ԱՆԱՀԻՏԻ ՋԱՐԴՈՒՓՇՈՒՐ ԱՇԽԱՐՀԸ

Գիրքերու աշխարհը զայն տարած էին հեռո՜ւ, հեռուներ…

Անահիտ կ՚ապրէր իր հեքիաթին մէջ, որ ինք յօրինած էր։ Սակայն հատելով իրականութեան ու անիրականի սահմանը՝ կը հաւատար միմիայն իր յօրինուածքին։ Փոքրիկ աղջնակը կեանքը կը դիտէր չափազանց խանդավառ։ Անահիտ ամէնուր կը տեսնէր յոյս ու լոյս։ Անոր հոգին միշտ կը խայտար ու կը ցնծար։ Հեռուներէն ականջներուն կը հասնէր անձայն, քաղցրահամ երաժշտութիւն մը, որն այնքան գեղեցիկ էր ու տրամադրող։

Անահիտ ուշադիր էր մարդոց՝ մասնաւորապէս տարեցներուն ու մանուկներուն նկատմամբ։ Կ՚ուզէր ամէնուն բաժին հանել իր անսահման սիրոյ զգացումէն ու հոգատարութենէն։ Կը կարծէր, թէ համայն մարդկութիւնը իւր հոգւոյն արտացոլանքն է։ Բոլորը կը զգան, կը խոկան ճիշդ այնպէս, ինչպէս ինքը՝ քիչիկ մը տարբերութեամբ։

Արտաքնապէս յաճախ չէր ժպտար, սակայն ներքուստ՝ միշտ։ Նոր ծանօթները ուշադիր կը զննէր, կ՚արժանացնէր դատ ու դատաստանի, այնուհետեւ կ՚ընդունէր։

Ընկերութեան մէջ հաւատարիմ էր անվերապահօրէն, սակայն այդպէս ալ հաւատարիմ ընկերուհի մը չունեցաւ։ Շատեր կ՚օգտուէին վերջինիս անսահման բարութենէն ու կը չարաշահէին ազնուագոյն յարաբերութիւնը։

Մանուկ հասակին ունէր սիրելի ընկերուհի մը, որ Անահիտը կը յիշէր, երբ անոր կարիք կը զգար, իսկ մնացեալ ժամանակ պարզապէս կ՚անտեսէր։ Անահիտ կը զգար ընկերուհիին անտարբեր վերաբերմունքը, սակայն կը փորձէր իր հաւատարմութեամբ ու ընկերասիրութեամբ փոխել անոր ներաշխարհը։

Չարութիւնն ու նախանձը խորթ էին փոքրիկ աղջնակին։ «Դիմացինիդ հետ վարուէ այնպէս, ինչպէս կ՚ուզես, որ վարուին քեզի հետ», նոյնիսկ քնացած ժամանակ մօր այս խօսքերը կը դառնային ուղեղին մէջ։ Ուստի չափազանց զգայուն, իր երեւակայական աշխարհին մէջ ապրող Անահիտը կը սարսափէր շուրջինները վիրաւորելէ։ Ան ի զօրու չէր դառնալու մէկու մը տխրութեան առիթը։ Կը փորձէր հնարաւորինս հասկացող ու բարեհամբոյր գտնուիլ մարդոց նկատմամբ։

Գրեթէ ոչ մէկը կը հասկնար, լուրջ կը վերաբերէր փոքրիկ աղջնակին, նոյնիսկ ընտանեկան պարագաները։ Անոր հարազատներն անգամ երբեմն անփոյթ վերաբերմունք կը դրսեւորէին վերջինիս նկատմամբ։ Անահիտ կը յուզուէր հոգաչափ։ Այդ իսկ պատճառաւ ան չէր կրնար անտարբեր անցնիլ իւր խորհուրդի ու ընկերակցութեան կարիքն ունեցողներու կողքով։

Աչք թարթելու պէս ժամանակն անցաւ։ Անահիտ հատեց պատանեկութեան շեմը։ Գեղանի օրիորդը իւր հմայքով քանի՜ սիրտեր այրած էր։ Մասնաւորապէս ջանք չէր թափեր գրաւելու իր շրջապատի պատանիներու ուշադրութիւնը, նոյնիսկ կը նեղուէր այդքան շատ ուշադրութենէ, սակայն ընելիք բան մը չկար, բնութիւնը շռայլած էր անոր անսահման գեղեցկութիւն։ Եւ սա գեղեցկութիւնը փորձանք դարձաւ Անահիտի գլուխին։

Բազմաթիւներ կը սիրահարէին իրեն… Ծաղիկներ, նուէրներ, բանաստեղծութիւններ կը նուիրէին Անահիտին։ Ան ինքզինք անհանգիստ կը զգար հակառակ սեռի ներկայացուցիչներու կողմէ մշտապէս ուշադրութեան կեդրոնին ըլլալէ, սակայն չէր համարձակեր մէկը վիրաւորել, կծու խօսք մը ըսել, կը փորձէր բացատրել։ Պատանուհին համբերատար մտիկ կ՚ընէր իրեն մօտեցողները ու կու տար բացասական պատասխան։ Ոչ մէկը յաջողած էր բոյն հիւսել Անահիտի սրտին մէջ… Ան կը գիտակցէր, որ տակաւին ժամանակը չէ…

Սակայն Անահիտի բարեհամբոյր վերաբերմունքը սխալ կը մեկնաբանուէր։ Մարդկային վերաբերմունքը խորթ էր մարդուն։ Չարամիտ երիտասարդներ կը կարծէին, թէ աղջիկը ինքզինք «կը սուղցնէ», նազ կ՚ընէ։ «Անահիտ զիս կը հաւնի, կը սիրէ, պարզապէս համեստաբար կը կոծկէ իր զգացումները», «Եթէ զիս չհաւնէր այսքան բարեհամբոյր չէր վարուեր»… Ահաւասիկ, տասնեակ նմանատիպ թիւր կարծիքներ, տպաւորութիւններ։ Անահիտի անունը ինկաւ չարալեզուներու բերանը, այնուհետեւ՝ իր ականջին։ Աղջկայ անապակ անունը սկսած էին մրոտել։

Ամառնային պայծառ օր մըն էր, արեգակը սովորականի պէս կը շողար։ Անահիտ աշխատանքէ տուն վերադարձին իր ետեւէն իմացաւ փսփսուքներ ու բարձրաձայն քրքինջներ։ Աշխատատեղի մտած ու ելած ատեն նշմարած էր փողոցի անկիւնը կեցած քանի մը անգործ ու անբան երիտասարդներ, որոնք իրենց աչքերը չէին հեռացներ անկէ։

Աղջիկը անմիջապէս հասկցաւ, որ սա անքաղաքավար վերաբերմունքի հասցէատէրը ինքն է։ Զայրոյթէն շառագունեցաւ։ Պահ մը ուզեց դառնալ ու ամօթով թողնել իր անհոգի հասակակիցները։ Ներքին ձայն մը կեցուց Անահիտը ու հանգստացուց զայն։ Խորը շունչ քաշեց, խոցուած սրտով ու տամուկ աչքերով աղջիկը շարունակեց իր ճամբան։

Երբ տուն հասաւ, ան անտրամադիր շտապեց իր սենեակը, փռուեցաւ մահճակալին ու սկսաւ հեծկլտալ։ Ոչ մէկ հարազատ ունէր իր ապրումները կիսուելու համար։ Բոլորի համար գաղտնարան մըն էր, սակայն ոչ մէկուն կը վստահէր իր գաղտնիքը։ Ամէն բան կը պահէր իր մէջ, բնաւորութեամբ քանքարաթաքոյց էր։ Իսկ այժմ կու լար ոչ թէ վիրաւորանքէն, այլեւ կու լար, որ մարդիկ սկսած էին լքել իր աշխարհը։ Անոնք այլեւս չէին համապատասխաներ իր պատկերացումներուն։ Մինչեւ վերջերս Անահիտ մտովի կը ստիպէր, կ՚աղաչէր անոնց մնալ իր երեւակայական մոլորակին մէջ։ Իսկ այսօր որոշած էր զանոնք թողնել ազատ։ «Իմ աշխարհի մէջ տեղ չունին կեղծիքը, սուտը, չարութիւնն ու բանսարկութիւնը։ Թող անոնք շտապ լքեն իմ անբասիր տարածքը։ Հարկ եղած պարագային ես այնտեղ կը բնակիմ միայնակ, թո՛ղ կորչի չարիքը…», արցունքներու ծովու մէջ խեղդուելով կ՚արտասանէր ան…

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2020