ԹՈՐՈՍ ԱԶԱՏԵԱՆԻ ԱՐԽԻՒԷՆ ԲԱՑԱՌԻԿ ՆՄՈՅՇ ՄԸ​

1950-ականներու վերջերը Հայաստանի «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը Մաշտոցեան Մատենադարանին յանձնած է արեւմտահայ բանասէր, բանաստեղծ, խմբագիր եւ հասարակական գործիչ Թորոս Ազատեանի արխիւին մէջ գտնուող ձեռագրերը, որոնք փրկուած եզակի նմոյշներ են՝ դեգերումներու ուղի անցած եւ այսօր մայր հայրենիքի ձեռագրագիտական գլխաւոր կառոյցին մէջ ապահովապէս հանգրուանած: Այս տեղեկութիւնը մեզի փոխանցեցին Երեւանի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ, երբ այցելած էինք՝ թանգարանին նուիրելու Թորոս Ազատեանի՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-100 մատենաշարով հրատարակուած «Դէպի Էջմիածին երթուդարձի նօթեր» գիրքէն օրինակներ: Խօսակցութեան նիւթը այն էր, որ Թորոս Ազատեանի անունը անծանօթ չէ Հայաստանի գիտական կառոյցներուն, մանաւանդ՝ Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին, ուր կը պահուի անոր հարուստ արխիւին մէկ մասը: Այդ մասին «Դէպի Էջմիածին երթուդարձի նօթեր»ու խմբագիր Սեւան Տէյիրմենճեանն ալ ակնարկած էր գիրքին մէջ:

Հետաքրքրական այդ տեղեկութիւնը առիթ հանդիսացաւ աւելի մանրամասն կերպով հետաքրքրուելու Թորոս Ազատեանի արխիւով եւ արխիւին մէջ եղած այն բացառիկ մատեաններով, որոնք պահ տրուած են Երեւանի Մաշտոցեան Մատենադարանին մէջ:

Թորոս Ազատեանի արխիւը Հայաստանի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարան տեղափոխուած է 1957 թուականին՝ գրողին այրիին՝ տիկին Շուշանիկ Ազատեանին, եղբօր՝ Վահան Ազատեանին եւ պոլսահայ մտաւորականութեան օժանդակութեամբ: Բաւական հարուստ հաւաքածոյ մըն է, որ կ՚ընդգրկէ աւելի քան 15 հազար վաւերագրեր, որոնց կարգին՝ արաբատառ թրքերէն, օսմաներէն հարիւրաւոր արժէքաւոր ձեռագրեր, հնատիպ գիրքեր եւ այլն: Մտաւորականը զանոնք հաւաքած է իր ողջ կեանքին ընթացքին՝ շատ անգամ անոնց համար վճարելով թանկ միջոցներ:

ԺԱՄԱՆԱԿ-ը անջատ յօդուածով մը շուտով պիտի ներկայացնէ Թորոս Ազատեանի՝ Հայաստանի մէջ պահուող հաւաքածոն. թանգարանի աշխատակիցները սիրայոժար են՝ յառաջիկային զայն բանալու եւ ծանօթացնելու, իսկ այժմ կը պատմենք Ազատեանի արխիւէն ձեռագիր մատեանի մը մասին, որ կը պահուի Մատենադարանին մէջ 9832 թիւով եւ որուն ժամանակին լայնօրէն անդրադարձած է անուանի հայագէտ, պատմաբան, աղբիւրագէտ Լեւոն Խաչիկեան՝ հայոց ձեռագրատան նուիրեալներէն մէկը, որ 1954 թուականէն մինչեւ իր կեանքին վերջը՝ 1982 թուականը, ղեկավարած է Մաշտոցեան Մատենադարանը:

ՍԱՐԳԻՍ ԱԲԵՂԱՅԻ ՈՒՂԵԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

Մատեանին առաջին նիւթ-միաւորը Սարգիս Աբեղային ուղեգրութիւնն է: Մատեանը, ցաւօք, պակսող էջեր ունի, Թորոս Ազատեանին ալ հասած է թերի տեսքով: Մատեանը անցեալ դարու կէսերուն գտնուած է Տիարպաքըրի (Տիգրանակերտ) մէջ, հովիւի մը ջանքերով: 1950 թուականին անիկա ադրէն եղած է Թորոս Ազատեանին ձեռքը եւ մտաւորականը աչքի լոյսի պէս պահած է իր ունեցածներուն հետ: Երբ մատեանը յանձնուած է Մատենադարանին, նոյն տարին իսկ հայագէտները յօդուածներ հրատարակած են, գրելով որ անոր մէջ տեղ գտած առաջին նիւթը՝ Սարգիս Աբեղային ուղեգրութիւնը, նորութիւն է հայ մատենագրութեան համար:

Լեւոն Խաչիկեան այս նիւթին կարեւորութիւն կու տայ յատկապէս միջնադարին հայերուն՝ դէպի Եւրոպա կատարած ուղեւորութիւններուն առումով: Միջին դարերուն, Երուսաղէմէն ետք, քրիստոնեայ ժողովուրդներուն համար, ուխտագնացութիւններու նշանաւոր վայրեր կը նկատուէին Հռոմը եւ Սպանիան: Առհասարակ, միջնադարուն հոգեւոր ապրումներու եւ հոգեւոր կատարեալ ուղի անցնելու բարձրագոյն արտայայտութիւններէն մէկը ուխտագնացութիւնն էր: Հայ ուխտաւորներն ալ, կտրելով բազմաթիւ մղոններ եւ յաղթահարելով այդ ժամանակուան համար ճանապարհորդական բազում դժուարութիւններ, կը հասնէին Եւրոպայի խորքերը եւ գրառումներ կը կատարէին՝ կազմելով ուղեգիրքեր:

Հայերուն համար եւրոպական ուղեգրութիւնները այլ նշանակութիւն եւս ունէին՝ բացայայտել աշխարհը, մաս կազմել եւրոպական մշակոյթին եւ քաղաքակրթութեան եւ կապեր հաստատել՝ ի նպաստ հայոց հարցերու լուծման: Ցաւալիօրէն կը տեսնենք, որ այսօր ալ ոչինչ փոխուած է հայուն ճակատագրին մէջ. այսօր ալ հայ գործիչներ կը դեգերին քաղաքակրթական բնօրրաններուն մէջ՝ ճակատագրական հարցեր լուծելու համար, ստանալով սին խոստումներ:

Գալով Սարգիս Աբեղայի միջնադարեան ուղեգրութեան՝ նշենք, որ ընդամէնը 38 թերթէ բաղկացած գրչագիրը կը պարունակէ մատենագիտական, պատմական եւ բանասիրական եզակի փաստեր, որոնք Սարգիս Աբեղան փոխանցած է իր եւրոպական ուղեգրութեան միջոցով: Իսկ ո՞վ էր Սարգիս Աբեղան, որուն նշանաւոր ուղեգրութեան պահպանուած միակ ձեռագիրը Թորոս Ազատեանի արխիւին մէջ եղած այս կիսատ գրչագիրն է:

16-րդ դարու հայ ճանապարհորդ-ուղեգրող էր Սարգիս Աբեղան (ծնած՝ 1550 թուականին եւ մահացած՝ 1635 թուականին): Ուսումնասիրողները չեն յաջողած ճշդել անոր ծննդեան եւ մահուան վայրերը, բայց մօտաւոր ի մի բերած են, որ ան հաւանաբար Սուրբ Կիրակոս վանքի (Երզնկայի մերձակայք) միաբան եղած է: Ստոյգ է սակայն, որ 1587 թուականի սկզբը Երզնկայէն մեկնած է Կոստանդնուպոլիս, ուրկէ ալ սկսած է իր մօտ վեցամեայ ճանապարհորդութեան (1587-1592) Եւրոպայի տարածքին: Նաւով ուղեւորուած է Զմիւռնիա, հոնկէ՝ Իտալիա (եղած է Վենետիկ, Հռոմ, Փատովա եւ այլ քաղաքներ)։ Իտալիայէն ոտքով ճամբորդած է Զուիցերիա (Ցիւրիխ, Պազել եւ այլն), Հռենոսի ափով (Քոպլենց, Քէօլն եւ այլն) հասած Ֆլանտրիա, ապա՝ մեկնած Անգլիա (Լոնտոն եւ 25 այլ քաղաքներ) եւ Ֆրանսա (Լիոն, Մարսէյլ, Փարիզ եւ այլն)։ Նանթ նաւահանգիստէն ուղեւորուած է Սպանիա (Պուրքոս, Սալամանքա, Սամորա եւ այլն), Փորթուգալ (Փորթօ, Լիզպոն եւ այլն), ապա կրկին Սպանիա (Սեւիյյա, Քորտոպա, Կրանատա, Թոլետօ, Մատրիտ, Պարսելոնա եւ այլն)։ Սպանական Վալենսիա նաւահանգիստէն նաւարկած է Իտալիա, եղած q Ճենովա, Ֆլորանսա, Նափոլի եւ այլ քաղաքներ, Սիկիլիա, Սարտինիա, Քորսիքա կղզիները։ Վենետիկէն ալ նաւով 1591-ին վերադարձած է Կոստանդնուպոլիս, ուրկէ մեկնած է Մոլտովա (եղած է Ցասսի, Սուչաւա, Պոտոշան, Խոթին հայաշատ քաղաքներու մէջ), Տնեստրի վրայէն անցած է Լեհաստան (եղած է Քամենեց-Փոտուլսք հայաշատ քաղաքը), կրկին վերադարձած է Մոլտովա, Աքքերմանէն նաւարկած է Տրապիզոն, ուրկէ վերադարձած՝ Սուրբ Կիրակոս վանքը։

Սակայն Սարգիս Աբեղան իր ուղեգրութեան մէջ չէ սահմանափակուած միայն տաճարներու ու սրբավայրերու նկարագրութեամբ։ Ան կը նշէ իր այցելած քաղաքներուն բնակչութեան քանակը, անոնց զբաղմունքը, բարեսիրական եւ մշակութային հիմնարկներու վիճակը, տուեալ երկրի քաղաքական դրութիւնը։ Իր ճանապարհորդութեան ժամանակ սորված է իտալերէն, գերմաներէն, ֆլամանտերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն, փորթուգալերէն, արդէն իսկ գիտէր հայերէն, օսմաներէն, յունարէն:

Ամփոփելով իր ճանապարհորդութեան առաջին եւ հիմնական շրջանը (1587-1591)՝ Սարգիս Աբեղայ կը գրէ, որ այցելած է հազար բերդ եւ քաղաք, 4 հազար եկեղեցի, 3 հազար վանք, 8 հազար կուսանոց։ «Ուղեգրութիւնը» կ՚աւարտի հայրենաբաղձ տաղով մը:

Սարգիս Աբեղայէն առաջ ուրիշ հայեր այցելած էին Եւրոպա եւ ճանապարհորդական նօթեր կատարած, գրած լայնածաւալ ուղեգրութիւններ կամ պարզապէս իրենց մասին բարի յիշատակներ ձգած եւրոպական քաղաքներուն մէջ: Սակայն, ըստ Լեւոն Խաչիկեանին, մանաւանդ Սարգիս Աբեղայի ուղեգրութիւնը կ՚ընդարձակէ մեր գիտելիքները եւրոպական երկիրներուն, ինչպէս նաեւ նորայայտ Ամերիկային վերաբերեալ միջնադարեան Հայաստանի մէջ եղած տեղեկութիւններուն մասին, միաժամանակ օգտակար տուեալներ կը հաղորդէ իր այցելած երկիրներուն, մասնաւորապէս Սպանիոյ ու Փորթուգալի յիշարժան վայրերուն, տնտեսական եւ քաղաքական դրութեան վերաբերեալ։

Սպանիան Հռոմի հետ միջնադարեան հայերու գլխաւոր ուխտավայրերէն մէկն էր. Հռոմը կը գրաւէր ուխտաւորները, որովհետեւ, ըստ աւանդութեան, հոն գործած եւ նահատակուած են Պետրոս ու Պօղոս առաքեալները, իսկ Սպանիոյ հիւսիս-արեւմտեան ծայրամասը գտնուող Սանտիակօ տէ Քոմփոստելլա քաղաքին մէջ, կ՚ըսէին, թէ կը պահուէր Յակոբ առաքեալին գլխատուած մարմինը: Այս երկու ուխտավայրերը կը հասնէին ծովային ու ցամաքային ճանապարհներով: Հռոմի եւ ընդհանրապէս Եւրոպայի համաքրիստոնէական սրբավայրերը այցելած առաջին հայը, որ նաեւ ուղեգրութեամբ անմահացուցած է իր երթը, եղած է Մարտիրոս Եպիսկոպոս Երզնկացին:

1489-1496 թուականներուն ան դեգերած է Իտալիա, Զուիցերիա, Գերմանիա, Ֆլանտրիա, Անգլիա, Ֆրանսա եւ Սպանիա ու իր ճամբորդական տպաւորութիւնները գրի առած: Անոր ուղեգրութեան մէկ օրինակը կը պահուի Փարիզի Ազգային գրադարանին մէջ. ֆրանսացի հայագէտ Սէն Մարթէնը 1826 թուականին Փարիզի մէջ հրատարակած է զայն:

Մարտիրոս Եպիսկոպոս Երզնկացիէն մէկ դար անց՝ 1587 թուականին, կրկին Երզնկայէն եւ կրկին նոյն երթուղին ընտրելով իր ուխտագնացութեան սկսած է Սարգիս Աբեղան: Սարգիս Աբեղայի ուղեգրութիւնը ուսումնասիրող Լեւոն Խաչիկեան զուգահեռներ կը գծէ իրարմէ մէկ դար ետք նոյն վայրերը ուխտագնացութիւն կատարած երկու հայերուն միջեւ, գրելով, թէ ըստ երեւոյթին Սարգիս Աբեղան տեղեակ էր Մարտիրոս Երզնկացիին եւրոպական ճանապարհորդութենէն. «Մարտիրոսի եւ Սարգիսի ուղեգրութիւններուն առաջին կէսին բաղդատութենէն զարմանալի նմանութիւններ ի յայտ կու գան: Վերջինս կարծես տեղեակ է իրմէ ճիշդ մէկ դար առաջ ճամբորդած Մարտիրոսի երթուղիին եւ քայլ առ քայլ կը հետեւի անոր: Մեր երկու ճանապարհորդներն ալ Վենետիկէն նախ կ՚անցնին Հռոմ, ապա Իտալիայէն կը մտնեն Զուիցերիա, կանգ կ՚առնեն Քոնստանց քաղաքին մէջ, կ՚անցնին Պաւէլ եւ Հռենոսի առափնեայ քաղաքներով (Սթրազպուրկ, Քոպլենց, Քէօլն) կը բարձրանան հիւսիս, կ՚ըլլան Աախեն, Անվերս (Անտվերպեն), Ֆլանտրիայի քաղաքները եւ կը մեկնին Անգլիա:

Սարգիս Աբեղայի ընտրած երթուղին չէր կրնար այսպիսի ճշգրտութեամբ համընկնիլ Մարտիրոս Եպիսկոպոսի երթուղիին հետ, եթէ ան ծանօթ չըլլար իր նախորդին ճամբորդական յուշագրութեան, որուն ձեռագիրը, անշուշտ, կը պահուէր Կիրակոսի վանքին մատենադարանը», կը գրէ Լեւոն Խաչիկեան, ենթադրելով, որ Սարգիս Աբեղան կամ նոյն Ս. Կիրակոսի վանքին վանականը եղած է կամ ալ Երզնկայի շրջակայքի այլ վանք մը ըլլալով, հնարաւորութիւն ունեցած է այցելելու Ս. Կիրակոս եւ ծանօթանալու Մարտիրոս Եպիսկոպոսի հոն պահուող ձեռագրին։

Իր «Ուղեգրութեան» աւարտին Սարգիս Աբեղան գրի առած է միջնադարեան հայրէն մը՝ օտար աշխարհի մէջ ապրող ղարիպին ծանր հոգեկան վիճակին մասին, որ մօտաւորապէս կ՚ըսէ, թէ հայրենի երկրին կարօտը մարդը կը տանջէ, նոյնիսկ եթէ ան օտար հողի մէջ բարիքներ ունի:

Ի՜նչ անեմ ես հազար բարին,
Որ կու գայ ձայնս ղարիպի,
Թողում, իմ աշխարհն երթամ,
Թող կենամ ծարաւ, անօթի:

Ահաւասիկ, խիստ արդիական վերջաբան մը, որով կ՚աւարտի Սարգիս Աբեղայի միջնադարեան ուշագրաւ ուղեգրութիւնը, որ մեզի հասած է Թորոս Ազատեանին եւ անոր ընտանիքին ջանքերուն շնորհիւ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մարտ 22, 2022