Ռաֆայէլ Իսրայէլեան. Հայու Ոգեղէն Խոյանքին Քարեղէն Շնչաւորումը

Սեպ­տեմ­բեր 17-ին հայ ժո­ղո­վուր­դը կը նշէ ծննդեան տա­րե­դար­ձը իր մե­ծա­նուն ար­ժէք­նե­րէն ճար­տա­րա­պետ Ռա­ֆա­յէլ Իս­րա­յէ­լեա­նի (1908¬1973), որ յատ­կա­պէս «Սար­դա­րա­պա­տի ճա­կա­տա­մար­տը» յա­ւեր­ժաց­նող իր յու­շա­հա­մա­լի­րով՝ բարձ­րա­դիր պա­տուան­դան մը նուա­ճած է հա­յոց ան­մահ ար­ժէք­նե­րու պան­թէո­նին ու, իբ­րեւ այդ­պի­սին, հե­տա­գայ սե­րունդ­նե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ։

Ռա­ֆա­յէլ Իս­րա­յէ­լեան ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս կը հան­դի­սա­նայ հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան տա­ղան­դա­ւոր այն վար­պե­տը, որ քա­րե­ղէն շնչա­ւո­րում տուաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին խո­յան­քին եւ խրոխտ սլաց­քին։­
Ինչ­պէս որ մե­ծա­տա­ղանդ ճար­տա­րա­պե­տին նուի­րուած կայ­քէ­ջը կ՚ընդգ­ծէ՝

«Հայ ա­կա­նա­ւոր ճար­տա­րա­պետ Ռա­ֆա­յէլ Իս­րա­յէ­լեա­ն հա­մադ­րած է ժա­մա­նա­կա­կիցն ու ա­ւան­դա­կա­նը եւ ազ­գա­յին ո­գիով լու­ծել ար­դի ճար­տա­րա­պե­տու­թեան մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը:

«Մեծ վար­պե­տի ժա­ռան­գու­թիւ­նը յի­րա­ւի կը զար­դա­րէ Հա­յաս­տա­նի լեռ­ներն ու ձո­րե­րը: Իս­րա­յէ­լեա­նի ա­րուես­տին մէջ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կով կը ներ­կա­յաց­ուի Հա­յաս­տա­նի ան­ցեալն ու ա­պա­գան: Անոր ու­ղեն­շած ճա­նա­պար­հը կը տա­նի դէ­պի ար­դիա­կա­նի եւ ազ­գա­յի­նի ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը: Այս ճա­նա­պար­հին Մեծ ճար­տա­րա­պե­տը դրսե­ւո­րած է հայ ազ­գա­յին ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան նե­րու­ժը»:

Ռա­ֆա­յէլ Սար­գի­սի Իս­րա­յէ­լեան ծնած էր 1908-ի Սեպ­տեմ­բեր 17-ին, Թիֆ­լիզ։ Հայ­րը՝ Սար­գիս Յա­կո­բի Իս­րա­յէ­լեան ծնած էր Շու­շի եւ ե­ղած էր Հա­յոց լե­զուի ու գրա­կա­նու­թեան մաս­նա­գէտ, բա­նա­հա­ւաք՝ ծաւա­լե­լով գի­տա­կան եւ կրթա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւն Ար­ցա­խի տար­բեր շրջան­նե­րուն եւ Թիֆ­լի­զի մէջ։ Իսկ մայ­րը՝ Մա­րիամ Հախ­նա­զա­րեան ծնած էր Նա­խի­ջե­ւան։

Կեն­սագ­րա­կան ար­մատ­նե­րով ար­դէն նա­խագ­ծուած էր հայ ար­դի ճար­տա­րա­պե­տու­թեան վար­պե­տին ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ներշնչ­ման ու­ղին։

Ռա­ֆա­յէլ Իս­րա­յէ­լեան 1925-ին ա­ւար­տեց Թիֆ­լի­զի թիւ 72 Աշ­խա­տան­քա­յին դպրո­ցը։ 1926-1928-ին ու­սա­նե­ցաւ Վրաս­տա­նի Գե­ղա­րուես­տի ա­կա­դե­միո­յ ճար­տա­րա­պե­տու­թեան բա­ժան­մուն­քին մէջ։ 1929-1932 Իս­րա­յէ­լեան ու­սու­մը կա­տա­րե­լա­գոր­ծեց Լե­նինկ­րա­տի Կո­մու­նալ Շի­նա­րա­րու­թեան հիմ­նար­կի ճար­տա­րա­պե­տու­թեան բա­ժան­մուն­քին մէջ։

Իբ­րեւ ճար­տա­րա­պետ¬նա­խագ­ծող ա­ւար­տե­լով ու­սու­մը՝ 1932-1934-ին Իս­րա­յէ­լեան մաս­նա­գի­տաց­ման հե­տե­ւե­ցաւ Լե­նինկ­րա­տի Խ.Ս.Հ.Մ. Գե­ղա­րուես­տի ա­կա­դե­միո­յ Ի. Ե. Ռե­պի­նի ա­նուան գե­ղան­կար­չու­թեան, քան­դա­կա­գոր­ծու­թեան եւ ճար­տա­րա­պե­տու­թեան հիմ­նար­կին մէջ եւ 1934-ին ա­ւար­տեց Տիպ­լո­մա­յին Նա­խա­գի­ծե­րու նա­խա­պատ­րաս­տա­կան դա­սըն­թաց­քնե­րը։ «Գե­րա­զան­ցու­թեամբ» պաշտ­պա­նե­լով Տիպ­լո­մա­յին Նա­խա­գի­ծը՝ ան ստա­ցաւ ճար­տա­րա­պետ-ա­րուես­տա­գէ­տի կո­չում։ Իսկ 1936-ին ա­ւար­տե­լով միեւ­նոյն հիմ­նար­կի Վար­պե­տու­թեան կա­տա­րե­լա­գործ­ման դա­սըն­թացք­նե­րը՝ Իս­րա­յէ­լեան ըս-տա­ցաւ ճար­տա­րա­պետ-նկա­րի­չի կո­չում։

1936-ին տե­ղա­փո­խուե­ցաւ Ե­րե­ւան եւ մին­չեւ 1941 աշ­խա­տե­ցաւ Հ.Խ.Ս.Հ. Կո­մու­նալ Տնտե­սու­թեան ժող­կո­մա­տին ա­ռըն­թեր ճար­տա­րա­պե­տա­կան-Նա­խագ­ծա­յին թիւ 2 Ա­րուես­տա­նո­ցին («Հայ­պետ­նա­խա­գիծ») մէջ, իբ­րեւ ճար­տա­րա­պետ։

1941-1943 թուա­կան­նե­րուն աշ­խա­տե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Պատ­մա­կան յու­շար­ձան­նե­րու ՚ահ­պա­նու­թեան կո­մի­տէին մէջ, իբ­րեւ ա­ւագ գի­տաշ­խա­տող։

Միա­ժա­մա­նակ՝ 1941-էն սկսեալ մին­չեւ 1963-ը, Իս­րա­յէ­լեան դա­սա­ւան­դեց Ե­րե­ւա­նի Պո­լի­տեխ­նի­կա­կան ինս­տի­տու­տին մէջ, իբ­րեւ ա­ւագ դա­սա­խօս, իսկ 1947-էն ետք, իբ­րեւ տո­ցենտ։

1944-ին կա­յա­ցաւ Ռաֆայէլ Իս­րա­յէ­լեա­նի ա­ռա­ջին ան­հա­տա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սը՝ Հա­յաս­տա­նի Ճար­տա­րա­պետ­նե­րու տան մէջ։

Ա­ռա­ջին կար­գի մրցա­նա­կի ար­ժա­նա­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ կա­ռու­ցուե­լիք Յաղ­թա­նա­կի կա­մա­րի նա­խագ­ծին հա­մար կա­տա­րուած բաց մրցոյ­թին։

1945-ին պար­գե­ւատ­րուե­ցաւ Հայ­կա­կան Խ.Ս.Հ. Գե­րա­գոյն Խոր­հուր­դի պատուոյ գի­րով։ 1947-ին, ճար­տա­րա­պե­տու­թեան ե­րի­տա­սարդ վար­պետ­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեանց 2-րդ Հա­մա­միու­թեա­նա­կան ստու­գա­տե­սի ըն­թաց­քին ար­ժա­նա­ցաւ ա­ռա­ջին մրցա­նա­կի։

1947-1949 տա­րի­նե­րուն աշ­խա­տե­ցաւ Հայ­կա­կան Խ.Ս.Հ. Նա­խա­րար­նե­րու Խոր­հուր­դին ա­ռըն­թեր Ճար­տա­րա­պե­տու­թեան գոր­ծե­րու վար­չու­թեան ա­րուես­տա­նո­ցին մէջ, իբ­րեւ ճար­տա­րա­պետ-նա­խագ­ծող։
1950-ին ընտ­րուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի Քա­ղա­քա­յին խոր­հուր­դի պատ­գա­մա­ւոր։

Նոյն տա­րին պար­գե­ւատ­րուե­ցաւ Հայ­կա­կան Խ.Ս.Հ. Գե­րա­գոյն խոր­հուր­դի պա­տուոյ գի­րով։
1951-ին Յաղ­թա­նակ յու­շար­ձա­նի ճար­տա­րա­պե­տու­թեան հա­մար ար­ժա­նա­ցաւ Խ.Ս.Հ.Մ. պե­տա­կան ա­ռա­ջին կար­գի մրցա­նա­կի։

1952-ին, Լե­նինկ­րա­տի Խ.Ս.Հ.Մ. Գե­ղա­րուես­տի Ա­կա­դե­միա­յի Ի. Ե. Ռե­պի­նի ա­նուան գե­ղան­կար­չու­թեան, քան­դա­կա­գոր­ծու­թեան եւ ճար­տա­րա­պե­տու­թեան հիմ­նար­կին մէջ, պաշտ­պա­նեց «Իմ աշ­խա­տանք­նե­րը ճար­տա­րա­պե­տու­թեան մէջ» թե­մա­յով ա­տե­նա­խօ­սու­թիւ­նը եւ ստա­ցաւ ճար­տա­րա­պե­տու­թեան թեկ­նա­ծուի գի­տա­կան աս­տի­ճան։

1961-ին, Հայ­կա­կան Խ.Ս.Հ. Գե­րա­գոյն խոր­հուր­դի նա­խա­գա­հու­թեան հրա­մա­նագ­րով, ար­ժա­նա­ցաւ Հայ­կա­կան Խ.Ս.Հ. Ա­րուես­տի վաս­տա­կա­ւոր գոր­ծի­չի պա­տուա­ւոր կոչ­ման։

Իսկ 1968-ին, Հայ­կա­կան Խ.Ս.Հ. Գե­րա­գոյն խոր­հուր­դի նա­խա­գա­հու­թեան հրա­մա­նագ­րով, ար­ժա­նա­ցաւ Հայ­կա­կան Խ.Ս.Հ. վաս­տա­կա­ւոր ճար­տա­րա­պե­տի պա­տուա­ւոր կոչ­ման։

1970-ին, Խորհր­դա­յին Միու­թեան Գե­րա­գոյն խոր­հուր­դի նա­խա­գա­հու­թեան հրա­մա­նագ­րով՝ հայ մեծ ճար­տա­րա­պե­տը ար­ժա­նա­ցաւ Խ.Ս.Հ.Մ. ժո­ղովր­դա­կան ճար­տա­րա­պե­տի պա­տուա­ւոր կո­չու­մին։

Հայ Հո­գիին եւ ազ­գա­յին խո­յան­քին քա­րե­ղէն մարմ­նա­ւո­րու­մը ի­րա­գոր­ծած մե­ծա­տա­ղանդ ճար­տա­րա­պե­տը վախ­ճա­նե­ցաւ Ե­րե­ւան, 1973 թուա­կա­նի Սեպ­տեմ­բերի 8-ին։

Ռա­ֆա­յէլ Իս­րա­յէ­լեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան հա­րուստ ժա­ռան­գու­թեան մէջ յա­տուկ յի­շա­տա­կու­թեան ար­ժա­նի են՝

-«Ա­րա­րատ» Տրես­տի գի­նիի մա­ռան­նե­րը (Գ. Քո­չա­րի հա­մա­հե­ղի­նա­կու­թեամբ)։

-«Սար­դա­րա­պա­տի հե­րո­սա­մար­տի յու­շա­հա­մա­լի­րը», Ար­մա­ւի­րի մարզ։

-«Չա­րեն­ցի կա­մար» յու­շա­կո­թո­ղը, Ե­րե­ւան-Գառ­նի մայ­րու­ղի։

-«Յաղ­թա­նակ» զբօ­սայ­գիի մուտ­քի յաղ­թա­կա­մա­րը՝ Ա­զա­տու­թեան պո­ղո­տայ։

-«Յաղ­թա­նա­կի յու­շար­ձան-թան­գա­րան»ը, «Յաղ­թա­նակ» զբօ­սայ­գի։

-1918-ի Բաշ Ա­պա­րա­նի Հե­րո­սա­մար­տի յու­շա­հա­մա­լի­րը՝ Ա­պա­րան։

-«Մու­սա լե­րան հե­րո­սա­կան ճա­կա­տա­մար­տը» յու­շար­ձա­նը, գ. Մու­սա­լեռ։

-«1920 թուի Հա­ճը­նի հե­րո­սա­մար­տը» յու­շար­ձա­նը՝ Նոր Հա­ճը­ն։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2015