ԼՈՒՍԱՒՈՐԵԱԼ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ՝ Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՂԱՒԱՐԻ ԱՌԹԻՒ

2019-ի Ս. Յարութեան տաղաւարի նախասեմին արդէն իսկ հասած ենք եւ Յարուցեալ Փրկիչը, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս կը կամենայ իր Աստուածային կեանքի պատգամով զօրացնել մեր հոգիները։ Տօնական մթնոլորտը արդէն իսկ սկսած է մեզ ներգրաւել Ս. Գիրքի տողերու իմաստին, որոնց խորհուրդին գլխաւոր կիզակէտը կը հանդիսանայ Ս. Յարութեան խորհուրդը։ Ս. Գիրքի տողերէն կը տեսնենք, թէ մեր հաւատոյ դաւանութեան սիրտն է այս եզակի դէպքը։ Ինչպէս Պօղոս առաքեալ կը խօսի. «Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ՝ ի զուր է ձեր հաւատքը» (Ա Կորնթ. 15.17)։ Նոյն առաքեալը իր սրտի խորքերէն բխած արտայայտութեամբ կը գոչէ նաեւ հետեւեալ կենաց աւետիսը. «Մեռելներէն յարութիւն առած է Քրիստոս՝ ննջեցեալներու առաջին պտուղը» (Ա Կոնթ. 15.20)։ Հասած է ժամանակը, որ «Լոյսէ լոյս, ճշմարիտ Աստուա-ծ»ը, պարապ կը թողու Գողգոթայի մօտ կանգնած ժայռափոր գերեզմանը, եւ երկրէն դէպի երկինք կը հիւսէ լուսոյ ճանապարհը, հիմնաւորուած անխախտելի հաւատքով ու յոյսով։ Ուրեմն միասնաբար գոչենք այս հիանալի տաղաւարի մեծագոյն աւետիսը, որուն հաւատքով շաղախուած կրկնութիւնը, ընդ միշտ պիտի յիշեցնէ, մեր պատկանելիութիւնը՝ հանդէպ Քրիստոսի, մեր հաւատարմութիւնը՝ հանդէպ մեր Արարչին եւ ի վերջոյ մեր մտերմութիւնը՝ հանդէպ մեր լոյս հաւատքին։

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ.
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ։

Ս. Յարութեան տաղաւարը ի՞նչ կը նշանակէ, եթէ ոչ՝ արժէքներու կենսաւորում։ Ինչպէս շատեր կը խրատեն, կեանքի արժէքը տեսնելու համար, պէտք է իմանալ նաեւ մահուան գաղափարին իմաստը, թողած սարսափը եւ պատճառած ցաւը։ Անառակի կիրակիին անընդհատ կը կրկնենք. «Մեռած էր ողջնցաւ, կորսուած էր գտնուեցաւ» (Ղուկ. 15.32)։ Այնուհետեւ կեանքի տօնի մտորումներուն մէջ լաւ կ՚ըլլայ տեղ յատկացնել մեր կորսուած արժէքներուն։ Պահ մը կանգ առնենք, մտերիմ հարցումներ ուղղենք մենք մեզի ու ըսենք. Իրապէս, ի՞նչ են մեր անցեալի եւ այժմու արժէքները։ Որո՞նք են անցեալէն փոխանցուած ու կորստեան անդունդին մօտեցած մեր բարոյական ու պատմական գանձերը։ Անոնցմէ որո՞նք ունէինք եւ այլեւս չունինք։ Ո՞ր արժէքները այժմ կը պատկանին մեզի եւ կարողութիւնը ունինք առաւել եւս զարգացնելու զանոնք։ Այս հարցադրումները մասնաւոր նշանակութիւն պիտի ունենան մեր անձնական ու հաւաքական կերպարը վերագտնելու համար։ Իրապէս Հայ Եկեղեցւոյ անդամներս, երբ այս եւ նման հարցումները ուղղենք, թէ՛ հաւատքի եւ թէ մշակութային կեանքէն ներս կը գտնենք բազմաթիւ արժէքներ, որոնք կարելի չէ պարփակել նոյնիսկ հազարաւոր գրադարաններու մէջ։ Արժէքներ, աւանդութիւններ, արժէքներու եւ աւանդութիւններու տէր ժողովուրդի անդամներ… սերունդներ՝ այնքան հարուստ իր անցեալով, բայց երբեմն այնքան աղքատ իր ներկայով… Սերունդներ՝ այնքան փայլուն իր պապերով, բայց երբեմն այնքան խաւար իր զաւակներով… Հետեւաբար հարցումներ, բաղդատութիւններ ու որոնումներ միշտ ներկայ են եւ պիտի ըլլան մեր մտածումներուն մէջ, որպէսզի վերագտնենք մեր ժողովրդական յատկութիւնները։

ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ

Մասնաւորապէս ներկայիս, ճիշդ է, թէ շատեր դիտելով անցեալը յուսախափ կ՚ըլլան եւ հիասթափուած նայուածքով կը հեռանան իրենց անցեալէն ու առանց պապենական արժէքներու նոր ուղիներ կը գծեն։ Բայց քրիստոնէութիւնը ընտրած է միշտ աւելի լաւատես ըլլալ ու լաւատեսութեամբ իր կարողութիւնները օգտագործել։ Քրիստոնէութիւնը յուսախափութեան դիմաց կը խոստանայ յոյսը եւ հիասթափութեան առջեւ՝ կամքը յոյսով ապրելու։ 2019-ի առաջին պահերուն արդէն իսկ սկսած էինք այս հայեացքով մօտենալ՝ հայոց երաժշտութեան առաքեալ Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին։ Մասնաւորապէս կոմիտասեան արժէքներու շուրջ համախմբուելու կոչած էինք մերազն ժողովուրդը։ Երբ կը մօտենանք Ս. Յարութեան կենսունակ տաղաւարին, ոգեւորիչ մթնոլորտէ մղուածներս այս անգամ իր թողած երաժշտական, հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներուն ընդմէջէն մեր ինքնութիւնը գտնելու կը կոչուինք։ Այս պահուն պիտի ուզէի Կոմիտաս Վարդապետէ գրի առնուած քնարերգական տողերով Իր զգացումներուն թարգման հանդիսանալ. «Ծառի քովէն, սարի հովով, «զիս կը սիրե՞ս» շրշրնջեց, հոգուս խորէն, սիրու ձորով, «զիս կը սիրե՞ս» մրմնչեց»։ Հարցումը հետեւեալն է. Ինքը կը սիրե՞ս, իր արժէքները կը սիրե՞ս, իրեն թողած արժէքները վառ պահելու համար ջանք կը թափե՞ս…

Հետեւաբար սիրելի ժողովուրդ մեր, Ս. Յարութեան հաւատքը, վերստին կեանք գտնելու տօն է։ Կեանքի հաւատքով պարարտացած՝ արժէքները ապրեցնելու տօն է։ Լաւատեսութեան մեծագոյն փաստը, Յարուցեալ Քրիստոսի մօտ պիտի գտնենք, վասնզի իր մօտ կորստեան խաւարը գոյութիւն չունեցաւ։ Եթէ կը պատկանինք հաւաքականութեան մը, որ կը կոչուի ՀԱՅ, լաւ պիտի ճանչնանք Հայ Եկեղեցւոյ ճամբով մեր ժողովուրդին փոխանցուած արժէքները։ Կ՚աղօթեմ, որ Աստուած լուսաւորէ մեր հոգիները եւ մենք որպէս իմաստուն զաւակներ վերագտնենք մեր արժէքները եւ ապրեցնելու տենչը ունենանք մեր կարողութեանց սահմաններով։

Ս. Յարութեան խնդիրը այս է սիրելիներ, յիշատակը վառ պահել մեր արժէքներուն։ Ս. Յարութեան տաղաւարին առթիւ սիրով կ՚ողջունեմ Գատըգիւղի հաւատացեալ ժողովուրդը սրտագին լաւագոյն մաղթանքներով։ Կ՚աղօթեմ Աստուծոյ, որ Իր շնորհներով պարարտացնէ մեր ժողովուրդին կեանքը եւ ընտանեկան սուրբ յարկերը։ Կ՚աղօթեմ, որ իմաստութեամբ վերագտնենք մեր ինքնագիտակցութիւնը եւ լաւապէս թափանցենք Ս. Յարութեան հրաշագործ զօրութեան եւ ըսենք.

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ.
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 22, 2019