ԴԱՐՁԵԱԼ ԿՈՄԻՏԱՍ… ԽԱՒԱՐԻ ՄԷՋ

«Խաւարի մէջ Կոմիտաս» խորագրեալ երաժշտահանդէսներու շղթային վրայ շաբաթավերջին աւելցաւ հերթական օղակ մը։ Չորրորդ Լեւենտի «Քարանլըք իշլէր» երաժշտութեան տան մէջ կազմակերպուած հերթական համերգով Մեծ Վարդապետը ոգեկոչուեցաւ՝ իր մահուան 82-րդ տարելիցին առթիւ։ 2010 թուականէն ի վեր այս ձեւաչափով համերգներ կը կազմակերպուին Կոմիտասի ոգեկոչման համար։ Իր տեսակին մէջ արդէն նախընթացները ձեւաւորուած երաժշտական ծրագիր մըն է այս մէկը։ Շաբաթավերջի ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ հիւրընկալ երաժշտական տան տնօրէն Նուրի Քայա։

Համերգի կազմակերպման ուղղութեամբ առանցքային դերակատարութիւն ունէր յայտնի մեներգիչ Արթիւր Պաղտասարեան, որ յայտագրի տեւողութեան Կոմիտասի կեանքին ու գործունէութեան վերաբերեալ տեղեկութիւններ փոխանցեց՝ իր դիպուկ կատարումներուն առընթեր։ Արթիւր Պաղտասարեանի առընթեր երեկոյթին իրենց կատարումներով մաս կազմեցին Դալար Պաղտասարեան, Կիւլայ Արսլան, Սեւան Պետիկեան եւ Եիւճէլ Քաչար։ Նուագախումբի կազմին մէջ էին՝ Ճեմալ Աճէթ, Ֆարուք Չալըշքան, Ճանպերկ Ուլաշ եւ Ափոստոլոս Սիտերիս։

«3x2» երաժշտական խումբն ու Սայաթ Նովա երգչախումբն ալ մասնակցութիւն բերին երեկոյթին։

Ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս ունկնդիրները խորհրդաւոր մթնոլորտի մը մէջ հետեւեցան յայտագրին եւ վառ տպաւորութիւններ ունեցան՝ հաղորդ դառնալով Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի արուեստին։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2017