ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԲԵՔ ՉԵՍ ԿՐՆԱՐ ԼՌԵՑՆԵԼ…
Չկայ գոյակ մը այս երկնակամարին վրայ, որ «ճշմարտութեան» եւ «անաչառութեան» կողմնակիցը չէ։ Երբ հարց տաս շրջապատի մարդոցդ, որ ճշմարտութեա՞ն կամ ստախօսութեան կողմնակից են, ընդհանուր յայտարար-պատասխան մը կը ստանաս։ Բոլորն ալ «ճշմարտախօս» եւ «ճշմարտութեան» պաշտպաններն ու ջատագովներն են, որոնք ոգի ի բռին կը փորձեն կեղծամտութեան եւ կեղծպարիշտութեան քօղին տակ սուտը՝ ճշմարիտ, տգեղը՝ գեղեցիկ, յիմարը՝ իմաստուն, անյաջողակը՝ յաջողակ, ապիկարը՝ կարող, անուսը՝ ուսեալ, մեղաւորը՝ անմեղ, անգոյնը՝ երփներանգ ներկայացնել հանրութեան աչքին։ Նման մտայնութիւն եւ սովորութիւն ունեցողները՝ պոռոտախօս եւ աննկարագիր մարդիկն են, որոնք դժբախտաբար մեր ընկերութեան մեծամասնութիւնը սկսած են կազմել։
Այսօրուայ մեր մարդկային արժեհամակարգը ամբողջապէս փոխուած եւ յոռե-շըրջուած է։ Մարդիկ մշտապէս «անկեղծ» եւ «ճշմարիտ» են, բայց իրենց ճշմարտացիութիւնն ու անկեղծութիւնն է, որ փոփոխութեան ենթարկուած է։ Ճշմարտութիւն բառի սահմանումը եւ իմաստը իրենց կեանքի բառարանին մէջ կա՛մ վերացած է, եւ կա՛մ՝ հականիշ իմաստ մը զգեցած է։ Ճշմարտութիւնը բարոյազուրկ արարքներով ապրող մարդուն յարիր չէ, որուն չարափոխուած միտքը խաւարածին յղացքներէն դրդուած՝ դարձած է վատառողջ ծրագիրներու բնակարանի մը եւ որուն նենգափոխուած սիրտը հոգիի սովէն ամայացած՝ դարձած է շնորհքներէ զուրկ շտեմարանի մը։ Զուր տեղը չէ ըսուած. «Առաջ մարդիկ կեղծաւորութիւնը տեսնելով՝ կը զարմանային, իսկ այսօր՝ անկեղծութիւնը տեսնելով կ՚ապշին»։
Ճշմարիտ մարդը ընկերութեան կողմէ ո՛չ միայն չէ ընդունուած ու չ՚ընդունուիր, այլ քամահրուած է ու շարունակ կը զգետնուի։ 21-րդ դարու մտայնութեամբ՝ շրջանակ կամ համբաւ ունենալու, փող վաստակելու, գործերը յաջողցնելու, պաշտօնի մը հասնելու զէնքը՝ ԽԱԲԷՈՒԹԻՒՆՆ է։ Ինչո՞ւ. որովհետեւ մեր շուկայականացած կեանքին գլխաւորագոյն պահանջարկը խաբէութիւնն է։ Խարդախութիւնը քաջալերող մասնագէտներով օժտուած է այսօրեայ մեր ընկերութիւնը։ «Արդիւնաբեր» այս արտադրութեան վկայարանն է բարոյական արժէքները ոտնակոխելու յանդգնող վայրագ գործելակերպերը, բարեպաշտական օրէնքները մարդահաճոյ հնարամտութիւններով փոխարինելու անպատշաճ վերաբերմունքը։
Լ. Ն. Տոլստոյ ճշմարտութեան մասին խօսելով՝ կ՚ըսէ. «Մարդու ճշմարտութեան աստիճանը անոր բարոյական կատարելութեան աստիճանի ցուցանիշն է»։ Ճշմարտութիւնը պաշտպանելը եւ խօսիլը խղճի յաղթանակն է մարդ արարածին մէջ ի վերուստ դրուած, իսկ ճշմարտախօսութիւնը իսկական ու անկեղծ ընկերութեան կշիռքի նժարն է։ Ճշմարտութեան ներհակ պատկերը հանդիսացող ստախօսութիւնը մոլութիւն է, իսկ ճշմարտախօսութիւնը՝ առաքինութիւն։ Ստախօսութիւնը ընկերաքանդ մագնիս մըն է, իսկ մարդը՝ երկաթի կտոր։ Մագնիսը երկաթին չկպչելու համար՝ մարդ պէտք է ոսկի դառնայ, այսինքն՝ ճշմարտութեան շեփորահար եւ արդարախօսութեան ոսկեբերան։
Մարդ մը կար, որ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին անընդհատ ճշմարտութիւնը կը փնտռէր, սակայն չէր կրնար գտնել: Բազմաթիւ երկիրներ թափառեցաւ. գնաց հիւսիս, հարաւ, արեւելք, բայց եւ այնպէս ոչ մէկ ճշմարտութեան հանդիպեցաւ:
Օր մը, արեւմտեան անյայտ երկրի մը մէջ ճշմարտութիւնն որոնման պահուն կը հանդիպի աղքատ ծերունիի մը։ Մարդը ծերունիին հարց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս կրնայ ճշմարտութիւնը գտնել։
-Ճշմարտութիւնը,- ծերունին կը պատասխանէ,- այս լքուած հին տաճարին մէջ թաքնուած է։
Մարդը չի հաւատար, բայց ծերունին կը պնդէ, թէ ան տաճարին մէջ կը գտնուի։ Ծերունին մարդուն կ՚ուղեկցի եւ միասին տաճար կը մտնեն։ Տաճարին մէջ ոչ մէկ բան կար, բացի սեւ քօղով ծածկուած արձանէ մը։
-Ահա,- կ՚ըսէ ծերունին,- ճշմարտութիւնը առջեւդ է։
Մարդը կը բանայ ծածկոցը եւ սարսափելի, զզուելի դէմքով արձան մը կը տեսնէ։
-Այս ի՞նչ է,- կը հարցնէ մարդը վրդովուած,- միթէ սա՞ է ճշմարտութիւնը։
Ճշմարտութիւնը իսկոյն կը պատասխանէ.
-Այո՛, ճշմարտութիւնը ես եմ։
-Բայց ինչ սարսափելի ես,- կ՚ըսէ մարդը,- քու մասիդ մարդոց ինչպէ՞ս պիտի պատմեմ։ Ինծի ո՞վ կը հաւատայ։
-Իսկ դուն շրջապատդ խաբէ,- կ՚ըսէ ճշմարտութիւնը,- եւ բոլորը քեզի կը հաւատան։
Սիրելի՛ ընթերցող, ընկերային եւ հաւաքական կեանքիդ մէջ վստահաբար հանդիպած ես բազմապիսի մարդոց, որոնք ճշմարտութեան կողմնակից են, ունին ճշմարտութիւնը ճանչնալու ունակութիւնը, բայց անոր պաշտպանները չեն, որպէսզի իրենց բարւոք կեանքը եւ պաշտօնը չխաթարեն։ Այդպիսիք ժամանակ մը կրնան ճշմարտութիւնը ծածկել եւ կեղծաւոր ըլլալ ուրիշներու հանդէպ, սակայն վերջաւորութեան անզգալաբար կը դադրին անկեղծ ըլլալ իրենց իսկ անձին նկատմամբ։
Մեծանուն երգիծաբան Յակոբ Պարոնեան կ՚ըսէ. «Ճշմարտութիւնը խօսիլը դժուար է, լսելը՝ աւելի դժուար, իսկ զայն հասկցնելը՝ ամենադժուարը»։ Ճշմարտութիւնը երբեմն վիրահատ բժիշկի պէս անգութ է։ Կը ցաւցնէ՝ առողջացնելու համար ու կ՚առողջացնէ ներսիդիդ ընդոծին գոյութիւն ունեցող բարոյական արժէքները վերականգնելու եւ վերակերտելու համար։ Շատեր պիտի փորձեն ճշմարիտ եւ արդար խօսքերդ ոտնակոխ ընել, սակայն եւ այնպէս վստահ գիտցիր, որ երբեք չեն կրնար զայն թաղել եւ լռեցնել։ Ճշմարտութիւնը միշտ յաղթական է։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024