ԱՇԱԿԵՐՏ ԸԼԼԱԼՈՒ ԿԱՐԵՒՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

16-րդ Ա­սիա­կան ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րը տե­ղի ու­նե­ցան 2010 թուա­կա­նին Կուանկ Զու, Չի­նաս­տա­նի մէջ: Գոր­ծի բե­րու­մով ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րու քա­ղա­քը կը գտնուէի 15 Նո­յեմ­բե­րին: Քա­ղա­քի փո­ղոց­նե­րը լե­ցուն էին զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րով, ո­րոնք ե­կած էին աշ­խար­հի չորս կող­մէն, ներ­կայ գտ­­նուե­լու մար­զա­կան խա­ղե­րուն: Տեղ­ւոյն կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու եր­թե­ւե­կը դիւ­րաց­նե­լու եւ զա­նոնք ա­ւե­լի հանգս­տաց­նե­լու հա­մար, ձեւ մը որ­դեգ­րած էր: Քա­ղա­քին բնա­կիչ­նե­րը ի­րենք ստանձ­նած էին ոս­տի­կան­նե­րու պաշ­տօ­նը: Աջ բա­զուկ­նե­րուն վրայ ո­ղիմ­պիա­կա­նի նշան­նե­րը կա­պած, ա­նոնք կե­ցած էին խաչ­մե­րուկ­նե­րուն եւ մայ­թե­րուն վրայ ու ա­մէն տեղ: Կը հսկէին ինք­նա­շարժ­նե­րու ե­ռու­զե­ռին եւ հե­տիոտն քա­լող­նե­րու օ­րի­նա­պա­հու­թեան: Սե­ղան­ներ դրուած էին ա­մէն տեղ, որ­պէս­զի զբօ­սաշրջիկ­նե­րու տրուին պէտք ե­ղած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը, ա­ւե­լի դիւ­րաւ ո­ղիմ­պիա­կա­նի մար­զա­դաշտ հաս­նե­լու հա­մար: Գնա­հա­տե­լի ե­րե­ւոյթ մըն էր. մա­նա­ւանդ նկա­տի առ­նե­լով, որ չի­նա­ցին ալ լի­բա­նան­ցիին պէս կրքոտ է: Վէ­ճեր դիւ­րին կը բռնկին եւ եր­կար չեն տե­ւեր, ան­մի­ջա­պէս կռուի կը վե­րա­ծուին: Ա­սով հան­դերձ սքան­չե­լի կար­գա­պա­հու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րէին, հնա­զան­դե­լով ի­րենց կա­ռա­վա­րու­թեան եւ քա­ղա­քա­ցի սպա­սար­կող­նե­րուն: Երբ հար­ցը գար հայ­րե­նի­քի եւ ժո­ղո­վուր­դի համ­բա­ւին, բո­լո­րը ջան­քե­րը ի մի հա­ւա­քե­լով կը գոր­ծէին ի­րենց ազ­գու­թեան ի նպաստ:

Ին­չու կը յի­շեմ այս դէպ­քը. ո­րով­հե­տեւ որ­պէս լի­բա­նան­ցի­ներ, այս գնա­հա­տե­լի ե­րե­ւոյ­թէն դաս ու­նինք սոր­վե­լու: Գաղտ­նիք մը յայտ­նած չեմ ըլ­լար երբ ը­սեմ, որ լի­բա­նան­ցին բնազ­դա­բար կար­գա­պա­հու­թիւ­նը կ՚ա­տէ, եւ օ­րի­նա­զան­ցու­թիւ­նը կը գնա­հա­տէ: Բնա­կա­րան­էդ հազ­իւ դուրս ելլ­ես, դուն քեզ կը գտնես ան­տար­ի նման մի­ջա­վայր­ի մը մէջ, ուր կը հան­դիպ­իս մար­դոց, որ­ոնց միակ նպա­տակն է դի­մա­ցին­ին դաս ս­­որվ­եցն­ել: Լի­բա­նան­ը վե­րա­ծուած է այն­պիս­ի մի­ջա­վայր­ի մը, որ ա­ռանց ա­շա­կերտ­ի ուս­ուց­իչն­եր­ով լեց­ուն է: «Այդպ­է՞ս կը կե­նան», կը պո­ռայ մ­­էկ­ը գլուխ­ը ինք­նա­շարժ­ի պատ­ու­հա­նէն դուրս հան­ել­ով: «Ա­սոր նայ­է աղբ­ը փող­ոց կը թափ­է», կ՚ը­սէ ուր­իշ մը, պաղ­պա­ղակ­ին թուղթ­ը գետ­ին նետ­ել­ով: Չի­նա­ցին կրքոտ է, բայց իր հայր­են­իք­ին եւ ազգ­ին սիր­ոյն կրնայ իր բնազ­դէն դուրս գալ եւ կար­գա­պահ ըլ­լալ: Իսկ լի­բա­նանց­իին ոչ մէկ ար­ժէք կրնայ օր­ի­նա­պահ­ութ­եան վար­ժեցն­ել: «Դժուա­րին օ­րե­ր կ­՚ապ­րինք» ա­ռար­կե­լո­վ, ան ի­նքզի­նքի­ն ար­տօ­նա­գիր կու տայ ա­մէն օ­րէ­նք խախ­տե­լու: Որ­չափ օ­րէ­նք խախ­տէ­, այն­քան եր­կի­րի վի­ճա­կը կը վատ­թա­րա­նայ: Որ­քան վի­ճա­կը վատ­թա­րա­նայ, ա­ռա­ւե­լ թա­փո­վ օ­րի­նա­զանց կը դառ­նայ: «Այ­լեւս կա­րո­ղ չենք այս ան­տա­րի­ն մէջ ապ­րե­լու», կ՚ը­սէ եւ կը շա­րու­նա­կէ իր «կար­գա­պա­հու­թի­ւնը»: Բո­լոր­ը դժգոհ են եւ բո­լոր­ը ան­տար­բեր:

Այս ժող­ո­վու­րդը հրա­բու­խի նման կը մխայ եւ ղե­կա­վար կը ծնի: Ղե­կա­վա­րը իր կար­գին կը սկսի օ­րին­ա­զան­ցու­թեա­ն: Ժո­ղով­ուր­դը ղե­կա­վա­րէն կը գան­գա­տի եւ ղե­կա­վա­րը՝ ժո­ղով­ուր­դի օ­րին­ա­զան­ցու­թե­նէն­: Եւ հար­ցը ան­վեր­ջօր­էն պա­րու­րա­ձեւ կը շա­րու­նա­կու­ի յա­ռա­ջա­նալ: Ո՞ւր պի­տի եւ կամ պէտք է կե­նայ այս ըն­թաց­քը...։ Պա­տաս­խան՝ իմ մօտս, երբ սկսիմ գի­տակ­ցիլ, որ ա­շա­կեր­տ պէտ­ք է ըլ­լամ, նախ­քան ղեկ­ա­վար կամ ու­սու­ցիչ ըլ­լալս:

ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016