Ի՞ՆՉ ԿԸ ԿԱՐՕՏՆԱՄ ԱՄԵՆԷՆ ՇԱՏ
Վերջին տարիներուն ես բնաւ ազատ ժամանակ չեմ ունեցած։
Յիրաւի, ինքնամեկուսացումը զիս փակեց տունը, սակայն տակաւին չեմ կրցած հանգչիլ, ինքզինքիս հետ մինակ մնալ, խոկալ կեանքի՝ ներկայի ու ապագայի, առհասարակ իմ զգացումներու մասին։
Ամենայն անկեղծութեամբ իմ ներաշխարհը այժմ կը նմանի թափթփած, փնթի աղջկայ մը սենեակին, ուր ոչ մէկ բան կը գտնուի իր տեղը։ Փոշեծածկ գետինն ու կարասիները ստացած են ճերմակաթոյր տեսք։ Թէպէտ հագուստներու տեղը պահարանն է, սակայն անոնք թափած են շուրջբոլորը։ Սա անփոյթ վիճակը կը յառաջացնէ գլխապտոյտ։ Բան մը փնտռած ատեն ալ չես կրնար գտնել… Նոյնն ալ իմ հոգեվիճակն է, մտքերս շատ խառն են ու ցիրուցան։ Դժուարութեամբ կը կեդրոնանամ, կը բանամ իմ մտքի ծալքերը…
Այդ իսկ պատճառաւ ամենէն շատ կը կարօտնամ ինքզինքս։ Կը կարօտնամ այն երանելի օրերը, երբ ունէի ծով ժամանակ։ Յաճախ կը մեկուսանայի իմ մտքերու կամ գիրքերու աշխարհին մէջ։ Ժամերով կը խորհէի որեւէ նիւթի շուրջ։ Միտքս ու հոգիս կը խաղաղէր, ուզած ատենս մտքի թռիչքով կը փոխադրուէի իմ ստեղծած հեքիաթներու աշխարհ, ուր թագուհին ես էի, իմ կամքն ալ օրէնք։ Այնտեղ կը թափառէի, կը սաւառնէի ժամերով։ Իմ բոլոր ուզածները վայրկենապէս կը դառնային իրականութիւն՝ իմ յօրինած հեքիաթի մէջ։ Միտքս յարատեւ կը փայլատակէր։ Անդադար կը զինուէի նոր գաղափարներով ու մտայղացումներով։ Վերադառնալով իրականութիւն, անհամբերութեամբ կը սպասէի անոնց իրականացման։ Երբեմն ալ նոյնիսկ կը ձանձրանայի, իսկ այսօր կարօտ մնացած եմ ձանձրոյթին։
Կը կարօտնամ երեւանեան գիշերները։ Մեր սիրելի մայրաքաղաքը ունի շատ գեղեցիկ գիշերային կեանք։ Ինծի պէս շատեր կը սիրեն ճեմել երեւանեան կեդրոնական գողտրիկ փողոցներով ու զմայլիլ մեր քաղաքի գեղեցկութեամբ։ Լեփլեցուն զանազան ու զարմանազան սրճարաններ ու ճաշարաններ, աշխարհի բոլոր անկիւններէն ժամանած տարբեր գոյնի ու մշակոյթի խնդումերես զբօսաշրջիկներ, փողոցային երաժիշտներ ու արուեստագէտներ, որոնք իրենց կատարումներով ու ստեղծագործութիւններով ժպիտ, ուրախութիւն կը պարգեւեն հոգսաշատ հայաստանցիներուն ու մայրաքաղաքի հիւրերուն…
Իսկ այսօր փողոցները դատարկ են ու տխուր. աշխարհը ժամանակաւորապէս կը հանգչի։
Կը կարօտնամ գարնանային ջերմ ու պայծառ, տրամադրող օրերը։ Պարզապէս տունէն ելլել ու ժամերով քայլել փողոցներով, մոլորուիլ, երեկոյեան գերյոգնած վերադառնալ տուն ու չհասած անկողին՝ քնանալ բազկաթոռի վրայ։
Բաց աստի, ամենէն շատ կը կարօտնամ արեգակն պայծառ։ Այն օրերը, երբ նստարանի մը վրայ նստած կը վայելէի արեւուն ճառագայթներն ու պարզկայ երկինքը։ Չեմ գիտեր, ո՛վ արգիլած է անոր շողերուն մուտքը մեր բնակարան։ Այժմ կը բաւարարուինք պատուհանէն մայրամուտն ու արեւածագը դիմաւորելով։
Վերջերս ալ անյատակ կարօտ մը կը զգամ դէպի Պոլիս. այնտեղ թողած իմ ընտանիքի, տան, ընկերներու, առօրեայ կեանքի, ուտելիքներու հանդէպ։ Աչքերս կը գոցեմ ու երեւակայականօրէն կը հասնիմ այնտեղ։ Ահաւասիկ հարազատ դարձած Քուրթուլուշ պողոտային վրայ կեցած եմ։ Հոծ բազմութեան մէջէն դժուարութեամբ կը տեղաշարժուիմ։
Առաւօտեան կանուխ ժամերուն կը շտապեմ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատուն, ուր մինչեւ կէսօր աշխատանքը կ՚եռայ։ Այս փոքրիկ ու ջերմ ընտանիքի բոլոր անդամները համակ ուշադրութեամբ կեդրոնացած են իրենց աշխատանքի վրայ ու կը ջանան ժամանակին թերթը հասցնել տպարան, որպէսզի կէսօրէ վերջ հայոց աշխարհի, Թուրքիոյ ու հայկական համայնքի թարմ նորութիւնները ըլլան պոլսահայոց սեղանին։
Զաւեշտալի ու հետաքրքրական էր խմբագրատան մէջ մեր ճաշի ժամերը։ Այդ ընթացքին համեղ ուտելիքներու սեղանին շուրջ բոլորուած մենք բոլորս թէ՛ կը յագեցնէինք մեր ստամոքսները, թէ՛ կը լիցքաթափուէինք ու նոր ուժերով կը լծուէինք աշխատանքի երկրորդ հատուածին։ Տունդարձին ալ իմ կեսուրը արեւելեան ու հայկական ուտեստներով լի սեղանը պատրաստած ինծի կը սպասէր։ Է՜հ լաւ օրեր էին…
Կը կարօտնամ մինակութիւնն ու լռութիւնը։ Անձայնութեան մէջ հնչող երաժշտութիւն մը, որ ունկնդրելի է միմիայն ինծի։
Կը կարօտնամ…
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024