ՄԱՐԴՈՒ ԹՇՆԱՄԻՆ՝ ՄԱՐԴԸ

Ծնւում ենք ակամայ,

Ապրում ենք զարմացած, 

Մեռնում ենք կարօտով…

Ահաւասիկ կեանքի ընդհանրական ու հակիրճ նկարագիրը, որ յստակ տուած է արեւելահայ մեծանուն հսկաներէն՝ Աւետիք Իսահակեան՝ 1923 թուականին Վենետիկի մէջ գրուած «Սաադիի վերջին գարունը» պատմուածքին մէջ։  

Շատ յաճախ մարդ արարածը ստիպուած կ՚ըլլայ խորհիլ կեանքի մասին, վերարժեւորել իր անցած ուղին։ Ի՞նչ է կեանքը, արդեօք կ՚արժէ՞ սա երկրային լոյսի համար ծնիլ, ապրիլ ու պայքարիլ։ Արդեօք մարդ արարածը լոյս աշխարհ կու գայ վայելելո՞ւ երկրային կեանքն ու բարիքները, թէ՞ իւր՝ շատ յաճախ խղճուկ գոյութիւնը պահպանելու համար տեւական պայքարելու, մաքառելու տեսանելի ու աներեւոյթ թշնամիներու դէմ։ Եւ կամ հանապազօրեայ հացը սեփական ճակտի  քրտինքով վաստակելու։ 

Գէորգ Էմին ըսած է. «Կեանքը հրաշք է, սակայն հրաշքներ չկան կեանքին մէջ»։ Քիչ մը երկար եթէ խորհելու ըլլանք, ապա պիտի համոզուինք, թէ մեծն հայ բանաստեղծը իրաւացի է։ Ըստ իս, կեանքի յարափոփոխ հոլովոյթին՝ բարին միշտ տեղի տուած է չարին։ Սա լուսապայծառ, աստուածատուր կեանքին մէջ կարծես օրէ օր բարին կը պակսի։ Ներկայ դարաշրջանին, մարդ արարածը մտաւոր ու ֆիզիքական բոլոր ճիգերը կը գործադրէ, որպէսզի իւր ցեղակիցներուն՝ մարդու՛ կեանքը, ապրուստը հնարաւորինս բարելաւուի… Զանազան գիտական փորձերու, հնարքներու կը դիմէ՝ երկրագունդն ու մարդ արարածը պաշտպանելու բնական աղէտներէ ու տարատեսակ չարիքներէ։ 21-րդ դարուն կեանքի զանազան ոլորտներն ու բնագաւառները, կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին՝ գլխապտոյտ ու շշմեցուցիչ զարգացում կ՚ապրին։ Զոր օրինակ՝ բժշկութիւնը, որ օրէ օր սրընթաց կը յառաջանայ։ Կարգ մը անդարմանելի հիւանդութիւններու դարմանումը կը գտնուի։ Բաց աստի, մեր առօրեայ կատարած աշխատանքները դիւրացնելու նպատակաւ մարդու կողմէ կը ստեղծուին բազմապիսի սարքեր, մեքենաներ, նոյնիսկ՝ մարդամեքենաներ։ Վերջիններս մեր փոխարէն կը կատարեն ծանր ու վտանգաւոր աշխատանքներ, որպէսզի մարդ իր կեանքն ու առողջութիւնը հնարաւորինս կարողանայ պահպանել։ Նոյնիսկ մենք՝ Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած բանական արարածներս, գրեթէ սպառելով Երկիր մոլորակի բնական պաշարներու զգալի մասը, այլեւս մեր մոլորակը ապագային ապահով չենք տեսներ եւ կը խորհինք այլ մոլորակներ տեղափոխուելու մասին։ Անջրպետի մէջ աստղանաւերով տեւական գիտական ճամբորդութիւններ կը կատարենք, այլ մոլորակներու մէջ կեանք փնտռելու միտումով։ Հոս տեղին է վերյիշել Գէորգ Էմինի բանաստեղծական տողերը.

Մա՛րդ, ի՞նչ ես անում։ 

Նոր հրթիռով ու նոր աստղանաւով 

Աւելի հեռու, աւելի արագ, 

Բայց ու՞ր, ասա՛ մեզ,

Ու՞ր ես սլանում։ 

Երբ այսքան վիշտ կայ 

Դեռ հողագնդի շատ հարկերի տակ,  

Եւ այս հրթիռի՛ նորագիւտ ճամբան,

Նախամարդու հին քարայրն է տանում…

Ակամայ, կը թուի, թէ մարդ բոլոր տեսակի ջանք ու եռանդ կը գործադրէ՝ մա՛րդը պաշտպանելու համար։ Այլ խօսքերով կրնանք եզրայանգիլ, թէ մարդը մարդու պահապան հրեշտակն է, փրկիչը։ Սակայն, աւա՜ղ, իրականութիւնը այն չէ, ինչ որ կը ցոլացնէ։ Իրականութեան մէջ մարդու թշնամին՝ մա՛րդն է։ Մէկ կողմէ մարդ շինիչ է, մինչդեռ հակառակ երեսակէ՝ աւերիչ։ Մարդուն կեանքը թունաւորողը, խորտակողը, աշխարհը քանդողն ու շինողը՝ ինքը՝ անկուշտ ու եսասէր մա՛րդն է։ Ան երբեւէ կանգ չ՚առներ, անընդհատ ու անդադար կը յառաջանայ, իրմէ ետք ձգելով անթիւ, անհամար մարդկային զոհեր, բազում խորտակուած ճակատագրեր… Ուստի պէտք չէ մեր թշնամիները հեռուն փնտռել։ 

Կեանքը ինքնին լի է հակասութիւններով։ Հո՛ս, բժիշկները կը ջանան մարդը դարմանել, կեանքը փրկել, իսկ քանի մը քայլ անդին անհոգի մէկը առանց վարանելու մարդու մը կեանք կը խլէ։ Կտտանքներու կ՚ենթարկէ… Ամէն մարդ արդարութեան ջահակիր է, սակայն ո՞ւր եւ ո՞րն է արդարն ու արդարութիւնը. յայտնի չէ։ Մենք մեր աջ ձեռքով երկիր, պետութիւն կը կառուցենք, ձախ ձեռքով, առանց խղճի խայթի կը քանդենք, կ՚աւերենք, կը խորտակենք։ Պահ մը  ուղեղս կը կենայ. չեմ հասկնար, թէ ի՞նչ է անոնց ուզածը, որո՞ւ հետ կը կռուին եւ ի՞նչ բանի կը ձգտին հասնիլ, դէպի ո՞ւր կը սլանան։

Գիտութեան զարգացման զուգահեռ մարդ արարածը աստիճանաբար կը հեռանայ Ամենակարող Տիրոջմէ։ Կը կորսնցնէ հաւատքն առ Աստուած։ Բաց աստի, կը կորսնցնէ յո՛յսը, բոլոր ազնուագոյն զգացումնե՛րը։ Կերպարանափոխուելով մե՛րթ անկուշտ ու անհոգի գիշատիչի մը կը նմանի, մերթ ալ՝ իր իսկ կողմէ ստեղծած մարդամեքենայի։ Մեր մեղսաւոր հոգիներու խորտակման պատճառը՝ հաւատի, յոյսի ու սիրոյ պակասն է։ 

Իւրաքանչիւր անհատ ինքն իրեն համար չափորոշիչներ, օրէնքներ կը սահմանէ։ Կը գծէ իր կեանքի ուղին՝ ճիշդ կամ սխալ, ու կը փորձէ անոր օգնութեամբ առաջնորդուիլ։ Շատ յաճախ մենք մեր ձեռքով կը բարդացնենք մեր կեանքը։ Անտեսելով՝ մէկդի դնելով բոլոր տեսակի արժէքները, ըլլան անոնք՝ առողջութիւն, ընտանիք, ընկերութիւն։ Բաց աստի, ինքնակամ հրաժարելով ազնուագոյն զգացումներէ՝ սէր, բարութիւն, կամեցողութիւն, մեր յօժար կամքով գերին կը դառնանք չարին։ Մինչդեռ սէրն է, որ կրնա՛յ փրկել ու փոխել աշխարհը։ Այդ սէրը ըլլայ Աստուծոյ, հակառակ սեռի, բնութեան, կեանքի եւ այլնի հանդէպ։

Իրականութեան մէջ մենք գրեթէ ամէն ինչ ունինք երջանիկ ըլլալու համար։ Ամենակարող Տէրը մեզի կ՚ընծայէ՝ առողջութիւն, որ աշխարհի բոլոր գանձերն ու հարստութիւններն անգամ ի զօրու չեն զայն շնորհելու։ Բաց աստի՝ ընտանիք, որ սրբութիւն է, սիրելու ու սիրուելու կարողութիւն։ Ասոնք եւս նիւթական միջոցներով չես կրնար ձեռք բերել։

Այսպիսին ենք մենք՝ մարդիկ, չգնահատելով մեր ունեցած անգին արժէքները, կը սիրենք պաշտամունքի արժանացնել այն՝ ինչ որ իրականութեան մէջ արժէք չունի՝ շինծու է։ Կուրանալով, հաւատքէն հեռանալով, մենք մեր կեանքը արհեստականօրէն կը բարդացնենք։ Անոր մռայլ գոյներ կը հաղորդենք։ Անտեսելով աստուածատուր երջանկութիւնը, ինքզինքնիս դժբախտ կը հռչակենք ու կ՚ողբանք մեր դժբախտ ճակատագիրը։

Ամբողջ կեանք մը կ՚ապրինք։ Հուսկ՝ կեանքի մայրամուտին եւ կամ մահուան շեմին կանգնած կը փորձենք վերյիշել մեր ապրածը։  Սա երկար ու ձիգ տարիները, իբրեւ կարճատեւ շարժանկար, քանի մը վայրկեանի մէջ կ՚անցնին աչքիդ առջեւէն։ Միայն այդ ժամանակ մարդ կը հասկնայ, թէ իրեն բովանդակալից կեանքը լի է բազում բացթողումներով ու վրիպումներով։ Սակայն այլեւս ուշ է որեւէ բան փոխելու։

Եղածը եղած է,

Ան կը կրկնուի շարունակական…

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունուար 23, 2019