ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԱՊՏԱԿԸ՝ ԹԻՒՈՎ ԵՐՐՈՐԴ

Նորէն թերագնահատեցինք մեր հակառակորդը, Նիքոլ Փաշինեանը: Ու նորէն մեր ոտքը դպաւ քարին:

Մարտին տեղի ունեցած հանրահաւաքներէն մէկուն ատեն ես բարձրաստիճան նախկին պաշտօնեայի մը մօտենալով հարցուցի՝ արդեօք ի՞նչ պիտի ըլլայ.

-Ամէն բան լաւ պիտի ըլլայ:

-Վստա՞հ էք,- տարակուսանքով հարցուցի ես:

-Հարկաւ, մի անհանգստացէք,- հպարտ ու ինքնագոհ պատասխանեց պաշտօնեան:

-Բայց անոր կը սատարեն բաւականին մեծ ուժեր, ինչպէս նաեւ մեր հակառակորդները:

-Ով կ՚ուզէ թող սատարէ, մե՛նք պիտի յաղթենք:

Անոր խօսքերը իմ մտահոգութիւնները չփարատեցին:

Սրտացաւ, հայասէր, հայրենասէր ու արցախասէր իմ թանկագին հայրենակիցներ՝ առանց Տիրոջ ողորմածութեան մենք ոչինչ ենք: Իսկ այն ամէնը ինչ տեղի ունեցաւ ու կը շարունակէ տեղի ունենալ՝ Աստուծոյ պատիժն է: Աստուած ձգեց, որ ըլլայ պատերազմ, որ կորսնցնենք Արցախի զգալի մասը, հազարաւոր զոհեր, վիրաւորներ ու անյայտ կորածներ ունենանք, որովհետեւ մենք սխալ ուղիի վրայ էինք ու ենք: Մենք վաղուց հեռացած ենք ճշմարիտ հաւատքէն՝ Աստուծմէ եւ խորասուզուած ենք մեղքերու մէջ: Յամառած եմ ու կը շարունակեմ պնդել՝ Փաշինեանը մարդկային կերպարանքով սատանայ մըն է՝ հայոց նեռը: Եւ ո՞վ ենք մենք՝ հասարակ մահկանացուներս, որ առանց Տիրոջ օգնութեան ու միջամտութեան, կարենանք յաղթել չարին։ Ո՛չ մէկը, աւելի ճիշդ սատանայի գայթակղութեան տակ գտնուող խամաճիկներ: Չարը ամէնուր է՝ զգօն ու աչալուրջ: Իր ոչ մէկ զոհը կը ձգէ: Անմիջապէս կը թիրախաւորէ ու կը ստիպէ գործել մեղքեր:

Ժամեր առաջ Փաշինեան յաղթեց: Զարտուղի ճանապարհով սակայն յաղթեց՝ վերարտադրուեցաւ: Այս ապտակը մեզի նորէն ըսաւ ոչինչ: Ու մենք կը շարունակենք խորտակուիլ մեղքերու յատակը: Մեզի իրաւունք կը վերապահենք Բարձրեալէն պահանջել պատասխան: Վշտացած հարցնել. «Ո՞ւր էիր Աստուած, ինչո՞ւ թոյլ կու տաս, որ այս ամէնը տեղի ունենայ մեզի»: Կամ կը վշտանանք ու կը կորսնցնենք մեր ունեցած չնչին հաւատքը, պատճառաբանելով՝ եթէ Աստուած իսկապէս գոյութիւն ունենար, թոյլ չէր տար այս բոլորը:

Այժմ ամէն մարդ ամենավերջին հայհոյանքներն ու անէծքները կը թափէ Փաշինեանին, անոր ընտանիքի եւ անոր սատարողներու հասցէին: Այսպիսով տրուելով սատանայի գայթակղութեան՝ ա՛լ աւելի կը մխրճուին մեղքերու մէջ եւ հնարաւորինս բարդ կացութեան մէջ կը ձգեն մեր երկիրը: Կարելի չէ:

Ազգադաւին ու միւսներուն հայհոյելու, անիծելու, ստեղծուած իրավիճակէն տրտնջալու փոխարէն, փորձեցէք այս իրավիճակներուն մէջ հասկնալ ձեր մեղքը: Աղօթեցէք, զղջացէք ձեր գործած մեղքերու համար՝ ապաշխարեցէք: Փորձեցէք ապրիլ հաւատքով: Ճանչնալ, սիրել, փառաբանել Տէրը: Սուրբ պահեցէք կիրակի օրերը, մի՛ աշխատիք: Կիրակիները նուիրեցէք Աստուծոյ ու ձեր հանգստին. այցելեցէք եկեղեցի, մասնակցեցէք պատարագին ու հաղորդութիւն ստացէք, Աստուածաշունչ կարդացէք եւ տարածեցէք Աստուծոյ խօսքը: Ահաւասի՛կ, այս է դէպի մեր հոգիներու բուժում, դէպի մեր վիրաւոր հայրենիքներու վէրքներու բուժում տանող միակ ճանապարհը: Այլընտրանք չունինք: Բոլոր միւս ուղիները կը տանին դէպի կործանում:

Ինքնասիրութեան, հայրենասիրութեան պէտք է սկսիլ զԱստուած ճանաչելով ու փառաբանելով:

Ընտրութեան արդիւնքները ինծի համար վաղուց յստակ էին: Տխուր էի, կ՚աղօթէի: Գիտէի, վստահ էի, որ առանց ապաշխարութեան, առանց հաւատքի դառնալու՝ պիտի պարտուինք: Քարոզարշաւներու ընթացքին՝ Ռոպերթ Քոչարեանը եւ իր ղեկավարած դաշինքը կամ Սերժ Սարգսեանը եւ մեր միւս քաղաքական գործիչներն ու մտաւորականները, ոչ մէկը իր քարոզարշաւի, իր խօսքի մէջ յիշատակեց զԱստուած, Քրիստոս: Չխոստովանեցաւ իր մեղքերը, չզղջաց: Ոչ մէկը նշեց, որ միայն Տիրոջ ողորմածութեամբ կրնանք յաղթել: Իրենց համակիրներն ալ Բարձրեալը փառաբանելու փոխարէն, փրկչի դերի մէջ սկսան տեսնել զիրենք: Անթիւ ու անհամար մեղքեր կը գործենք շարունակ եւ մեծաւ մասամբ չենք գիտակցիր:

Պատերազմի ապտակը, անձնատուութիւնը, վերջին ապտակը մեզի ըսաւ ոչինչ: Սթափուելու, Աստուծոյ դառնալու, հաւատքով ապրելու փոխարէն, մենք ա՛լ աւելի շատ կը յայտնուինք սատանայի լարած որոգայթներուն մէջ:

Իսկ եթէ սա վերջին ապտակէն ալ չսթափուինք, չճանչնանք ու չսիրենք Տէրը, Բարձրեալը առաւել ծանր պատիժներ պիտի ղրկէ մեզի համար, մինչեւ որ մենք չզգանք մեր մեղքը, մինչեւ որ չամչնայ մեր մեղաւոր սիրտը:

Տակաւին ամէն բան կորած չէ: Տակաւին ունինք հնարաւորութիւն փրկելու մեր երկիրը:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունիս 23, 2021