ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՆՐԱԿԵՐՏԸ

Ըստ Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի ո­րո­շու­մին՝ Բիւ­զանդ-Խան­ճեան փո­ղոց­նե­րու հատ­ման հա­տուա­ծին վրայ փռուած Վեր­նի­սա­ժը՝ հայ վար­պետ­նե­րու ձե­ռա­գործ աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ ինք­նա­տիպ ի­րե­րուն բա­ցօ­թեայ տօ­նա­վա­ճա­ռը, ար­դիա­կան տեսք մը պի­տի ստա­նայ: Խոր­տու­բորտ ու անմ­շակ գետ­նին տա­րե­րայ­նօ­րէն շա­րուած մեծ ու պզտիկ սե­ղան­նե­րը պի­տի փո­խա­րի­նեն ժա­մա­նա­կա­կից ու նոյ­նան­ման կրպակ­ներ: Ար­դէն գծուած է Վեր­նի­սա­ժի նոր ման­րա­կեր­տը եւ սկսած են բա­րե­կարգ­ման աշ­խա­տանք­նե­րը: Ներ­կա­յիս չգոր­ծող շատ­րուան­նե­րուն փո­խա­րէն նա­խա­տե­սուած է ստեղ­ծել նոր ճե­մու­ղի մը, ո­րուն կող­քին ալ պի­տի կազ­մա­կեր­պուի Վեր­նի­սա­ժը: Տա­րա­ծու­թիւ­նը պի­տի կա­հա­ւո­րուի նաեւ նստա­րան­նե­րով: Վեր­նի­սա­ժի եր­կու մուտ­քերն ալ պի­տի ա­ռանձ­նա­նան ա­ւա­զան­նե­րով, իսկ ա­մե­նէն հա­ճե­լին այն պի­տի ըլ­լայ, որ Վեր­նի­սա­ժի չորս կող­մը եւ ճե­մու­ղիին ե­զերք­նե­րը պի­տի կա­նա­չա­պա­տուին:

Ա­ւե­լի քան քսան տա­րի ա­ռաջ ինք­նի­րեն ձե­ւա­ւո­րուած Վեր­նի­սա­ժը տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ընդ­լայ­նած է իր սահ­ման­նե­րը, ա­ռեւ­տու­րին շատ ա­ւե­լի չկա­նո­նա­կար­գուած տեսք մը տա­լով, եւ հա­կա­ռակ ա­նոր, որ Վեր­նի­սա­ժը կը մնայ Հա­յաս­տան այ­ցե­լող զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րուն ա­մե­նէն նա­խընտ­րե­լի վայ­րը, այ­նուա­մե­նայ­նիւ, իր անմ­շակ տես­քով մայ­րա­քա­ղա­քի կեդ­րո­նին յա­րիր չէ: Ո­րո­շուած է շի­նա­րա­րու­թիւ­նը փուլ առ փուլ ի­րա­կա­նաց­նել, որ­պէս­զի շու­կան չփա­կուի բա­րե­կարգ­ման ըն­թաց­քին, ինչ­պէս չէ փա­կուած հիմ­նադ­րու­մէն մին­չեւ օրս, նոյ­նիսկ Հա­յաս­տա­նի հա­մար ա­մե­նէն ծանր տա­րի­նե­րուն:

Մայ­րա­քա­ղա­քի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը յայտ­նած են, որ վե­րա­նո­րո­գու­մէն ետք Վեր­նի­սաժ այ­ցե­լող իւ­րա­քան­չիւր ոք պի­տի զգայ, թէ կը գտնուի հայ­կա­կան ա­րուես­տը ներ­կա­յաց­նող վայ­րի մը մէջ, ուր Հա­յաս­տա­նի շուն­չը զգա­լէն ետք հնա­րա­ւոր ըլ­լայ նաեւ հա­ճե­լի գնում­ներ կա­տա­րել: Այդ նպա­տա­կով, բա­րե­կարգ­ման եւ ար­դիա­կա­նաց­ման ծրագ­րին ի­րա­գոր­ծու­մէն ետք, Վեր­նի­սա­ժի մէջ բա­ցա­ռա­պէս կը ներ­կա­յա­ցուի միայն այս ա­նու­նին հա­մա­պա­տաս­խա­նող ապ­րան­քա­տե­սա­կա­նի՝ գե­ղան­կար­չու­թիւն, ձե­ռա­գործ աշ­խա­տանք­ներ, զար­դա­րուեստ, իսկ շի­նա­րա­րա­կան նիւ­թե­րու, հա­գուս­տի եւ Վեր­նի­սա­ժի մէջ ցու­ցադ­րուած նմա­նա­տիպ ապ­րանք­ներ վա­ճա­ռող կրպակ­նե­րը պի­տի տե­ղա­փո­խուին այլ վայ­րեր: Վեր­նի­սա­ժի մէջ կը մնայ միայն Հա­յաս­տա­նը՝ իր բո­լոր գոյ­նե­րով եւ խորհր­դա­նիշ­նե­րով:

Յի­րա­ւի, շա­տեր Վեր­նի­սաժ այ­ցե­լե­լով կ­­՚ո­րո­նեն Հա­յաս­տա­նը: Ամ­րան այս տա­պին կրկին լե­ցուն է Վեր­նի­սա­ժը: Փոր­ձե­ցինք մենք ալ պտոյտ մը կա­տա­րել եւ հոն գտնել Հա­յաս­տա­նը յատ­կան­շող առ­նուազն հինգ խորհր­դա­նիշ, եւ զար­մա­նա­լիօ­րէն գտանք հին­գէն շատ ա­ւե­լին:

ՀԱՅ­ԿԱ­ԿԱՆ ՅԱ­ՒԵՐ­ԺՈՒ­ԹԵԱՆ ՆՇԱ­ՆԸ

Հայ ձե­ռա­գործ վար­պետ­նե­րու աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ նկա­տե­լի է հայ­կա­կան յա­ւեր­ժու­թեան նշա­նը, ինչ որ ա­նոնք կի­րա­ռած են փայ­տեայ փո­րագ­րու­թիւն­նե­րէն մին­չեւ ա­սեղ­նա­գործ ծած­կոց­նե­րու, օ­ղե­րու, գօ­տի­նե­րու, կա­ւէ ա­ման­նե­րու, ափ­սէ­նե­րու, գոր­գե­րու, կար­պետ­նե­րու ու խաչ­քա­րե­րու ստեղծ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ, ո­րոնց վրայ դա­ջուած է աջ եւ ձախ ո­լո­րուող հայ­կա­կան յա­ւեր­ժու­թեան նշա­նը:

Շա­տե­րուն ծա­նօթ է այս նշա­նը, բայց հա­ւա­նա­բար քի­չեր կ­­՚անդ­րա­դառ­նան, որ ան ա­մե­նէն հին հայ­կա­կան մեկ­նա­բա­նու­թիւն-նախշն է, որ­պէս մէկ կէ­տէ ծա­գող աջ կամ ձախ պտոյտ ու­նե­ցող կոր թե­ւե­րով պատ­կերք (ո­լորք): Այս նշա­նին ա­մե­նա­հի­նե­րը յայտ­նա­բե­րուած են հայ­կա­կան բարձ­րա­վան­դա­կի ժայ­ռա­պատ­կեր­նե­րուն վրայ, որ­պէս Ա­րե­գա­կի պատ­կեր: Այս նշա­նը հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ կը հան­դի­պի ինչ­պէս մէկ, նոյն­պէս ալ՝ բազ­մա­թիւ ո­լորք­նե­րու տես­քով։ Հայ­կա­կան յա­ւեր­ժու­թեան նշա­նը կը նկա­տուի նաեւ ա­րե­ւի ու լոյ­սի նշան, ա­հա թէ ին­չու այս նշա­նը մեծ տա­րա­ծում գտած է իբ­րեւ կեն­սա­տու: Հին ժա­մա­նակ, մար­դիկ յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն տուած են ո­լորք­նե­րու աջ կամ ձախ պտոյտ­նե­րուն՝ օ­րի­նակ, աջ պտոյ­տի յա­ւեր­ժու­թեան նշա­նով զար­դա­րուած ման­կա­կան օ­րօ­րո­ցը կը նա­խա­տե­սուէր տղայ նո­րա­ծին­նե­րուն հա­մար, իսկ ձախ պտոյ­տի պա­րա­գա­յին՝ աղ­ջիկ նո­րա­ծին­նե­րուն: Ե­կե­ղե­ցա­կան հնա­գոյն զար­դա­նախ­շե­րէն մին­չեւ մեր օ­րե­րը յա­րա­տե­ւած այս նշա­նը յա­ճախ կա­րե­լի է տես­նել ժա­մա­նա­կա­կից խորհր­դա­նիշ­նե­րուն եւ զա­նա­զան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու տար­բե­րան­շան­նե­րուն վրայ՝ մէկ կամ քա­նի մը ո­լորք­նե­րով: Կեն­ցա­ղա­յին ի­րե­րու եւ ա­րուես­տի նշան­նե­րուն վրայ գոր­ծա­ծե­լէ զատ յա­ւեր­ժու­թեան նշա­նը, պարզ ձե­ւե­րէն մին­չեւ ա­մե­նէն բարդ կա­ռու­ցուածք­նե­րը գոր­ծա­ծուած է նաեւ պե­տա­կան մար­մին­նե­րու խորհր­դա­նիշ­նե­րուն վրայ: Հայ­կա­կան յա­ւեր­ժու­թեան նշա­նին կը հան­դի­պինք Ե­րե­ւա­նի զի­նան­շա­նին վրայ, Ե­րե­ւա­նի դրօ­շին, տօ­նա­կան դրոշ­մա­թուղ­թե­րուն, Հա­յաս­տա­նի Կեդ­րո­նա­կան դրա­մա­տան եւ «Հա­յաս­տան» հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի խորհր­դա­նիշ­նե­րուն, Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նա­պահ զօր­քե­րու նշա­նին, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան խորհր­դան­շա­նին եւ այլ պե­տա­կան ու ոչ-պե­տա­կան նշան­նե­րուն վրայ:

ԱՅ­ԲՈՒ­ԲԵՆ

Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­նիշ­նե­րուն կար­գին Վեր­նի­սա­ժի մէջ տի­րա­կան է հա­յոց այ­բու­բե­նը: 5-րդ դա­րուն ստեղ­ծուած եւ 12-րդ դա­րէն գրե­թէ չփո­խուած հա­յե­րէն տա­ռե­րը այ­սօր ալ ի­րենց յաղ­թա­կան ու հպարտ տես­քով հա­յոց բո­լոր խորհր­դա­նիշ­նե­րուն մէջ ու­րոյն տեղ մը կը գրա­ւեն: Վեր­նի­սա­ժի մէջ ա­մէ­նուր կը վա­ճա­ռեն հա­յոց այ­բու­բե­նը: Հայ վար­պետ­նե­րու աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ հա­յոց այ­բու­բե­նը տեղ գտած է զա­նա­զան կեր­պե­րով: Կան փո­րագ­րուած, նկա­րուած, դա­ջուած, ար­ծա­թով եւ ոս­կիով պատ­րաս­տուած այ­բու­բեն­ներ, այ­բու­բե­նով ծած­կոց­ներ, սփռոց­ներ, գլխա­շո­րեր, շա­պիկ­ներ, պա­յու­սակ­ներ, ինչ­պէս նաեւ՝ հա­յոց այ­բու­բե­նի իւ­րա­քան­չիւր տա­ռով պատ­րաս­տուած վզնոց­ներ, ա­պա­րան­ջա­ններ, յու­շա­նուէր­ներ, մո­մա­կալ­ներ եւ բազ­մա­թիւ այլ ի­րեր, ո­րոնց վրայ հա­յոց ոս­կե­ղե­նիկ տա­ռե­րը առ­կայ են: 5-րդ դա­րու ա­ւան­դու­թեամբ հա­յոց այ­բու­բե­նի ե­րե­սուն­վեց տա­ռե­րը որ­պէս Աս­տուա­ծա­յին պար­գեւ շնոր­հուած են Մես­րոպ Մաշ­տո­ցէն եւ շա­րու­նա­կա­բար, ան­փո­փոխ կեր­պով, կը գոր­ծա­ծուին առ այ­սօր:

ԴՐՕՇ

Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կին զու­գա­հեռ, Վեր­նի­սա­ժին մէջ տօ­նա­կան տեսք ստա­ցած են հայ­կա­կան խորհր­դա­նիշ­նե­րը՝ դրօշն ու զի­նան­շա­նը, ո­րոնց վա­ճառ­քը աշ­խու­ժա­ցած է: Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թե­նէն ետք հայ­կա­կան դրօշն ու զի­նան­շա­նը միշտ ներ­կայ ե­ղած են Վեր­նի­սա­ժի վա­ճա­ռե­լի ի­րե­րուն մէջ: Դրօ­շին գոյ­նե­րը պատ­կե­րող գլխարկ­ներ, վզկապ­ներ, ա­պա­րան­ջա­ններ, զա­նա­զան գոր­ծա­ծու­թեան գա­ւաթ­ներ, սփռոց­ներ եւ հա­զար ու մէկ կի­րա­ռա­կան ի­րեր կը վա­ճա­ռուին Վեր­նի­սա­ժի մէջ: Ե­ռա­գոյն ի­րե­րը ար­դէն հե­ռուէն տե­սա­նե­լի են:

ԶԻ­ՆԱՆ­ՇԱՆ

Վեր­նի­սա­ժի մէջ վա­ճա­ռուող Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան զի­նան­շա­նի ման­րա­կերտ­նե­րը պատ­րաս­տուած են զա­նա­զան նիւ­թե­րէ՝ ա­նոնք փայ­տէ, մե­տա­ղէ, ձե­ռա­գոր­ծուած եւ ա­սեղ­նա­գոր­ծուած են, ինչ­պէս նաեւ զի­նան­շա­նը պատ­կե­րող գոր­գեր հիւ­սուած են հայ գոր­գա­գործ­նե­րու ձեռ­քով: Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան զի­նան­շա­նին վրայ պատ­կե­րուած ա­ռիւծն ու ար­ծի­ւը հա­զա­րա­ւոր տա­րի­ներ ե­ղած են հայ­կա­կան ար­քա­յա­տոհ­մե­րու խորհր­դա­նիշ­նե­րը, ո­րոնց բռնած վա­հա­նը կը պատ­կե­րէ մեր չորս գլխա­ւոր ար­քա­յա­տոհ­մե­րը, իսկ զի­նան­շա­նին կեդ­րո­նը՝ Ա­րա­րա­տը կայ։ Զի­նան­շա­նին վրայ նկա­տե­լի են սուր, կտրուած շղթան, հաս­կե­րուն փուն­ջը, ժա­պա­ւէն եւ փե­տուր­ներ, ո­րոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը ու­նի իր նշա­նա­կու­թիւ­նը: Ա­րա­րատ լե­րան պատ­կե­րով ի­րե­րը նոյն­պէս Վեր­նի­սա­ժի մէջ ա­մե­նէն շատ վա­ճա­ռուող­նե­րու շար­քին են:

ԳՈՐ­ԳԵՐ

Հա­կա­ռակ որ Հա­յաս­տա­նի մէջ հիւ­սուած գոր­գերն ու կար­պետ­նե­րը դա­րեր շա­րու­նակ ճամ­բոր­դած են աշ­խար­հով մէկ՝ զար­դա­րե­լով նշա­նա­ւոր թան­գա­րան­ներ, ցու­ցաս­րահ­ներ, պա­լատ­ներ ու դղեակ­ներ, այ­նուա­մե­նայ­նիւ, Հա­յաս­տա­նի մէջ տա­կա­ւին կա­րե­լի է հան­դի­պիլ հնա­գոյն հայ­կա­կան գոր­գե­րու: Վեր­նի­սա­ժի մէջ հին հայ­կա­կան գոր­գե­րու կող­քին կը վա­ճա­ռուին նաեւ հնա­գոյն զար­դա­նախ­շե­րու նմա­նօ­րի­նա­կով հիւ­սուած մեծ ու փոքր գոր­գեր, կար­պետ­ներ, գլխարկ­ներ, պա­յու­սակ­ներ, բաճ­կոն­ներ եւ զա­նա­զան հիւ­սուածք­ներ: Հայ­կա­կան գոր­գը, իբ­րեւ մեր ժո­ղո­վուր­դի խորհր­դա­նիշ­նե­րէն մին, տի­րա­կան ներ­կա­յու­թիւն ու­նի Վեր­նի­սա­ժի մէջ:

ԽԱՉ­ՔԱՐ

Փո­րագ­րուած հայ­կա­կան խաչ­քա­րե­րը զար­դա­րուես­տի բա­ցա­ռիկ օ­րի­նակ­ներ են։ Հին ժա­մա­նակ խաչ­քա­րը կը պատ­րաս­տուէր իբ­րեւ շիր­մա­քար, սա­կայն այ­սօր ան նաեւ զարդ եւ յու­շա­նուէր է: Հայ­կա­կան խորհր­դա­նիշ դար­ձած խաչ­քա­րի զա­նա­զան նմոյշ­ներ՝ փայ­տի, քա­րի, տու­ֆի վրայ դրոշ­մուած, կա­րե­լի է գտնել Վեր­նի­սա­ժի մէջ վա­ճա­ռուող ի­րե­րուն կար­գին: Կան նաեւ ա­սեղ­նա­գոր­ծուած խաչ­քա­րեր, նաեւ՝ ե­կե­ղե­ցա­կան, կրօ­նա­կան յու­շա­նուէր­ներ խաչ­քա­րի պատ­կե­րով: Բազ­մա­թիւ ար­տա­սահ­ման­ցի­ներ, Վեր­նի­սաժ այ­ցե­լե­լով Հա­յաս­տա­նէն ի­րենց հետ կը տա­նին մա­նա­ւանդ խաչ­քա­րը, իբ­րեւ հայ­կա­կան խորհր­դա­նիշ:

ՆՈՒՌ

Վեր­նի­սա­ժի մէջ իշ­խող գոյ­նե­րէն է գի­նե­գոյն կար­մի­րը: Գի­նե­գոյն նռնա­յին յու­շա­նուէր­նե­րը, նռան տես­քով պատ­րաս­տուած խմիչ­քի շի­շե­րը, նռան պատ­կե­րա­զար­դու­մով ափ­սէ­նե­րը, վզնոց­ներն ու այլ ի­րե­րը Վեր­նի­սա­ժի հիմ­նա­կան ի­րե­րէն են եւ նոյն­պէս հայ­կա­կա­նու­թիւն կը խորհր­դան­շեն: Հի­նէն ի վեր նու­ռը ե­ղած է պտղա­բե­րու­թեան, ա­ռա­տու­թեան ու բախ­տա­բե­րու­թեան խորհր­դա­նիշ: Հայ մշա­կոյ­թին, ման­րան­կար­չու­թեան եւ զար­դա­րուես­տին մէջ իր ու­րոյն տե­ղը ու­նին հիւ­թա­լի տես­քով նուռն ու նռնա­հա­տիկ­նե­րը:

ԴՐԱ­ՄԸ

Քսա­նե­րեք տա­րե­կան հայ­կա­կան դրա­մը նոյն­պէս վա­ճա­ռե­լի յու­շա­նուէր դար­ձած է Վեր­նի­սա­ժի մէջ: Հա­յոց ազ­գա­յին ար­ժոյ­թը հե­տաքրք­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ, իսկ ան­կա­խու­թեան ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րու թղթադ­րամ­ներն ու մե­տա­ղադ­րամ­նե­րը, ո­րոնք այ­սօր դուրս ե­լած են գոր­ծա­ծու­թե­նէն, պար­զա­պէս գտնուած նմոյշ­ներ են դրա­մի պատ­մու­թեամբ հե­տաքրք­րուող­նե­րուն եւ հա­ւա­քող­նե­րուն հա­մար:

ՕՐ ՄԸ ՎԵՐ­ՆԻ­ՍԱ­ԺԻ ՄԷՋ

Մե­լիք Ար­սի­նեա­ն իր հար­սին պատ­րաս­տած սպաս­քը, հայ­կա­կան ո­ճի գլխարկ­նե­րը եւ ծա­նօթ ըն­կեր­նե­րուն նկա­րած կտաւ­նե­րը ծա­խե­լով կը շա­հի իր ապ­րուս­տը: Վե­րին­սա­ժը Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նը գտնուող այն փոքր տա­րա­ծու­թիւնն է, ուր կա­րե­լի է հան­դի­պիլ գիր­քե­րու, նուէր­նե­րու, ար­ծա­թե­ղէ­նի, հայ­կա­կան յու­շա­նուէր­նե­րու... Հոս կը հան­դի­պիմ հայ­րե­նի ծա­նօթ ար­ձա­կա­գիր Լե­ւոն Ջա­ւա­խեա­նին: Ան տօ­նա­վա­ճա­ռի այս ե­րե­ւոյ­թը բա­ցատ­րե­լով կ՚ը­սէ. «Վեր­նի­սա­ժը հիմ­նա­կա­նօ­րէն ձե­ւա­ւո­րուած է յատ­կա­պէս Հա­յաս­տա­նի անց­ման տա­րի­նե­րուն, երբ մար­դիկ ստի­պուած էին ի­րենց ու­նե­ցած ի­րե­րը բե­րե­լու ու յար­մար գի­նով վա­ճա­ռե­լու, ի­րենց օ­րուան հա­ցը ճա­րե­լու հա­մա­ր»:

Գլխարկ եւ նկար­ներ վա­ճա­ռող Մե­լի­քը ժպի­տով կը դի­մա­ւո­րէ բո­լո­րը ու կը վա­նէ այն միտ­քե­րը, թէ ե­րե­ւան­ցիք խո­ժոռ են ու ժպտիլ չեն գի­տեր: Մե­լիք դժգոհ չէ ա­ռեւ­տու­րէն ու գո­վա­սան­քով կը խօ­սի հար­սին մա­սին ու գիտ­նա­լով, որ ին­ծի ըն­կե­րա­ցող ըն­կե­րու­հիս Լի­բա­նա­նէն է, կ­­՚ա­ւելց­նէ. «Շատ շնոր­հա­կալ ենք Սփիւռ­քէն ե­կող ժո­ղո­վուր­դին: Շատ հա­ճե­լի մար­դիկ են ա­նոնք, կու գան, գնում­ներ կ՚ը­նեն ու մենք շատ ու­րախ են­ք», կ­­՚ը­սէ Մե­լիք, ըն­կե­րու­հիիս ձեռ­քը սեղ­մե­լով բարձ­րա­ձայն կ­­՚ա­ւելց­նէ. «Կեց­ցէ՛ մեր ազ­գը»:

Մին­չեւ Մե­լի­քին հաս­նիլս մի քա­նի գիրք վա­ճա­ռող­նե­րու մօ­տէն կ­­՚անց­նիմ ու շա­տեր կը մեր­ժեն նկա­րուիլ: Ա­ռաջ այդ­պէս չէր: Տե­սակ մը զգու­շա­ւոր դար­ձած են:

Վեր­նի­սա­ժի մուտ­քին կայ գիրք վա­ճա­ռող­նե­րու բա­ժին մը, ուր Է­տի­կը (շուրջ 65 տա­րե­կան ե­րե­ւան­ցի գրքա­վա­ճառ) Կոս­տան Զա­րեա­նի «Նա­ւը լե­րան վրա­յ» հա­տո­րը կը վա­ճա­ռէ հա­զար դրա­մով: Հոս կա­րե­լի է գտնել յատ­կա­պէս խորհր­դա­յին տա­րի­նե­րուն տպագ­րուած հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ, ո­րոնք բա­ւա­կան մատ­չե­լի գի­նե­րով ծա­խու դրուած են: Այս­պէս, յար­մար գի­նե­րով ծա­խու դրուած են Տէ­րեա­նի, Չա­րեն­ցի, Շի­րա­զի, Սա­հեա­նի ու ա­ւե­լի շատ՝ Պա­րոյր Սե­ւա­կի հա­տոր­նե­րը: Է­տիկ կը բա­ցատ­րէ նաեւ, որ այս գիր­քե­րը ա­մե­նէն շատ փնտռուած հա­տոր­ներն են:

Յա­ջորդ կան­գառս եօ­թա­նա­սուն տա­րե­կան ծե­րու­նի մայ­րի­կի մը զբա­ղե­ցու­ցած բա­ժինն է, ուր ան կը վա­ճա­ռէ գլխարկ­ներ, զի­նուո­րա­կան տա­րազ­ներ, կօ­շիկ­ներ եւ այլ ի­րեր: Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան մա­սին կը հարց­նեմ, մայ­րի­կը կը մեր­ժէ խօ­սիլ ու քիչ մը ջղա­յին թո­նով կը յա­ռէ՝ «Չնկա­րե­ս» ու խօ­սե­լու ա­ռա­ջար­կիս ժխտա­կան պա­տաս­խան մը տա­լով կ­­՚ը­սէ. «Ոչ մէկ բան կ՚ու­զեմ ը­սել, ես այս­տե­ղէն ոչ մէկ բան գի­տեմ, ի՞նչ ը­սե­մ», ու խօս­քը Հա­յաս­տա­նի մա­սին շա­րու­նա­կե­լով կ՚ը­սէ. «Գա­ցէք ղե­կա­վա­րին հարց­ու­ցէք, ես ը­սե­լու բան չու­նիմ»:

Կայ այս­պի­սի խաւ մը Հա­յաս­տա­նի մէջ: Ամ­սա­կան ե­րե­սուն-քա­ռա­սուն հա­զար դրամ վաստ­կե­լու յոյ­սին (այ­սօր ծե­րու­թեան թո­շակ­ներն ալ մօտ այդ­քան են Հա­յաս­տա­նի մէջ, թե­րեւս՝ ա­ւե­լի քիչ) ա­պա­ւի­նած այս մայ­րերն ու հայ­րե­րը մեր բո­լո­րին հո­գա­ծու­թեան ար­ժա­նի պէտք է դառ­նան: Ու նոյ­նիսկ տա­նե­լի չէ, երբ քսան­հինգ տա­րի­նե­րու ան­կա­խու­թեան ճա­նա­պար­հէն ետք հա­յաս­տան­ցին տա­կա­ւին ա­մէ­նօ­րեայ «սե­ւ» հա­ցի խնդիր ու­նի: Այս մար­դոց առ­ջեւ ոչ մէկ հայ­րե­նա­սի­րա­կան խօսք ի­մաստ կրնայ ու­նե­նալ: Սա այն դէպքն է, որ գլուխդ կը հա­կես ու լուռ կը հե­ռա­նաս...:

Զար­մա­նա­լի չէ նաեւ հան­դի­պիլ այն­պի­սի մար­դոց, ո­րոնք տար­բեր մաս­նա­գի­տու­թիւն­նե­րու տէր են ու կեան­քի պայ­ման­նե­րուն բե­րու­մով հա­սած են Վեր­նի­սաժ եւ գիրք կամ տար­բեր ի­րեր վա­ճա­ռե­լով կը շա­հին ի­րենց ապ­րուս­տը: Ա­նոնց­մէ է Բաբ­գէ­նը: Բաբ­գէն ու­նի տար­բեր ո­րա­կի հին ու նոր գիր­քեր եւ յատ­կա­պէս ա­րուես­տի ալ­պոմ­ներ. «Այն ընդ­հա­նուր տպա­ւո­րու­թիւ­նը, որ մար­դիկ գիրք չեն կար­դար, բո­լո­րո­վին սխալ է», ու կը պատ­մէ, թէ աշ­խար­հի զա­նա­զան կող­մե­րէն մար­դիկ կը փու­թան Վեր­նի­սաժ յար­մար գի­նե­րով մաս­նա­գի­տա­կան գիր­քեր գնե­լու: Ա­ւար­տին Բաբ­գէն կը փոր­ձէ հա­մո­զել զիս, որ ինք հար­ցազ­րոյց­ներ տալ չի սի­րեր, թե­պե­տեւ շատ կը յար­գէ Սփիւռ­քը ու կը կա­րե­ւո­րէ սփիւռ­քա­հա­յու­թեան դե­րը՝ կրկին ակ­նար­կե­լով սփիւռ­քա­հայ բա­րե­կա­միս:

Ա­մէն քայ­լա­փո­խի կը լսուին ապ­րանք­նե­րու տար­բեր գի­նե­րու ա­ռա­ջար­կու­թիւն­ներ՝ ե­րեք հա­զար, եր­կու հա­զար, հինգ հա­զար, եւ մար­դիկ գնում­ներ կը կա­տա­րեն: Ա­նոնց­մէ մէկն է յա­ջորդ խօ­սա­կիցս, որ կ­­՚ը­սէ. «Վեր­նի­սա­ժի գնե­րը շատ ցած գններ են ու մեր ժո­ղո­վուր­դը վատ կ՚ապ­րի, իբր այդ ալ հնա­րա­ւո­րու­թիւն չու­նի թանկ բա­ներ գնե­լու: Այս­տե­ղի գի­նե­րը կը հա­մա­պա­տաս­խա­նեն մեր աշ­խա­տա­վար­ձի­ն», եւ անց­նե­լով Սփիւռ­քին, յոյս կը յայտ­նէ, որ Հա­յաս­տան-Սփիւռք կա­պե­րը ա­ւե­լի ու­ժեղ կը դառ­նան եւ կ՚ը­սէ. «Մենք կը տու­ժենք: Թէ՛ Սփիւռ­քի ժո­ղո­վուր­դը կը տու­ժէ եւ թէ՛ մենք: Շատ կ՚ափ­սո­սամ, որ Սփիռ­քի մէջ կան գրա­գէտ մար­դիկ եւ մար­դիկ, ո­րոնք յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու հա­սած են, բայց չկայ կազ­մա­կեր­պու­թիւն մը կամ ա­ռաջ­նորդ, որ մեզ՝ բո­լո­րս միաց­նէ»:

Ե­րե­ւա­նի այս հա­տուա­ծին մէջ կա­րե­լի է հան­դի­պիլ նաեւ օ­տար զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու: Ա­նոնց­մէ է պել­ժի­ա­ցի Փիէ­ռը, որ իր հա­յազ­գի ըն­կե­րու­հիին հետ ե­կած է Ե­րե­ւան ու կը պատ­մէ, թէ այս երկ­րորդ ան­գամն է, որ կ­­՚այ­ցե­լէ այս­տեղ գնե­լու հա­մար հնա­տիպ գիր­քեր, նկա­տել տա­լով, որ «այս վայ­րին մէջ ե­ղած գիր­քե­րը շատ հա­զուա­գիւտ են, ես, այ­սօր, օ­րի­նակ յա­ջո­ղե­ցայ գոր­գա­գի­տու­թեան նուի­րուած գիրք մը գնել, որ Մա­նիա Ղա­զա­րեա­նի հե­ղի­նա­կու­թեան կը պատ­կա­նի»:

Յա­ջորդ խօ­սա­կիցս Կո­լիա Անդ­րէա­սեանն է, որ ման­րա­կերտ նուա­գա­րան­ներ կը վա­ճա­ռէ եւ կ­­՚ը­սէ. «Այս բո­լո­րը իմ ձեռ­քի աշ­խա­տանքն ե­ն»: Ու­շա­դիր կը նա­յիմ Կո­լիա­յի ձե­ռա­յին հե­տաքրք­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն, մինչ ան կը շա­րու­նա­կէ պատ­մել, ը­սե­լով. «Դժգոհ չեմ բայց այս­տեղ վա­ճառ­քը ե­ղա­նա­կա­յին է, երբ զբօ­սաշր­ջիկ­ներ կու գան, մեզ մօտ ա­ռեւ­տու­րը կ՚աշ­խու­ժա­նայ»:

ՎԵՐ­ՆԻ­ՍԱ­ԺԻ ՄԻԱԿ ԳՐՈ­ՂԸ.

Լե­ւոն Ջա­ւա­խեա­նի հետ խօ­սի­լը դիւ­րին չէ: Ան սկիզ­բը հարց կու տայ. «Ին­չի՞­մա­սին կը գրես», ու լսե­լով՝ Վեր­նի­սա­ժի ու ան­կա­խու­թեան, կը բո­ղո­քէ՝ «Աղ­ջիկ ջան, այս­պէս նիւթ ինչ­պէ՞ս կրնաս գրել...»: Ես կը փոր­ձեմ բա­ցատ­րել, որ իր­մէ եր­կու խօսք կ­­՚ու­զեմ Վեր­նի­սա­ժի մա­սին, եւ այն մա­սին, թէ ան­կա­խու­թիւ­նը ի՞նչ տուաւ, մինչ կող­քի ըն­կեր­նե­րը կը մի­ջամ­տեն ու ա­նոնց­մէ ա­մէն մէ­կը իր ը­սե­լի­քը կ­­՚ու­նե­նայ: Նո­րու­թիւն չէ, որ Ե­րե­ւա­նի մէջ ա­մէն ոք իր խօսքն ու ը­սե­լի­քը ու­նի:

Լե­ւոն Ջա­ւա­խեանն է խօ­սո­ղը, որ կ­­՚ը­սէ. «Կեան­քը պէտք է ապ­րիլ ման­րա­մասն, կեան­քը պէտք չէ խմել բա­ժակ մը ջու­րի պէս միան­գա­մէն: Ես, օ­րի­նակ, վաթ­սուն տա­րե­կան եմ դար­ձած ու գի­տեմ, որ ջու­րը պէտք է ումպ-ումպ խմել: Ես ոչ թէ ջու­րը ումպ-ումպ կը խմեմ, այլ կեան­քը կը վա­յե­լեմ ման­րա­մասն: Մար­դիկ կեան­քի մէջ եր­ջան­կու­թիւն կը փնտռեն ու հա­զար ու մէկ բան կ՚ը­սեն այդ մա­սին: Ա­նոնք եր­ջան­կու­թեան մէջ եր­ջան­կու­թիւն կը փնտռեն: Ե­թէ դուն նպա­տակ ու խնդիր կը դնես քու ա­ռջեւ ու կը փոր­ձես ո­րե­ւէ տեղ հաս­նիլ, այդ ար­դէն եր­ջան­կու­թիւն է: Կեան­քը ամ­բող­ջու­թեամբ խնդիր­նե­րու լու­ծում է: Ե­թէ կը գրես, խնդիր կը դնես քու առ­ջեւ: Ե­թէ կ՚ապ­րիս ու առ­ջեւդ ա­ռաս­տաղ կը տես­նես եւ կ՚զուես հաս­նիլ, այդ հրա­շա­լիք է: Մին­չեւ մա­հա­նա­լը մարդ պի­տի ապ­րի ու գրո­ղը, ե­թէ լաւ գրող է, կ՚ապ­րի մին­չեւ ան­մա­հու­թիւն, յե­տոյ միայն կը մա­հա­նայ: Ե­թէ կը կա­րո­ղա­նաս ան­մա­հա­նալ ու յե­տոյ մեռ­նիլ, այդ ոչ թէ եր­ջան­կու­թիւն է, այլ՝ դ­րախ­տ»:

Գիր­քե­րու եւ մրցա­նակ­նե­րու հե­ղի­նակ եւ այս­տեղ՝ Վեր­նի­սա­ժի մէջ ար­ծա­թեայ խա­չեր, շղթա­ներ, մա­տա­նի­ներ եւ օ­ղեր վա­ճա­ռող Ջա­ւա­խեան ե­ղաւ ա­նոնց­մէ, ո­րոնք ան­ցու­մա­յին տա­րի­նե­րուն տու­նը չնստան ու ծու­լօ­րէն չյո­խոր­տա­ցին, թէ ի­րենք գրող են, ու ազ­գը պար­տա­ւոր է պա­հել զի­րենք, այլ ան մա­քա­ռե­ցաւ ու պահ­պա­նեց իր ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը:

Ճիշդ է, որ հոս կան մար­դիկ, ո­րոնք օ­րուան հա­ցին կա­րօտ են: Ճիշդ է, որ հոս կան մար­դիկ, ո­րոնց աղ­քա­տու­թիւնն ու ցա­ւը մեր բո­լո­րինն է: Բայց ան մերն է:

Այս քա­ղա­քը ա­ռա­ջին հա­յեաց­քով կո­պիտ, կով­կա­սեան, մեր­ժո­ղա­կան շեշտ մը ու­նի: Բայց խոր­քը այլ է:

Կա­րե­ւոր է մտնել ա­նոր խոր­քը: Հոն սի­րոյ մեծ պա­շար­ներ կան: Կա­րե­ւոր է դու­ռը թա­կե­լով ներս մտնել:

Ե­րե­ւա­նը ներսդ է: Ներ­սը հա­րա­զատ­ներդ կան: Ներ­սը քու աշ­խարհդ է:

Իր ա­մէն ին­չով, իր պատ­մու­թեամբ, պայ­քա­րով, գաղ­թա­կա­նի ան­ցեա­լով, ո­րո­նում­նե­րով ու ա­մե­նէն կա­րե­ւո­րը՝ բա­ռով: Ա­նոր բա­ռին մէջ ինք­նու­թեան մը բո­լոր ար­ժէք­նե­րը կան: Կան կեան­քի բո­լոր մնա­յուն բա­նե­րը՝ մին­չեւ ան­մա­հու­թիւն ապ­րե­լու ու յե­տոյ մեռ­նե­լու: Այս է Ե­րե­ւա­նը: Ա­նոր մայ­թե­րը՝ թաց, մայ­թե­րուն վրայ տար­բեր ու գու­նա­գեղ բա­ռեր: Ու յատ­կա­պէս աշ­նան հետ հան­դի­պե­լու ու թէյ խմե­լու պատ­րաստ մեծ ե­րա­զող­ներ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2016