ՎԱՐՊԵՏԻ 94-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ
Երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորական մը ուղարկեց ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրին՝ ծննդեան տարեդարձին առթիւ։ Արմէն Սարգսեանի շնորհաւորականին մէջ նշուած է հետեւեալը.
Սիրելի վարպետ,
Ի սրտէ կը շնորհաւորեմ ձեզի ծննդեան օրուան առթիւ։ Ինծի կը միանան տիկինս եւ երեխաներս։ Գիտէք, որ մեծցած ենք ձեր բանաստեղծութեան ու երաժշտութեան ներքեւ, ապրած, սիրած ու տառապած ենք Շարլի նման։ Պատանեկան հասակէ դուք ձեւաւորած էք մեր միտքն ու հոգին։ Ձեր միջոցաւ մենք սիրած ենք Ֆրանսան եւ ամէն ինչ, որ ֆրանսական է։
Այն արուեստը, որ այսօր դուք կը շարունակէք ստեղծել որպէս հոգիի եւ սըր-տի համադրութիւն, ունկնդիրի համար դռներ կը բանաք դէպի աշխարհ մը, ուր յայտնուող հանդիսատեսը այլեւս չի փափաքիր հեռանալ Ազնաւուրեան մթնոլորտէն ու միջավայրէն։ Անձամբ այդպիսի զգացում ունեցած եմ ձեր համերգներու եւ ձեզի հետ հանդիպումներուս ընթացքին։
Ձեր ստեղծագործական երկարակեացութեամբ դուք կենսասիրութեան եւ լաւատեսութեան ուղենիշ էք միլիոնաւոր մարդոց համար։ Դուք անոնց յոյս եւ հաւատք կը ներշնչէք սեփական ուժերու եւ ապագայի նկատմամբ։ Սա աներեւակայելի մեծ առաքելութիւն մըն է եւ ես հպարտ եմ, թէ հայ ժողովուրդը այդպիսի զաւակ մը պարգեւած է մարդկութեան։
Կրկին շնորհաւորելով ծննդեան օրուան առթիւ, ձեզի կը մաղթեմ սիրելի վարպետ, շուտափոյթ կազդուրում եւ վերադարձ բեմ։ Թող ստեղծագործական եռանդն ու ոգեւորութիւնը այսուհետ եւս ըլլան ձեր մշտական ուղեկիցները։
Բաց աստի, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս շնորհաւորականներ ուղարկեցին Շարլ Ազնաւուրին։