ԴԱՐԱՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ…

Օրեր առաջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ նշեցին երկրէն ներս ստրկատիրութենէն հրաժարելու 155-ամեակը: Յունիս 19-ին աւանդաբար նշուող այս օրը ծանօթ է Juneteenth անունով, որ խառնածին բառ մըն է «յունիս» եւ «տասնինը» բառերուն միաւորմամբ: Այս տարի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամները առաջարկած են, որ այդ օրը հռչակուի ազգային տօն:

19 յունիս 1865 թուականին ԱՄՆ-ի Թեքսաս նահանգին մէջ հրապարակուած է սեւամորթ ստրուկներուն ազատութեան մասին դաշնային հրամանագիր մը, բայց ստրկութիւնը աւելի վաղ չեղեալ յայտարարուած էր 22 սեպտեմբեր 1862 թուականին, նախագահ Ապրահամ Լինքոլնի հրամանագրով, որ ուժի մէջ մտած է 1 յունուար 1863 թուականին: Որոշ տարածքներու մէջ տակաւին կը պահպանուէր ստրկութիւնը եւ ի վերջոյ ամբողջութեամբ չեղարկուեցաւ 1865 թուականին եւ սահմանադրութեան վերամշակմամբ ստրկատիրութիւնը ապօրինի նկատուեցաւ ԱՄՆ-ի բոլոր բնակավայրերուն մէջ:

Ստրկութեան մասին պատմական շարժանկարները, գիրքերը, հրամանագրերը եւ փաստաթուղթերը Միացեալ Նահանգներու պատմութեան անբաժանելի մասն են:

1619 թուականին հոն սկիզբ դրուեցաւ այդ ամօթալի երեւոյթին, երբ ծխախոտի արտադրութեան կազմակերպման համար առաջին ափրիկեցի ստրուկներուն խումբերը, Ատլանտեան ովկիանոսով, Ափրիկէէն փոխադրուեցան Հիւսիսային Ամերիկայի անգլիական Ճէյմսթաուն գաղութը, ապա Հիւսիսային Ամերիկայի գաղութներուն մէջ արագօրէն տարածուեցաւ ափրիկեցի սեւամորթ ստրուկներուն վաճառքը, որ գաղութներուն մէջ եւ ԱՄՆ-ի տարածքին պահպանուեցաւ շատ երկար ժամանակ: Բազմաթիւ շարժումներ ծաւալեցան ԱՄՆ-ի մէջ ստրկութեան վերացման ուղղութեամբ, բայց անոր վերջը, փաստօրէն, դրուեցաւ 19-րդ դարուն:

19 յունիս 1980 թուականին Թեքսաս նահանգին մէջ հռչակուած է պետական տօն մը, սակայն միւս նահանգներուն մէջ պաշտօնական չէ եղած: Ծերակոյտի խումբ մը անդամներու առաջարկը՝ տօն հռչակել երկրի ողջ տարածքին, կը բխի նաեւ այն իրողութենէն, որ այս տարի ստրկութեան վերացման օրը ԱՄՆ-ի մէջ նշուեցաւ մորթի գոյնով պայմանաւորուած լարուած յարաբերութիւններու ներքոյ:

Մինէափոլիսի մէջ ճերմակամորթ ոստիկանի մը կողմէ սեւամորթ կասկածեալ Ճորճ Ֆլոյտի սպանութենէն ետք ԱՄՆ-ի հարիւաւոր քաղաքներու մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերն ու զանգուածային անկարգութիւնները իրենց արձագանգը տարածած են նաեւ արտասահմանի մէջ: Ցեղային խտրականութեան հարցեր առաջ քաշելէ զատ ԱՄՆ-ի մէջ ցուցարարները նաեւ ոստիկանական համակարգի բարեփոխումներ կը պահանջեն:

Իրավիճակը աւելի սրացաւ քորոնաժահրի համաճարակի պայմաններուն ներքեւ, մանաւանդ, որ պարզ դարձաւ, թէ սպաննուած Ֆլոյտ իր մահուան պահուն արդէն կորսնցնուցած էր աշխատանքը՝ համաճարակին համար տուն մնալու հրամանին պատճառով: Մահէն ետք անոր ընտանիքին շատեր ձեռք մեկնած են: Քիմ Քարտաշեանի ամուսինը՝ յայտնի երգիչ Քանիէ Ուեսթ յայտարարած է, որ ինք կը վճարէ ոստիկաններու գործողութիւններուն հետեւանքով մահացած սեւամորթ Ճորճ Ֆլոյտի 16-ամեայ դստեր քոլէճին վարձքը։ Ան աղջկան համար յատուկ հիմնադրամ մը ստեղծած է: Ուեսթ 2 միլիոն տոլար փոխանցած է այն բարեսիրական կազմակերպութեան, որ կը գործէ բռնութեան զոհերուն օգնելու համար:

…Միացեալ Նահանգներ այսօր իր պատմութեան լաւագոյն օրերը չ՚ապրիր: Վերլուծաբաններ արդէն կանխատեսած են համաճարակի պատճառով տնտեսութեան թուլացում, ընկերային եւ այլ խնդիրներու սրում, իսկ սեւամորթ բնակիչին հանդէպ բռնութեամբ սպանութիւնը՝ քաղաքական եւ ցեղային բազմաթիւ հարցերու դուռ պիտի բանայ երկրին համար: Անշուշտ, նախքան նախագահական ընտրութիւնը՝ այդ մէկը ցանկալի բեմագրութիւն չէ երկրի նախագահին համար: ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ վերջին հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ այս առիթով յայտնած է իր մտավախութիւնը՝ կանխատեսելով պարտութեան նշաններ:

ԱՄՆ-ի պատմութեան մէջ բոլոր նախագահները իրենց նշանակալից դերը ունեցած են, սակայն այս օրերուն անընդհատ կը յիշուի անունը Ապրահամ Լինքոլնի, որ վաստկած է ստկրութեան դէմ մարտիկի կոչում: Մինչեւ այսօր, ամերիկացիներուն գիտակցութեան մէջ, Ապրահամ Լինքոլնն ու ամերիկեան երազանքը նոյնացած են: Իր մահէն աւելի քան 200 տարի անց Ապրահամ Լինքոլն կը շարունակէ ոգեշնչել:

Լինքոլնի կեանքը կարծես առասպել մըն է: Փայտեայ խրճիթի մէջ ծնած եւ ինքնուրոյն կրթութիւն ստացած երիտասարդը կը դառնայ նախագահ եւ, երկրի ամենամեծ ճգնաժամին` Քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին կ՚առաջնորդէ ազգը, կը պահպանէ Դաշինքը եւ վերջ կը դնէ ստրկութեան, բայց յետագային կը դառնայ սպանութեան զոհ: Մանաւանդ ստրկութիւնը անոր աշխարհահայեացքին վրայ մեծ ազդեցութիւն ձգած էր, քանի որ անոր հօրեղբայրը եւ իր հօր հօրեղբայրը ունէին բազմաթիւ ստրուկներ, մինչդեռ իր հայրը հրաժարած էր ստրուկներ պահելէ:

Շատեր կը նկատեն, որ տակաւին մանուկ հասակին Լինքոլն կարդացած էր Աստուածաշունչը, «Ռոպինսըն Քրուզօ»ն, Եզովբոսի առակները, «Ճորճ Ուաշինկթընի պատմութիւնը» եւ քաղաքական գործիչ եղած ժամանակ ան շատերը կը զարմացնէր իր ունեցած գիտելիքներով Սուրբ Գիրքի մասին, ուրկէ խօսքեր կը մէջբերէր: Անոր վառ օրինակն է Լինքոլնի «Բաժանուած տուն» խօսքը, որուն շարժառիթը եղած է երիտասարդ երկրի «կիսաստրուկ եւ կիսաազատ» կարգավիճակով գոյութեան անհնարութիւնը:

Սեւամորթներու իրաւունքներուն համար պայքարը ԱՄՆ-ի կարեւորագոյն ձեռքբերումներէն մէկն է: Անցեալ դարու 1950-1960-ական թուականները այս առումով բեկումնային տարիներ էին: 1954 թուականին վերացուեցաւ սեւամորթ եւ ճերմակամորթ երեխաներու տարանջատուած ուսուցումը։ Սակայն բազմաթիւ նահանգներու ցեղապաշտական շրջանակները կը հրաժարէին այդ որոշման ենթարկուիլ, նոյնիսկ կը դիմէին ահաբեկչական գործողութիւններու։ Սեւամորթներու շահերուն պաշտպանութեան մէջ, այդ ժամանակ, ներգրաւուած էր հոգեւորական Մարթին Լիւթըր Քինկ։ Վերջինս խաղաղ դիմադրութեան ու բռնութիւնը բացառող գործողութիւններու կողմնակից էր։ Անոր կարծիքով՝ ցեղային խտրականութիւնը տրամաբանօրէն կարելի չէ բացատրել, իսկ բարոյական տեսանկիւնէն կարելի չէ արդարացնել։ Անոր կը հետեւէին գրեթէ բոլոր քրիստոնեայ ափրօ-ամերիկացիները։ ԱՄՆ-ի մահմետական սեւամորթներու շարժման առաջնորդն էր Մ. Իքս։ Երկուքն ալ սպաննուեցան ցեղապաշտ ահաբեկիչներու կողմէ։ Սակայն շարժումը էականօրէն մօտեցուց հարցին կարգաւորումը։ 1964 թուականին ընդունուած քաղաքացիական իրաւունքներու մասին օրէնքը արգիլեց հասարակական վայրերու մէջ, մորթի գոյնով պայմանաւորուած, ցեղային խտրականութիւնը, ինչպէս նաեւ աշխատուժի վարձման եւ ազատման ժամանակ։ Ինքնին «սեւամորթ» անուանումը արգիլւեցաւ եւ անընդունելի նկատուեցաւ ու շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ «ափրօ-ամերիկացիներ» անուանումը։ Նախագահներ Տուայթ Այզենհաուըրի, Ճոն Քենետիի եւ Լինթոն Ճանսընի օրով ընդունուած օրէնքները վերացուցին գունային խտրականութեան ծայրայեղ դրսեւորումները։ Այս բոլորին շնորհիւ նաեւ տարիներ անց՝ 2008 թուականին, նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքին, ԱՄՆ-ի պատմութեան մէջ առաջին անգամ նախագահի պաշտօնը ստանձնեց ափրօ-ամերիկացի Պարաք Օպաման։ Դառնալով ԱՄՆ-ի 44-րդ նախագահ՝ Օպաման երդում տուաւ այն նոյն Աստուածաշունչին վրայ, որ մօտ 150 տարի առաջ, նախագահի պաշտօնը ստանձնելու ժամանակ, գործածած էր Ապրահամ Լինքոլն:

Պարաք Օպամա նաեւ նախագահի պաշտօնի իր թեկնածութիւնը յայտարարած էր Լինքոլնի հայրենի բնակավայրին մէջ՝ Իլինոյ նահանգի Սփրինկֆիլտ քաղաքին մէջ՝ ըսելով հետեւալ խօսքերը. «Ահա այդ մասին կը յայտնեմ նահանգապետարանի ստուերին մէջ, որ Լինքոլնը ժամանակին նկատած էր բաժնուած տուն, որ պէտք է միաւորուի…»:

…Միացեալ Նահանգներու մէջ վերջին ցոյցերէն եւ բողոքի գործողութիւններէն ետք աշխարհահռչակ բազմաթիւ ընկերութիւններ, կտրուկ քայլերով, իրենց աջակցութիւնը յայտնած են սեւամորթներուն: Հայազգի գործարար, Reddit կայքէջի եւ ամպային ընկերութեան հիմնադիր Ալեքսիս Օհանեան յայտարարած է, որ կը հեռանայ Reddit-ի խորհուրդէն առաջարկելով իրեն փոխարէն նշանակել սեւամորթ մը: Ալեքսիս Օհանեան ըսած է.

«Ես հիմնադրեցի Reddit-ը տասնհինգ տարի առաջ մարդոց օգնելու համար, որպէսզի գտնեն համայնք եւ պատկանելիութեան զգացում: Վաղուց արդէն ժամանակն է ճիշդ բան մը ընելու: Ես ասիկա կ՚ընեմ իմ ընտանիքիս եւ երկրիս համար: Ես այս մէկը կ՚ընեմ նաեւ որպէս հայր, որ պէտք է կարենայ պատասխանել իր սեւամորթ դստեր, երբ ան հարցնէ, թէ ես ի՞նչ ըրած եմ»:

Ան նաեւ նշած է, որ Reddit-ի բաժնետոմսերուն յառաջիկայ շահոյթը կը գործածէ սեւամորթ համայնքին ծառայելու համար, զսպելու գունազատման ատելութիւնը: Գործարարը կոչ ըրած է ամէն մարդու, որ այս ճանապարհին կանգ չառնեն:

Մէկ այլ խոշոր ընկերութեան՝ Netflix-ի կազմակերպիչ Ռիտ Հասթինքս 120 միլիոն տոլար նուիրաբերած է կրթական հաստատութիւններուն, ուր աւանդաբար կ՚ուսանին սեւամորթ ուսանողները: Հասթինքս նշած է, որ այդ քոլէճներէն քանի մը հատը կը գործեն շուրջ 150 տարիէ ի վեր։ «Առաջին անգամ չէ, որ ցեղային խտրականութիւնը կը բարձրացնէ իր հրեշաւոր, տգեղ գլուխը եւ երկրին մէջ կան քոլէճներ, որոնք ունին նուազագոյն պաշարներ, բայց կը ստանձնեն պատասխանատուութիւնը՝ վերապատրաստելու այն ուսանողները, որոնք առաւելագոյնս ունին պաշաներներու կարիք», ըսած է ան:

Վերջին բողոքի ցոյցերուն զուգահեռ Միացեալ Նահանգներու մէջ յուշարձաններու ամբողջական շարք մը հեռացուած կամ ոչնչացուած է: Ամերիկեան Սեն Լուիզ քաղաքին մէջ (Միզուրի նահանգ) հանուած է 140 տարի առաջ տեղադրուած Քոլոմպոսի յուշարձանը: Յուշարձանը կը խորհրդանշէր այս շրջանի զարգացման գործին մէջ ներգաղթեալներուն ներդրումը։

Այնուամենայնիւ, ներկայ արարքներուն ընթացքին անիկա դարձած է բնիկ ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու պատմական անտեսման, ինչպէս նաեւ անոնց համայնքներու ոչնչացման խորհրդանիշ:

Արձաններուն հանդէպ բռնութիւնը որակուեցաւ իբրեւ նոր շարժում՝ «Պատերազմ քարերու դէմ» անունով եւ դատապարտուեցաւ:

Ցուցարարները կ՚ոչնչացնեն իրենց կարծիքով՝ մորթի գոյնով խտրականութեան առընչուող արձանները:

Վիրճինիա նահանգին մէջ անոնք ոչնչացուցած են Համադաշնութեան նուիրուած յուշարձանը, Ռիչմընտի մէջ տապալած են «Շատրուաններու լիճ»ին մէջ տեղադրուած արձանը: Լինքոլնի յուշակոթողը նոյնպէս այս ցոյցերուն եղած է ուշադրութեան կեդրոնին. Ուաշինկթընի մէջ հարիւրաւոր մարդիկ Սպիտակ տան քովէն անցնելով գացած են դէպի Լինքոլնի յուշակոթողը եւ բացագանչած՝ «Ո՛չ, ցեղապաշտ ոստիկանութեան»։

Օրեկոն նահանգի Փորթլենտ քաղաքի արուարձանին մէջ, անյայտ անձինք, պատուանդանէն նետած են Միացեալ Նահանգներու երրորդ նախագահ Թոմաս Ճեֆըրսընի պրոնզէ յուշարձանը։ Ցոյցի մասնակիցները նախապէս յուշարձանի պատուանդանին վրայ «ստրկատէր» բառը գրած են, ապա յուշարձանը տեղահան եղած է: Ուրիշ բողոքի ցոյցի զայրացած մասնակիցներ կարմիր ներկով ներկած են Օհայօ նահանգի Քալումպուս քաղաքին մէջ դերասան, Գալիֆորնիոյ նախկին նահանգապետ Առնոլտ Շուարտզնեկըրի արձանը։ Արձանին քով՝ գետնին գրած են «Արիւն քու ձեռքերուդ», «Սեւամորթներու կեանքը նշանակութիւն ունի»։ Լարուածութիւնը տակաւին կը շարունակուի: Դարերով այս օրուան հասած պայքարը օրէ օր նոր երանգներ կը ստանայ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան 

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2020