ԱՅՑ՝ ՀՕՐ ԱՇԽԱՏԱՎԱՅՐԸ

Հօր աշխատավայրը երթալը, կարելի է ըսել երեխայի մը ամենաանմոռանալի պահերէն է։ Այսպէսով երեխան ականատես կը դառնայ, թէ հայրը ինչպէ՛ս առիւծի բերնէն ճաշասեղան կը հասցնէ հացը, որքա՛ն անդիմադրելի զօրութիւններով, անգութիւթիւններով լի է «կեանք» ըսուածը… Երեխան կ՚անդրադառնայ, թէ կեանքը իրեն թուածին չափ հեշտ չէ, կատարեալ կամ երջանիկ կեանք չ՚ըլլար, այլ կ՚ըլլան միայն երջանիկ օրեր…

Հօր աշխատավայր այցելելը կը նշանակէ՝ առանց գիտակցելու աշխատանքի միջավայրին մէջ գերադասի եւ ստորադասի միջեւ փոխյարաբերութիւնները, հօր աշխատատեղին տեսնել՝ որպէս անջրպետի մէջ տեղ գրաւած, բայց «հօրը» ներկայութիւնը պարուրած վայր մը։ 

Այսօրուան պէս կը յիշեմ առաջին անգամ հօրս աշխատավայրը այցս։ Շուրջ 10-11 տարեկան էի, սակայն հօրս հետ անցուցած իւրաքանչիւր վայրկեան կարծէք կանգ կ՚առնէր եւ յիշողութեանս մէջ կ՚ամրագրուէր։ Միշտ հօրմէս կը խնդրէի, որ զիս տանի իր աշխատավայրը, որպէսզի տեսնեմ տունէն բացակայած ժամերուն ինչո՛վ զբաղած ըլլալը եւ գոնէ նուազագոյն օգնեմ անոր։

Օր մը որոշեց զիս հետը տանիլ։ Առաւօտ մը, ժամը 6-ի սահմաններուն արթնցանք եւ ճամբայ ելանք հօրս, հօրաքրոջս ու երկու հօրեղբօրս հետ։ Գրեթէ մէկուկէս ժամուայ ճամբորդութենէն յետոյ հասանք խանութ եւ անմիջապէս սկսաւ անոնց վազվզուքը։ Հօրս աշխատավայրը հանրախանութ-ճաշարան ձեւաչափով էր, ան խոհարար էր ու իր երկու եղբօրը եւ քրոջը հետ կը կառավարէին գործը։ Ունէր բազում յաճախորդներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը այլեւս բարեկամացած էին մերիններուն հետ։ Իւրաքանչիւրը բարեւելով, որպիսութիւն հարցնելով առուտուր ընելէ ետք բարի մաղթանքներով հրաժեշտ կ՚առնէին մերիններէն։ Զիս տեսնողներ նախ լուրջ կը վերաբերուէին, «օրիորդ» կը կոչէին, իսկ յետոյ կը ջանային զուարճացնել, խաղալ եւ նոր խաղեր սորվեցնել ինծի… Աւելի վերջ բոլորը ինծի կ՚ըսէին հօրս յաջող ու համեղ ճաշերու, բարեսրտութեան, ազնուութեան եւ հիւրասիրութեան մասին։ Մեծ հպարտութիւն էր այս բառերը լսել անոնցմէ, որքա՜ն բախտաւոր էի, որ ան ի՛մ հայրս եղած էր։ Նման «ածականներուն» ինչպէ՞ս տիրացած էր, ինչպէ՞ս այսքան սիրուած, յարգուած անձ մը եղած էր։ Պատասխանը յայտնի էր արդէն. վստահութիւն ներշնչող, բարեսիրտ, խելացի՝ բայց ոչ-խորամանկ, սկզբունքի եւ զօրաւոր նկարագրի տէր անձնաւորութիւն մըն էր, իսկ իրեն նման անձ մը դառնալու ճանապարհին՝ ինծի համար փարոս մը, ուղեցոյց մը։ Գործը դիւրին չէր, բայց տքնաջան աշխատանքով, պատասխանատուութիւններու նկատմամբ յարգանքով յաջողութեան, բարի համբաւի հասած էր։ 

Երբ ան կ՚աշխատէր, ես ալ իր մօտ թուղթի մը վրայ բաներ մը կը նկարէի, հօրս կը ցուցնէի, ան ինծի կ՚ըսէր. «Ես կը պահեմ ասոնք, քանի՞ դրամի կը վաճառես ինծի»։ Երկու ծամօնի կամ տուրմի գինով կը ծախէի, կը կարծէի, որ շատ կարեւոր ու հոյակապ աշխատանք կատարած եմ։ Երանելի՜ օրեր էին…

Մոռցած էի այս բոլորին մասին։ Քանի՜ տարի անցած է վրայէն…

Անցեալ շաբաթ որոշած էի գրադարանս դասաւորել եւ մաքրել։ Գրադարանի ամենաբարձր դարակի ետեւէն գտայ փոքր, կաշիէ սրճագոյն պայուսակ մը, զոր հայրս հետը կը տանէր գործի եւ լեցուած էր միայն թուղթերով։ Այդ թուղթերու արանքին գտայ նաեւ իմ գծագրութիւնները, զորս պատկերած է ու ներկած էի իր խանութը գացած օրերուս։ Բոլորը պահած էր եւ՝ միշտ կողքին պահած։ Մտքիս խոր անկիւնները թաքնուած յիշողութիւնները այդ գծագրութիւններով վերարթնցան, ջուրի երես եկան։ Որքա՜ն անմոռանալի, երանաւէտ օրեր էին։ Երանի՜ կարողանայի պատմել ուրախութիւնս, երբ կը տեսնէի իմ կեանքի ամենակարեւոր եւ իւրայատուկ անձը՝ հայրս։ Աչքերս գետի մը նման հոսիլ սկսած էին արդէն այդ բոլորը յիշելով։ Բոլոր այդ յիշողութիւնները, ապրումները, այդ թանկագին պահերը վերակենդանացած էին։ Ամենակարեւորը՝ ես փոքր էի, աշխարհս փոքր էր, կեանքը դաժան չէր այդ ժամանակ. հայրս կողքիս էր, ինծի հետ էր։ Երբ ես դժուարութեան մը դէմ յանդիման մնայի, գիտէի, թէ հայրս լոյս կը սփռէ ամենալաւ լուծման ճանապարհին։ Գիտէի, որ ուր որ ըլլայ, ես ուր որ երթամ, ամէն պարագայի, գրկաբաց, բազկատարած պիտի սպասէր ինծի եւ ընդունէր զիս։ Իսկ հիմա… Մի գուցէ շաբաթներ, ամիսներ, տարիներ չեն կրնար միացնել մեզ։

Իւրաքանչիւր ծնող, անկասկած, առաջնակարգօրէն կը փափաքի իր զաւկի լաւ ապագայ մը ունենալը, լաւ դիրքի մը հասնիլը, փառք ու պատիւ վայելելը եւ չ՚ուզեր, որ իր ապրած նեղութիւնները, դժուարութիւնները, ցաւերը տառապանքները ան ալ ապրի։ 

Բայց եւ այնպէս, կեանքը անակնկալներով լի հրաշք մըն է եւ կեանքը մեր իղձերուն եւ սպասումներուն շուրջ չ՚ընթանար. կ՚ըլլայ օր մը խաւար, օր մը լոյս, օր մը առողջ, օր մը հիւանդ, օր մը ուրախ, օր մը տխուր, օր մը յաջողութիւն, օր մը ձախողութիւն, օր մը բարութիւն, օր մը չարութիւն… Ինքն ալ մեզի համար միշտ ամենալաւը ապահովելու համար բազմաթիւ զոհողութիւններ կատարած էր՝ նոյնիսկ «զիջելով» իր առողջութենէն։ Իր կեանքի տեւողութեան անդիմադրելի նեղութիւններ դիմագրաւելով հանդերձ միշտ լաւատես էր եւ կը տեսնէր միշտ բարին։ Առանց առաւել ջանքի, իր գոյութիւնը նոյնիսկ կը գեղեցկացնէր աշխարհը։

Աստուած հոգին լուսաւորէ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Մարտ 22, 2021