Հայկական «Քաղաքավարութիւն»
Մի քանի օրեր առաջ, Դիմատետրի (Facebook) էջերէն մէկուն վրայ կարդացի, Հայաստանի յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեանի մէկ յայտարարութիւնը, ուր ան ըստ իր սովորութեան, հակաեկեղեցական արտայայտութիւն մը ունեցած էր: Կարապետեանի յայտարարութեան տակ, անոր հասցէին վատախօսութիւններ գրառուած էին, որոնք յուշարձանագէտը անվայել անուններով կը կոչէին: Անշուշտ ուրիշներ ալ գնահատած էին անոր խօսքերը: Հարցը հետեւեալն է՝ ես հայ քրիստոնեայ մըն եմ եւ կը փորձեմ հաւատարիմ ըլլալ հաւատքիս ու եկեղեցիիս: Բայց ինծի համար անհանդուրժելի էր Պրն. Կարապետեանի հասցէին ըսուածները, որքան ալ անընդունելի ըլլան եկեղեցւոյ մասին իր արտայայտութիւնները: Անձնապէս երբեք համաձայն չեմ անոր խօսքերուն, բայց այս չի նշանակեր, որ կրնամ անարգել զինքը: Ի վերջոյ մարդը վաստակաւոր անձնաւորութիւն մըն է, որու գործին հանդէպ յարգանք ունիմ:
Այլ յայտարարութիւն մը եւս, այս անգամ Հայր Կոմիտաս Յովնանեանէն, որով ան, ըստ ոմանց, հակաազգային արտայայտութիւններ ունեցած է: Ես գիտեմ Հայր Սուրբը եւ գիտեմ նաեւ իր ազգասիրութիւնը ու կը կարծեմ թիւրիմացութիւն մը եղած է կամ իր խօսքը սխալ հասկցուած: Բայց թէկուզ ան նման խօսք մը ըսած ըլլայ, պէ՞տք է զինք վատաբանենք: Կարծէք հայկական սովորութիւն կամ նկարագիր դարձած է, ամէն անգամ որ հայ մը իրմէ տարբեր գաղափարներու տէր հայու մը հանդիպի, իր առաջին բնազդային հակազդեցութիւնը կ՚ըլլայ՝ հակայարձակում կատարել վատ արտայայտութիւններով:
Կը յիշեմ ուսանողական շրջանիս Հայոց պատմութեան ուսուցիչ մը ունէի՝ Վազգէն Ղուկասեան անունով, որու կը պարտիմ Հայոց պատմութեան հանդէպ ունեցած իմ գիտութիւնս եւ սէրս: Օր մը Պրն. Վազգէն դասաւանդութեան ընթացքին դէպք մը պատմեց: Հայաստանի պատմագիտական բաժանմունքի փրոֆեսէօրները դասախօսական ժողով մը կը կազմեն: Ժողովի ընթացքին պատ-մագէտ մը խօսք կ՚առնէ եւ 1915-ի հանդէպ որոշ վերապահութիւններ կը յայտնէ: Զինք լսողները, որոնք դարձեալ պատմագէտներ էին, անմիջապէս ոտքի ելլելով կը սկսին հայհոյանքներ թափել մարդուն գլխուն: Գիտէ՞ք այս պատմութեան մէջ ինչը զիս զարմացուց՝ բոլոր ներկաները պատմաբաններ էին. կարելի էր ամենայն պարզութեամբ ոեւէ պատմաբան մը ելլէր եւ հակառակը փաստէր, ապացոյցներ ներկայացնելով հերքէր յիշուած խօսքերը: Այդքան պարզ: Ինչո՞ւ համար զիրար կը վարկաբեկենք չեմ գիտեր:
Յատուկ խօսելաձեւ ունինք հայերս, չեմ գիտեր ան անցեալէն եկած մէկ երեւոյթ մըն է, թէ չբժշկուած վէրքի մէկ ախտանշանը: Այլ օրինակ մը եւս տամ. ծանուցումի մը մէջ կարդացի՝ «Հաստատութիւն մը պաշտօնեաներու կարիքը ունի, թեկնածուները (յայտնի չէ, թէ ինչ դիրքի թեկնածու է պահան-ջըւածը, ես փափաքողները պիտի ըսէի...) ՊԱՐՏԻՆ ներկայանալ եւայլն, եւայլն»: «Պարտի՞ն»: Տակաւին գործի չսկսած՝ պարտաւորութիւննե՞ր: Ուրիշ օրինակ մը եւս աւելցնեմ: Հայկական երգահանդէսի մը ներկայ էի, ուր օտարներ ալ կային: Հանդէսը չսկսած բարձրախօսէն յայտարարութիւն մը՝ «Be seated» նստեցէ՛ք հրամայական մը արձակուեցաւ: «Վստահաբար խօսողը քաղաքավարութեան նրբութիւններու անտեղեակ հայ մըն է», ըսի տիկնոջս: Ընդհանրապէս «please, take your seats»՝ խնդրեմ նստեցէք արտայայտութիւնը կը գործածուի նման պարագաներու մէջ:
Օր մը Իտալիա պանդոկի մէջ էի: Սենեակիս դրան ետեւը, թուղթի մը վրայ գրուած կար պանդոկի օրէնքները: Բոլոր արտայայտութիւնները դրական ոճով գրուած էին: Օրինակի համար՝ «Կրնաս մինչեւ 12 դուրսը մնալ», «կրնաս նախաճաշ ունենալ մինչեւ ժամը 10-ը» եւայլն...։ Հիմա նոյն յայտարարութիւնը հայ մը եթէ գրած ըլլար, հետեւ-եալը պիտի ունենայինք՝ «Եթէ երեկոյեան 12-էն վերջ գաս, դուրսը կը մնաս»: Յստա՞կ է տարբերութիւնը: Եթէ մէկը առարկէ եւ ըսէ՝ «չենք կրնար այս հարցը ընդհանրացնել», իրեն կ՚ըսեմ «անշուշտ թէ ոչ, միշտ բացառութիւններ կան եւ պիտի ըլլան»: Եթէ ուրիշ մը առարկէ եւ ըսէ՝ «այս նկարագիրը միայն հայու մօտ կա՞յ», իրեն կ՚ըսեմ՝ «ես հայով միայն հետաքրքրուած եմ»:
Ի վերջոյ բարձրացնենք մեր ձայնը եւ երգենք՝
«Արցախն է մեզ կանչում՝ հայեր միացէք, միացէք հայեր»:
ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ
«Զարթօնք»