ԶԱՐՈՒՀԻ ԳԱԼԷՄՔԵԱՐԵԱՆ. «ԹՈՌՆԻԿԻՍ ԳԻՐՔԸ»
Պոլսահայ գրող Զարուհի Գալէմքեարեան այն եզակի արեւմտահայ գրագիտուհիներէն է, որ Խորհրդային Հայաստանի մէջ գնահատանքի արժանացած է: 1964 թուականին Հայաստանի մէջ նշուած է անոր ծննդեան 90-ամեակը։ Այդ առիթով Հայաստանի պետական հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է անոր գրութիւններէն կազմուած ժողովածոյ մը՝ «Հասկաքաղ» խորագրով (Երեւան, 1965): Գիրքին յառաջաբանին մէջ զայն կոչած են «սփիւռքահայ գրականութեան մեծ տիկին», եւ 90-ամեակէն զատ գիրքը ձօնած են նաեւ Գալէմքեարեանի գրական կեանքի 70-ամեակին, այդ մէկը որակելով պատկառելի գործունէութիւն: Գրողը այդ տարիներուն ողջ էր (մահացած է 1971-ին, Նիւ Եորք, 100 տարեկանին) եւ բախտն ունեցած է ականատես ըլլալու իր մեծարանքին նաեւ սփիւռքի տարածքին: Գիրքին յառաջաբանէն կը տեղեկանանք, որ Զարուհի Գալէմքեարեան Եղիա Տէմիրճիպաշեանի զարմուհին էր եւ Տէմիրճիպաշեան որոշակի դեր խաղացած է անոր գրական ճանապարհը ձեւաւորելու վրայ:
Զարուհի Գալէմքեարեան (ծնեալ՝ Սէֆէրեան) Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք, Պոլիսէն կը մեկնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ բնակութիւն կը հաստատէ Նիւ Եորք: Մինչ այդ, ան բազմաթիւ գրութիւններ հրատարակած էր պոլսահայ մամուլին մէջ եւ իր գրական գործունէութիւնը կը շարունակէ ԱՄՆ-ի մէջ:
1890-ականներուն Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած են Զարուհի Գալէմքեարեանի «Նուագն Եւտերպեայ» բանաստեղծութիւններու երկու գիրքերը եւ քերթողական այլ հատորներ: Մինչեւ իր ամուսնութիւնը ան ստորագրած էր «Եւտերպէ» ծածկանունով, իսկ ամուսնութենէն ետք՝ «Գ. Զարուհի» ստորագրութեամբ արձակ բանաստեղծութիւններ, մանր պատմուածքներ տպագրած է մամուլի մէջ («Բիւզանդիոն», «Արեւելեան Մամուլ», «Ծաղիկ», յետագային՝ «Շանթ», «Ոստան», «Թէոդիկի տարեցոյց» եւ այլն)։
Նիւ Եորքի մէջ կը շարունակէ թերթերուն թղթակցութիւնը՝ յօդուածներ եւ գրական կտորներ տպագրելով նաեւ ամերիկահայ թերթերուն մէջ:
Անջատ գիրքով լոյս տեսած են նաեւ «Թոռնիկիս գիրքը» եւ «Կեանքիս ճամբէն» ժողովածուները եւ այլ գիրքեր: Անոր գործերը ընդգրկուած են զանազան ժողովածուներու եւ տարեգիրքերու մէջ: Խորհրդային Հայաստանի մէջ լոյս տեսած գիրքը կ՚ընդգրկէ հատուածներ գրողին «Թոռնիկիս գիրքը» գործէն, զայն համարելով անոր լաւագոյն գործերէն: Սիրելի թոռնիկին ուղղուած նամակներուն մէջ կ՚երեւի մեծ մօր մը ողջ սէրն ու գուրգուրանքը, որ ան կը տածէ թոռնիկի հանդէպ: Զարուհի Գալէմքեարեան կը գրէ.
Այս գիրքը թէեւ կը պատկանի թոռնիկիս, սակայն անոր միջոցաւ կը խօսիմ մեր բոլոր դեռատի հոգիներուն, որոնք կը վայելեն ընտանեկան տաքուկ միջավայրի մը հրապոյրը:
Կը նուիրեմ բոլոր երիտասարդ հոգիներուն, որոնք կը սիրեն բնութիւնը, անոր հետ եւ անոր մէջ ապրելու դիւթանքը:
Կը նուիրեմ մանաւանդ բոլոր մամիկներուն եւ պապիկներուն ալ, որոնք կը վայելեն գերազանց հաճոյքը թոռնիկներով շրջապատուելու:
Թոռնիկ մը կնոջ ինչպէս եւ այրերու վերջալոյսին պերճանքն է: Անոր ոսկեշող ճառագայթումը, իրենց կեանքի մայրամուտին թրթռացող շողն է, որուն երփնագոյն ծիրանիին մէջ, թեթեւօրէն կ՚անօսրանան երկարատեւ տարիներու կշռող յիշատակները, կը մեղմանան յօդացաւերու խայթուածքը, կը մոռցուին սրտի անկանոն բաբախումները, արեան անկանոն շրջանները, ու խաղաղութեամբ կը սպասեն մայրամուտին:
Երբ այսպէս սիրելով ու սիրուելով՝ պապիկն ու մամիկը իրենց ընտանեկան յարկին գահակալութիւնը կը կատարեն անթերի նուիրումով եւ օգտակարութեամբ, մոռնալով իրենց հոգերն ու ցաւերը, փոխանակ տաղտուկ մը դառնալու երիտասարդութեան գլխուն, կը նմանին այն թանկարժէք հնութիւններուն, որոնք գուրգուրալից վերաբերումով մը կը կապեն զմեզ իրենց:
Սակայն դառնալու համար այդ թանկարժէք հնութիւնը, պէտք է գիտնալ գաղտնիքն ու արուեստը մեծ մայր ու հայր դառնալու: Այս գիրքով կը մօտենամ ես բոլոր սիրտերուն, բայց մանաւանդ կանացի սիրտերուն, որովհետեւ «Թոռնիկիս գիրքը» կը բովանդակէ դրուագներ ապրուած կեանքերու, անվերապահ ու անկեղծ զգացումներով:
Ուրախ պիտի ըլլամ, եթէ կարենամ իմ փորձառութիւններովս, իմ սրտազեղումներովս, թոռնիկիս հետ առօրեայ կեանքիս խորհրդածութիւններովը, գլուխ գլխի մեր ապրումներովը եւ յետոյ հեռաւորութեան շրջանիս անոր կարօտին ներշնչած մտամփոփումներովս ու անոր մանկութեանը վերյիշումներովս հետաքրքրել մեր գրասէր երիտասարդութիւնը, մեր մայրերը եւ մեր մեծ ծնողները, խօսիլ անոնց հոգիին հետ, իմ եւ թոռնիկիս կեանքին իւրաքանչիւր դրուագներովը:
Գուցէ խորհուի՝ թէ գրականութիւն ընելու ձեւին տակ խիստ անվերապահ եղած եմ իմ սրտազեղումներուս մէջ, սակայն թոռնիկիս հետ իմ ամենօրեայ կեանքիս մէջ ալ նոյնը եղած եմ, ահա թէ ինչպէս կրցած եմ կասեցնել զինքն իր յախուռն չարաճճիութեանց շրջանին, մեղմացնել անոր մանկական յամառութիւնները, կարգի հրաւիրել զինքը, այն միակ երկիւղին համար, որ կրնայ կոտրել ու ցաւցնել մեծ մայրիկին հոգին... Որովհետեւ բաց եւ դիւրընթեռնելի մատեանի մը պէս իր առջեւ դրած եմ իմ սիրտս եւ ան՝ իր ամենէն մանկական բնազդներուն թելադրութեանց պահերուն իսկ, ընկրկումներ ունեցած է չարին ու անգթութեան մօտեցած ատեն…:
ՆԱՄԱԿՆԵՐ ԹՈՌՆԻԿԻՍ
Թոռնի՛կս. իմին աչքերուս լոյսը,
Մինա՜կ. շոգենաւը կը բաժնուի Նիւ Եորքի ափերէն, եւ տակաւին աչքիս առջեւ ես դուն, նաւահանգիստին երկաթէ բազրիկներուն կառչած… մինչեւ վերջին պահը չլացիր, որովհետեւ «Արցունքը պզտիկ աղջիկներուն համար է» կ՚ըսեն միշտ: Սակայն ինծի այնպէս կը թուի՝ թէ օրերով երեւակայութեանս առջեւ պիտի յամառի անարցունք աչքերդ, ժայռացած հրաբխային կարմրութեամբ: Ես պիտի չմոռնամ շոգենաւին դանդաղ եւ միաչափ բաժանումը եւ նաւահանգիստին վրայ լեցուած բազմութիւնը: Սիրելի բարեկամները, որ ինծի ողջերթի եկած էին, զբաղած էին մայրիկիդ հետ, որովհետեւ նշմարեցի հեռուէն, որ տղու մը պէս կու լար: Դուն առանձին մնացեր էիր, նաւահանգստին ամենէն վերջաւորութեանը, քիչ մը աւելի մօտ ըլլալու համար ինծի եւ որպէսզի ես աւելի ուշ կորսնցնեմ զքեզ աչքերուս առջեւէն…
Իջայ վար իմ խցիկս, բարեկամներ իրենց սիրոյ եւ համակրութեան արտայայտութեամբ լեցուցեր են ամէն կողմ. ծաղիկներ, նուէրներ իւրաքանչիւրին վրայ սիրելի անուններ: Ինչպէ՜ս սիրտս կը ճնշուի այս բաժանումով, Էտմօն Ապուին հետ կը կրկնեմ «Partir c՚est mourir un peu» մեկնիլը մեռնիլ է քիչ մը, եւ գլուխս կը հակի կուրծքիս վրայ:
Խոստացեր եմ քեզի որ պիտի չլամ, այո՛, պիտի պահեմ իմ քաջութիւնս:
Ակնարկ մը կը նետեմ խցիկիս մէջ. Պ. Լէվի իսկապէս մեծ բարեկամութեամբ կրցեր է յատկացնել լաւագոյն խուցերէն մին. անկողնիս քով պատուհան մը կայ եւ կրնամ մինչեւ լոյս շնչել Ովկիանոսին թարմ օդը…
Սիրտ չունիմ, քաջութիւնս կը պակսի բանալու նուէրի ծրարիկները. զմայլելի վարդի փունջեր սրտիս պէս կ՚արիւնին զարդասեղանին վրայ. հրաշալի կողով մըն ալ կայ անկողնիս մօտ աթոռին վրայ. Շրաքթին պօնպօններով ու շոքոլաներով լեցուն, վրան փունջ մը պատուական վարդերու, անունը վերցուած է վրայէն, կը կանչեմ սպասաւորը. ահագին ժխորին եւ բազմութեան մէջ չյիշէր այդ կողովը բերողին ոչ իսկ ուրուանկարը, ուրիշ այցետոմսեր կան հոս ու հոն, բոլորն ալ բարեկամ անուններ, թափած փունջերուն վրայէն. եթէ պահ մը կանուխէն իջած ըլլայի քեզի հետ խուցս, այս կողովը քուկդ պիտի ըլլար, եւ նուիրողը բնաւ պիտի չցաւէր, որովհետեւ ամէն մարդ լաւ գիտնալու է՝ թէ ես չեմ կրնար ուտել անուշ բան մը, առանց որ թոռնիկս բաժնեկից ըլլայ ինծի… Սիրտս կը տխրի հետզհետէ, ծանր կը զգամ, բայց արցունք չկայ աչքերուս մէջ: Տիկին Յ. Գամպէր, իմ բարեկամուհիս. եւ ճամբորդութեան ընկերս վար կ՚իջնէ եւ կը ստիպէ, որ վեր ելլեմ շոգենաւին բաժանումը տեսնելու Նիւ Եորքի ափերէն: Այդ բաժանումը ուրիշ անգամներ ալ տեսած եմ, բայց դուն եւ մայրիկդ ինծի հետ էիք, եւ յետոյ ուրիշ պզտիկ բաժանումներ, զբօսանքի պտոյտներ դէպի մօտակայ կղզիները, Պոստոն, այն ատեն հաճոյքով տեսած եմ երկնակարկառ վիթխարի, սպիտակ հաստատութիւնները, որոնք շոգենաւին հեռանալու չափովը՝ իմ աչքերուս յիշատակարաններու փոխուած էին, լուռ եւ հանդարտ պաղութեամբ մը, ինչպէս մեծ գերեզմաններու դամբանները: Այն ատեն ուրախ կ՚ըլլայի ու անտարբեր կ՚ընէի այս նմանութիւնը, որովհետեւ դուք հետս էիք, եւ միշտ մատիկիդ ծայրովը ցոյց կու տայիր ինծի Ազատութեան արձանը, որուն մինչեւ գլուխը բարձրացանք օր մը քեզի հետ:
Այսօր չեմ ուզեր դիտել հեռուն ձգած Նիւ Եորքս. պէտք է ուշ ելլեմ վեր, մինչեւ որ ինքզինքս գտնեմ Ովկիանին մէջ: Անկէ վերջ՝ իւրաքանչիւր ժամը որ պիտի անցնի այնպէս պիտի թուի ինծի՝ թէ ժամանակը աւելի պիտի մօտեցնէ զիս ձեզի: Այո՛, սիրելիս, ես այսպէս պէտք է մտածեմ ամոքուելու համար այս բաժանումէս, թէ ժամ մը եւս կը պակսի այն ժամանակամիջոցէն, որ սահմանուած է ինծի հեռու ապրելու ձեր քովէն, որովհետեւ իրականութիւն մը չէ այս բաժանումը, կարծես գէշ երազ մը:
Մթնցած էր արդէն երբ կամուրջին վրայ բարձրացանք Տիկ. Գամպէրին հետ: Գնեցինք երկայն աթոռներ քով քովի, ուրիշ բազմաթիւ շարք մը աթոռներ կան եւ իրենց տէրերը երկարած կը հանգչին օրուան յուզումներէն, որովհետեւ ամէնքն ալ սիրելիներ ձգած են հոդ, եւ որքան ալ պզտիկ ըլլայ սահմանը այդ բաժանման, շատերու համար հաճոյալի պտոյտներ, բայց բաժանումը սրտաբեկ բառ մըն է, սիրելի՛ս: Ահագին ովկիանոսին մէջ աննշան կէտ մըն է մեր շոգենաւը, որքան ալ Պարին իր տեսակին մէջ առաջնակարգ Ատլանտեանը կտրող շոգենաւ մը ըլլայ, փառաւոր սրահներով եւ պալատի մը կազմուածքով: Քիչ յետոյ բարեկամուհիս մատին ծայրով արցունք մը սրբեց եւ ըսաւ ինծի.
-Գիտէ՞ք, Տիկին Գալէմքեարեան, ես արդէն զղջում կը զգամ տունէս եւ ամուսինէս բաժնուելուս… խեղճը շատ մինակ պիտի մնայ:
Ան կը ճամբորդէ երթալ տեսնելու համար իր ծերուկ մայրը եւ զարմիկները, միեւնոյն ատեն հաճոյքի ճամբորդութիւն մը: Եթէ իմ նպատակիս մէջ հաճոյք ըլլար, կամ ձեզի հետ եւ կամ բնա՜ւ… սակայն ես պարտաւոր եմ մեկնելու, երթալ տեսնելու պապիկդ, երթալ զինքը ձեզի բերելու, իմ սրտիս մէջ զղջում չկայ, բայց բաժանումի, զձեզ երկա՜ր ատեն չտեսնելու ահաւոր զգացում մը…
Շուտով կը գտնենք ուրիշ ծանօթներ, որոնք ամէնքն ալ արձակուրդի ժամանցներով կ՚երթան, ոմանք տեսնելու իրենց ծնողները, ուրիշներ մօտաւոր ազգականներ, եւ այս բոլորը պիտի վերադառնան աշունին:
Իմ սիրտս կոտրած է, սիրելի՛ս, թէեւ մինչեւ ձմեռ զիս եւ պապիկդ վերադարձած տեսնելու յոյսովն ու մաղթանքներով դուք զիս շոգենաւ դրիք, բայց ես հաւատք չունիմ այդ մերձաւոր ժամանակին վրայ, եւ արտեւանունքս կը խոնարհին, բայց չեմ լար, որովհետեւ խոստացեր եմ քեզի արցունք չթափել:
*
Արդէն երէկուընէ ի վեր սկսանք առաջ տանիլ ժամացոյցները. ուրեմն մեր ժամերը խախտեցան, մեր զարթնումի, ճաշի եւ պառկելու ժամերը կը տարբերին իրարմէ հիմա:
Թոռնի՛կս, քանի մը օր վերջը, երբ ես ցորեկուան ճաշս պիտի ընեմ, դուն տակաւին առտուան քունիդ մէջ պիտի ըլլաս. բաւական հեռացում մը չէ՞ արդէն ասիկա, քանի որ նոյն պահերուն պիտի չկրնանք խորհիլ իրարու մասին:
Այս ցերեկ կարօտի ահաւոր ցնցում մը զզացի, քաշուեցայ խուցս եւ սնտուկիս մէջէն հանեցի դպրոցի շապիկդ, զոր վերջին օրը կռնակէդ առի, հետս բերելու համար: Տակաւին թարմ զգացի հոտդ, անուշիկ թոռնիկս, եւ աւելի չտխրելու համար, խնամքով պահեցի դարանիս մէջ, յետոյ նստայ աթոռիս վրայ: Դուռը զարնուեցաւ, բարեկամուհիս էր ներս մտնողը: Հասկցաւ, որ նորէն զբաղած էի ձեզմով, որովհետեւ զարդասեղանին վրայ տեղ փոխեր էր մայր ու զաւկի լուսանկարը, եւ զիս մխիթարելու համար ըսաւ.
-Երջանիկ մեծ մայրիկ, ի՜նչ լաւ է զաւակ ու թոռնիկ ունենալ եւ խորհիլ այսպէս անոնց մասին…
Ես դիմացի հայելիին մէջ դիտեցի այս ճերմկիլ սկսած մազերով մեծ մայրիկը, որ ձեռքերը խաչաձեւած իր ծունկերուն վրայ, յուսալքուած ձեւով մը, պարապին կը նայէր, տխրօրէն մտածկոտ բիբերով: Այս մեծ մայրիկը ես էի, տակաւին քանի մը օր առաջ իր թոռնիկին ձայնին, նայուածքին ու խօսքերուն հմայքովը պարուրուած…
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան