ՕՐՈՒԱՆ ՀԱՑԻ ՅՈՅՍՈՎ
-Աղջիկս, հոգ մի՛ ըներ: Ես իմ աչքի լոյսի պէս պիտի պահեմ երեխաները, ըսաւ Զաւէն պապը եւ մինչեւ իր վերջին շունչը հաւատարիմ մնաց իր խոստումին:
Գեղեցկադէմ, բարձրահասակ ու յաղթանդամ տղամարդ մըն էր: Միշտ կոկիկ ու մաքուր հագուած: Պեխ կամ մօրուք չէր պահեր, մշտապէս սափրուած էր: Մարզական հագուստները նոյնպէս իր ճաշակով չէին: Ան միշտ կը պտտէր արդուկած վերնաշապիկով ու «քոսթիւմ»ով:
Ազնիւ, խոհեմ, առաքինի մարդ մըն էր, որ իր կեանքի հոլովոյթին երբեք չկորսնցուց իր բարոյականութեան չափանիշը: Շրջապատին մէջ ալ յայտնի էր իր ազնուութեամբ ու նուիրուածութեամբ: Կ՚ապրէր ու կ՚արարէր յանուն իր ընտանիքի եւ իր յոյսին մնացած երկու փոքրիկներու: Այդ փոքրիկներէն մին ես էի, որ միշտ քովէն դիտելով՝ կը հիանայի իմ մեծ հօր կերպարով:
Զաւէն պապը ժամանակին Արցախ աշխարհի լաւագոյն շարժիչագործներէն էր: Մինչեւ ութսուն տարեկան ով գիտէ, քանի ինքնաշարժի շարժիչ նորոգած է: Երբ իր հասակակիցները անցան թոշակի, ան շարունակեց աշխատիլ՝ յանուն մեր բարեկեցութեան: Մինչեւ ծունկերը ծալելը՝ ամառ թէ ձմեռ, մութին ու ցուրտին, արեւի տապին, իր արդար պայքարը կը մղէր տարատեսակ ծանր երկաթներու դէմ, մինչեւ որ շարժիչը աշխատէր:
Եօթանասունն անց տարիքին աշխատանքի անցաւ հայկական բանակի շարքերուն մէջ: Կը նորոգէր Հայկազովի զօրամասի բոլոր շարժիչները: Արեւածագին կ՚արթննար, կը լուացուէր, կը հագուէր իր «քոսթիւմ»ը ու կը նստէր նաշաճաշի սեղանի շուրջ: Սեղանը միշտ տատս կը պատրաստէր. թէյ, հաց, եթէ պանիր կար՝ պանիր, եւ պարտադիր երկու հաւկիթ: Հաւկիթէն զատ շատ կը սիրէր նախաճաշին համտեսել կաթնաշոռ ու թթուասէր՝ միասին խառնած:
Մինչ ան կը նախաճաշէր, կը բանեցնէր ռուսական արտադրութեան «Նիւա» մակնիշի ինքնաշարժը, որ նուէր ստացած էր որդիին կողմէ: Մասնաւորապէս ձմրան ամիսներուն անհրաժեշտ էր, որ ինքնաշարժի շարժիչը լաւ տաքնար, ու կ՚երթար աշխատանքի: Այսպէս ամէն օր, եօթանասունն անց ծերուկ մեծ հայրս առտու կանուխ կ՚երթար, երեկոյեան վեցին կը վերադառնար:
Աչքածակութիւն, աւելիին տիրանալու ձգտում երբեք չէր ունեցած: Կը սիրէր բաւարարուիլ իր վաստակածով: Թէպէտ Ստեփանակերտի լաւագոյն շարժիչագործն էր, սակայն գրպանը միշտ դատարկ էր. աշխատավարձով կ՚ապրէր:
Տունը դրամ կը մտնէր աշխատավարձէ աշխատավարձ՝ ամիսը անգամ մը: Մէկ գրպանէն կը մտնէր, միւսէն կը սպառէր: Երբեմն ալ տուն չհասած կը սպառէր: Պապս կը սիրէր տուն մտնող բոլոր դրամները պահել իր գրպանի մէջ, ինքնուրոյն տնօրինել: Աւելորդ չէր ծախսեր: Միակ աւելորդ ծախսը՝ ծխախոտին տուած գումարն էր, որ ապա կը դառնար մոխիր: Ո՛չ փորդ կը կշտանար, ո՛չ գրպանիդ պարունակութիւնը կ՚աւելնար: Պարզապէս քու եւ դիմացինիդ առողջութիւնը կը քայքայես:
Ամիսը անգամ մը մեր տունին մէջ տեղի կ՚ունենար քաղցրահամ վիճաբանութիւն մը: Մեծ հայրս ու մեծ մայրս կ՚ընդհարուէին: Կը սիրէի ամէն անգամ քովէն դիտել անոնց գժտութիւնը:
-Զաւէն, փողը ի՞նչ ըրիր,- զարմացած կը հարցնէր մեծ մայրս:
-Ճաշարան գացի, կերայ ու խմեցի,- սրդողած կը պատասխանէր պապս ու կը շարունակէր,- ինչ պիտի ընեմ, խանութպանի պարտքը տուի, մնացեալ պարտքերը վճարեցի՝ այսչափ մնաց:
Մնացորդը այնքան քիչ էր, որ նոյնիսկ շաբաթուայ առեւտուր չէիր կրնար ընել: Նորէն ստիպուած խանութպանէն պարտքով հաց պիտի խնդրէիր եւ մինչեւ վճարումը դիմանայիր վերջինիս դէմքի դժգոհ արտայայտութեան ու կիսաթթու խօսքերուն:
Ես կ՚ամչնայի պարտքով հաց վերցնել: Առանց դրամի երբեք խանութ չգացի: Այդ տարիներուն մեր ընտանիքի միակ փափաքը ամիս մը առանց պարտքի ապրիլն էր: Այդ օրերը այդպէս ալ չապրեցանք՝ միասնաբար: Մեր ընտանիքը բացառութիւն չէր՝ շուրջբոլորը պարտքով առեւտուր կ՚ընէին:
Մեծ հօրս աշխատավարձէն զատ թոշակ ալ կը մտնէր մեր տուն՝ տատիկիս, պապիկիս ու մայրիկիս: Երբեմն մօրեղբայրս ալ Ռուսաստանէն դրամ կը ղրկէր: Տարին անգամ մը կու գար, մեր բոլոր պարտքերը կը փակէր՝ կ՚երթար: Սակայն կարճ ժամանակ անց նորէն նոյն պատմութիւնը՝ պարտք, պարտք, ու էլի պարտք: Ինչպէ՞ս եւ ուրկէ կը գոյանար՝ յայտնի չէր: Իսկ Զաւէն պապի պատասխանը անփոփոխ էր. «Ճաշարան գացի»:
Երանի՜, իսկապէս ճաշարան գացած ըլլայիր: Ձեւով մը չէր կրնար գումարը ճիշդ տնօրինել՝ թէպէտ աւելորդ ծախսերը բացառուած էին: Չեմ գիտեր ինչու, այսօր արթնցայ իմ սիրելի մեծ հօր ձայնը իմ ականջներուն մէջ: Մտովի վերապրեցայ այդ քաղցր օրերը:
Իմ սիրասուն մեծ հայր, երբ ես սկսայ աշխատելու, ինքնուրոյն քայլեր կատարելու այս կեանքին մէջ՝ դուն հեռացար: Երանի՜, կարենայի խնայել քու բոլոր նեարդներդ ու երկարացնէիր կեանքիդ օրերը: Երանի՜, այժմ մեծ մօրս հետ ըլլայիք իմ քովը: Երանի՜, հնարաւորութիւն ունենայի քեզ ճաշարան տանելու: Երանի՜, միասին ճեմէինք պարտէզի մէջ։ Երանի՜, այսօր հնարաւորութիւն ունենայի ձեր մասին հոգ տանելու: Իմ կեանքի մեծագոյն սէր ու իմաստ:
Թող Աստուած լուսաւորէ ձեր հոգիները:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024