ԱՅՑ՝ ԱՌԱՋԻՆ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԵՐԿԻՐ

Հա­յաս­տանն ու հա­մայն հա­յու­թիւ­նը ցնծու­թեամբ կը սպա­սեն վա­ղուան, երբ աշ­խար­հի ա­ռա­ջին քրիս­տո­նէա­կան եր­կիր ոտք պի­տի դնէ Հռո­մի Սրբա­զան Պա­պը: Ա­նոր այ­ցե­լու­թեան կը սպա­սեն ո՛չ միայն Հա­յաս­տա­նը, ո՛չ միայն աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թիւ­նը, այլ նաեւ՝ ողջ հա­ւա­տա­ցեալ աշ­խար­հը, որ Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տի պատ­գամ­նե­րուն, խօս­քե­րուն եւ քայ­լե­րուն կը հե­տե­ւի բիբ­լիա­կան երկ­րէն՝ Հա­յաս­տա­նէն:

«Ա­ղօ­թե­ցէք ին­ծի հա­մա­ր». օ­րեր ա­ռաջ հան­դիպ­ման մը ժա­մա­նակ այս­պէս դի­մած է Հռո­մի Ֆրան­սիս­քոս Պա­պը՝ ը­սե­լով, թէ որ­պէս ուխ­տա­ւոր պի­տի մեկ­նի դէ­պի Ա­րե­ւելք, Հա­յաս­տան՝ Յի­սու­սի Ա­ւե­տի­սը ա­ռա­ջինն ըն­դու­նած եր­կի­րը: Ի սկզբա­նէ նա­խա­տե­սուած էր Սրբա­զան Պա­պի՝ տա­րա­ծքաշր­ջա­նա­յին այ­ցը, սա­կայն յե­տոյ այդ ծրա­գի­րը փո­խուե­ցաւ, եւ Պա­պը Հա­յաս­տա­նը նա­խընտ­րեց եւ ա­ռան­ձին այ­ցե­լու­թիւն մը պի­տի կա­տա­րէ դէ­պի հա­մայն հա­յու­թեան հայ­րե­նիք: Ֆրան­սիս­քոս Սրբա­զան Պա­պը Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ երկ­րորդ ա­ռաջ­նորդն է, ո­ր կ­՚այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան: 2001 թուա­կա­նի Սեպ­տեմ­բե­րին Ե­րե­ւան ժա­մա­նած էր Հռո­մի Յով­հան­նէս-Պօ­ղոս Բ Պա­պը՝ Հա­յաս­տա­նի մէջ քրիս­տո­նէու­թեան պե­տա­կան կրօն հռչակ­ման 1700-ա­մեա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լու նպա­տա­կով:

Հռո­մի Ֆրան­սիս­քոս Պա­պին այ­ցէն ա­միս­ներ ա­ռաջ, երբ յայ­տա­րա­րուե­ցաւ ա­նոր հա­յաս­տա­նեան այ­ցե­լու­թեան մա­սին, կրկին մի­ջազ­գա­յին ու­շադ­րու­թիւ­նը սե­ւե­ռուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի վրայ:

Մի­ջազ­գա­յին հար­թակ­նե­րու վրայ զա­նա­զան քննար­կում­նե­րու նիւթ դար­ձաւ Հռո­մի Սրբա­զան Պա­պին այ­ցը: Շա­տեր նշե­ցին, որ Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ քա­հա­նա­յա­պե­տին այս այ­ցե­լու­թիւ­նը նախ եւ ա­ռաջ ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն մըն է եւ Պա­պի սի­րոյ եւ հիա­ցու­մի դրսե­ւո­րու­մը՝ քրիս­տո­նեայ հնա­գոյն ե­կե­ղեց­ւոյ նկատ­մամբ, որ ու­նի քրիս­տո­նէա­կան դա­րա­ւոր ա­ւան­դու­թիւնն­ներ եւ հե­րո­սա­կան պատ­մու­թիւն մը:

Նոյ­նինքն այս այ­ցը, տա­րի մը ա­ռաջ, Վա­տի­կա­նի մէջ Հռո­մի Պա­պին կող­մէ մա­տու­ցուած Սուրբ Պա­տա­րա­գի խոր­հուր­դին շա­րու­նա­կու­թիւնն է, որ նոյն­պէս իր մէջ պատ­գամ մը կը պա­րու­նա­կէ՝ աշ­խար­հի ու­շադ­րու­թիւ­նը հրա­ւի­րել մշա­կոյթ­նե­րու խաչ­մե­րու­կին ապ­րող ժո­ղո­վուր­դի մը վրայ, որ ու­նի Խորհր­դա­յին Միու­թե­նէն ան­կա­խա­նա­լու միայն քսան­հինգ տա­րուան պատ­մու­թիւն եւ մեծ ճի­գեր՝ հաս­նե­լու աշ­խար­հի ժա­մա­նա­կա­կից զար­գա­ցում­նե­րուն:

Կա­րե­ւոր հան­գա­մանք մը եւս քննար­կուե­ցաւ Հռո­մի Սրբա­զան Պա­պի այ­ցե­լու­թեան ա­ռըն­թեր. հա­կա­ռակ որ Հա­յաս­տա­նը չու­նի մե­ծա­թիւ կա­թո­ղի­կէ հա­մայնք, սա­կայն Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ ան­ցեա­լի ու ներ­կա­յի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը միշտ ալ բա­րե­կա­մա­կան ու սերտ ե­ղած են: Հռո­մի Պա­պին այ­ցե­լու­թիւ­նը վստա­հա­բար, ա­ռա­ւել եւս պի­տի ամ­րապն­դէ եր­կու ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող կա­պե­րը: Նոյն այդ խոր­հուր­դը կը կրէ նաեւ Հռո­մի Պա­պի հա­յաս­տա­նեան այ­ցի տար­բե­րան­շա­նը, ո­րուն մա­նի­շա­կա­գոյնն ու դե­ղի­նը կ­­՚ար­տա­ցո­լաց­նեն Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան եւ Հռո­մի Կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու պաշ­տօ­նա­կան գոյ­նե­րը: Տար­բե­րան­շա­նին մէջ նաեւ նե­րա­ռուած են եր­կու ե­կե­ղե­ցի­նե­րու զի­նան­շան­նե­րը: Իսկ տար­բե­րան­շա­նի հիմ­քին մէջ Խոր Վի­րա­պի վան­քին եւ բիբ­լիա­կան Ա­րա­րատ լե­րան պատ­կե­րը կան. «Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չը շուրջ տաս­նե­րեք տա­րի բան­տար­կուած է Ար­տա­շա­տի վի­րա­պին մէջ, ո­րուն վրայ հե­տա­գա­յին կա­ռու­ցուած է սոյն վան­քը: Այ­նու­հե­տեւ Ս. Գրի­գո­րը դար­ձած է հա­յոց ազ­գի ա­ռա­ջին Հայ­րա­պե­տը եւ Տրդատ Գ. Մեծ թա­գա­ւո­րին հետ հա­մա­տեղ ջան­քե­րով քրիս­տո­նէու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ հռչա­կուած է պե­տա­կան կրօն­ք», ը­սուած է տար­բե­րան­շա­նի նկա­րագ­րու­թեան մէջ:

Մա­մու­լը ար­դէն կը գրէ, որ Հռո­մի Պա­պը եր­կիր մը կ՚այ­ցե­լէ, ո­րու ժո­ղո­վուր­դին հետ ան ա­մուր կա­պեր հաս­տա­տած է տա­կա­ւին Պուէ­նոս Այ­րէ­սի ար­քե­պիս­կո­պոս ե­ղած ժա­մա­նա­կ, քա­նի որ Պուէ­նոս Այ­րէ­սի մէջ հայ­կա­կան մե­ծա­թիւ հա­մայնք գո­յու­թիւն ու­նի:

ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱ­ՆԸ ՊԱՏ­ՐԱՍՏ Է ԸՆ­ԴՈՒ­ՆԻԼ ՊԱ­ՊԸ

«Այ­ցե­լու­թիւն ա­ռա­ջին քրիս­տո­նեայ եր­կի­ր» խո­րա­գի­րը կրող Սրբա­զան Պա­պին հա­յաս­տա­նեան այ­ցե­լու­թիւ­նը պի­տի սկսի Ե­րե­ւա­նի «Զուարթ­նո­ց» մի­ջազ­գա­յին օ­դա­կա­յա­նէն, ուր տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ պաշ­տօ­նա­կան դի­մա­ւոր­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն, որ­մէ ետք Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը պի­տի մեկ­նի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին:

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ, մին­չեւ Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տի ժա­մա­նու­մը, Մայր տա­ճա­րի որմ­նան­կար­նե­րը ար­դէն ստա­ցած են ի­րենց նախ­նա­կան փայ­լը: Հսկայ աշ­խա­տա­կազմ մը օ­րեր շա­րու­նակ փայ­լե­ցու­ցած է տա­ճա­րի որմ­նան­կար­նե­րը, որ­պէս­զի ա­ռա­ւել հան­դի­սա­ւոր ըլ­լայ Պա­պի մուտ­քը՝ Մայր Տա­ճար: Ըստ ա­րա­րո­ղա­կար­գի, Հռո­մի Պա­պը, մտնե­լով ե­կե­ղե­ցի՝ նախ կը խո­նար­հի սրբու­թիւն­նե­րուն առ­ջեւ, որ­մէ ետք Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը եւ Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը կը բարձ­րա­նան սուրբ խո­րան: Ա­նոնք կ՚ող­ջա­գու­րուին ու կ՚ա­ղօ­թեն միա­սին:

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նը, Յու­նի­սի 24-ին, ե­կե­ղեց­ւոյ զա­ւակ­նե­րը կը հրա­ւի­րէ մաս­նակ­ցե­լու Հռո­մի Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պետ Ֆրան­սիս­քոս Պա­պի բա­րի գալս­տեան` «Հրա­շա­փա­ռ­»ի ա­րա­րո­ղու­թեա­ն, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ժա­մը 15.35-ին (տե­ղա­կան ժա­մով): Հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար ա­զատ է մուտ­քը Սուրբ Էջ­միա­ծին:

Կրօ­նա­կան հան­դի­պու­մին կը յա­ջոր­դէ աշ­խար­հի­կը։ Նոյն օ­րը ե­րե­կո­յեան, Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի նստա­վայ­րին մէջ հան­դի­պում մը պի­տի ու­նե­նայ Նա­խա­գահ Սերժ Սար­գի­սեա­նին, ա­պա՝ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն, հա­սա­րա­կու­թեան եւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան կազ­մի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ: Այ­ցե­լու­թեան ա­ռա­ջին օ­րը պի­տի ամ­փո­փուի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծնի մէջ տե­ղի ու­նե­նա­լիք Ֆրան­սիս­քոս Սրբա­զան Պա­պի եւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի հան­դի­պու­մով:

2015 թուա­կա­նի Ապ­րի­լի 12-ին Հռո­մի Սուրբ Պետ­րոս տա­ճա­րին մէջ, Սրբա­զան Պա­պը խօ­սած է Մեծ Ե­ղեռ­նի մա­սին: Մէկ տա­րի անց Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը 1915-ի նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին առ­ջեւ կը խո­նար­հի ար­դէն Ե­րե­ւա­նի մէջ: Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լի­րին մէջ կը հնչէ բա­րե­խօ­սա­կան ա­ղօթք: Պա­պը նաեւ թան­գա­րան պի­տի այ­ցե­լէ: Յու­նի­սի 25-ը Սրբա­զան Պա­պի օ­րա­կար­գին մէջ ա­մե­նէն յա­գե­ցածն է։ Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դէն ետք ան Ա­մե­նայն Հա­յոց Հայ­րա­պե­տին հետ պի­տի մեկ­նի Կիւմ­րի, ուր Ս. Պա­տա­րագ պի­տի մա­տու­ցուի Վար­դա­նանց հրա­պա­րա­կին վրայ: Վար­դա­նանց հրա­պա­րա­կը նոյն­պէս այ­ցե­լու­թե­նէն օ­րեր ա­ռաջ յա­ւուր պատ­շա­ճի կար­գի դրուած է:       Ֆրան­սիս­քոս Պա­պը Կիւմ­րիի մէջ պա­տա­րա­գը կը մա­տու­ցէ լա­տի­նա­կան ծէ­սով: Պա­տա­րա­գին մաս­նակ­ցե­լու հա­մար ար­ձա­նագ­րու­մը Հայ Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղե­ցին սկսած է այ­ցէն տա­կա­ւին շա­բաթ­ներ ա­ռաջ: Բազ­մա­հա­զար բազ­մու­թիւն գրան­ցուած է՝ ներ­կայ գտնուե­լու այդ բա­ցա­ռիկ ա­րա­րո­ղու­թեա­ն: Ինչ­պէս կը տե­ղե­կա­նանք Հայ Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ դի­ւա­նէն՝ ա­մե­նա­փոքր կէտ նա­խա­պէս ծրագ­րուած եւ նկա­տի առ­նուած է: Հայ Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղե­ցին ա­նընդ­հատ կա­պի մէջ է Վա­տի­կա­նի եւ Էջ­միած­նի հետ, տեղ­ւոյն վրայ կան պա­տուի­րակ­ներ, ո­րոնք կ՚աշ­խա­տին Կիւմ­րիի մէջ: Կիւմ­րին միակ վայրն է, ուր Պոն­տի­ֆի­կո­սը կը շրջի պա­պի յատուկ ինքնաշարժով (փափամոպիլ): Հա­յաս­տա­նի մէջ հայ կա­թո­ղիկ­է­նե­րը հիմ­նա­կա­նը կը բնա­կին Շի­րա­կի մար­զին մէջ: Կիւմ­րիի մէջ կը գտնուի Հա­յաս­տա­նի, Ռու­սաս­տա­նի, Վրաս­տա­նի եւ Ա­րե­ւե­լեան Եւ­րո­պա­յի հայ կա­թո­ղի­կէ ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ ե­կե­ղե­ցին:

Կիւմ­րիի մէջ Հռո­մի Պա­պը նաեւ պի­տի այ­ցե­լէ Ա­նա­րատ Յղու­թեան հայ քոյ­րե­րու միա­բա­նու­թեան «Տի­րա­մայր Հա­յաս­տա­ն» կու­սա­նո­ցը, Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ս. ե­կե­ղեց­ւոյ Շի­րա­կի Թե­մի ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ Եօթ Վէրք Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցին եւ Սրբոց Նա­հա­տա­կաց հայ կա­թո­ղի­կէ մայր տա­ճա­րը: Ըստ ա­րա­րո­ղա­կար­գի, Սրբա­զան Պա­պը կը խո­նար­հի Շի­րա­կի Թե­մի ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ ե­կե­ղեց­ւոյ սրբա­պատ­կե­րին առ­ջեւ: Եւ կրկին ըստ ա­րա­րո­ղա­կար­գի, Եօթ Վէրք Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կ՚ա­ղօ­թէ ու կը շրջի թե­մի ա­ռաջ­նոր­դի ու­ղեկ­ցու­թեամբ:

Նոյն օ­րը ե­րե­կո­յեան Ե­րե­ւա­նի մէջ՝ Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ է­քիւ­մե­նիք ա­րա­րո­ղու­թիւն եւ Խա­ղա­ղու­թեան ա­ղօթք: Այս­տեղ կը սպա­սուի ա­մե­նէն մար­դա­շատ մի­ջո­ցա­ռման: Հրա­պա­րա­կը այ­ցէն օ­րեր ա­ռաջ ար­դէն տօ­նա­կան տեսք ստա­ցած է:

Յու­նի­սի 26-ին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նի մէջ Հռո­մի Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը հան­դի­պում մը պի­տի ու­նե­նայ Հայ կա­թո­ղի­կէ ե­պիս­կո­պոս­նե­րուն հետ, պի­տի մաս­նակ­ցի Ս. Պա­տա­րա­գի ա­րա­րո­ղու­թեան եւ է­քիւ­մե­նիք ճաշ­կե­րոյ­թին` Ա­մե­նայն Հա­յոց Հայ­րա­պե­տին, Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ս. Ե­կե­ղեց­ւոյ ար­քե­պիս­կո­պոս­նե­րուն եւ ե­պիս­կո­պոս­նե­րուն, Հայ կա­թո­ղի­կէ ար­քե­պիս­կո­պոս­նե­րուն եւ ե­պիս­կո­պոս­նե­րուն ու պա­պա­կան պա­տուի­րա­կու­թեան հետ: Ա­պա Պա­պը հան­դի­պում մը պի­տի ու­նե­նայ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ պա­տուի­րակ­նե­րուն եւ բա­րե­րար­նե­րուն հետ:

Հռո­մի Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պետ Ֆրան­սիս­քոս Պա­պը եւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը պի­տի ստո­րագ­րեն միա­ցեալ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը: Հո­վուա­պետ­նե­րը նաեւ ա­ղօթք պի­տի մա­տու­ցեն Խոր Վի­րա­պի վան­քին մէջ: Ըստ ա­ւան­դու­թեան՝ 6.5 մեթր խո­րու­թեամբ եւ ըն­դա­մէ­նը 4.5 մեթր տրա­մա­գի­ծով այս փո­սին մէջ տասն­չորս տա­րի անց­ու­ցած է Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չը: Ա­նոր՝ այս­տե­ղէն դուրս գա­լէն յե­տոյ քրիս­տո­նէու­թիւ­նը հա­յե­րու հա­մար դար­ձած է պե­տա­կան կրօնք: Եւ նոյ­նինքն այս խորհր­դան­շա­կան վայ­րն է Հռո­մի Պա­պի վեր­ջին կան­գա­ռը Հա­յաս­տա­նի մէջ: Ա­նոր այ­ցը՝ քրիս­տո­նէու­թիւ­նը ըն­դու­նած ա­ռա­ջին եր­կիր իր ա­ւար­տին կը հաս­նի Խոր Վի­րա­պի մէջ:

Նոյն օ­րը Ֆրան­սիս­քոս Պա­պը Ե­րե­ւա­նէն պի­տի մեկ­նի Հռոմ:

Պա­պի ե­ռօ­րեայ այ­ցե­լու­թիւ­նը պի­տի լու­սա­բա­նուի հա­յաս­տա­նեան եւ մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լով՝ ան­գամ մը եւս Հա­յաս­տա­նի ա­նու­նը կը յայտ­նուի մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լի ա­ռա­ջին է­ջե­րուն վրայ: Պա­պի այ­ցը լու­սա­բա­նե­լու հա­մար միայն Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մէջ հա­ւա­տար­մագ­րուած է վեց­հա­րիւր լրագ­րող: Բազ­մա­թիւ լրագ­րող­ներ ալ Հա­յաս­տան կու գան վա­տի­կա­նեան պա­տուի­րա­կու­թեան հետ: Հա­յաս­տա­նի մէջ, բո­լոր ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու ժա­մա­նակ ան­գամ մը եւս կը շեշ­տուի այն ի­րո­ղու­թիւ­նը, թէ 2016 թուա­կա­նը Ֆրան­սիս­քոս Պա­պը հռչա­կած է ար­տա­կարգ ո­ղոր­մա­ծու­թեան տա­րի (Extraordinary Jubilee of Mercy), եւ այդ յո­բե­լե­նա­կան տա­րուան մէջ ան կա­տա­րած է իր այ­ցը ա­ռա­ջին քրիս­տո­նեայ եր­կիր:

Հինգշաբթի, Յունիս 23, 2016