ՏԻՐԱՄՕՐ ՊԱՏԿԵՐԱՔԱՆԴԱԿԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ՀԱՂԱՐԾԻՆ

Դէ­պի Հա­ղար­ծին տե­ղա­ցի եւ ար­տա­սահ­ման­ցի զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու այս շաբ­թուան այ­ցե­լու­թիւ­նը զու­գորդուած է «Հա­ղար­ծի­նի մշա­կու­թա­յին շաբ­թուան» ե­ռու­զե­ռով:

Շուրջ հարիւր կա­մա­ւոր­ներ՝ կա­նաչ վեր­նա­շա­պիկ­նե­րով, այ­ցե­լու­նե­րուն կը ներ­կա­յաց­նեն Հա­ղար­ծի­նի պատ­մու­թիւ­նը, կ՚ուղ­ղոր­դէ վան­քի շրջա­կայ­քը տե­ղա­կա­յուած հայ­կա­կան օ­ճառ­նե­րու տա­ղա­ւար, Տա­ւու­շի «Վան­քի ա­նուշ»ի փոք­րիկ ար­տադ­րա­մաս ու վար­պե­տու­թեան դա­սե­րու հա­ւա­քա­տե­ղի­ներ: Ըստ «Ար­մէն­փրէս»ի, մէկ շա­բաթ շա­րու­նակ Հա­ղար­ծին պի­տի ապ­րի ար­տա­կարգ դրու­թեամբ:

Տա­ւու­շի Թե­մի Առաջ­նորդ Տ. Բագ­րատ Եպիսկոպոս Գալս­տեա­նի հա­մա­ձայն, «Հա­ղար­ծի­նի մշա­կու­թա­յին շաբ­թուան» նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը տա­րա­ծքաշր­ջա­նի ե­րի­տա­սար­դու­թեանն կը պատկանի, ա­նոնց քրտնա­ջան աշ­խա­տան­քին եւ ա­ջա­կից­նե­րուն շնոր­հիւ յղա­ցան այս գաղափարը ի­րա­կա­նու­թիւն դարձ­նե­լու նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը: «Թե­մի ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն մօտ այս մէկ տա­րուան ըն­թաց­քին ա­նընդ­հատ նման ծրա­գիր մը կը խմո­րուի ու ա­սի­կա կար­ծես ի­րենց անդ­րա­նիկ պտու­ղը ըլ­լայ: Ու­զե­ցինք Հա­ղար­ծի­նի վան­քին մէջ ըլ­լալ, ո­րով­հե­տեւ ա­նի­կա մեր միջ­նա­դա­րեան նշա­նա­ւոր բարձ­րա­գոյն ու­սում­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէն է, նաեւ ե­րաժշ­տա­կան կեդ­րոն, որ այ­սօր ալ կրնայ այդ փառ­քը վե­րա­դարձ­նել: Ա­մե­նէն նշա­նա­ւոր վար­դա­պետ­նե­րէն մէ­կը՝ Խա­չա­տուր Տա­րօն­ցին այս­տեղ թա­ղուած է: Այս­տեղ գրուած է «Խոր­հուրդ խո­րին» շա­րա­կա­նը, զոր մենք կ՚եր­գենք Սուրբ Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին: Այս բո­լոր ար­ժէք­նե­րը թէ՛ հա­յե­րուն, թէ՛ ար­տա­սահ­ման­ցի­նե­րուն փո­խան­ցե­լու հա­մար շուրջ 100 կա­մա­ւոր ի­րա­կա­նա­ցու­ցին այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը», ը­սաւ Բագ­րատ Սրբա­զա­ն:

15 Օգոս­տո­սին «Հա­ղար­ծի­նի մշա­կու­թա­յին շաբ-թըւան» բաց­ման պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը ազ­դա­րա­րուե­ցաւ նաեւ վան­քի մա­սունք­նե­րէն մէ­կուն՝ Սուրբ Աս­տուա­ծա­ծի­նի պատ­կե­րա­քան­դա­կը Ե­րե­ւա­նի Պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նէն բե­րե­լու եւ ե­կե­ղեց­ւոյ խո­րա­նին վրայ զե­տե­ղե­լու մի­ջո­ցով: «Երբ Հա­ղար­ծի­նի վան­քը անմ­խի­թար վի­ճա­կի մէջ էր, այս­տե­ղէն տա­ր-ւած է Սուրբ Աս­տուա­ծա­ծի­նի նշա­նա­ւոր եւ դա­րա­ւոր պատ­կե­րա­քան­դա­կը, ինչ­պէս նաեւ մեծ ա­ւա­զան մը, զոր մենք կը կար­ծենք Մկրտու­թեան ա­ւա­զան ե­ղած է՝ 450 քի­լօկ­րամ կշիռ ու­նե­ցող, եւ այլ փոքր մա­սունք­ներ: Փոր­ձե­ցինք այդ յի­շո­ղու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նել՝ Սուրբ Աս­տուա­ծա­ծի­նի պատ­կե­րա­քան­դա­կը վե­րա­դարձ­­նե­լով Հա­ղար­ծի­նի վանք, գո­նէ այս ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին հա­մար, որ մար­դիկ ծա­նօ­թա­նան, թէ ի՛նչ սրբու­թիւն­ներ պա­հուած են այս­տեղ: Մենք կ՚ու­զենք մար­դոց մօտ հա­ւատ­քը ամ­րապն­դել, ա­սոնք մի­ջոց­ներ են, որ իւ­րա­քան­չիւր անձ իր ձե­ւով կա­րե­նայ ինք­նագ­նա­հա­տա­կան տալ, ինք­նա­ճա­նա­չում կա­տա­րել եւ իր ան­ձին վե­րա­դառ­նալ», նկա­տել տուաւ Տ. Բագ­րատ Եպսկ. Գալս­տեա­ն:

Ընտ­րուած է այս ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը, ո­րով­հե­տեւ Մա­րիամ Աս­տուա­ծա­ծի­նի Վե­րա­փոխ­ման տօ­նին յա­ջոր­դող ինն օ­րե­րը Աս­տուա­ծա­մօր նուի­րուած են, եւ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ կ՚ու­զեն այդ շաբ­թուան բո­լոր օ­րե­րը գո­հու­թեան օր դարձ­նել:

Ըստ Բագ­րատՍրբա­զա­նի, պատ­կե­րա­քան­դա­կը եօ­թ օր պի­տի մնայ Սուրբ Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ՝ դառ­նա­լով բո­լո­րին յար­գան­քի ա­ռար­կան: «Կը խնդրենք, որ Աս­տուա­ծա­մայ­րը իր գո­րո­վան­քով մեր կեան­քը ա­ռաջ­նոր­դէ», ա­ւել­ցուց Սրբազան Հայրը:

Բագ­րատ Սրբա­զա­ն յայտ­նեց նաեւ, որ փա­ռա­տօ­նը հա­ւա­նա­բար ա­ւան­դա­կան դառ­նայ՝ նե­րա­ռե­լով այլ աշ­խար­հագ­րու­թիւն եւս՝ Գո­շա­վանք, Մա­կա­րա­վանք եւ Վա­րա­գա­վանք:

«Հա­ղար­ծի­նի մշա­կու­թա­յին շաբ­թուան» բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էին հիւ­րեր Ե­րե­ւա­նէն, Էջ­միա­ծի­նէն եւ Տա­ւու­շի տար­բեր կող­մե­րէն: Ա­նոնց շար­քին էին հո­գե­ւո­րա­կան­ներ, զի­նուո­րա­կան­ներ, պաշ­տօ­նեա­ներ ու պարզ քա­ղա­քա­ցի­ներ: Ներ­կայ էին նաեւ Ե­րե­ւա­նի փոխ-քա­ղա­քա­պետ Ա­րամ Սու­քիա­սեա­ն, Տա­ւու­շի փոխ-­մարզ­պետ Լե­ւոն Սարգ­սեա­ն եւ բա­նաս­տեղծ Խա­չիկ Մա­նու­կեա­ն:

Հա­ղար­ծի­նի մէջ ե­րե­կոն հո­գե­ւոր եր­գե­րով լե­ցու­ցին «Հա­յաս­տա­նի փոք­րիկ եր­գիչ­նե­րը», ո­րոնց միա­ցան նաեւ Տա­ւու­շի ման­կա­պա­տա­նե­կան երգ­չա­խում­բը:

ՎԱՆ­ՔԻ Ա­ՆՈՒՇ

Տա­ւու­շի թե­մին մէջ կայ «Վան­քի ա­նուշ» ա­նու­նով փոք­րիկ ար­տադ­րա­մաս, ուր տե­ղա­ցի­նե­րը ա­նուշ կը պատ­րաս­տեն Տա­ւու­շի ա­նա­րատ մթերք­նե­րէն: Մու­րա­բա­նե­րը կը վա­ճա­ռուին Հա­ղար­ծի­նի եւ Գո­շա­վան­քի մէջ: Այս­տեղ ա­ռա­ջին ան­գամ պատ­րաս­տուած է նու­ռի ա­նուշ, որ մեծ տա­րա­ծում գտած է, պատ­մեց կա­մա­ւոր Մա­րիե­թա Մա­նու­չա­րեա­ն:

ԶՈ­ՎԱ­ՑՈՒ­ՑԻՉ­ՆԵ­ՐՈՒ ՀԻՒ­ՐԱ­ՍԻ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ

Նա­խա­ձեռ­նու­թեան մաս­նա­կից­նե­րը ա­ռիթ կ՚ու­նե­նան համ­տե­սե­լու Տա­ւու­շի ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն կող­մէ պատ­րաս­տուած կիտ­րո­նի զո­վա­ցու­ցիչ ըմ­պե­լի: Ա­նի Բրու­տեա­նի հա­մա­ձայն, բո­լո­րը սի­րով լծուած են գոր­ծի, մին­չեւ ան­գամ ե­րե­ւա­նաբ­նակ­նե­րը դար­ձած են ժա­մա­նա­կա­ւոր տա­ւուշ­ցի­ներ: «Մենք կիտ­րո­նի հիւթ կը պատ­րաս­տենք տնա­յին ե­ղա­նա­կով: Հիւ­թը կը նե­րա­ռէ կիտ­րոն, ա­նա­նուխ, շա­քար եւ ջուր», ը­սաւ Ա­նին՝ ար­հես­տա­վարժ կեր­պով հիւ­թը քա­մե­լով գա­ւա­թի մէջ ու ներ­կա­նե­րուն հիւ­րա­սի­րե­լով:

«ԾԻ­ՐԱ­ՆԷ» ՀԱՅ­ԿԱ­ԿԱՆ ԱՐ­ՏԱԴ­ՐՈՒ­ԹԵԱՆ Օ­ՃԱՌ­ՆԵՐ

«Ծի­րա­նէ» վա­ճա­ռա­նի­շի հիմ­նա­դիր Ա­նա­հիտ Ստե­փա­նեա­նի հա­մա­ձայն, վա­ճա­ռա­նի­շին ա­նու­նը ի պա­տիւ հա­յոց թա­գու­հի­նե­րէն Ծի­րա­նէի է: «Այս ցու­ցա­հան­դէ­սին կը մաս­նակ­ցին մէկ տե­սա­կա­նիով, որ նուիրուած է կի­նե­րու: Ներ­կա­յա­ցուած են օ­ճառ­ներ մե­խա­կի իւ­ղով, սուր­ճի, քա­քաոյի, կո­ճապղ­պե­ղի, կա­սիա­յի, կիտ­րո­նի բոյ­րով, շուշ­մա­յի եւ քթա­նի կա­ւեր, եւ նա­րին­ջի իւ­ղով օ­ճառ­ներ», ը­սաւ ան՝ ա­ւելց­նե­լով, որ հում­քը ամ­բող­ջո­վին բնա­կան է: Նա­րին­ջի ու կիտ­րո­նի իւ­ղերն ան­գամ ինք կը ստա­նայ:

Ա­նա­հիտ Ստե­փա­նեա­նի հա­մա­ձայն, ի­րենք հե­տա­մուտ են օգ­տուիլ բնու­թեան բա­րիք­նե­րէն, իսկ Տա­ւու­շի ան­տառ­նե­րու բոյ­սե­րէն կը հաւ­նին լո­րե­նին, կ՚օգտուին խնկա­ծա­ղի­կէն, իսկ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն պի­տի փոր­ձեն ու­սում­նա­սի­րել այլ բոյ­սեր եւս:

«Հա­ղար­ծի­նի մշա­կու­թա­յին շա­բաթ»ը տե­ղի ու­նեցաւ 15-21 Օ­գոս­տո­ս թուականներուն միջեւ, Հա­ղար­ծի­նի վա­նա­կան հա­մա­լի­րի տա­րած­քին մէջ: Տե­ղի ունեցան նաեւ տար­բեր նիւ­թե­րով նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ, ժա­պա­ւէ­նի բա­ցօ­թեայ ցու­ցադ­րու­թիւն եւ վար­պե­տաց դա­սեր:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 22, 2016