ՄԱՐԳԱՐԻՏԷ ԱՃՈՒՐԴ
Հայաստանի կառավարութեան վերջին նիստերէն մէկուն ընթացքին քննարկման դրուեցաւ իւրայատուկ որոշում մը: Կառավարութիւնը որոշած է վաճառքի հանել պետական գանձարանի մէջ պահուող մարգարիտները, այն հիման վրայ, որ մարգարիտ պահելը արդիւնաւէտ ու նպատակայարմար չէ, քանի որ մեծ ծախսեր կը պահանջէ, իսկ թանկարժէք այդ քարը տարիներու ընթացքին կ՚ենթարկուի քայքայման, փճացման եւ չորացման, կը կորսնցնէ իր ապրանքային տեսքն ու արժէքը: Որոշուած է աճուրդի դնել պետական գանձարանին մէջ պահուող 102 քիլօկրամ 793 կրամ մարգարիտները եւ վաճառքէն ստացուած գումարը ուղղել պետական պիւճէ: Գանձարանի պետը ըսած է, որ վերջին քսան տարիներու ընթացքին գանձարանէն մէկ հատիկ մարգարիտ դուրս չէ եկած եւ չէ վաճառուած: Իսկ ինչպէ՞ս 100 քիլօկրամէն աւելի մարգարիտները յայտնուած են պետական գանձարանին մէջ:
1990-ականներուն, երբ աշխարհի մէջ նորոյթ էր մարգարիտը, մի ոմն փորձած է բաւական մեծ քանակութեամբ մարգարիտ ներմուծել Հայաստան մաքսանենգի ճանապարհով: Պետութիւնը բռնագրաւած է մարգարիտի հատիկները եւ զանոնք ղրկած՝ պետական գանձարան:
Պետութեան կողմէ աճուրդի դրուելիք մարգարիտի մէկ կրամի մեկնարկային գինը կը սկսի 60 հայկական դրամէն: Այս պահուս մօտ 102 քիլօկրամ մարգարիտները գնահատուած են մօտ 13 հազար ամերիկեան տոլարով: Բայց այս մէկը մեկնարկային գին է, որ կրնայ բարձրանալ աճուրդի ժամանակ: Աճուրդը յանձնարարուած է Պետական գոյքի կառավարման նախարարութեան, որ իր կարգին յայտարարած է, թէ բաց եւ հրապարակային աճուրդ մը պիտի կազմակերպուի: Ասկէ առաջ՝ 2012-2013 թուականներուն անգամ մը եւս պետական մարգարիտները վաճառելու որոշում առնուած էր, սակայն միջազգային շուկային մէջ այդ տարին թանկարժէք քարերու եւ մետաղներու գիներուն նուազման պատճառով կառավարութիւնը կասեցուցած էր այդ որոշումը:
Նշենք, որ Հայաստանի պետական գանձարանէն ներս գտնուող մարգարիտները աճեցուած են: Անոնք կը պահուին կայուն +17, +18 ջերմաստիճանի տակ եւ արեւի լոյս պէտք չէ տեսնեն:
Ի տարբերութիւն բնական մարգարիտներու, աճեցուած մարգարիտները զանազան խոչընդոտներու ենթարկուելով շատ աւելի դժուար մէջտեղ կու գան: Հազար խեցիներէն կէսին մէջ միայն կը զետեղուի օտար մարմին, կը հանգչին՝ չդիմանալով այդ ներխուժման, որմէ 20 տոկոսը եւս կը մահանայ այն երկու տարիներու ընթացքին, երբ տեղի կ՚ունենայ մարգարիտին աճումը։ Մինչ երբեմն տեղի կ՚ունենայ մարգարտաբեր խեցիներու զանգուածային մահ: Մեր օրերուն, երբ մարգարիտը նորաձեւութեան մէջ տակաւին առկայ է ու կը մնայ չափազանց կարեւոր քար, շատ յարգի են աճեցուած մարգարիտները, որոնք նոյնքան գեղեցիկ են եւ բնական փայլք ունին, որքան՝ բնականները: Բնական մարգարիտներու՝ 7-8 մմ. տրամագիծով մէկ հատիկը կը գնահատուի քանի մը հազար եւրոյով։ Իսկ աճեցուած մարգարիտներուն գիները այդ գինէն շատ աւելի ցած են: Ճաբոնական, երբեմն նաեւ՝ աւստրալական ընկերութիւններու կողմէ ստեղծուած արհեստական մարգարիտները կը կազմեն ողջ աշխարհին մէջ սպառող մարգարիտներու վաճառքի ծաւալին 90 տոկոսը։ Այսօր երկրագունդը համակած մարգարտամոլութեան պայմաններուն տակ, այնքան ալ կարեւորութիւն չի տրուիր անոր ծագումին. մարգարիտներու վաճառքով զբաղող Golary նշանաւոր ընկերութեան նախագահը կ՚ըսէ, որ աճեցուած մարգարիտը բնականէն կը տարբերի այնքան, որքան այգիի մէջ աճեցուած ծաղիկը՝ լերան գագաթին բուսածէն։ Ի դէպ, միայն Golary-ի մէջ տարեկան կ՚աճեցուի մօտ 400 քիլօկրամ մարգարիտ, որմէ միայն հատընտիր մարգարիտներն են, որոնք կը գործածուին ոսկերչական գլուխ գործոցներ ստեղծելու համար։
Մեր երկրի գանձարանէն ներս քառորդ դարէ աւելի պահուող զանազան չափերու եւ երանգներու մարգարիտները կապոյտ, ճերմակ եւ կաթնագոյն են:
*
Բնական մարգարիտը կ՚արտադրուի կակղամորթներու խեցիներուն մէջ: Ան կը նկատուի բնութեան պարգեւած ամենէն գեղեցիկ քարերէն մին, եւ իրականութեան մէջ ան խեցիներու մարմնին մէջ զարգացող գնդաձեւ կամ անկանոն գոյացում մըն է, որ կազմուած է նոյն խեցիին նիւթէն, այսինքն՝ ածխաթթուային կրածինէն: Մարգարիտը կը յառաջանայ խեցիին մէջ կողմնակի առարկայ մը (օրինակ՝ աւազահատիկ) իյնալու պարագային, երբ անոր շուրջը կը սկսի կուտակուիլ սատափը։ Իր արտաքին գրաւիչ տեսքին եւ որսին դժուարութեան պատճառով դարեր շարունակ այս գոհարը դասուած է թանկարժէք քարերու կարգին եւ գործածուած է զարդերու մէջ։ Այսօր ժամանակակից նորաձեւութիւնը անկարելի է պատկերացնել առանց մարգարիտի: Հագուստի, կանանց պճնանքի իրերուն եւ նոյնիսկ հոգեւորականութեան հանդերձանքի զարդարման համար մարգարիտները կը նկատուին լաւագոյն ու նախընտրելի քարերէն: «Մարգարիտ» բառը բազմաթիւ մշակոյթներու մէջ ստացած է նաեւ փոխաբերական իմաստ՝ հազուադէպ, հիանալի եւ ցանկալի բան մը բնութագրելու համար: Ծովու ու ովկիանոսներու խորքերէն զարդերու վերածուած մարգարիտներ հանելը այնքան ալ դիւրին չէ: Մարգարտորսը վտանգաւոր եւ դըժ-ւար զբաղում մըն է, որու ընթացքին մարգարիտ հանողը կրնայ իր կեանքը վտանգի ենթարկել ջուրերուն խորերը լողալու միջոցին:
«Որսորդները» զայն ձեռք բերելու համար նախ ծովերու յատակներէն կը հաւաքեն փափկամորթները եւ ափ հասնելէ ետք է, որ կը բանան անոնց խեցիները։ Սովորաբար երեսուն-քառասուն խեցիներէն միայն մէկուն մէջ կ՚ըլլայ մարգարիտ։ Կը պատահի նաեւ, որ մէկ խեցիի մէջ կրնայ ըլլալ երկու-երեք կամ նոյնիսկ աւելի մարգարտահատիկներ։
Մարգարիտի չափերն ու գոյները այնքան բազմազան են, որ զայն մշակողներուն եւ վաճառողներուն հնարաւորութիւն կու տան տարբեր ձեւերով վաճառելու, իսկ գործածողներն ալ կրնան նախընտրութիւն ունենալ գոյներու մէջ: Բնութեան մէջ կ՚ըլլան ասեղի գլխու չափէն մինչեւ թռչունի հաւկիթի չափ ունեցող մարգարիտներ։ Առ այսօր գտնուած 450 քարատ մեծութեամբ ամենէն մեծ մարգարիտը կը պահուի Լոնտոնի Երկրաբանական թանգարանէն ներս։ Նոյնինքն անգլիական արքայական թագը կը զարդարեն նաեւ ամենէն նշանաւոր սեւ մարգարիտները, սակայն հիմնական գոյնը, որով մարգարիտը հռչակուած է աշխարհի մէջ, ճերմակն է՝ իր զանազան երանգներով, կան նաեւ դեղնաւուն, սերուցքագոյն, արծաթագոյն, ոսկեգոյն, մոխրագոյն, երկնագոյն եւ վարդագոյն մարգարիտներ: Վիճակագրութիւնը փաստած է, որ վարդագոյն մարգարիտը կը տեսնուի տասը հազար խեցիներէն միայն մէկուն մէջ եւ գտնուածներէն միայն ամէն տասներորդն է, որ ոսկերչական արժէք կը ներկայացնէ, ուստի այդ գոյնը շատ պահանջուած է:
Աշխարհի մէջ տարեկան կ՚որսացուի 500-800 վարդագոյն մարգարիտ, որոնք վաճառքի կը դրուին միայն հսկայական գումարներու փոխարէն։
Ըստ ձեւի մարգարիտները ծովերու, գետերու կամ այլ ջրային տարածքներու յատակին, ոստրէի մէջ փակուած կ՚ըլլան, կրնան ըլլալ նաեւ կանոնաւոր, գնդաձեւ, կիսագնդաձեւ, երկարաւուն, արցունքաձեւ, ինչպէս նաեւ՝ գորտի կամ ձիու գլուխ յիշեցնող: Այս մէկը կը վերաբերի բնական եւ արհեստական մարգարիտներուն հաւասարապէս։ Աճեցուած մարգարիտն ալ, ի վերջոյ, բնական է, չէ՞ որ խեցիին ներսը պատուաստում կատարելէ ետք ան կրկին ջուր կ՚իջեցուի եւ հոն կ՚ընթանայ իր բնական աճը:
*
Գալով Հայաստան անօրէն կերպով ներմուծուած մարգարիտներուն, ըսինք, որ անոնք մեր երկիրը բերուած են այն տարիներուն (90-ականներուն), երբ աշխարհի մէջ մարգարիտի նորոյթ կար, եւ այդ մէկը աւելի կը տարածուէր փոփ-արթի միջոցաւ: Նոյն այդ տարիներուն Մատոննան իր Like a Virgin տեսահոլովակին մէջ ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ յայտնուեցաւ մարգարտեայ երկար վզնոցով, ամերիկացի երգիչ եւ երաժիշտ Փրինսը թողարկեց իր 13-րդ ալպոմը՝ Diamonds and Pearls խորագրով:
21-րդ դարուն մարգարիտը հրապուրանքի խորհրդանիշ դարձուց Սքարլէթ Եոհանսոն՝ «Մարգարիտէ օղով աղջիկը» շարժանկարի դերակատարուհին: Մինչ այդ արդէն Քոքօ Շանէլ իր հմայքին մէկ մասը դարձուցած էր մարգարիտը, իսկ Միացեալ Նահանգներու առաջին տիկիններէն Ժագլին Քենետին կատարելութեան հասցուցած էր զայն իր բարձրաշխարհիկ հանդերձանքին մէջ:
Գեղանկարչութեան մէջ հռչակաւոր է հոլանտացի նկարիչ Եան Վերմէրի մօտաւորապէս 1665 թուականին վերագրուող գեղանկարը՝ «Մարգարիտէ աօղով աղջիկը», որուն կերպարը հետագային շատ արուեստագէտներ ներշնչած է եւ անոնք նմանօրինակութեամբ ստեղծած են արուեստի գլուխ գործոցներ, որոնց մէջ շեշտած են կնոջ մարգարտէ օղը:
Ըստ մասնագէտներու, մարգարիտը պէտք է կրել, սխալ է զայն պահել դարակներու մէջ, քանի որ այդպէս անոնք կը կորսնցնեն իրենց փայլքն ու հմայքը: Ճիշդ խնամքի եւ անընդհատ կրելու պարագային մարգարիտին կեանքը կարելի է երկարել մինչեւ 200 տարի:
Շուտով Հայաստանի մէջ պահուող մարգարիտները նոր տէրեր կ՚ունենան, դուրս կ՚ելլեն իրենց քսան տարիներու խուցէն եւ կը դառնան զարդ, հագուստի մաս կամ ալ նոր յօրինում մը։
Հետաքրքրական փաստեր մարգարիտի մասին
Ժամանակին մարգարիտը թալիսման (հուռութք) կը նկատուէր, որ իր տիրոջ սէր կը բերէր, կը պաշտպանէր չար աչքէն եւ բացասական ազդեցութենէն, նոյնիսկ՝ գողերէն եւ աւազակներէն: Սակայն ան կը կորսնցնէր պաշտպանողի իր յատկութիւնը, եթէ նուիրուէր ուրիշի մը: Աւելի՛ն, յայտնուելով անարժան մարդու մը ձեռքերուն մէջ, մարգարիտը կը փոխէր իր գոյնը եւ կամ կը փշրուէր: Այդ իսկ պատճառով այս քարը երբեմն անուանած են նաեւ «կարօտի արցունքներ»:
Ոմանց կարծիքով, մարգարիտը նպաստաւոր է նաեւ պայծառատեսութեան համար:
Այս թանկագին քարը կրնայ ծառայել նաեւ որպէս առողջութեան ցուցիչ. եթէ մարգարիտին գոյնը կը խամրի, այդ մէկը կրնայ վկայել օրկանիզմի հիւանդութիւններուն մասին:
Մարգարիտ պարունակող բուժական միջոցները կը նպաստեն նիւթափոխանակութեան, մորթային հիւանդութիւններու բուժման, կ՚ամրացնեն ատամները, սրտամկանային համակարգը, կը մաքրեն արիւնը: Մարգարիտով ջուրը կը բուժէ նաեւ կիներու հիւանդութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ ականջացաւ, գլխացաւ, կը մեղմացնէ հոգեկան տագնապները: Օգտակար է այդպիսի ջուրով դեղ խմել, կամ ալ բուսական եփուկներ պատրաստել: Այդ ջուրը կարելի է օգտագործել նաեւ բոյսերը ջրելու համար:
Մարգարտաթելերէ պատրաստուած գլխու զարդարանքը կը նպաստէ ներքին օրկաններու կարգ մը հիւանդութիւններու մեղմացման, օրինակ՝ երիկամներու, փայծաղի, միզատար ուղիներու, ինչպէս նաեւ՝ զգայնութեան տենդի: Մարգարիտները նաեւ ունին մելամաղձոտութիւնը վանող յատկութիւն:
Անոնք որոնք աչքերու հետ կապուած խնդիրներ ունին, օգտակար է նայիլ մարգարիտին. անոր գունախաղը բարենպաստ ձեւով կ՚ազդէ տեսողութեան վրայ:
Ի դէպ, խորհուրդ չի տրուիր մարգարիտէ զարդը այլ զարդերու հետ պահել: Ան պէտք է պահել առանձին՝ փափուկ կտորի մէջ փաթթուած:
Ամերիկացի երգչուհի, պարուհի, բարձրաշխարհիկ տիկին Փեկի Հոփքինզ Ճոյսը՝ ստիպած է իր ամուսինը երեք հարիւր հազար տոլար ծախսել ոչ թէ հերթական զբօսանաւի մը համար, այլ իր քմահաճոյքին՝ երեք մեթր մարգարտաշարի վրայ, ան կը սիրէր կրկնել ու միշտ ալ կը կրկնէր. «Զբօսանաւերէն երբեմն սիրտս կը խառնուի, մարգարիտներէն՝ երբեք»։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ