15-ՐԴ «ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ»Ը
Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի փառատօնը այս տարի պիտի սկսի 8 Յուլիսին։ «Ոսկէ ծիրան»ը պիտի ըլլայ յոբելենական, որովհետեւ արդէն 15-րդ անգամ կը կազմակերպուի։ Ութ օր պիտի տեւէ միջազգային փառատօնը, որ պիտի համատեղէ շարժանկարի սիրահարները։ Հիմնադրուած օրէն ի վեր փառատօնը յառաջ կը տարուի «Քաղաքակրթութիւններու եւ մշակոյթներու խաչմերուկ» նշանաբանով։ Վերջին 15 տարուան կտրուածքով այս փառատօնը կը հանդիսանայ Երեւանի ամենամեծ մշակութային իրադարձութիւններէն մին։
15-րդ «Ոսկէ ծիրան»ի ընդառաջ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայաստանի մասնաճիւղի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որու ատենախօսները այս տարուան փառատօնին կապակցութեամբ փոխանցեցին տեղեկութիւններ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս տարուան փառատօնին համար աշխարհի 83 երկիրներէն աւելի քան 600 դիմում ստացուած է։ Հայաստանի մէջ սիրուած եւ երկրի սահմաններէն դուրս ալ ընդունելութիւն գտած փառատօնի այս տարուան մրցութային եւ արտամրցութային զանազան ծրագրերուն մէջ ընդգրկուած է 110 ժապաւէն։ Փառատօնի կազմակերպիչները տեղեկացուցին, որ բացումը պիտի կատարուի ֆրանսահայ բեմադրիչ Ռոպէր Կետիկեանի «Առանձնատունը» ժապաւէնով։ Փակման փուլին պիտի ցուցադրուի «Տոն Քիշոթի սպաննած մարդը» գործը, որու հեղինակն է Թերի Տիլման։ Սա սպանական, պելժիական, ֆրանսական, փորթուգալական եւ անգլիական համատեղ արտադրութիւն մըն է։
Խաղարկային ֆիլմերու մրցոյթի դատակազմէն Կարէն Աւետիսեան մատնանշեց, որ փառատօնը այս տարի յաջողութիւններ արձանագրած է ժապաւէններու քանակի առումով, նոյն յաջողութիւնները կան նաեւ որակական իմաստով։ Վաւերագրական ժապաւէններու դատակազմի անդամներէն Տիանա Մարտիրոսեանի դիտարկումներով, վաւերագրական գործերը խաղարկայիններու պատճառով կը տուժեն, որովհետեւ անոնց նկատմամբ հետաքրքրութիւնը շատ մեծ չէ։ Ան տեղեկացուց, որ մօտալուտ փառատօնի ծրագրին վրայ ընդգրկուած է 13 վաւերագրական ժապաւէն։ Այդ գործերը եկած են թէ՛ հեռաւոր երկիրներէ եւ թէ տարածքաշրջանէն՝ Վրաստանէն կամ Իրանէն։
Փառատօնի «Հայկական համայնապատկեր» ծրագրի համակարգող Արծուի Բախչինեան մատնանշեց, որ այս բաժնին համար ընտրուած է 27 ժապաւէն։ Ինն տարբեր երկրէ գործեր ներգրաւուած են ծրագրին մէջ։ Այդ բոլոր ժապաւէնները արտադրուած են կա՛մ հայկական նիւթերով եւ կամ կ՚առընչուին Հայաստանի հետ։
15-րդ «Ոսկէ ծիրան»ի ընթացքին յարգանքի տուրք կը մատուցուի շուէտցի բեմադրիչ Ինկմար Պերկմանի յիշատակին։ Կը բացուին նաեւ բեմադրիչ Ներսէս Յովհաննիսեանի, բեմադրիչ Արա Վահունիի եւ բեմադրիչ ու դերասան Ալպերթ Մկրտչեանի աստղերը։