«ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԻՒՆ» ՄՐՑՈՅԹԸ

Է­սաեան սա­նուց միու­թեան «Մա­րալ» եր­գի-պա­րի հա­մոյ­թին կող­մէ ե­րէկ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ միջ­վար­ժա­րա­նա­յին պա­րի մրցոյթ մը։ «Յա­ւեր­ժու­թիւն» խո­րագ­րեալ այս մրցոյ­թին մաս­նակ­ցե­ցան Է­սաեան վար­ժա­րա­նի, Տա­տեան վար­ժա­րա­նի, Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նի, Գա­րա­կէօ­զեան Տան, Հրանդ Տինք վար­ժա­րա­նի, Գալ­ֆաեան Տան, Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի, Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի, Ե­շիլ­գիւ­ղի վար­ժա­րա­նի եւ Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րա­նի խում­բե­րը։

Ժպիտ Իս­կէն­տէ­րօղ­լու-Քա­լայ­ճըի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ գոր­ծադ­րուե­ցաւ օ­րուան յայ­տա­գի­րը, ո­րու ըն­թաց­քին բո­լոր խում­բե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին դա­տա­կազ­մին կող­մէ սահ­մա­նուած Սա­սու­նի պա­րը։ Ար­դիւն­քին չորս լա­ւա­գոյն­նե­րը ի­րա­ւունք շա­հե­ցան անց­նիլ ա­ւար­տա­կա­նի։ Ա­նոնք են՝ Տա­տեան, Է­սաեան, Ե­շիլ­գիւղ եւ Սա­հա­կեան-Նու­նեան։

Մրցոյ­թի դա­տա­կազ­մին մէջ էին. Կար­պիս Չափ­քեան, Լե­ւոն Թա­պէ­րեան, Ա­րամ Կոս­տա­նեան, Սա­րեմ Շէ­շէ­թեան եւ Պա­նու Քուր­տօղ­լու։

Ա­շա­կերտ­նե­րուն ներ­կա­յա­ցում­նե­րուն հե­տե­ւե­ցան նաեւ Իս­թան­պու­լի Թեք­նիկ հա­մալ­սա­րա­նի ե­րաժշ­տա­կան բաժ­նին յա­րա­կից Ժո­ղովր­դա­կան պա­րե­րու բա­ժան­մուն­քէն Տոց. Պիւ­լենտ Քուր­թի­շօղ­լու եւ Շա­զի­յէ Էօզ­լեմ Թու­րան։

Է­սաեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Մա­րիամ Տրա­մէ­րեա­նի ե­լոյ­թով եզ­րա­փա­կուե­ցաւ մրցոյ­թին ա­ռա­ջին փու­լը։ Յա­ջորդ Կի­րա­կի, Է­թի­լէ­րի «Կա­րան­թի» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ այս մրցոյ­թին եզ­րա­փա­կիչ հանգ­րուա­նը։ Վե­րո­յի­շեալ չորս խում­բե­րը պի­տի ներ­կա­յաց­նեն Սա­սուն պա­րը, զու­գա­հե­ռա­բար մրցոյ­թին մաս­նա­կից միւս բո­լոր խում­բե­րը պի­տի ներ­կա­յաց­նեն նաեւ ա­զատ պար մը։ «Մա­րալ» հա­մոյթն ալ հան­դէս պի­տի գայ մրցոյ­թի եզ­րա­փա­կիչ հանգ­րուա­նին։ 

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016