«ԿԱՊԻԿՆԵՐՈՒ ՄՈԼՈՐԱԿԸ» ԳՐԵԼՈՒ ՇԱՐԺԱՌԻԹԸ

Ֆրանսացի գրող Փիէռ Պուլի կողմէ 1963 թուականին հրատարակուած գիտաֆանթասթիք գիրքի հիմքին կայ դաժան ճշմարտութիւն մը: «Կապիկներու մոլորակը» խորագրեալ գիրքը կը պատմէ մօտաւոր ապագային երեք տիեզերագնացներու մասին, որոնք վայրէջք կը կատարեն Երկրին շատ նմանող մոլորակի մը վրայ՝ անտառներով, բնակելի կլիմայով եւ մաքուր օդով: Թէեւ այս մոլորակը կը թուի բոլոր առումներով ըլլալ կատարեալ, սակայն, իրականութեան մէջ ոչինչ այդպէս է: Ճշմարտութիւնը անմիջապէս կը բացայայտուի։ Մինչ մարդիկ Երկիր մոլորակի վրայ վայրենի էին, միւս մոլորակի վրայ քաղաքակիրթ կապիկները անոնց տէրը կը դառնան: Ուլիս Մերու, որ դէպքերու սկզիզբին բաժնուած էր իր ուղեկիցներէն եւ ստիպուած էր առանձին պայքարիլ, ինքնուրոյն ճանապարհներ կը փնտռէ այս դրախտային դժոխքէն փրկուելու համար։

«Կապիկներու մոլորակը» գրի առնուած է Երկրորդ աշխարհամարտէն յետոյ մարդկութեան հանդէպ վստահութեան կորուստով։ Այս պատերազմէն յետոյ եւրոպացիներու վստահութիւնը չարաշահուեցաւ սեփական քաղաքակրթութեան նկատմամբ։ Անոնք սկսան մտածել, թէ փիլիսոփայական, գրական եւ գիտական ​​յառաջընթացները, որոնցմով կը պարծենային, ըստ էութեան՝ պարապ են: Հետեւաբար, անհնար կը թուի, որ այդ բոլոր յառաջընթացներուն հասած մտաւորական քաղաքակրթութիւն մը իրագործէ պատմութեան ամենամեծ ջարդերէն մէկը: Այդ պատճառով կորսուեցաւ առաջին հերթին բանականութեան նկատմամբ վստահութիւնը։

Փիէռ Պուլ՝ որպէս այս պատերազմը ապրած եւրոպացիներէն մին, մարդկային էութիւնը կը դիտարկէ այդ տեսանկիւնէն: Երգիծանքի միջոցով ան մարդոց խորհուրդ կու տայ չվստահիլ սեփական խելքին ու կարողութիւններուն, քանի որ, ինչպէս եղած է միլիոնաւոր տարիներու ընթացքին, որոշ տեսակներ կը զարգանան, իսկ միւսները կը նուազին կամ կ՚անհետանան: Յայտնի չէ, որ մոլորակի վրայ մարդկութեան տիրապետումը արդեօք կը տեւէ՞:

Գիրքին մէջ երկու հիմնական պատճառ կայ, թէ ինչո՞ւ մարդկութիւնը անկում ապրեցաւ եւ փոխարինուեցաւ այլ տեսակներով:

1. Ծուլութիւն եւ տրամադրութեան կորուստ՝ զարգացող հնարաւորութիւններով ամէն ինչի դիւրահասանելիութեան պատճառով։ (Հարկ է նշել, որ այս գիրքը լոյս տեսած է 1960-ականներուն եւ նշուած հարցերը, անկասկած, իրենց այժմէականութիւնը չեն կորսնցուցած)։

2. Մարդու վայրենի բնազդները, այսինքն՝ անոր բռնութիւնները, որոնցմէ ինք երբեք պիտի չհրաժարի՝ որքան որ զարգանայ։

Այլ կարեւոր տարրերէն մէկը, որ մարդը կը դարձնէ մարդ, անոր հետաքրքրասիրութիւնն ու սորվելու ցանկութիւնն են։

Քաղաքակրթութեան զարգացման հիմքը մարդկութեան պատմութեան սկիզբէն ի վեր շարունակուող գիտելիքի կուտակումն է, որու արդիւնքին ձեռք բերուած են թեքնոլոժիք յառաջընթացները: Այս կերպով մենք սկսանք ժամանակ խնայել՝ խուսափելով երկարաժամկէտ աշխատանքէն։ Հեղինակը կ՚ըսէ, թէ այս միտումը կրնայ ըլլալ մարդկութեան վերջը։ Քանի որ մարդիկ սորված են ամէն ինչին դիւրին հասնիլ, սկսած են խուսափիլ այնպիսի բաներէ, որոնք նուազագոյն ֆիզիքական կամ մտաւոր ջանք կը պահանջեն: Իրականութեան մէջ ան չափազանց ծոյլ է՝ հետեւելու իր հետաքրքրասիրութեան եւ մտածելու անոր մասին եւ ի վերջոյ չի կրնար խուսափիլ իր մտածողութեան կուրացումէն։ Հետեւաբար զարմանալի չէ, որ մարդկութեան զարգացման արդիւնքին յառաջացած այս «ինքնագոհութիւնը» զայն կը դատապարտէ անկման՝ խլելով այն, ինչ որ մարդը կը դարձնէ մարդ:

Քանի որ կապիկները գերիշխող տեսակ են այդ մոլորակի վրայ, անոնք կամայականօրէն կ՚որսան մարդիկը, նոյնիսկ կը լուսանկարուին անոնց հետ ու կը սպաննեն, զանոնք կը փակեն վանդակներու մէջ եւ կ՚օգտագործեն փորձարկումներու ժամանակ։

Փաստօրէն, հեղինակը այս բոլորը գրի առած է՝ յստակօրէն ցոյց տալու համար, թէ մարդիկ ինչպէ՛ս կը վերաբերուին միւս կենդանիներուն: Ի դէպ, գիրքի մէջ նշուած մոլորակի անունը «Soror» է, որ լատիներէն կը նշանակէ՝ քոյր: Ինչպէս Երկիր մոլորակը, ան եւս առաջին հայեացքով դրախտ կը թուի իր բնական գեղեցկութիւններով, բայց եւ այնպէս, մոլորակի ամենազարգացած տեսակը կը տանջէ միւս կենդանի արարածները: Այսպիսով, ան կը դառնայ դժոխք՝ քան դրախտ: Ծանօ՞թ է այս իրավիճակը…

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 22, 2023