ԻՆՉՈ՞Ւ ԹՈԼՍԹՈՅ ԿԸ ԹԵՐԱԳՆԱՀԱՏԷՐ ՇԷՅՔՍՓԻՐԸ (Ա.)
Բոլորիս ծանօթ է, թէ Ուիլիամ Շէյքսփիր ունի բազմաթիւ համակիրներ, բայց անոր աշխատանքը համընդհանուր գնահատականի չ՚արժանանար: Աւելի՛ն, կան նոյնքան յայտնի գրողներ, որոնք մարտահրաւէր ուղղած են կամ տակաւին կ՚ուղղեն անոր։ Երեք տարի թատերական քննադատ ըլլալէ յետոյ Ճորճ Պեռնարտ Շոուն զինք պարտաւոր կը զգար ուղղել մեր աչքերը Շէյքսփիրի փիլիսոփայութեան «դատարկութեան» վրայ։ Գրականագէտ եւ հանրածանօթ «Մատանիներու տիրակալը» գիրքերու հեղինակ անգլիացի Ճ. Ռ. Ռ. Թոլքիըն մաս կը կազմէր Շէյքսփիրը արհամարհողներու շարքին։ Վոլթերի արիւնը կ՚եռար, երբ կը խօսէր Շէյքսփիրի ստեղծագործութիւններու մասին։ Այնուամենայնիւ, որեւէ գրական հսկայ չէ արհամարհած Շէյքսփիրը այնքան, որքան Լեւ Թոլսթոյը:
«Պատերազմ եւ խաղաղութիւն» գիրքի հեղինակ եւ ազնուական ընտանիքի մը անդամ Թոլսթոյը կ՚անհանգստացնէր այն փաստը, որ թէեւ ան վաղ տարիքէն կարդացած էր «Համլեթ»ը եւ «Մաքպեթ»ը, բայց, ի տարբերութիւն իր ընկերներուն եւ ընտանիքի անդամներուն, ան այդ գործերը չէր ընկալած՝ որպէս իսկական գլուխգործոցներ: Շէյքսփիրի կատակերգութիւնը զինք չէր զուարճացուցած, իսկ բառախաղերը, ըստ իրեն, անճաշակ էին։
Թոլսթոյ կը կարծէր, որ Շէյքսփիրի ստեղծագործութիւնները կրնայ աւելի լաւ գնահատել աւելի ուշ տարիքին, բայց երբ ան վերընթերցեց զանոնք 75 տարեկանին, ան նոյնպէս տպաւորուած չէր: Ապա ան որոշեց գրաւոր ներկայացնել իր քննադատութիւնը այս գործերու վերաբերեալ։
1906 թուականին Թոլսթոյի գրած յօդուածը կարծէք կը յարձակէր Շէյքսփիրի ժառանգութեան եւ այդ ժառանգութեան կառուցման աջակցողներու վրայ: Թոլսթոյ նախ կասկածի տակ դրած էր Շէյքսփիրի թատրերգական տաղանդը։ Ըստ իրեն, Շէյքսփիր հանդիսատեսի համար կը դժուարացնէր կերպարներու հետ յարաբերութիւնները, քանի որ ան իր կերպարները կը դնէր անճոռնի իրավիճակներու մէջ։ Բաց աստի, հերոսները յաճախ հանդէս կու գային իրենց կերպարներէն դուրս եւ անոնք դէպքերուն կ՚արձագանգէին իրենց անհատականութեան բոլորովին հակառակ:
Ինչպէս կը տեսնենք իր ժամանակի ռուս գրողներու մօտ, Թոլսթոյ եւս կը փորձէր իր գեղարուեստական գրականութեան իւրաքանչիւր կերպարին տարբեր ձայն մը տալ՝ կախեալ անոնց տարիքէն, սեռէն կամ դասակարգէն: Օրինակ՝ արքայադուստրերը նրբօրէն կը խօսէին եւ հարուստ բառապաշար ունէին, իսկ հարբած գիւղացիները կը փնթփնթային ու կը մրմնջէին։ Միւս կողմէ, Շէյքսփիր միշտ կը գրէր նոյն բանաստեղծական ոճով, կարեւոր մարդոցմէ մէկուն խօսքը կը հնչէր ուրիշի բերանէն եւ այսպէսով անհնար կ՚ըլլար տարբերել, թէ ո՛վ կը խօսի։
Թոլսթոյ չէր ուզեր բացատրել իր Շէյքսփիրի նկատմամբ հակակրանքի պատճառները, այլ կ՚ուզէր հասկնալ այն մարդիկը, որոնք միշտ պատրաստ էին գնահատել եւ պաշտպանել զայն։ Ան ըսած է. «Երբ Շէյքսփիրի երկրպագուներէն խնդրեցի բացատրել, թէ ինչո՛ւ ան այդքան կարեւոր է, անոնք կը պատասխանէին ոչ թէ բանականութեամբ, այլ հաւատալով ընդունուած որեւէ «տոկմա» պաշտպանելով»։
Իր յօդուածի երկրորդ կէսին Թոլսթոյ ենթադրութիւններ կ՚ընէ այն մասին, թէ ինչպէս Շէյքսփիրի շուրջ յառաջացած է այն իրավիճակը, որ կարելի է համարել որպէս կրօնի տեսակ մը։ Թէեւ Թոլսթոյի միտքը ձեւաւորուած էր իրեն բացայայտ կողմնակալ մօտեցմամբ, փաստ էր, որ ակադեմական աշխարհը կ՚ուզէր ոստում կատարել մէկ ուղղութենէն միւսը եւ այդ անցումները միշտ ճշմարիտ գիտելիքի հասնելու նպատակը չէին հետապնդեր: Օրինակ, կարելի է պնդել, որ Շէյքսփիրի ժառանգութիւնը կը շարունակէ այսօր ո՛չ թէ իր աշխատանքի բնոյթին պատճառով, այլ քանի որ շատ ակադեմականներու, դերասաններու եւ թատերական ընկերութիւններու արհեստավարժութիւնը կախեալ է անկէ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
•շարունակելի…