ՎԱՐՈՒԺ ՍԱՆՃԵԱՆԻ ԵԼՈՅԹԸ ԱՄՄԱՆԻ ՄԷՋ
Յորդանանի մայրաքաղաքը՝ Ամմանի սրահներէն մէկուն մէջ Աւստրալիոյ բեմի տաղանդաւոր արուեստագէտ Վարուժ Սանճեանի ներկայացմամբ՝ կայացաւ Կոստան Զարեանի «Տատրագոմի հարսը» քերթուածի բեմականացումը՝ կազմակերպութեամբ Ամմանի մշակութային միութեան Մշակութային յանձնախումբին: Ձեռնարկը նուիրուած էր Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան 25 եւ Արաբական յեղափոխութեան 100-ամեակներուն:
Երեկոյին հիւրերն էին Յորդանանի խորհրդարանին մէջ երկրի քրիստոնեայ համայնքը ներկայացնող երեսփոխան Աթեֆ Քաուարը, համայնքի հոգեւոր հովիւ Տ. Աւետիս Էփրեճեան, բարձրաստիճան անձինք, համայնքի միութիւններու վարչութիւններու անդամներ եւ հիւրեր:
Երեկոյին ընթացքին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ամմանի մշակութային միութեան ատենապետ Յակոբ Սերփեքեան, իսկ Վարուժ Սանճեանի կենսագրականն ու վերոնշեալ բանաստեղծութեան թեման ներկայացուց Մշակութային յանձնախումբի պատասխանատու Յակոբ Յակոբեան:
Վարուժան Սանճեան՝ իւրօրինակ, անկրկնելի բեմական արուեստով, բարձր կատարողութեամբ, բեմական խաղի, շարժուձեւի, ձայնի ելեւէջներու, անկեղծ զգացումներու կատարեալ համադրութեամբ գերեց ո՛չ միայն հայ, այլեւ՝ օտար հանդիսատեսը: Ան ստիպեց, որ հանդիսատեսը յուզմունքով, համակ ուշադրութեամբ հետեւի ողբերգական պատմութեան դրուագին:
Տեւական յոտընկայս ծափողջոյնները հանդիսատեսի անկեղծ գնահատանքն էին տաղանդաւոր դերասանին: Բեմէն իր գնահատանքի եւ հիացմունքի խօսքը յայտնեց նաեւ Տ. Աւետիս Էփրեճեան:
Երեկոն եզրափակուեցաւ Պահպանիչ աղօթքով:
Վարուժ Սանճեան ծնած է Յորդանանի մայրաքաղաքը՝ Ամմանի մէջ՝ 1962 թուականին: Մանուկ տարիքէն ակնյայտ էր վերջինիս հակումները եւ ձիրքերը արուեստի՝ մասնաւորապէս գրականութեան, բանաստեղծութեան եւ երգարուեստի հանդէպ: Ամմանի մշակութային միութեան վարչութեան քաջալերանքով Վարուժ Սանճեան 1982 թուականին մեկնեցաւ Հայաստան՝ հետեւելու երգարուեստի, ասմունքի եւ թատերական դասընթացներու: Աւարտելով վերոնշեալ դասընթացները՝ 1985 թուականին վերադարձաւ Ամման, ուր սկսաւ իր մշակութային գործունէութեան թատերական ասպարէզին մէջ՝ իբրեւ բեմադրիչ: 1987 թուականին մշտական բնակութեամբ մեկնելով Աւստրալիա՝ շարունակեց իր գործունէութիւնը որպէս ասմունքող եւ երգիչ: