22 ՄԱՅԻՍԸ՝ ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ՕՐՆ Է

Աշխարհահռչակ ֆրանսահայ երգիչ Շարլ Ազնաւուր ծնած էր 22 մայիս 1924 թուականին Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզի մէջ։ Այսօր Ազնաւուրի ծննդեան 96-րդ տարեդարձն է։ Երկրորդ տարին ըլլալով ան ֆիզիքապէս հայութեան հետ չէ։

Շարլ Ազնաւուրի ծնողները Ջաւախքէն եւ Թուրքիայէն էին։ Ազնաւուր շուրջ 70 տարի մնաց բեմին վրայ։ Լաւ հայերէն կը խօսէր։ Ան գրած է աւելի քան 1400 երգեր, որոնք մեկնաբանուած են շատ յայտնի կատարողներու կողմէ։ Յօրինած է նաեւ օփերայի երաժշտութիւն։ Նկարահանուած է աւելի քան 60 ժապաւէններու մէջ։ Երաժիշտ ու դերասան ըլլալու առընթեր նաեւ բանաստեղծ էր։ Ցայսօր ամբողջ աշխարհի մէջ վաճառուած են իր միլիոնաւոր ձայնասկաւառակները։

1988 թուականի Սպիտակի երկրաշարժէն վերջ ան բազմաթիւ անգամներ այցելած էր Հայաստան, եղած էր աղէտի գօտիէն ներս։ Փարիզի մէջ հիմնած էր «Ազնաւուրը Հայաստանին» հիմնադրամը, որու ներկայացուցչութիւնը բացուած է Երեւանի մէջ։ 1995 թուականէն ի վեր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով պատուոյ դեսպանն էր, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մօտ Հայաստանի մշտական պատուիրակը։ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալէ վերջ 2009 թուականին նշանակուած էր Զուիցերիոյ մօտ դեսպան, նաեւ ՄԱԿ-ի Ժընեւի գրասենեակի մօտ մշտական ներկայացուցիչ։ Ֆրանսական պատուոյ լիկէոնի ամենաբարձր աստիճանին տիրացած էր, արժանացած էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային հերոսի կոչման։ Երեւանի մէջ հաստատուած է Շարլ Ազնաւուրի տուն-թանգարանը։ Ունէր յուշագրութիւններ, որոնք հրատարակուած էին գիրքով։

Շարլ Ազնաւուրի մահէն ետք, իր առաջին ծննդեան օրը՝ անցեալ տարի մայիսի 22-ը Հայաստանի մէջ նշուեցաւ առանձնակի յուզումով:

Ազնաւուրի ծննդեան օրը Երեւանը կրկին իր շունչով պարուրուած էր: Մեթրոյի բոլոր կայարաններուն մէջ առտուընէ իր երգերը կը հնչէին, զանազան վայրերու մէջ ոգեկոչումի ձեռնարկներ տեղի կ՚ունենային, ինչպէս նաեւ, նոյն օրը, «Արարատ» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ Շարլ Ազնաւուրի վերջին գիրքի հայերէնի թարգմանութեան շնորհանդէսը:

«Կեանքին կառչած». այսպէս խորագրած է Ազնաւուր իր վերջին՝ իններորդ գիրքը, որ գրած է 2017 թուականին։ Ան հայերէնի թարգմանուած է երգիչին ծննդեան 95-ամեակին առթիւ: Գիրքը թարգմանած են Արտակ Հերիքեանն ու Ժագլին Մինասեանը, տպագրած է newmag ընկերութինը: Այս գիրքին մէջ մեծ երգիչը կը խօսի իր անցած-գացած օրերուն մասին, թէ որքան դժբախտ-երջանիկ եւ որքան մերժուած-սիրուած եղած է, հասած յաջողութիւններու եւ մեծ փառքի՝ այդ ճամբուն վրայ հազար անգամ սայթաքելով եւ ոտքի կենալով:

Տեսակ մը տխրութիւն կայ անոր կեանքի վերջին ամիսներուն գրած տողերուն մէջ, բայց Ազնաւուր մահուան միտքէն շատ հեռու էր. կը գրէ, որ մեծ յոյսեր ունի 120 տարի ապրելու՝ եթէ հիւանդութիւններ կամ արկածներ տեղի չունենան։ «Այս տողերս գրելու պահուն, առանց նոյնիսկ մատներուս վրայ համրելու, կրնամ ըսել, որ 120 տարեկան դառնալուս մնացած է 26 տարի, 7 ամիս», գրած է Ազնաւուր:

Գիրքին վերջակէտը դնելէն մէկ տարի չանցած՝ Ազնաւուր հեռացած է կեանքէն: Մինչդեռ, որքա՜ն կը գնահատէր կեանքը, հարազատներուն հետ անցուցած ժամանակը, եւ վերջին տարիներուն փոխած էր կենսակերպը, աւելի շատ ժամանակ կ՚անցընէր հարազատներուն հետ, քան՝ երիտասարդ տարիներուն:

Newsmag հրատարակչութիւնը խոստացած է, որ մինչեւ Ազնաւուրի 100-ամեակը հայերէնի պիտի թարգմանէ իր բոլոր գիրքերը:

«Կեանքին կառչած» գիրքը Ազնաւուրի ինքնակենսագրական գիրքերու շարքին վերջինն է: Ինչպէս նախորդ գիրքերուն մէջ, այս գիրքին մէջ ալ ան հեռուէն եկած է, պատմած երգի ասպարէզ մուտք գործելու իր ճանապարհին մասին եւ այն մասին, թէ ինչ դժուար էր ընդունուիլ ֆրանսացի քմահաճ հասարակութեան կողմէ: Ազնաւուր կը գրէ, որ ինքը գոց աչքերով չէ երազած փառքի մասին, այլ բաց աչքերով՝ անընդհատ աշխատած է: Բոլոր իր գիրքերուն մէջ ներկայ է ծնողքը, որ երգիչին եւ դերասանին ճամբան բացած է, քանի որ թէ՛ տան մէջ կ՚երգէին եւ բեմադրութիւններ կ՚ընէին, թէ՛ Շարլն ու քոյրը՝ Այտան, մղած են այդ ասպարէզ: Իր այս գիրքին մէջ ան սիրոյ մասին նոյնպէս կը խօսի եւ խորագրի մը տակ կ՚անդրադառնայ իր կնոջ՝ Ուլլային:

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020