ԱՆԴԻՆ

Կնճռոտ ձեռքերով բռնած բազրիկը պատշգամի, Մինաս պապիկը դիմացի լերան, եւ անկէ ալ անդին կը նայի։

Ամիս մը առաջ է գիւղը յայտնուեր նոր սահմանի բերնին։ Շաբաթներ տեւած վայրագ ու ահարկու պատերազմը կամաց-կամաց կրծեր, կերեր, յետոյ մէկէն լափեր է տարածքներ, որոնք իրեն, կնոջը, զաւկին, դրացիներուն, համագիւղացիներուն, կողքի գիւղերու բնակիչներուն կը պատկանէին. իսկ հիմա կան, բայց չկան։ Կան. անհասանելի են սակայն։ Պատշգամէն կ՚երեւի լեռը դիմացի, որուն վրայ, օրուայ տարբեր ժամերուն, հակառակորդ կողմի զինուորներ կ՚երեւին. նորակերտ դիրքեր կը հսկեն փխրուն զինադադարի եզրագծին։

Մինաս պապիկի միտքը անդին կ՚երթայ այդ սարէն. սարէն այն կողմը, որ իւրաքանչիւր օր, որ անհասանելի կը մնայ, աւելի ու աւելի իր յիշողութեան մէջ կը պղտորի։

Շաբաթը երկու անգամ, երբ կարգն իրն էր, առաւօտ կանուխ կ՚արթննար, ձին կը թամբր, սանձէն բռնած կ՚երթար գիւղի մէկ գոմէն միւսը, կովերը կը հանէր, կը հաւաքէր, ու կը տանէր արածելու, սարէն անդին։ Նեղ լեռնանցքէն երբ դուրս կու գային միւս կողմ, հրաշալի տեսարան մը կը բացուէր։ Անդին, դաշտերու հորիզոնէն, արեւը նոր գլուխ կը ցցէր։ Եւ լոյսին տակ արեւուն, սարահարթերը գոյն կ՚առնէին ու փոխէին անդադար։ Նախ կարմրաւուն, յետոյ երթալով աւելի դեղին, կանաչ կամ ճերմակ, նայած՝ եղանակին։ Օրն ամբողջ անդին կ՚անցընէր Մինաս պապիկը, մէկ ձիուն հետ զրուցելով, մէկ կովերուն, մէյ մը այս բարձրունքը նուաճելով, մէյ մը այդ վայրէջքէն վար վազելով գրեթէ։ Երբ յոգնէր, կը հեծնէր ձին. Երբ ձին յոգնէր, կ՚իջնէր անկէ։ Ու երբ արեւը կը զարնուէր արդէն ետեւ մնացած լերան գագաթին, վերադարձի ժամանակն էր։ Ամբողջ խումբով կը դառնային, ու կը հասցնէին անգամ մը եւս արեւը տեսնել, արդէն լերան այս կողմն անցած ըլլալէ ետք, մինչեւ որ գունդը կարմիր գլորէր այլ, աւելի՛ արեւմտեան, լեռներու ետին։

Կարօտը Մինաս պապի սիրտը կը կրծէ արդէն, իսկ անարդարութեան զգացումը՝ հոգին։ Եւ ծանր քար մը եւս կու գայ անոնց վրայ, արդէն կոկորդին ճնշելով։ Որդին։ Մարատը։ Վերջին անգամ զէնքը ձեռքին դուրս եկաւ այս պատշգամէն, գնաց սարէն անդին։ Եւ մնաց անդին։

Պիտի վերադառնա՞յ օր մը, հրաշքով...

Չի հաւատար Մինաս պապը։ Բայց բան մը, ներքին ձայն մը, ուժգին հոսանք մը ներսէն կ՚ըսէ իրեն, որ ի՛նք դեռ պիտի երթայ անդին, դեռ հասնի պիտի հոն, տեսնէ պիտի նոյն արշալոյսն ու սարահարթերը կարմիր, դեղին, կամ սպիտակ. վազէ պիտի վար լանջերէն, պառկի պիտի յարդերու մէջ ու խմէ ջուրը առուներուն... ու թերեւս, ո՞վ գիտէ, այնտեղ գտնէ նաեւ որդին, Մարատը իր, միշտ հպարտ, միշտ բարի, միշտ ժպտուն...

ԵՐԱՄ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունուար 22, 2021