ԱՆՄԱՀԻ ՄԸ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ 80-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԸ ԿԱՄ ԲԻ՜ՒՐ ՅԱՐԳԱՆՔ ՄԵԾՆ ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻՆ
Այսօր կը լրանայ մահուան 80-ամեակը երախտաւոր գործիչի մը, որու անուան հետ կապուած է հայ ժողովուրդի հոգեւոր, զգացական կենսագրութեան կարեւոր մէկ մասը: Կոմիտասն է անունն այդ, որ անմահ է: 1935 թուականի 22 Հոկտեմբերին Փարիզի Վիլ-Ժուիֆի հիւանդանոցին մէջ իր վախճանը կը կնքէ հայ երաժշտութեան հանճար նկատուող Կոմիտասը՝ Սողոմոն Գէորգի Սողոմոնեանը: Ան ծնած է 1869 թուականի Սեպտեմբերի 26-ին Քիւթահիայի մէջ։
Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի քառամեայ դպրոցին մէջ, ապա յաճախաճծ է Պուրսայի հայկական դպրոցը, սակայն իր հօր մահուան պատճառով թերի թողած է զայն։ Վերադարձած է իր ծննդավայրը, ուր ապրած է իր հօրեղբօր մօտ, որովհետեւ ան մօրմէն զրկուած էր տակաւին մէկ տարեկանին։ 1881 թուականին, տասներկու տարենակնին զայն ուղարկած Էջմիածին, ուր 1881-1893 թուականներու միջեւ ուսանած է Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի երդիքին տակ։ Ընդունած է հոգեւորական կոչում։ Ուսումը աւարտելու տարին նշանակուած է ճեմարանի երաժշտութեան ուսուցիչ։ 1895 թուականին դարձած է Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան անդամ։ Տարի մը Թիֆլիզի մէջ աշակերտած է Մակար Եկմալեանին, ապա՝ 1896 թուականին, Ալեքսանտր Մանթաշովի օժանդակութեամբ ուղարկուած է Պերլին՝ մասնագիտական բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու համար։ Ան երաժշտական ուսում ստացած է յայտնի յօրինող Ռիխարտ Շմիտթի մասնաւոր երաժշտանոցին մէջ։ Միաժամանակ հետեւած է Պերլինի համալսարանի փիլիսոփայութեան եւ պատմութեան դասընթացքներուն։ 1899 թուականին աւարտած է երաժշտանոցը. նոյն թուականին ընդունուած է Միջազգային երաժշտութեան անդամ։ Նախքան հայրենիք վերադառնալը՝ Պերլինի երաժշտանոցին մէջ դասախօսած է հայ երաժշտութեան մասին։ Վերադառնալով Էջմիածին, նշանակուած է Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի երաժշտութեան դասախօս։ Այդ տարիներուն ծրագրուած աշխատանք տարած է հայ ժողովրդական երգերու հաւաքման, գրառման եւ մշակման ուղղութեամբ։ 1901 թուականին մասնակցած է Պերլինի մէջ կայացած երաժշտական համաժողովին։ 1905 թուականին Թիֆլիզի մէջ արուեստագէտներու ընկերութեան դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցած է անոր առաջին համերգը։ Յաջորդ տարի մեկնած է Փարիզ, ֆրանսական երգչախումբով՝ տուած է հայկական համերգ, որ արժանացած է ֆրանսական մամուլի եւ ականաւոր արուեստագէտներու միահամուռ հիացմունքին։ Համերգը կրկնուած է նաեւ Զուիցերիոյ մէջ։ Վերադառնալով Էջմիածին, շարունակած է ուսուցչութիւնը եւ ժողովրդական երգերու հաւաքումը։ 1910 թուականին մեկնած է Պոլիս, ուր հիմը դրած է «Գուսան» մեծ երգչախումբին՝ բաղկացեալ երեքհարիւր հոգիէ։ Տուած է համերգներ, որոնց մասին բացառիկ հիացմունքով խօսած են ինչպէս հայ թերթերը (ԺԱՄԱՆԱԿ, «Ազատամարտ», «Արեւելք», «Բիւզանդիոն» եւայլն), այնպէս ալ Պոլսոյ տեղական, գերմանական, յունական թերթերը։ 1914 թուականին Փարիզի համաշխարհային գոնկրէսին մէջ կարդացած է երեք դասախօսութիւն՝ հայ երաժշտութեան մասին, ստեղծելով միջազգային հետաքրքրութիւն հայ երգի նկատմամբ։
Կոմիտասի եւ հայ երաժշտութեան անդաստանէն ներս կատարած անոր անգնահատելի գործի մասին շատ գրուած է: Այս նիւթով, մեծ երաժիշտի, երաժշտագէտի, խմբավարի, ազգագրագէտի, վարդապետի եւ անզուգական ուսուցիչի մահուան 80-ամեակին առթիւ անդրադարձ կը կատարենք, թէ ինչպէ՛ս եւ ի՛նչ միջոցներով Կոմիտասի անունը եւ ժառանգութիւնը պահպանուած են Հայաստանի մէջ:
Հայաստանի՝ զանազան տարիներու իշխանութիւնները անոր անունով կոչելով դպրոցներ, երաժշտանոց, փողոց, պանթէոն, Մեծն Կոմիտասի արձանները եւ կիսանդրիները տեղադրելով մայրաքաղաքի եւ Հայաստանի այլ քաղաքներու կարեւոր վայրերուն մէջ եւ վերջապէս՝ բանալով Կոմիտաս թանգարան-հիմնարկը՝ արժանին մատուցած են մեծ հայուն՝ անով արտայայտելով ամբողջ հայ ժողովուրդի երախտիքը առ մեծն Հայը:
Կոմիտասի վերադարձը՝ Հայաստան կատարուած է տակաւին 1936 թուականին, երբ 26 Մայիսին, իր մահէն մէկ տարի վերջ, Փարիզէն Երեւան տեղափոխուեցաւ անոր աճիւնը եւ ամփոփուեցաւ զբօսայգիի մը մէջ: Այդ զբօսայգին ալ, նոյն տարին հիմք դարձաւ կառուցելու Հայոց մեծերու պանթէոնը եւ զայն կոչելու Կոմիտասի անուամբ: Այնտեղ ամփոփուած են հայ գրականութեան, արուեստի, մշակոյթի երախտաւորները:
Կոմիտասը մայր հողին մէջ ամփոփելէ տասը տարի ետք՝ 1946 թուականին անոր անունով անուանակոչուեցաւ 1923 թուականին հիմնուած Երեւանի Պետական երաժշտանոցը (որն ալ հիմնուած է 1921 թուականին ստեղծուած երաժշտական սթուտիոյի մը հիման վրայ): Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցը Հայաստանի լաւագոյն ուսումնական հաստատութիւններէն մին է, որ տուած է բազում աշխարհահռչակ անուններ:
Երաժշտանոցին առջեւ, փոքրիկ պուրակի մը մէջ Կոմիտասի արձանն է, որ անոր գլխաւոր արձանն է՝ մայրաքաղաքին մէջ: Եւս մէկ արձան կայ պանթէոնին մէջ, իր իսկ շիրմին վրայ:
Այդ եւ երաժշտանոցի առջեւ դրուած արձաններու հեղինակը հայ նշանաւոր քանդակագործ Արա Յարութիւնեանն է:
Երաժիշտի անունով կը կոչուի Երեւանի բանուկ պողոտաներէն մէկը, որ կը գտնուի Արաբկիր շրջանին մէջ: Կոմիտաս պողոտային վրայ եւս դիմաքանդակ մը կայ Մեծն Կոմիտասի, որ կը խորհրդանշէ անոր անունով փողոցի անուանակոչութիւնը:
Մեծ երաժիշտի անունը կը կրէ Երեւանի լաւագոյն համերգային դահլիճներէն մէկը՝ Կամերային երաժշտութեան տունը, որ մայրաքաղաքի ինքնատիպ սրահներէն մէկն է, ուր զանազան լաւագոյն համերգներ ու ձեռնարկներ տեղի կ՚ունենան: Հայաստանի մէջ կը գործէ նաեւ «Կոմիտաս» հրատարակչութիւնը, որ կը հրատարակէ երաժշտական գրականութիւն եւ կարեւոր նշանակութիւն կու տայ մանաւանդ հայ ժողովրդական, աշուղական արուեստին։ Հրատարակչութեան կից կը գործէ նաեւ գրադարան, ուր կը պահուին զանազան տարիներու ստեղծագործած հայ երաժշտահաններու չհրատարակուած ստեղծագործութիւնները։ Կոմիտասի անուան արուեստի դպրոց մը կը գործէ Վանաձոր քաղաքը, Կոմիտասի արձանները դրուած են նաեւ Հայաստանի այլ վայրերու մէջ:
ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԱՆՈՒԱՆ ԼԱՐԱՅԻՆ ՔԱՌԵԱԿ
Կոմիտասի յիշատակի պահպանման լաւագոյն մշակութային կառոյցներէն մէկն ալ Կոմիտասի անուան ազգային քառեակն է, որ արդէն բոլորած է իր հիմնադրման իննսուն տարին:
Հայկական երաժշտական կեանքին մէջ քիչ են այն խումբերը, որոնց գոյութիւնը մօտեցած է մէկ դարու: Անոնցմէ է 1924 թուականին Մոսկուայի երաժշտանոցի հայ ուսանողներ Աւետ Գաբրիէլեանի, Լէոն Օհանջանեանի, Միքայէլ Տէրեանի եւ Սէրկէյ Ասլամազեանի նախաձեռնութեամբ հիմնուած քառեակը, որ այսօր կը նկատուի աշխարհի հնագոյն քառեակը:
Հայաստանի կառավարութեան որոշմամբ՝ 1932 թուականին քառեակին շնորհուած է Մեծն Կոմիտասի անունը: Դասական, եւրոպական երաժշտութեան կողքին, Պետական լարային քառեակը մշտապէս կը հնչեցնէ հայկական դասական ստեղծագործութիւններ, Կոմիտաս Վարդապետի անմահ գործերէն:
ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆ
Կոմիտասի անունը կրող եւ անոր ժառանգութիւնը լաւագոյնս ներկայացնող ամենէն մեծ ու նշանակալից կեդրոնը այս տարուան ընթացքին Երեւանի մէջ բացուած Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկն է: Այն կոմիտասագիտութեան զարգացման միտուած գիտական լուրջ հիմնարկ մըն է, որ նպատակ ունի ամբողջ աշխարհի մէջ տարածել հայ մեծ երաժիշտ Կոմիտաս Վարդապետի գործերը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ դառնալ գլխաւոր կեդրոնը, ուր լաւագոյնս կը ներկայացուի մեծ երաժիշտը՝ իր անցած ճամբով: Տաղանդաւոր ճարտարապետ Արթուր Մեսչեանի հեղինակութեամբ նախագծուած շէնքը այսօր դարձած է մայրաքաղաքի լաւագոյն ճարտարապետական կառոյցներէն մին եւ միաժամանակ՝ հայութեան հոգեւոր-մշակութային գլխաւոր կեդրոններէն, որ միշտ լեցուն է աշխարհի չորս կողմերէն եկած հայերով: Նաեւ բազմաթիւ օտարներ, այս կեդրոն այցելելով, կը ծանօթանան Մեծն Կոմիտասի ժառանգութեան եւ իր գործին նուիրուած հետազօտական նիւթերուն:
Երկու լայն յարկաբաժիններու վրայ, ազդու լուսաւորութիւնով մը կարելի է հաղորդ դառնալ Կոմիտասին Վարդապետին։ Պաստառներու վրայ բացատրութիւններ, տեսահոլովակներ, լուսանկարներ, նուագարաններ, ձեռագրեր, կենցաղային իրեր, ձայնագրութիւններ, համերգներու հրաւէրներ կամ գրքոյկներ, դաշնակ, իր ներշնչումով ուրիշներու կողմէ կատարուած ստեղծագործութիւններ եւ տակաւին բազմաթիւ իրեր, որոնց միջոցաւ ամէն այցելու կրնայ հաղորդ դառնալ Կոմիտասին։ Այս շրջագծով կ՚առանձնանան իր դաշնակը, զոր կրցած է ապահովել բարեյիշատակ ազգային բարերար Ալեքսանտր Մանթաշեանի զօրակցութեամբ եւ «Գուսան» երգչախումբին խմբանկարը՝ Մեծ Վարդապետին գլխաւորութեամբ։
Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկը կը գտնուի Երեւանի Կոմիտասի անուան զբօսայգիին մէջ: Կառուցման նիւթական ծախսերը հոգացած են «Փիւնիկ» եւ «Լոյս» հիմնադրամները։ Կոմիտասի թանգարանը բացուած է Եղեռնի 100-րդ տարելիցին շրջագծով։
Այցելուներու առջեւ Կոմիտասի անուան թանգարան-հիմնարկը կը ներկայանայ մշտական հարուստ ցուցադրութեամբ, ինչպէս նաեւ հիմնարկին մէջ ժամանակաւոր ցուցադրութիւններու հնարաւորութիւն կայ: Թանգարանին մէջ կը գործէ նաեւ համերգասրահ մը, ուր թանգարանի բացումին հրաշալի համերգ մը տեղի ունեցաւ: Նախատեսուած է նաեւ թանգարանի մէջ հիմնել երաժշտական սթուտիօ, գրադարան, հրատարակչութիւն: Մշտական ցուցադրութեան կազմակերպման համար թանգարանին առարկաներ յանձնած են Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի եւ Հայաստանի Ազգային գրադարանի հաւաքածոներէն։ Բոլոր նիւթերը բաշխուած են թանգարան-հիմնարկի ութ սրահներուն մէջ: Կազմակերպուած է միջազգային չափանիշներուն համապատասխան թանգարանային գրաւիչ ցուցադրութիւն:
Այդ սրահներէն ներս այցելուն կրնայ ամբողջական պատկերացում կազմել Կոմիտասի կենսագրութեան, կեանքի, բանահաւաքչական գործունէութեան, անոր ընկերներուն, ժամանակակիցներուն, աշակերտներուն, Կոմիտասը ուսումնասիրողներուն մասին:
Բացառիկ ցուցադրանմոյշներ կան Կոմիտասի անձնական իրերէն, վկայականներէն, աշխատութիւններէն, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի մէջ ուսանելու տարիներու անոր նոթագրութեան դրուագներէն: Կոմիտասագիտութեան կեդրոնը այցելութեան վայր մըն է բազմաթիւ հայաստանցիներու, սփիւռքահայերու համար:
ԿՈՄԻՏԱՍԸ՝ ՀԱՅ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԷՋ
Հայ մշակոյթի, արուեստի այն երախտաւորներէն է Կոմիտաս, որու մասին գրուած են բազմաթիւ երկեր, գիրքեր, նկարա-հանուած են շարժանկարներ (որոնցմէ վերջինը՝ այս տարի աւարտին հասցուցած Վիգէն Չալտրանեանի «Վարդապետի լռութիւնը» շարժանկարը): Բանաստեղծական մեծ ներշնչանքով ծնած է Պարոյր Սեւակի «Անլռելի զանգակատունը», որ հայ քերթութեան գագաթներէն կը նկատուի:
Ըլլալով երաժիշտ՝ մանաւանդ անոր կատարած գործը, արուեստը ներշնչած է մեծ թիւով երաժիշտներու եւ ընթացք տուած է հայկական երաժշտական կեանքին, որ այլեւս անպատկերացնելի է առանց Կոմիտասի արուեստին:
Մեծն Կոմիտասի կերպարը տեղ գտած է նաեւ հայ կերպարուեստի մէջ. բացի այն, որ աշխարհի տարածքին, զանազան երկիրներու մէջ կերտուած են անոր քանդակները, արձանները եւ զետեղուած հայաշատ քաղաքներու մէջ, նաեւ Կոմիտաս եղած է հայ նկարիչներու ներշնչումներու կերպարներէն: Նշանաւոր են Փանոս Թերլեմեզեանի Կոմիտասի նկարները, զորս մեծ նկարիչը նկարած է իրենց մտերմութեան տարիներուն:
Իսկ Խորհդային Հայաստանի մէջ նոյնպէս հայ նկարիչները անդրադարձած են մեծ երաժիշտի կերպարին: Կոմիտասի նշանաւոր նկարներ ունին Գրիգոր Խանճեան, Մարտիրոս Սարեան, Երուանդ Քոչար, Եղիշէ Թադէոսեան, Ռուտոլֆ Խաչատրեան, Հրաչեայ Ռուխկեան, Ալեքսանտր Գրիգորեան, Էտուարտ Արծրունեան, ինչպէս նաեւ այլ նկարիչներ:
Տաղանդաշատ հայ նկարիչ Սարգիս Մուրատեան եղած է 20-րդ դարու առաջին հայ նկարիչներէն մին, որ խորհրդային տարիներուն անդրադարձած է Կոմիտասին՝ այլ տեսանկիւնէ մը: Անոր վրձնած «Կոմիտասի վերջին գիշերը» կտաւը հայ գեղանկարչութեան գլուխգործոցներէն մին է, ուր Կոմիտասը կը ներկայանայ իր ողջ տագնապներու եւ ալեկոծումներու մէջ: Այդ նկարին մէջ լաւագոյնս կ՚արտացոլուի մեծ հայուն կերպարը, որ մէկ պահ ընդհատած է իր ստեղծագործելու ընթացքը եւ ամբողջութեամբ սպասում եւ տագնապ կ՚արտայայտէ:
Հայ ժողովուրդը, սակայն, Կոմիտասի հանդէպ ինքնամոռաց սիրով, անոր հանդէպ սրբութեան հասնող պաշտամունքով մեծ երաժիշտը հանած է այդ տագնապի եւ սպասումի ճիրաններէն եւ անոր անունը, եւ կատարած գործը դրած է հայոց փառքի ամենէն բարձր գագաթին:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/12/2024