ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՇԱԲԱԹԸ

Այս շաբթուան սկիզբը Հայաստանի մէջ վերջ գտաւ Ազգային գրադարանային աւանդական շաբաթը, որ ապրիլին սպասուած շաբաթ մըն է Հայաստանի գրադարանային համայնքին համար: Ճիշդ է, որ Հայաստանի մէջ գրադարանավարի օրը հոկտեմբերի 7-ին կը նշուի (կառավարութեան որոշմամբ ամրագրուած տօն մըն է), բայց ամէն տարի ապրիլին գրադարանային ոլորտի աշխատողները տարբեր սպասումով կը դիմաւորեն ապրիլեան շաբաթը, քանի որ եօթ օր շարունակ ամէն կողմէ կը հռչակուի, կ՚ողջունուի եւ կը յիշատակուի գրադարանը, անոր աշխատողն ու անոր կատարած նուիրեալ գործը: Տեղի կ՚ունենան ցուցահանդէսներ, պարգեւատրումներ, զանազան ձեռնարկներ, գրադարաններու աշխատակիցներու փոխադարձ այցեր, գիրքեր կը նուիրուին, կը հրատարակուին եւ տեսակ մը ստուերի մէջ գտնուող այս ասպարէզը բոլորին ուշադրութեան կեդրոնին կը յայտնուի:

«Երբ ապրիլը գայ, գրադարանավարները գիտեն իրենց ընելիքը», Ազգային գրադարանային շաբթուան բացման ընթացքին ըսաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան տեղեկատուական պաշարներու կեդրոնի տնօրէն Ներսէս Հայրապետեան: Ան հիմնադիրներէն մէկն է Հայաստանի մէջ Ազգային գրադարանային շաբթուան, եւ քսան տարի առաջ, երբ գիրի, գրականութեան համար անբարենպաստ օրերուն նման մշակութային օրերու գաղափարը հաստատուեցաւ, թերեւս չնչին էր յոյսը, որ քսան տարի կը յարատեւէ, բայց ահաւասիկ այսօր կը նշէ 20-ամեակը:

Ազգային գրադարանային շաբաթը այս տարի յոբելենական էր եւ բացի նախատեսուած ձեռնարկներէն, նաեւ ոլորտի մասնագէտներ շնորհաւորութեան պատուոյ գիրեր ստացան…

Ազգային գրադարանի շաբթուան բացումը տեղի ունեցաւ Հայաստանի ամենամեծ գրադարանին՝ Ազգային գրադարանին մէջ, միեւնոյն ատեն Հայաստանի բոլոր մեծ ու փոքր մարզային, հանրային, համալսարանական, ակադեմական եւ գիտական գրադարաններուն մէջ ձեռնարկներ տեղի ունեցան, ամէն մէկ գրադարան իւրովի մասնակցեցաւ այս տօնին՝ ընթերցանութեան մրցոյթէն մինչեւ ցուցահանդէսներու կազմակերպում, յոբելեաններու նշում, գրողներու հետ հանդիպում, կայքէջերու ներկայացում եւ այլն:

Այս տարուան Ազգային գրադարանային շաբաթը կը կրէր «Գիրքը՝ բալասան» խորագիրը: Փաստուած է, որ ժողովուրդներու, անհատներու համար ամենադժուար ժամանակներուն միշտ օգնութեան հասած է նաեւ գիրքը, մարդիկ միշտ հաւատացած են տպագիր գիրքին բովանդակութեան ուժին, հոգեւոր աջակցութիւն փնտռած են անոր էջերուն մէջ: Այսօր, երբ հաւաքական ընկճուածութեան ժամանակներ են, Ազգային գրադարանային շաբթուան ոգեկոչած կարգախօսը թերեւս որեւէ առումով մտորելու, դէպի գիրքը երթալու առիթներ տայ:

Ազգային գրադարանը միաժամանակ ներկայացուցած էր նախորդ տասնինն տարիներու բոլոր շաբաթներուն համար ընտրուած կարգախօսները եւ պաստառները… Բացումի օրը Ազգային գրադարանէն ներս ներկաները հնարաւորութիւն ունեցան ներկայ գտնուելու գեղագէտ-արուեստաբան Լեւոն Լաճիկեանի աշխատանքներու ցուցահանդէսին՝ ներկայացուած էր երեսուներեք եկեղեցական գծանկարներու բնօրինակները, որոնք ընդհանուր պատկերացում կու տան հայ եկեղեցական արուեստի զարգացման իրերայաջորդ փուլերու մասին:

Ամէն տարուան ապրիլ ամսուն, աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ, տեղի կ՚ունենան ազգային գրադարանային շաբաթներ: Այս աւանդոյթը սկիզբ առած է Միացեալ Նահանգներէն՝ Ամերիկեան գրադարանային ընկերակցութենէն, որ անցեալ դարու կէսերէն, ամէն ապրիլ ամիս, կը նշէ շաբաթը եւ կը հռչակէ գիրքը եւ գրադարանային միջավայրը:

Ճիշդ է, որ գիրքն ու գրադարանները Հայաստանի մէջ նոյն համարումը չունին, ինչ որ ունին արեւմտեան հասարակութեան մէջ, ուր գրադարանները դարձած են քաղաքացիական հասարակութեան անդամներու ձեւաւորման, հասարակութեան կրթման, անձի մը շարունակական կրթութեան իսկական դարբնոցներ: Բայց Հայաստանը, մանաւանդ վերջին տարիներուն, կապ պահելով դուրսի հետ, կը ջանայ նորարար եւ ժամանակակից միջավայրերու վերածել գրադարանները, որպէսզի անոնք չմնան զուտ գիրք վերցնելու վայրեր, այլ ըլլան շատ աւելին:

Հարուստ շտեմարաններ ու պահոցներ են մեր գրադարանները, որոնք շարունակաբար կը համալրուին, եւ կը մնայ հասարակութեան անդամը գրագէտ ձեւով կապել անցեալի ժառանգութեան՝ չմոռնալով նաեւ ժամանակակիցն ու նորը:

Ազգային գրադարանային շաբթուան ընթացքին մտահոգիչ միտք մը հնչեց. Երեւանի համայնքներուն մէջ կան տասնեակ գրադարաններ, սակայն համայնքներուն մէջ մեծ է այն բնակիչներուն թիւը, որոնք չեն գիտեր, թէ իրենց համայնքին մէջ գրադարան կայ, չեն գիտեր, թէ ընդհանրապէս գրադարանը ինչո՞վ կը զբաղի եւ ինք, որպէս անհատ, ի՞նչ կրնայ ընել հոն: Այս մտահոգութեամբ Հայաստանի ազգային գրադարանը իրեն համար կարգախօս մը ընտրեց՝ «Եօթը օր, եօթը գրադարան» եւ տօնական շաբթուան իւրաքանչիւր օրը Ազգային գրադարանի աշխատակիցները այցելեցին համայնքային գրադարան մը, նոր հրատարակուած 40-ական հատ գիրք նուիրեցին գրադարաններուն եւ համայնքներու բնակիչներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեցին համայնքային գրադարաններուն վրայ:

Ազգային գրադարանային շաբթուան ընթացքին Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսին Հայաստանի ազգային գրադարանին նուիրեց աւելի քան 240 գիրքէ բաղկացած անգլերէն գիրքերու հաւաքածոյ մը։ Գրադարանի ընդհանուր ընթերցասրահին մէջ բացուեցաւ ամերիկեան գրականութեան գրապահարան եւ նուիրաբերուած գրականութիւնը դրուեցաւ ընթերցողներու տրամադրութեան տակ:

Շաբթուան ընթացքին նշուեցան նաեւ հայ պատմաբան, հայագէտ, բիւզանդագէտ եւ բանասէր Նիկողայոս Ադոնցի 150-ամեակը եւ երկու յատկանշական յոբելաններ եւս:

ԱՃԱՌԵԱՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ

Հայաստանի Ազգային գրադարանի հարուստ հաւաքածոյին մէջ իր ուրոյն եւ մնայուն տեղը ունին մեծանուն գիտնական Հրաչեայ Աճառեանի գիրքերը: Ազգային գրադարանային շաբթուան օրերէն մէկը Հայաստանի Ազգային գրադարանը նուիրեց Հրաչեայ Աճառեանին՝ ցուցադրելով անոր աշխատութիւններէն մաս մը: Ապրիլի 13-ին լրացաւ անոր 145-ամեակը եւ ատիկա առիթ էր կրկին ոգեկոչելու հայագիտութեան նուիրեալին յիշատակը:

Աճառեանի ժառանգութիւնը ամփոփուած է աւելի քան 250 մեծ ու փոքր աշխատութիւններու մէջ, բայց ներկայացուեցան ամենանշանակալի գործերը. «Աճառեանի բառարանները սոսկ բառարան չեն, այլ ողջ պետութիւն մը: Փոքրամարմին հսկան, իր ողջ կեանքին ընթացքին, 5100 բառի ստուգաբանութիւն գրած է, որոնց 80-90 տոկոսը փոփոխութեան չէ ենթարկուած», Աճառեանին նուիրուած ձեռնարկին նշեց Երեւանի Պետական համալսարանի հայ բանասիրութեան բաժնի հայոց լեզուի պատմութեան ամպիոնի գիտաշխատող Նարինէ Դիլպարեան։

Անգամ մը եւս յիշուեցաւ, որ Պոլիս ծնած, կեանքի ամենադժուար հանգրուաններէն անցած գիտնականը ոչ մէկ պահ ընկրկած է, շրջած է պատմական Հայաստանի շատ վայրեր, ուսումնասիրած է մագաղաթներ, յուշարձաններ՝ մանաւանդ խորացած կարգ մը բարբառներու հետազօտութեան մէջ եւ նիւթեր հաւաքած հայագիտութեան զանազան ճիւղերուն համար։

Իր կեանքի վերջին տարիները Աճառեան նուիրած է «Լիակատար քերականութիւն հայոց լեզուի» մեծածաւալ աշխատութեան՝ կազմուած 12 հատորներէ, որոնց մէջ կը քննուին հայերէնի քերականութիւնը եւ պատմական զարգացումը 562 լեզուներու համեմատութեամբ։ Նշեալ աշխատութիւններէն զատ, Աճառեանը մօտաւորապէս քառասուն տարի աշխատակցած է բազմաթիւ պարբերականներու, մեծաթիւ յօդուածներ գրած է հասարակական հարցերու եւ գիտական-լեզուաբանական ուղղութեամբ։

Անոր գործունէութեան նշանակալի դրուագներէն յիշատակուեցաւ այն, որ հետազօտած է հայերէն բարբառները, զբաղած անոնց պատմութեան ու դասակարգման հարցերով, ստեղծած բարբառագիտական ուսումնասիրութիւններու իր մեթոտն ու տեսութիւնը: Բարբառագիտական կարեւորագոյն աշխատութիւններն են «Հայ բարբառներուն դասակարգումը», «Հայ բարբառագիտութիւն»ը եւ «Հայերէն գաւառական բառարան»ը, որ կը պարունակէ շուրջ 30 հազար գաւառական բառ:

Աճառեանի յոբելեանին առթիւ ելոյթ ունեցողները նշեցին, որ գիտնականը բացառիկ բարեխղճութեամբ քննած է հայոց հին ձեռագիրները, կազմած զանազան վայրերու մէջ պահուող ձեռագիրներու ցուցակները: Բանասիրական տեսանկիւնէ կարեւորութիւն տրուեցաւ Եզնիկի պահպանուած միակ ձեռագրին համեմատութիւնը հրատարակուած բնագրին հետ։

Աճառեան զբաղած է նաեւ հայ գրականութեան եւ հայոց պատմութեան հարցերով, որոնց նուիրած է կարգ մը ուսումնասիրութիւններ՝ «Պատմութիւն հայոց նոր գրականութեան», «Տաճկահայոց հարցի պատմութիւնը», «Երուանդ Շահազիզ», «Տիկին Սրբուհի Տիւսաբ» եւ այլն, իսկ անոր «Հայ գաղթականութեան պատմութիւն» աշխատութիւնը (որ լոյս տեսաւ 2002 թուականին) ունի գիտաճանաչողական մեծ նշանակութիւն:

Խօսուեցաւ նաեւ, որ Աճառեան ձգած է ձեռագիր մեծարժէք աշխատութիւններ: Եղած է Խորհրդային Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիոյ ակադեմիկոս, Փարիզի Լեզուաբանական ընկերութեան անդամ, Չեխոսլովաքիայի Արեւելագիտական հիմնարկի գիտական բաժնի թղթակից անդամ:

Աճառեանի գիտական աշխատութիւններուն բնորոշ է մտածողութեան յստակութիւնն ու պարզութիւնը: Ան իր ստեղծագործական բեղմնաւորութիւնը կը բացատրէր ոչ այնքան աշխատասիրութեամբ, որքան աշխատանքային ռեժիմի խիստ պահպանմամբ: Նկատուեցաւ, որ ինչ աշխատանք ալ որ գրած է, ցուցաբերած է գիտական բարեխղճութիւն եւ պատասխանատուութիւն:

ՄԵԾ ՔԱՐՏԷՍԱԳԷՏԸ

Ազգային գրադարանային շաբթուան ընթացքին արեւմտահայ ծագումով ուրիշ գիտնականի մը յիշատակը ոգեկոչուեցաւ Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիոյ Հիմնարար գիտական գրադարանէն ներս: Գրադարանին մէջ նշեցին անիրաւօրէն մոռացութեան մատնուած քարտէսագէտ, աշխարհագրագէտ Զատիկ Խանզատեանի 135-ամեակը: Խանզատեանի ժառանգները հիմնարար գիտական գրադարանին նուիրած են Զատիկեանի կազմած բազմաթիւ քարտէսներէն եօթին բնօրինակը, անոր ստացած յուշամետայլներէն մէկը եւ գործածած հնատիպ գրիչներէն, որ գրադարանին մէջ կը պահուի հայոց մեծերու անհատական հաւաքածոներուն մէջ եւ իր ուրոյն տեղը ունի:

Խանզատեան ծնած է Թուրքիոյ Մանիսա քաղաքը, մտաւորականներու ընտանիքի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ծննդավայրին մէջ ստանալէ ետք կ՚անցնի Զմիւռնիա, ուր իր ուսումը կը շարունակէ տեղւոյն Մեսրոպեան վարժարանին մէջ: 1903 թուականին կը մեկնի Ֆրանսա, ուր նախ կ՚ընդունուի Պրէսթի Ծովային վարժարանը, ապա կ՚անցնի Փարիզ, ուր իր մասնագիտութեան գծով կը հետեւի Նաւագնացութեան բարձրագոյն եւ Ֆրանսայի ռազմածովային ուժերու գլխաւոր անձնակազմի կրթական հաստատութիւններու դասընթացքներուն, եւ կը վկայուի իբրեւ ջրագիտութեան ճարտարագէտ, միաժամանակ ստանալով հրամանատարի կոչում:

1911 թուականին, թուրք կառավարութեան կողմէ կը հրաւիրուի Պոլիս եւ պաշտօնի կը կոչուի Թուրքիոյ Ռազմածովային ուժերու վարչութեան մէջ։ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի սկիզբին, պուլկար բարձրաստիճան սպաներու օգնութեամբ, կ՚ապաստանի Պուլկարիա: Զինադադարին կ՚անցնի Թեսաղոնիկէ, ապա՝ Փարիզ, ուր 1919-ին կը մասնակցի հաշտութեան խորհրդաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն: Փարիզի մէջ, իր նախկին ուսուցիչներուն աջակցութեամբ, լայն ասպարէզ կը գտնէ Ֆրանսայի Ծովային նախարարութեան մէջ եւ կ՚աշխատի որպէս քարտէսագէտ: ՄԱԿ-ի մէջ կը վարէ աշխարհագրագէտ-քարտէսագէտի պաշտօն:

1920-1930 թուականներուն, իր պատրաստութեամբ կը հրատարակուին Թուրքիոյ տնտեսական աշխարհագրութեան, Ալճերիոյ պատմական աշխարհագրութեան, Պաղեստինի տնտեսական աշխարհագրութեան եւ այլ աշխարհաքարտէսներ: Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն կը մասնակցի Ֆրանսայի դիմադրական շարժումին: Ֆրանսական գիտութեան մէջ ունեցած ներդրումին համար Ֆրանսայի կառավարութիւնը Զատիկ Խանզատեանը պարգեւատրած է երկրի բարձրագոյն՝ Պատուոյ լեկէոն շքանշանով:

Հակառակ ասպարէզին պահանջած բազմազբաղ ժամանակացոյցին, Զատիկ Խանզատեան մինչեւ իր յառաջացեալ տարիքը գործօն մասնակցութիւն կը բերէ ֆրանսահայ ազգային եւ հասարակական կեանքին: Իր հիմնադրութենէն (1928թ.) մինչեւ 1952 թուականը, ան կը վարէ նաեւ Սեւրի Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանի քաղաքային տեսուչի պաշտօնը:

Զատիկ Խանզատեանի գլխաւոր նպաստը հայագիտութեան կը հանդիսանայ պատմական Հայաստանի քարտէսագրութեան մէջ ունեցած իր վաստակը: 1920 թուականին կը հրատարակէ քսանհինգ քարտէսներէ բաղկացած պատմական Հայաստանի աշխարհագրութեան աշխարհաքարտէսը, իսկ 1960 թուականին՝ Հայաստանի պատմական քարտէսագրութեան աշխարհաքարտէսը: Ֆրանսայի մէջ հիմնած է «Խանզատեան հիմնարկ»ը, ուր հօր գործը շարունակած է որդին՝ Ժագ Խանզատեան:

1967 թուականին ան կ՚ընտրուի հայկական Խորհրդային Հանրապետութեան Գիտութիւններու ակադեմիոյ արտասահմանեան անդամ:

Զատիկ Խանզատեան կը մահանայ 25 յունուար 1980 թուականին:

Խանզատեանին կեանքի մանրամասնութիւնները ներկայացնելէ զատ, հիմնարար գիտական գրադարանը նպատակ ունի նաեւ թուայնացնել անոր կազմած եւ Հայաստանի մէջ պահուող պատմական քարտէսները եւ զանոնք հասանելի դարձնել գրադարանի կայքէջին վրայ:

ՀԱՅՈՑ ԳԻՐԸ

Վերջապէս, Ազգային գրադարանային շաբաթը Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ եզրափակուեցաւ «Հայոց գիրը. ձեռագիր մատեաններէն մինչեւ տպագրութիւն» խորագրով ալպոմային հրատարակութիւններու ցուցադրութեամբ: Անգամ մը եւս հանրութեան ներկայացուցեաւ ձեռագիր մատեաններուն անցած ճանապարհը եւ յիշատակուեցաւ մեզի հասած հայերէն հնագոյն ամբողջական ձեռագիր մատեանը՝ 7-րդ դարուն ստեղծուած «Վեհամօր Աւետարանը»:

Գիրքը, գրականութիւնը, գրողը, գրադարանը եւ անոր աշխատակիցը մէկ շաբթուան ընթացքին փառաբանուեցան զանազան ձեւերու մէջ՝ ձեռագիր մատեաններէն մինչեւ տպագրութիւն, մինչեւ գրադարանային հնագոյն եւ ժամանակակից գործը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Ապրիլ 22, 2021