ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՄՐՑԱՆԱԿ

Չորս հայ ե­րի­տա­սարդ օ­րերս Հա­յաս­տան բե­րած են Հա­յաս­տա­նի Տե­ղե­կա­տուա­կան ար­հես­տա­գի­տու­թեան (IT) պատ­մու­թեան մէջ ա­մե­նէն հե­ղի­նա­կա­ւոր մրցոյ­թը: Այդ մէ­կը ա­մե­րի­կեան Apple հսկայ ըն­կե­րութեան կող­մէ սահ­մա­նուած Apple Award Design-ն է, որ այս տա­րի բա­ժին հա­սաւ հա­յե­րուն: Խա­ղը ստեղ­ծած է հայ­կա­կան «Թրիա­տա» ա­րուես­տա­նո­ցը (studio), որ քսա­ներ­կու տա­րիէ ի վեր՝ կը գոր­ծէ Հայաս­տա­նի մէջ եւ կը նկա­տուի հա­մա­կարգ­չա­յին գծա­գի­տու­թեան (Computer graphics) եւ ման­րա­պատ­կե­րա­յին շնչա­ւո­րու­թեան (animation) յա­ռա­ջա­տար ըն­կե­րու­թիւն­նե­րէն մին, հա­կա­ռակ, որ այս ըն­կե­րու­թեան ա­նու­նը ծա­նօթ չէր լայն հա­սա­րա­կու­թեան մօտ, այլ միայն մաս­նա­գի­տա­կան շրջա­նակ­նե­րէ ներս հռչա­կ կը վա­յե­լէր: Մի­ջազ­գա­յին այս կա­րե­ւոր մրցան­քէն ետք «Թրիա­տա»ի ա­նու­նը յայտ­նի դար­ձաւ ողջ Հա­յաս­տա­նի մէջ:

Ա­րուես­տա­նո­ցը կը զբա­ղի զա­նա­զան աշ­խա­տանք­նե­րով՝ հա­մա­կարգ­չա­յին գծա­գի­տու­թե­նէն ներս, մա­նա­ւանդ, յա­ջո­ղու­թեան հա­սած է հե­ռա­տե­սի­լա­յին թուա­յին գո­վազ­դի շու­կա­յին մէջ, շա­հած է այդ աս­պա­րէ­զի հա­մար կա­րե­ւոր մրցա­նակ­ներ: «Թրիա­տա»ն շա­հած է նաեւ ArmNet Awards 2015-ը՝ «Ձե­ւա­ւո­րում եւ յար­մա­րա­ւէ­տու­թիւն-բջի­ջա­յին յա­ւե­լուա­ծ», ինչ­պէս նաեւ «Նո­րա­րա­րու­թիւ­ն» ա­նուա­նա­կար­գե­րու մէջ: Հա­կա­ռակ իր փոք­րա­թիւ կազ­մին, ըն­կե­րու­թեան մէջ կ՚աշ­խա­տին բարձ­րա­գոյն գե­ղա­րուես­տա­կան կրթու­թիւն ստա­ցած մաս­նա­գէտ­ներ, ո­րոնք կ՚ար­տադ­րեն հե­ռա­տե­սի­լա­յին գո­վազդ, կը զբա­ղին շար­ժան­կար­նե­րու ար­տա­քին ազ­դակ­նե­րով, նշա­նա­բան­նե­րու, նի­շե­րու ձե­ւա­ւոր­մամբ, կրթու­թիւն կ՚ա­ռա­ջար­կեն ի­րենց աս­պա­րէ­զին մէջ եւ միա­ժա­մա­նակ կը մշա­կեն հա­մա­կարգ­չա­յին խա­ղեր:

Նոյն այդ հա­մա­կարգ­չա­յին խա­ղեր մշա­կե­լու եր­կա­րա­տեւ աշ­խա­տան­քի ժա­մա­նակ ալ ստեղ­ծուած է այ­սօր ար­դէն մի­ջազ­գա­յին համ­բաւ վա­յե­լող Shadowmatic խա­ղը, ո­ր այս տա­րուան Յու­նուա­րին Appe Store առ­ցանց խա­նու­թին մէջ տե­ղադ­րուե­լէ ետք կայ­ծակ­նա­յին ա­րա­գու­թեամբ տա­րա­ծուած է ողջ աշ­խար­հի տա­րած­քին: Ա­նոր մա­սին գրած են ո՛չ միայն տե­սա­խա­ղա­յին ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան յա­ռա­ջա­տար պար­բե­րա­կան­նե­րը, այ­լեւ՝ բազ­մա­թիւ ազ­դե­ցիկ լրա­տուա­մի­ջոց­ներ, օ­րի­նակ՝ The Guardian, Washington Post, Time եւ ու­րիշ­ներ:

ԽԱ­ՂԸ

«Թրիա­տա» ա­րուես­տա­նո­ցի ստեղ­ծած խա­ղը ստուե­րա­խաղ մըն է, ո­ր շատ նման է մա­նուկ ժա­մա­նակ ա­մէն մար­դու խաղ­ա­ցած մէկ խա­ղին՝ երբ ե­րա­խան պա­տի վրայ ձեռ­քե­րով ստուեր­ներ կը ստեղ­ծէ ու կը խա­ղայ ա­նոնց հետ: Այդ սկզբուն­քի հի­ման վրայ ալ ար­դի սար­քե­րու հա­մար ստեղ­ծուած է ժա­մա­նա­կա­կից խաղ, ո­րու գծով խաղ­ա­ցո­ղին կ­­՚ա­ռա­ջար­կուի զա­նա­զան չա­փի, ձե­ւի, միա­ցած կամ ան­ջատ ա­ռար­կա­ներ, եւ ա­նոնց առ­ջեւ խնդիր կը դրուի հա­ւա­քել զա­նոնք այն­պէս մը, որ ա­նոնց ստուե­րը ա­ռար­կայ մը դառ­նայ:

Դժուա­րա­նա­լու պա­րա­գա­յին կան վճա­րո­վի յու­շում­ներ:

Shadowmatic-ը ի­րա­կա­նու­թեան մէջ նկա­րա­հա­նե­լուկ է, որ կազ­մուած է ե­ռա­չափ սկզբուն­քով: Հայ­կա­կան ստուե­րա­խա­ղը ստեղ­ծուած է Apple ըն­կե­րու­թեան սար­քե­րու՝ iPhone-ի, iPad-ի եւ iPod-ի հա­մար, մտադ­րու­թիւն կայ մշա­կե­լու նաեւ խա­ղի հա­մա­կարգ­չա­յին տար­բե­րա­կը: Shadowmatic խա­ղը վա­ճառ­քի դրուած է App Store-ի մէջ՝ 2.99 ա­մե­րի­կեան տո­լա­րով: Խա­ղը հա­սա­նե­լի է տաս­նե­րեք լե­զու­նե­րով, ո­րոնց մէջ է նաեւ հա­յե­րէ­նը: «Թրիա­տա­»ի ան­դամ­նե­րը փոր­ձած են խա­ղը Հա­յաս­տա­նի մէջ դարձ­նել անվ­ճար կամ 1 ա­մե­րի­կեան տո­լար, բայց Apple ըն­կե­րու­թիւ­նը չու­նի այդ ա­ռան­ձին հա­մա­կար­գը, ան բո­լոր եր­կիր­նե­րու հա­մար նոյն գի­նը սահ­մա­նած է:

«Թրիա­տա»ն խաղ ստեղ­ծե­լու միտքն ու ցան­կու­թիւ­նը ու­նե­ցած է տա­կա­ւին տա­սը տա­րի ա­ռաջ: Ո­րո­շած են խաղ ստեղ­ծել ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մի մա­սին եւ զայն դարձ­նել մի­ջազ­գա­յին, սա­կայն Հա­յաս­տա­նի մէջ մաս­նա­գէտ­նե­րու բա­ւա­րար չըլ­լա­լուն պատ­ճա­ռով ա­նոնք հրա­ժա­րած են այս գաղա­փա­րէն։

 2012 թուա­կա­նի Մարտ ամ­ի­սին «Թրիատա»ի ծրագ­րա­ւո­րող Բագ­րատ Տա­պա­ղեան, մինչ այդ կա­տա­րած եր­կա­րա­տեւ պրպտում­նե­րէ եւ աշ­խա­տան­քէ ետք ստա­ցած է ո­րա­կեալ գծան­կար­չա­կան ստուեր­ներ եւ այդ մա­սին յայտ­նած է իր գոր­ծըն­կեր­ներուն: Մտադ­րուած է այդ ստուեր­նե­րու միջո­ցաւ ստեղ­ծել նո­րա­գոյն խաղ մը, մա­նա­ւանդ, երբ Apple-ը նոր քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն որ­դեգ­րած էր՝ ա­մէն մար­դու հնա­րաւո­րու­թիւն տա­լով ստեղ­ծած խա­ղե­րը ա­ռանց բարդ մի­ջոց­նե­րու թո­ղար­կել: Ե­րեք տա­րուան եր­կար աշ­խա­տան­քէ ետք 2014 թուա­կա­նի ա­ւար­տին վեր­ջա­պէս ամ­բող­ջա­ցած է խա­ղը: Այս տա­րուան սկիզ­բին զայն տե­ղադ­րե­լով App Store առ­ցանց խա­նու­թին մէջ, խա­ղը ար­ժա­նա­ցած է App Store-ի «Յու­նուար ամ­սուան գլխաւոր խա­ղ» կո­չու­մին եւ տե­ղադ­րուած է «Խմբագ­րի ընտ­րա­նի» խո­րագ­րի նե­րքոյ: Ա­մէն տա­րի Apple ըն­կե­րու­թիւ­նը կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ ա­մե­նա­մեայ մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւն՝ ո­րու ժա­մա­նակ դրա­մա­կան մեծ պար­գե­ւով կը պար­գե­ւատ­րէ iOS եւ Mac OS X հա­մա­կար­գե­րու հա­մար ստեղ­ծուած ա­մե­նա­տա­ղան­դա­ւոր, նո­րա­րա­րա­կան եւ լա­ւա­գոյն ծրագ­րա­յին մշա­կում­նե­րը։ Այս տա­րի Apple Award Design մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցած է Յու­նի­սի 8-13 թուա­կան­նե­րուն, Սան Ֆրան­սիս­քո­յի մէջ ի­րա­կա­նա­ցուած «The Apple Worldwide Developers Conference (WWDC) 2015» հա­մա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին:

Մին­չեւ Յու­նիս ա­մի­սը կա­յա­նա­լիք մըր-ցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւ­նը, Apple ըն­կե­րու­թիւ­նը «Թրիա­տա»էն պա­հան­ջած է նոր լու­սան­կար­ներ, նոր տուեալ­ներ՝ ըն­կե­րու­թեան մա­սին։ Այս պա­րա­գան ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն մօտ կաս­կած յա­ռա­ջա­ցու­ցած է, թէ ար­դեօք ի­րենք պի­տի շա­հի՞ն տա­րուան գլխա­ւոր մրցան­ա­կը: «Թրիա­տա»ն հ­րա­ւի­րուած է մաս­նակ­ցե­լու Յու­նի­սի 8-13 թուա­կան­նե­րուն տե­ղի ու­նե­ցած մի­ջազ­գա­յին այս հա­մա­ժո­ղո­վին։ Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ այս շրջանին ըն­կե­րու­թիւ­նը պա­հած է լարուա­ծու­թիւ­նը, միայն ա­ւար­տին յայտ­նած են մրցա­նա­կակ­ի­րին ա­նու­նը։ Իսկ «Թրիա­տա»ի ան­դամ­նե­րը ար­դէն գու­շա­կած էին, թէ գլխա­ւոր մրցա­նա­կը ի­րենցն է:

ԽԱ­ՂԻՆ Ա­ՌԱՆՁ­ՆԱ­ՅԱՏ­ԿՈՒ­ԹԻՒ­ՆԸ

Խա­ղին ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րէն մէ­կը, ինչ­պէս նշած են զայն ստեղ­ծող­նե­րը, այն է, որ խա­ղի մէջ չկան սպա­նու­թեան, ծե­ծի ու ջար­դի տե­սա­րան­ներ, չկան բռնու­թեան պահեր, ո­րոնք այ­սօր տա­րա­ծուած են առ­ցանց տե­սա­խա­ղե­րու մէջ: Հա­յե­րու ստեղ­ծած խա­ղը կ՚ա­ռանձ­նա­նայ իր բա­րու­թեամբ, հանգս­տու­թեամբ, կը տա­րա­ծէ խա­ղաղ տրա­մադ­րու­թիւն մը: Խա­ղը ու­նի շուրջ եօ­թա­նա­սուն մա­կար­դակ (level) եւ շուրջ ինն սե­նեակ կամ մի­ջա­վայր, ո­րոնք յաղ­թա­հա­րե­լէ վերջ խա­ղը աս­տի­ճա­նա­բար կը բար­դա­նայ: Խա­ղին մէջ կայ նաեւ հայ­կա­կան տար­րեր: Այդ ի­նն մի­ջա­վայ­րե­րէն մէ­կուն մէջ իբ­րեւ սե­նեա­կի ձե­ւա­ւո­րում կայ Կո­մի­տա­սի նկա­րը, ինչ­պէս նաեւ եր­բեմն հայ­կա­կան տա­ռեր կ­­՚ե­րե­ւին խա­ղի քար­տէ­սին վրայ: Բայց խա­ղին նիւ­թը հայ­կա­կան չէ, ա­նոնք պար­զա­պէս խա­ղի ստեղ­ծող­նե­րու նա­խընտ­րած ձե­ւա­ւո­րում­ներն են: Հայ­կա­կան խում­բին ստեղ­ծած ստուե­րա­խա­ղը թե­մա­թիք է, կան կեն­դա­նի­նե­րու, բնու­թեա­ն, աշ­խար­հի ճա­նա­չո­ղու­թեա­ն, տրա­մա­բա­նու­թեա­ն, գի­տե­լի­քի նուի­րուած խա­ղեր, եւ իւ­րա­քան­չիւր մաս­նա­կից իր տա­րի­քին եւ նա­խա­սի­րու­թիւն­նե­րուն հա­մե­մատ ինք կ­­՚ընտ­րէ իր նա­խընտ­րած նիւ­թը: «Թրիա­տա»ն զա­նազան ա­ռիթ­նե­րով նոր նիւ­թեր կը ներ­մու­ծէ, օ­րի­նակ, Ե­րա­խա­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին օ­րուան առ­թիւ ա­ւել­ցու­ցած է մաս­նա­ւոր ե­րա­խա­նե­րու հա­մար ստեղ­ծուած խաղ մը: Shadowmatic խա­ղը ըստ ներ­կա­յիս տուեալ­նե­րու, ա­մե­նէն ա­ւելի հե­տաքրք­րած է չի­նա­ցի­նե­րն ու քո­րէացի­նե­րը, ո­րոնք գնե­լով զայն, բարձր միա­ւոր­ներ վաս­տ­­կե­լով կը ջա­նան յաղ­թա­հա­րել բո­լոր մա­կար­դակ­նե­րը: Բայց, անշուշտ, խա­ղը հե­տաքրքրութիւն ստեղ­ծած է աշ­խար­հի բո­լոր եր­կիր­նե­րու մէջ: Խա­ղի քա­ղուած­քին (review) մէջ կայ խա­ղի տե­սու­թիւ­նը, ուր կա­րե­լի է տես­նել զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէ մար­դոց մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց տպաւո­րու­թիւն­նե­րը կը գրեն խա­ղին մա­սին: Շա­տեր կը գրեն, որ ի­րենց կեան­քին մէջ տե­սա­խա­ղեր չեն խաղ­ա­ցած եւ Shadowmatic-ը միակ խաղն է, զոր գնած եւ խա­ղա­ցած են: Սա­կա­ւա­թիւ մար­դիկ կը բո­ղո­քեն խա­ղի բար­դու­թե­նէն, իսկ ո­րոշ­նե­րուն ալ հա­ճե­լի է յաղ­թա­հա­րել այդ բար­դու­թիւ­նը: Խա­ղի սի­րա­հար­նե­րու կար­գին բազ­մա­թիւ են ա­րուես­տա­սէր­նե­րը, քա­նի որ խա­ղը արուես­տի սկզբունքնե­րուն շատ մօտ է։ Ան ստեղ­ծուած է արուես­տի մէջ ծա­նօթ ստուե­րա­րուեստ ժան­րի (shadow-art) հի­մունք­նե­րով: Չորս տա­րե­կա­նէն սկսեալ ա­մէն մարդ կրնայ խա­ղալ խա­ղը։ Ան­շուշտ, այդ տա­րի­քի ե­րա­խան քա­նի մը մա­կար­դա­կէն ա­ւե­լի չի կրնար յաղ­թա­հա­րել, բայց խա­ղին մէջ չկայ ո­րե­ւէ վնա­սա­կար բան մը, որ ար­գիլուած է փոքր ե­րա­խա­նե­րուն։ Յա­ճախ ա­նոնք կը զմայ­լին խորհր­դա­ւոր պատ­կեր­նե­րով կամ կը լսեն ե­րաժշ­տու­թիւ­նը: Այդ մէ­կը նոյն­պէս խա­ղի յա­ջո­ղու­թեան գրա­ւա­կան­նե­րէն մէկն է:

ԽԱ­ՂԸ ՍՏԵՂ­ԾՈՂ ԽՈՒՄ­ԲԸ

Shadowmatic խա­ղի ստեղ­ծող­նե­րը օ­րերս վե­րա­դար­ձած են Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն: Հա­յաս­տան գա­լով՝ ա­նոնք շտա­պած են յայ­տա­րա­րել, որ ի­րենց յա­ջո­ղու­թեան ա­ռա­ջին գրա­ւա­կա­նը ե­ղած է խմբա­յին հա­մախմ­բուած աշ­խա­տան­քը: Ա­նոնք քննա­դա­տած են Հա­յաս­տա­նի մէջ գոր­ծող ծրագ­րա­ւո­րող­նե­րը, ո­րոնք չեն գի­տեր խում­բով աշ­խա­տիլ եւ որ­պէս կա­նոն, իւ­րա­քան­չիւ­րը իր ե­սը յա­ռաջ տա­նե­լու խնդիր ու­նի: «Թրիա­տա­»ի ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ի­րենց օ­րի­նա­կով ցոյց տուած են, որ նման մեծ աշ­խա­տանք մը ստեղ­ծե­լու ատեն մէկ կողմ պէտք է դնել եսը ու աշ­խա­տիլ հա­մա­խոհ­նե­րու եւ մաս­նա­գէտ­նե­րու հետ, իսկ աշ­խա­տանքն ալ պէտք է վե­րագ­րուի ամ­բողջ խում­բին եւ ոչ թէ մէկ հո­գիի:

Ա­ՐԱ Ա­ՂԱ­ՄԵԱՆ

«Թրիա­տա» ըն­կե­րու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րէն եւ «Թրիա­տա» ա­րուես­տա­նո­ցի ղե­կա­վար Ա­րա Ա­ղա­մեա­ն կ­՚ը­սէ, որ ո­րե­ւէ ար­դիւն­քի հաս­նե­լու հա­մար հար­կա­ւոր է ան­դա­դար աշ­խա­տիլ: Ան ա­ւար­տած է Եր­ե­ւա­նի Պե­տա­կան գե­ղա­րուես­տի հա­մալ­սա­րա­նի ձե­ւա­ւոր­ման բա­ժի­նը: Ու­սում­նա­ռու­թեան երկ­րորդ-եր­րորդ տա­րուան ըն­թաց­քին ան ե­րեք դա­սըն­կեր­նե­րով հա­ւա­քուած եւ ո­րո­շած են զբա­ղիլ հա­մա­կարգ­չա­յին գծա­պատ­կե­րով: 1993 թուա­կա­նին, երբ Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­մէ­նուր լոյս չկար, ա­նոնք կրցած են գտնել վայ­րեր, ուր քա­նի մը ժա­մով հո­սանք կ­­՚ըլ­լար եւ յա­ջո­ղած են ի­րա­գոր­ծել ի­րենց ծրագ­րե­րը: Շուրջ վեց ա­միս վերջ ըն­կեր­նե­րով գնած են հա­մա­կար­գիչ մը ու սկսած են աշ­խա­տիլ ինք­նու­րոյն: Ան միշտ կ­­՚ը­սէ, թէ խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը շատ մեծ ե­ղած է, այդ պատ­ճա­ռով ալ հա­սած են ար­դիւն­քի:

ԱՐ­ՍԷՆ Ա­ՒՈ­ՅԵԱՆ

Ար­սէն Ա­ւո­յեան Shadowmatic խա­ղի ձե­ւա­ւո­րողն է: Խա­ղի ստեղծ­ման աշ­խա­տան­քի մէջ կա­րե­ւոր բա­ժի­նը կը պատ­կա­նի ի­րեն, քա­նի որ ան է հե­ղի­նա­կը խա­ղի ժա­մա­նակ գոր­ծա­ծուած բարձ­րա­կարգ գծա­պատ­կեր­նե­րուն: Ար­սէն Ա­ւո­յեան այ­սօր Հա­յաս­տա­նի լա­ւա­գոյն ե­ռա­չափ ձե­ւա­ւո­րող-նկա­րիչ­նե­րէն կը նկա­տուի: Կը դա­սա­ւան­դէ Ե­րե­ւա­նի Գե­ղա­րուես­տի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ:

ԲԱԳ­ՐԱՏ ՏԱ­ՊԱ­ՂԵԱՆ

​Shadowmatic խա­ղը ծրագ­րա­ւո­րող Բագ­րատ Տա­պա­ղեան շուրջ տա­սը տա­րի ա­ռաջ միա­ցած է «Թրիա­տա» ա­րուես­տա­նո­ցին: Ան կը բնա­կէր Ուք­րայ­նա, եւ Հա­յաս­տան ե­կած է այս ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան խում­բին հետ աշ­խա­տե­լու հա­մար: Ան խա­ղի ստուեր­նե­րու հե­ղի­նակն է:

 

ՍԵՐԺ ՄԵԼ­ՔՈ­ՆԵԱՆ

Ինչ­պէս խա­ղի գծա­պատ­կեր­նե­րը կը դիտուին իբ­րեւ ա­րուես­տի գոր­ծեր, այլ ա­ռան­ձին ա­րուես­տի գործ մը կը նկա­տուի խա­ղին ե­րաժշ­տու­թիւ­նը, ո­րու հե­ղի­նա­կը Հա­յաս­տա­նի ժա­մա­նա­կա­կից ե­րաժշ­տաս­տեղծ­նե­րէն Սերժ Մել­քո­նեանն է, որ ե­րաժշտա­կան աշ­խար­հին մէջ ծա­նօթ է Էլ­կո­նի ա­նու­նով: Շատ գրա­ռում­ներ կան խա­ղի ե­րաժշ­տու­թեան հետ կա­պուած։ Կան խաղ­ա­ցող­ներ, ո­րոնք յոգ­նած աշ­խա­տան­քա­յին օ­րուան ա­ւար­տին խա­ղը կը խա­ղան՝ ե­րաժշ­տու­թեան ներ­քոյ հանգս­տա­նա­լու կամ քնա­նա­լու նպա­տա­կով։ Իսկ կան մար­դիկ, ո­րոնք գրած են, թէ ի­րենց ե­րա­խա­նե­րը կը քնաց­նեն խա­ղի ե­րաժշ­տու­թեան տակ: Էլ­կո­նին փոր­ձած է ե­րաժշ­տու­թեան մի­ջո­ցաւ կտրել խա­ղի բար­դու­թեան պատ­րան­քը: Քա­նի որ խա­ղը ինք­նին բարդ է, ե­րաժշ­տու­թիւ­նը մէկ կող­մէն հանգս­տաց­նող, մղող եւ խա­ղա­ղեց­նող բնոյթ ու­նի, եւ ի տար­բե­րու­թիւն շատ մը տե­սա­խա­ղե­րու ե­րաժշ­տու­թեան, յար­ձա­կո­ղա­կան չէ: Էլ­կո­նին ու­նի ձայ­նաս­կա­ւա­ռակ­ներ եւ կը ստեղ­ծա­գոր­ծէ ժա­մա­նա­կա­կից ե­րաժշ­տա­կան ժան­րե­րու մէջ:

ԽԱ­ՂԻՆ ԳԱՂՏ­ՆԻ­ՔԸ

«Մենք գեր­հա­մա­կար­գիչ­ներ չու­նինք, խո­շոր գու­մար­ներ չենք ծախ­սած այս խա­ղին հա­մար, հա­զար հո­գի­նոց մեծ ըն­կե­րու­թիւն մը չենք, ոչ ալ կը բնա­կինք Նիւ Եորք՝ ժա­մա­նա­կա­կից կեան­քի յա­ռա­ջընթաց­ի կեդ­րո­նը: Բայց մենք ստեղ­ծած ենք խաղ մը, ո­ր գ­րա­ւած է աշ­խար­հը, իսկ ա­նոր յա­ջո­ղու­թեան գաղտ­նի­քը նո­րու­թեան մէջ է», ը­սած են Shadowmatic խա­ղի ստեղ­ծող­նե­րը, նշե­լով՝ որ խա­ղը ստեղ­ծե­լու ըն­թաց­քին ոչ մէկ ըն­դօ­րի­նա­կու­մի ձեռ­նար­կած են: «Թրիա­տա»ն կը պատ­րաս­տուի նոր խա­ղեր յօ­րի­նել, քա­նի որ այդ մէ­կը լա­ւա­գոյն մի­ջոցն է այ­սօր այս յա­ռա­ջա­տար ու նո­րա­րար ա­րուես­տա­նո­ցի ողջ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ու­ժը ցոյց տա­լու հա­մա­ր։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Յուլիս 23, 2015