ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆԵՐԸ ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆԻ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ ՄԸ ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒՑԻՆ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Պա­քըր­գիւ­ղի մէջ ներ­կա­յա­ցու­ցին նա­հա­տակ բա­նաս­տեղծ Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նի վեր­յիշ­ման ուղ­ղեալ ծրագ­րե­րը։ Տա­տեան վար­ժա­րա­նի նո­րա­կա­ռոյց հա­մա­լի­րէն ներս, «Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» հան­դի­սաս­րա­հի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս ե­րե­կոյ­թը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցան Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան, Հայր Աբ­րա­համ Ծ. Վրդ. Ֆրա­տեան, Տ. Զա­տիկ Վրդ. Պա­պի­կեան, Տ. Յու­սիկ Քհնյ. Հէր­կէ­լեան, Ղա­լա­թիոյ խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Յա­րու­թիւն Է­պէօղ­լու, Տա­տեան վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Ար­շըք, Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Սիլ­վա Գու­յում­ճեան, Տա­տեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ա­լիս Պայ­րամ, կրթա­կան մշակ­ներ, գրա­սէր­ներ, մեր վար­ժա­րան­նե­րը յա­ճա­խող ե­րի­տա­սարդ­ներ եւ հիւ­րեր։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ան­ցեալ Ապ­րի­լին մեր հա­մայն­քա­յին լի­սէ­նե­րուն մի­ջեւ նկար­չու­թեան ձեռ­նարկ մը կազ­մա­կեր­պուած էր՝ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան այդ աշ­խա­տանք­նե­րը ներ­կա­յա­ցուած էին մուտ­քաս­րա­հին մէջ։​

Ձեռ­նար­կի բաց­ման ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Սիլ­վա Գու­յում­ճեան։ Ա­ւե­լի վերջ Կեդ­րո­նա­կա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը յա­ջո­ղու­թեամբ գոր­ծադ­րե­ցին ե­րե­կոյ­թի յայ­տա­գի­րը, ո­րու հե­տե­ւե­լով բո­լոր հան­դի­սա­տես­նե­րը ամ­բող­ջա­կան պատ­կե­րա­ցում մը կազ­մե­ցին Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նի կեան­քին ու գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ։ Այն բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ծրագ­րի ող­նա­յա­րը կը կազ­մէին, փո­խան­ցուե­ցան հա­յե­րէ­նի եր­կու ե­րի­տա­սարդ ու­սու­ցիչ­նե­րու՝ Սա­րին Աք­պա­շի եւ Ա­րաս Սա­րը­չո­պա­նի կող­մէ։ Պաս­տա­ռի ցու­ցադ­րու­թիւն­նե­րով ման­րա­մաս­նօ­րէն ներ­կա­յա­ցուե­ցան Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նի կեան­քի ա­ռանց­քա­յին հանգ­րուան­նե­րը։ Այդ դրուագ­նե­րը ճո­խա­ցուած էին նաեւ զա­նա­զան մաս­նա­գէտ­նե­րու մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րով, ո­րոնք ձե­ւով մը վկա­յու­թեան բնոյ­թը կը կրէին։ Ծրագ­րին մէջ ընդգր­կուած պա­րերն ալ գե­ղա­րուես­տա­կան չա­փում մը ա­պա­հո­ված էին եւ հան­դի­սա­տես­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ ա­ւե­լի հա­ճե­լի դար­ձու­ցին ե­րե­կոյ­թը։ Այս ամբողջին մէջ յատկանը-շական էին նաեւ ներկայացուած թատերակները, յայտնի դերասան Պօղոս Չալկըճըօղլուի մականին ներքեւ։

Ձեռ­նար­կի փակ­ման փու­լին Սիլ­վա Գու­յում­ճեան յու­շա­նուէր մը յանձ­նեց հիւ­րըն­կալ վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հիին՝ Ա­լիս Պայ­րա­մին։ Ան ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն ար­տա­յայ­տեց Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քին, մինչ Ա­լիս Պայ­րամ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ի­րեն մա­տու­ցուած յու­շա­նուէ­րին հա­մար։ Ա­պա փակ­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծառ, որ գնահատեց տարուած աշ-խատանքը։

Շաբաթ, Յունուար 23, 2016