ԶԷՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ԵՐԷԿ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ԲԱՆԱԽՕՍԵՑ ՊՈՄՈՆԹԻԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ։ Ծա­նօթ է, որ Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծառ վեր­ջերս նոյն դպրո­ցէն ներս դա­սա­խօ­սած էր՝ ա­րեւմտա­հա­յե­րէ­նի ան­ցեա­լին, ներ­կա­յին ու ա­պա­գա­յին մա­սին։ Ե­րէ­կուան ե­լոյթն ալ այդ դա­սա­խօ­սու­թեան շա­րու­նա­կու­թիւնն էր։

Հա­ւա­քոյ­թի սկիզ­բին հիւ­րըն­կալ վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ու տնօ­րէն Գա­րե­գին Պար­սա­մեան հան­դէս ե­կաւ ող­ջոյ­նի խօս­քով մը, որ­մէ վերջ նա­խա­տե­սուած նիւ­թին շուրջ ներ­կա­նե­րուն առ­ջեւ խորհր­դա­ծեց Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծառ։ Ունկն­դիր­նե­րուն հետ իր մօ­տե­ցում­նե­րը բաժ­նե­լով՝ ան կանգ ա­ռաւ մայ­րե­նի լե­զուի ճա­նաչ­ման կա­րե­ւո­րու­թեան վրայ։ Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծառ ե­րէ­կուան դա­սա­խօ­սու­թեան ըն­թաց­քին ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձուց նաեւ գրա­բա­րը եւ գրա­բար գիտ­նա­լու նշա­նա­կու­թիւ­նը։ Ըստ ի­րեն, հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ­նե­րը պէտք է ան­պայ­ման գրա­բար սոր­վին, ո­րով­հե­տեւ գրա­բա­րը լե­զուին բա­նա­լին է։

Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պա­րա­գա­յին ա­տե­նա­խօ­սը կա­րե­ւո­րեց նաեւ տե­ղա­կան բար­բառ­նե­րու նշա­նա­կու­թիւ­նը։ Անդ­րա­դառ­նա­լով լե­զուի ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն եւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն տար­բե­րակ­նե­րուն՝ Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծառ նշեց, թէ եր­կու հա­զար տա­րիէ ի վեր հա­յե­րէ­նը պա­հած է իր նոյ­նու­թիւ­նը։ Լե­զուի պա­րա­գա­յին ի­մաս­տի աղ­բիւ­րը բառն է։ Ըստ ի­րեն, հա­յե­րէն լե­զուն լե­զուա­բա­նի մը տե­սա­կէ­տէ գանձ մըն է ու մենք բո­լորս պէտք է գի­տակ­ցինք մեր այդ գան­ձի ար­ժէ­քին։

Ուրբաթ, Յունուար 22, 2016