ԶԱՅՐՈՅԹԷՆ ԱՆԴԻՆ…

Զայրոյթը դարձած է այնպիսի զգացում մը, որ կը սնուցէ քաղաքականութիւնն ու մշակոյթները։ Արդեօք կարելի՞ է դուրս գալ այս յորձանուտէն։

Մենք կը զայրանանք, երբ մեզի նկատմամբ անարդար վերաբերուած են, կա՛մ ենթարկուած ենք անբարոյ վարքագծի եւ կամ արհամարհուած ենք։ Այս բոլորի արդիւնքին, հիասթափութիւնն ու նուաստացումը սերտօրէն կապուած են անհատի խնդիրներու յաղթահարման ռազմավարութեան հետ։ Մինչ ոմանք հակուած են մեղադրել իրենք զիրենք եւ պատասխանատուութիւն ստանձնել, ուրիշներ կրնան զայրոյթ, ատելութիւն եւ վրէժխնդրութիւն զգալ։

Մեզմէ շատեր ամէն օր կ՚ենթարկուին զայրոյթի՝ մեր անձնական յարաբերութիւններուն, աշխատավայրին մէջ, փոխադրամիջոցներով ճամբորդելու ընթացքին, եւ այլն։ Զայրոյթը թունաւոր է, բայց, միեւնոյն ժամանակ, համատարած։ Թէեւ մարդիկ գիտեն անոր կործանարար կողմը, սակայն յաճախ կը կառչին անոր, քանի որ զայրոյթը կը սեպեն՝ որպէս ուժեղ յոյզ, որ յաճախ կապուած է «տղամարդ» ըլլալու կամ կիներու հաւասարութիւնը շեշտելու հետ։ Երբ վիրաւորանքներու կամ անարդարութեան կ՚արձագանգենք առանց զայրոյթի, թշուառ կամ անզօր կը համարուինք։ Ըստ բազմաթիւներու, երբ մէկը ձեր դէմ յանցանք մը գործէ, ան պէտք է պատժը-ւի, զայրոյթէն օգտուելով անհրաժեշտ է արդարութիւնը վերահաստատել։

Երբ աւելի ուշադիր դիտարկենք զայրոյթը, կ՚անդրադառնանք, թէ անոր դիմելը որքան անիմաստ միջոց մըն է։ Այս նիւթով կարելի է մէջբերել Արիստոտելի միտքը, ըստ որու ցասումը պատասխանն է ոեւէ մէկուն հասցուած լուրջ վնասի։ Ան նաեւ կ՚աւելցնէ, որ ցասումը կը պարունակէ վրէժխնդրութիւն։ Այս բոլորը կը թուին ճիշդ եւ տրամաբանական։ Հակասականը այն է, թէ բարկացած մարդը կը ցանկնայ վրէժ լուծել եւ մարդ կը կարծէ, թէ վրէժխնդրութիւնը անբաժանելի մասն է զայրոյթին։ Այսինքն՝ եթէ դուք չէք փափաքիր վրէժ լուծել, ապա այդ զգացումը իրական զայրոյթ չէ, ուրիշ բան է՝ գուցէ վիշտ։

Զայրացած մարդ մը կրնայ չուզել վրէժ լուծել, բայց կրնայ փափաքիլ, թէ չարագործի կեանքը ապագային վատթարանայ։ Օրինակ՝ կին մը կրնայ յոյս ունենալ, որ իրեն դաւաճանած ամուսնոյն երկրորդ ամուսնութիւնը վատթարանայ։ Այսինքն՝ Արիստոտել իրաւացի է. զայրոյթը կը պարունակէ վրէժխնդրութիւն։ Իրական հանելուկը վրէժխնդրութեան գաղափարի անտրամաբանականութիւնն է։  Ինչ որ ալ ըլլայ յանցագործութիւնը՝ սպանութիւն, բռնաբարութիւն կամ խաբէութիւն, յանցագործի ցաւը չ՚օգներ վերադարձնել կորսուածը: Մենք անընդհատ կը մտածենք վրէժի մասին։ Այն գաղափարը, որ «յանցագործը պէտք է պատժուի», շատ մարդկային է, սակայն, կորսուածը չի վերադարձներ։ Զոր օրինեկ՝ մեր ընկերներէն մէկը բռնաբարուած է, կ՚ուզենք, որ յանցագործը անյապաղ ձերբակալուի, դատուի ու պատժուի։ Բայց սա, իրականութեան մէջ, ի՞նչ օգուտ ունի։ Կրնանք ուզել, որ մեր ըներոջ կեանքը վերականգնուի, թոյլ չտանք, որ ան նման ողբերգութիւն մը վերապրի… Բայց եւ այնպէս, պարզ չէ, թէ արդեօք յանցագործի նկտատմամբ դաժան վերաբերմունքը կը հասնի՞ իր նպատակին։ Սակայն շատեր այսպէս չեն մտածեր։ Անոնք տարուած են «արեան դէմ արիւն» գաղափարով։ Վրէժխնդրութեան գաղափարը մարդկային է, սակայն, կեանքը իմաստաւորելու գործին մէջ՝ թերի եւ անտրամաբանական։

Վիրաւորուած մարդը, որ առիթը կը փնտռէ վրէժ լուծելու, կարծեմ, կը կանգնի խաչմերուկին։ Անոր դիմաց երեք ճանապարհ կայ։ Առաջին ճանապարհը՝ մարդը կողմնորոշուած է ընկերային կարգավիճակի վրայ եւ ամէն ինչ կապուած է անոր եւ իր այդ դիրքին հետ։ Այս հանգամանքին տակ անոր վրէժխնդրութեան ծրագիրը կրնայ տրամաբանական համարուիլ, սակայն սա եսակեդրոն եւ անընդունելիօրէն նեղ գաղափար մըն է։ Երկրորդ ճանապարհը՝ մարդը կը կեդրոնանայ բուն յանցագործութեան վրայ եւ վրէժխնդիր կ՚ըլլայ՝ մտածելով, որ յանցագործի տառապանքով ամէն ինչ կը լուծուի։ Այս պարագային ան կեդրոնացած է ճիշդ բանի վրայ, սակայն անոր մտածելակերպը տրամաբանական չէ։ Երրոդ ճանապարհը՝ եթէ մարդ խելամիտ է, միւս երկու ուղիները քննելով եւ մերժելով կը հասկնայ, թէ իրեն համար կայ երրորդ ճանապարհ, որ ամենալաւն է. ան կը կեդրոնանայ միայն իրեն համար նպատակայարմարին ու բարեբերին։ Ի հարկէ, ան կրնայ ներառել յանցագործը պատժելը, սակայն պատիժի հիմնական նպատակը զսպում է, ո՛չ թէ վրէժ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2021