողովածոն։
1925 թուականին ան կը ստանայ արքութեան պատիւ, երկու տարի անց կ՚ընտրուի Ռուսաստանի, Խրիմի, Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդ։
Յատկանշական է Միացեալ Նահանգներ անոր մեկնիլը: Երբ կը սպաննուի Ամերիկայի թեմի առաջնորդը եւ թեմը կը պառակտուի, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Գարեգին Եպսկ. Յովսէփեանը կը ղրկէ Ամերիկա, որպէսզի ան իրավիճակը մեղմացնէ: Գարեգին Սրբազանը կը հանդարտեցնէ հայ համայնքը եւ կը շահի ամերիկահայոց սիրտը, ու կ՚ընտրուի Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ եւ կը պաշտօնավարէ մինչեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս ընտրուիլը՝ 1943-ը:
Պատմութենէն ծանօթ է նաեւ, որ Գարեգին Յովսէփեան մեծ աջակցութիւն կ՚ունենայ «Սասունցի Դաւիթ» հրասայլային շարասիւնի ստեղծման գործին, ինչպէս նաեւ Կարմիր բանակին հայութեան կողմէ օգնութիւն ցուցաբերելու գործին մէջ, իսկ 1946 թուականին հայրենադարձութեան կազմակերպման աշխատանքներուն նոյնպէս կը բերէ իր նպաստը:
Կիլիկիայէ ներս ան ահռելի աշխատանք կը կատարէ, անոր տնօրինումով կը կառուցուին Դպրեվանքի Մատենադարանի ու թանգարանի շէնքերը, կը զօրանայ միասնականութիւնը Սուրբ Էմիածինի եւ Կիլիկիոյ աթոռներուն միջեւ:
Կաթողիկոսի ջանքերով հաւաքուած է նաեւ մինչեւ 1250 թուական գրուած ձեռագիրներու 459 յիշատակարան, 1951 թուականին հրատարակած է «Յիշատակարանք ձեռագրաց» բացառիկ նշանակութիւն ունեցող հատորը։
Գարեգին Ա. Յովսէփեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը վախճանած է Անթիլիաս՝ 21 Յունիս 1952 թուականին: Անոր մահը կը սգան Սուրբ Էջմիածնի, Անթիլիասի եւ բոլոր այն վայրերուն մէջ, ուր եղած է փոքրամարմին, բայց մեծ ուժով օժտուած կաթողիկոսը:
Գարեգին Յովսէփեան Կաթողիկոսին մասին կան բազում յուշագրութիւններ, որոնց մէջ ան կը ներկայանայ իբրեւ անսահման բարի, գթառատ, հոգեւոր հսկայ ներուժի տէր գործիչ, որ ամէնուր հաւատ կը ներշնչէր, ըսելով. «Հաւատա՛, հայ ժողովուրդ, հաւատա՛ քու անցեալին, քու պատմութեան, քու հայրերու Աստծուն, անոնց անմահ ու կենդանի հոգիին եւ դուն չես մեռնիր: Տե՛ս, կոյրերը կը բժշկուին հաւատքով, անդամալոյծները՝ կը քալեն, մեռելներն իսկ յարութիւն կ՚առնեն…
«Հաւատա՛, թէ պիտի ապրիս, եւ այդ հաւատքով գործէ՛, աշխատէ՛, տքնէ՛, յուսա՛, եւ դուն չես մեռնիր:
«Լեզուի, կրօնքի, գրականութեան, արուեստի, մշակոյթի, պահպանութիւնն ու պաշտամունքը գիտակցական կենդանութեան աղբիւրն են եւ մահ պատճառող հիւանդութեան դեղն ու դարմանը: Մի՛ երկնչիր, բայց միայն հաւատա՛»:
«ՎԵՀԱՓԱՌԻ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՕԾՈՒՄԸ». 1945 Թ.
Հայ մամուլի թուայանցումը հնարաւորութիւն կու տայ հայ մամուլի հնագոյն էջերուն մէջ կարդալ օրուան միջավայրը ներկայացնող նիւթեր: Այսպէս, թուայնացուած Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի 10 Ապրիլ 1945 թուականի թիւով եւ «Վեհափառի փառաշուք օծումը» խորագրով տեղեկատուութեամբ կը կարդանք Գարեգին Ա. Յովսէփեան Կաթողիկոսի օծման մասին թղթակցութիւնը, իսկոյն ամսուայ մէկ այլ թիւի մէջ կը տեսնենք լուսանկարներ թէ՛ օծումէն, թէ՛ Լիբանանի այդ օրուայ նախագահի եւ նորընտիր կաթողիկոսի հանդիպումէն։
*
Երէկ՝ Կիրակի Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Կիլիկիոյ ազգընտիր կաթողիկոս Գարեգին Արք. Յովսէփեանի օծման եւ գահակալութեան արարողութիւնը: Նմանը չտեսնուած բազմութիւն մը, որ 10-15 հազարի կը հասնէր, լեցուցած էր կաթողիկոսարանի ամբողջ շրջափակը: Պէյրութի եւ արուարձաններու հայկական բոլոր շրջաններէն արշալոյսէն սկսած հայ հաւատացեալներու խումբեր կ՚ուղղուէին դէպի Անթիլիաս, կանուխէն տեղ գրաւելու մտահոգութեամբ:
Ժամը 8:00-ին արդէն կաթողիկոսարանի շուրջ գտնուող պարտէզները, Ժառանգաւորացի եւ վեհարանի տանիքները, տաճարին յարակից հողերը կը յորդէին երկսեռ եւ ամէն տարիքէ բաղկացած ծովածաւալ բազմութեամբ: Հակառակ այս աննախընթաց խճողումին, պէտք է ուրախութեամբ յիշատակել, որ որեւէ անախորժ անկարգութիւն տեղի չունեցաւ եւ ժողովուրդը սրբազան արարողութեանց հետեւեցաւ կատարեալ երկիւղածութեամբ եւ ջերմ հաւատքով: Կարգապահութեան կը հսկէին հայ մարզական միութիւններու սկաուտներն ու երիտասարդները, ինչպէս նաեւ ոստիկան զօրաց ջոկատ մը:
Ժամը 8:30-ին տաճարին դռները բացուեցան եւ նախ հրաւիրատոմս ունեցողները, ապա ամբողջ ժողովուրդը ներս մտան: Տիրող անհամբերութիւնը պահ մը աղմուկ եւ խճողում ստեղծեց թէեւ, բայց շուտով տաճարէն ներս թէ դուրս ժողովուրդը վերագտաւ իր լրջութիւնը: Եկեղեցիին մէջ, բացի պաշտօնական հրաւիրեալներուն յատկացուած աթոռներէն, մնացեալ բոլոր նստարանները վերցուած էին, որպէսզի որքան կարելի է մեծ բազմութիւն տեղաւորուի: Սակայն ինչ կարգադրութիւն ալ ըլլար, եկեղեցիին պատերը նեղ պիտի գային՝ պարփակելու համար այդ հսկայ բազմութիւնը, որ լեցուցած էր կաթողիկոսարանի ամբողջ շրջափակը եւ արարողութեանց կը հետեւէր բարձրախօսներու միջոցաւ:
Հետզհետէ հասան Լիբանանի ներքին նախարար Վետի պէյ Նայիմ, որ կը ներկայացնէր հանրապետութեան նախագահը, Ճորճ պէյ Զուէյն, որ կը ներկայացնէր խորհրդարանի նախագահութիւնը, Էմիր պէյ Շեհապ, որ կը ներկայացնէր Լիբանանի վարչապետութիւնը, պարենաւորման նախարար Տքթ. Ճեմիլ Թալհուք: Արտաքին նախարար Հանրի պէյ Ֆարաոն անձնապէս իր շնորհաւորութիւնները յայտնելէ վերջ, ներողութիւն խնդրեց, որ հարկադրուած է մեկնելու՝ ընդունելու համար թուրք արտաքին նախարարը: Կրօնական բոլոր համայնքները՝ մարոնի, յոյն-օրթոտոքս, յոյն-կաթոլիկ, հայ կաթոլիկ, հայ բողոքական եւ հրեայ, կը մասնակցէին հանդիսութեանց իրենց ներկայացուցիչներով: Դեսպանական կազմին յատկացուած աթոռներուն վրայ կը տեսնուէին Միացեալ Նահանգներու, Անգլիոյ, Խ. Ռուսաստանի, Թուրքիոյ, Պելճիքայի, Զուիցերիոյ եւ այլ պետութեանց դեսպանները: Ներկայ էին նոյնպէս միւֆթիին կողմէ իր որդին, ոստիկան զօրաց հրամանատարը, արաբ մամուլի ընկերակցութեան նախագահ Նսուլի եւ վարչականները, «Նահար» թերթի խմբագրապետ նախկին կրթական նախարար Ժըպրան Թուէյնի, ինչպէս նաեւ ֆրանսական, արաբական եւ հայ մամուլի ներկայացուցիչներ: Բացի Պէյրութի երկու հայ երեսփոխաններ Մ. Տէր-Գալուստեանէն եւ Հ. Շամլեանէն, ներկայ էին նաեւ Սուրիոյ հայ երեսփոխաններէն Սալաթեան եւ Եագուպեան:
Հալէպէն, Դամասկոսէն, Թրիփոլիէն եւ Սուրիոյ ու Լիբանանի զանազան շրջաններէն մասնաւոր պատուիրակութիւններ եկած էին: Բազմամարդ պատուիրակութիւն մը եկած էր նաեւ Եգիպտոսէն: Եգիպտահայ համագումարի որոշումով՝ Եգիպտոսի ազգային իշխանութիւնները կը ներկայացնէին Մելքի Գըլըճեան եւ Սեֆերեան:
Աւելորդ պիտի ըլլար անշուշտ մէկիկ մէկիկ թուել, սակայն յիշենք, թէ տեղւոյս հայ բոլոր ազգային մարմինները, կուսակցութիւնները եւ միութիւնները ներկայացուած էին:
Ժամը 2:30-ին տաճարի զանգակները սկսան ղօղանջել եւ դպիրներու, քահանաներու, վարդապետներու եւ վեց եպիսկոպոսներու առաջնորդութեամբ եւ կաթողիկոսական ամպհովանիին տակ Հրաշափառով տաճար մտաւ վեհափառը: Խանդավառութեան եւ յուզումի ալիք մը բարձրացաւ բոլոր հոգիներէն ներս: Ս. Պատարագի արարողութեանց ընթացքին կատարուեցաւ օծումը: Վեց եպիսկոպոսներ՝ Գեր. Խադ, Արտաւազդ, Տոհմունի, Զաւէն Պատրիարք, Մամբրէ Սիրունեան (Եգիպտոսի առաջնորդ) եւ Ռուբէն Մանասեան (Իրաք) շրջապատեցին ծնկաչոք գահակալը եւ ըստ մեր եկեղեցիի հինաւուրց աւանդութեանց, օծեցին անոր ճակատը սուրբ միւռոնով եւ կատարեցին փոխանցումը սուրբ առաքեալներէն ժառանգուած հայրապետական աւանդին: Այնուհետեւ շղարշով մը ծածկուեցաւ վեհափառին դէմքը, մինչեւ արարողութեանց վերջը:
Արարողութեանց վերջաւորութեան մօտ վեհափառը կարդաց գահակալական իր առաջին քարոզը, գոհունակութիւն յայտնելով, որ շնորհիւ դաշնակից պետութեանց մեր երկու հայրենիքները մէկ կողմէ Հայաստան եւ միւս կողմէ Լիբանան ու Սուրիա ազատ մնացին պատերազմի արհաւիրքներէն: Վեհափառը Աստուծմէ խնդրեց, որ իրեն կարողութիւն տայ մեծ հայրապետներու շաւիղէն ընթանալու եւ Աստուծոյ դատաստանին առջեւ կարենալ ըսելու. «Տէր, ըրինք այն ինչ որ պէտք է ընէինք»:
Կէսօրուան մօտ արարողութիւնները վերջ գտան եւ պաշտօնական հրաւիրեալները առաջնորդուեցան վեհարան: Եկեղեցական թափօրն ալ խաչերով ու խաչվառներով ուղղուեցաւ դէպի վեհարան, մինչ ջերմեռանդ ժողովուրդը կը համբուրէր իր օծեալ կաթողիկոսին շուրջառին փէշերը։ Վեհարանի սանդուխներուն վրայ հայրապետը կանգ առաւ եւ օրհնեց իր հօտը, որ խելայեղ ծափերով կ՚արտայայտէր իր ուրախութիւնը:
Պաշտօնական անձնաւորութիւններն ու կրօնական համայնքներու պետերը շնորհաւորեցին վեհափառը եւ հիւրասիրուեցան շամբանիայով: Վեհափառը բաժակաճառ մը խօսելով օրհնեց գեղեցիկ Լիբանանի եւ Սուրիոյ զոյգ ժողովուրդներն ու կառավարութիւնները եւ արեւշատութիւն մաղթեց ն.վ. նախագահներ Քուաթլիի եւ Պըշարա Խուրիի, խմելով անոնց կենացը: Շնորհակալութիւն յայտնեց պետական եւ եկեղեցական այն ներկայացուցիչներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ մեծարեցին օծման եւ գահակալութեան արարողութիւնը:
Ներքին նախարար Վէտի Նայիմ պատասխանելով շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի ժողովուրդին եւ կառավարութեան հանդէպ ցոյց տրուած համակրանքին համար:
Ժառանգաւորացի սաները երգեցին «Ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիան»: Վեհափառը այս երգէն զգացուած խօսքը ուղղեց ներկաներուն եւ ըսաւ. «Դուք երգեցիք «ցանկամ տեսնել»ը, անշուշտ ձեզմէ շատեր կը փափաքին իրենց ծննդավայրը տեսնել: Սակայն ատիկա քաղաքական խնդիր մըն է եւ կապուած է միջազգային խնդիրներու, այդ մեր ձեռքը չէ. բայց մեր ձեռքն է ստեղծել հոգեկան Կիլիկիա՝ այսինքն մեր եկեղեցին, մեր լեզուն, մեր գեղարուեստը եւ ընդհանրապէս մեր մշակոյթը: Ասիկա կարելի է անխտիր բոլոր զաւակներուս համերաշխ գործակցութեամբ: Երկրորդական կարեւորութիւն ունեցող հարցերու համար վէճեր պատճառ պէտք չէ ըլլան հայ ժողովուրդին զաւակները իրարմէ բաժնելու»:
Այնուհետեւ ժողովուրդը խումբերով վեհարան բարձրացաւ համբուրելու համար վեհափառի սուրբ աջը:
Օծման կնքահայրը եղաւ Պ. Ապրօ Ապրոյեան նուիրելով 3000 լ. ոսկի, իսկ եգիպտահայ Պ. Սարեան յանձն առաւ Անթիլիասի դպրեվանքին մէջ պահել շարունակ սան մը, քանի գոյութիւն ունի այս հաստատութիւնը:
Ժողովուրդին մեծ մասը Անթիլիասի պարտէզները ցրուելով, մինչեւ իրիկուն մեր հին վանքերու ուխտագնացութիւնները յիշեցնող պահեր ապրեցան:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ