ՔԱՆՆԻ ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻ ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ ՊԱՍՏԱՌԸ
Քաննի հերթական՝ 69-րդ շարժանկարի փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Մայիսի 11-22 թուականներուն: Իւրաքանչիւր տարի այս առթիւ կը ներկայացուի պաստառ մը, որ ուշադրութիւն կը գրաւէ իր ծրագրին հաւասար։ Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի ալ բացառութիւն չէ եղած այս կապակցութեամբ։ Փառատօներու պալատի մուտքը այս տարի կը զարդարուի Ժան Լիւք Կոտարի «Contempt» ժապաւէնին մէկ տեսարանով, որ պաստառներուն վրայ յայտնուած է 1963 թուականին: Ժապաւէնը, որու մէջ Ֆրից Լանկ կատարած է իր իսկ դերը, իսկ գլխաւոր դերակատարներն են Պրիժիտ Պարտօ եւ Միշէլ Փիքոլի, նկարահանուած է Ալպերթօ Մորավիայի համանուն վէպի մէջբերումներով: Փառատօնի կազմակերպիչներուն համաձայն՝ պաստառի համար ընտրուած այս ժապաւէնի տեսարաններէն մին կարելի է հեշտութեամբ նկարագրել արտայայտութեամբ մը` «Շարժարուեստը մեր առջեւ կը բացայայտէ մեր ցանկութիւններու աշխարհը»: Քաննի փառատօնի դատակազմի նախագահը այս տարի աւստրալիացի բեմադրիչ Ճորջ Միլըրն է։