ԲՌՆՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՐԴԿԱՅԻ՞Ն, ԹԷ ԲՆԱԿԱՆ
Բռնի նախայարձակութեան գագաթնակէտին կայ ներտեսակային աւերածութիւնները։ Ինչպէս մեր նախորդ յօդուածին մէջ ալ անդրադարձած էինք, ներտեսակային ոչնչացումը տեղի կ՚ունենայ միայն մարդկային ցեղին մէջ:
Քոնտրատ Լորենց «ներսփեսիֆիք» կը կոչէ այս վարքագիծը, որով նոյն տեսակի էակներու միջեւ նախայարձակութիւնը երբեք մահացու բնոյթ չի կրեր, բացառութեամբ որոշ իրավիճակներու: Ներտեսակային ակրեսիւ վարքագիծը բռնութիւն չի պարունակեր։ Սա բնական արարողակարգային պարագայ մըն է, որ հիմնուած է սպառնալիքներու եւ ուժի ցուցադրման վրայ՝ նահանջը ապահովելու համար: Թէեւ վնասուածքները կամ մահերը ժամանակ առ ժամանակ տեղի կ՚ունենան, սակայն նման վարքագիծի նպատակը վիրաւորելը կամ սպաննելը չէ: Միայն մարդիկ ներտեսակային ոչնչացում եւ ահաբեկչութիւն կ՚իրականացնեն։
Միւս կողմէ, ի թիւս այլ կենդանի էակներու, մարդիկ իրենք պէտք է որոշեն, թէ ինչպէս կ՚ուզեն ապրիլ, այսինքն՝ մարդիկ այնպիսի արարածներ են, որոնք ապրելակերպի ազատութիւն ունին: Ազատ էակը կ՚որոշէ իր վերաբերմունքը՝ բռնի նախայարձակութեան ցանկութեան նկատմամբ: Մարդ ինչպէ՞ս կը կազմակերպէ իր կեանքը։ Մարդ կը ծնի լեզուամշակութային միջավայրի մէջ: Աշխարհահայեացքը, ապրելու ըմբռնումները, աւանդութիւնները, հաւատալիքները այդ միջավայրին մէջ են եւ անհատը կ՚ապրի հասկնալով, թէ ո՞ր վարքագիծը՝ ո՞ւր, ե՞րբ, որքա՞ն եւ ինչպէ՞ս կիրառել այս միջավայրէն ներս: Ըստ ինչի՞։ Այս հարցման պատասխանն ալ կայ. անձը կը բացայայտէ իր անհատականութիւնը այս կենսամիջավայրին մէջ:
Մարդոց մեծամասնութիւնը հասարակական կեանքի կառուցուածքը կազմող աշխարհահայեացքին, կեանքի ըմբռնման, համոզումներուն ու քաղաքական հայեացքներուն հաւատարիմ կը մնայ այնպէս՝ կարծէք անոր վերջնական ճշմարտութիւնն է: Մարդ կը կարծէ, որ կենսամիջավայրէ ներս արժէքները որոշ, յստակ ու համընդհանուր են եւ զինք համապատասխան կերպով կը պահէ: Սակայն ոչ մէկ լեզուամշակութային միջավայր բացարձակ է։ Այստեղ կը յառաջանայ լուսաբանման, տեղեկացուածութեան անհրաժեշտութիւնը։
Կրնա՞յ լուսաբանումը լուծել խնդիրը: Մենք կը տեսնենք, որ բռնի վարքագիծը նոյնպէս զարգացած է Լուսաւորութեան դարաշրջանէն մինչեւ մեր օրերը: Օրինակ՝ մարդկութեան պատմութեան մէջ ո՛չ մէկ դարաշրջան եղած է մտաւորական, գիտական եւ փորձագիտական առումով զարգացած եւ մարդկութեան պատմութեան ո՛չ մէկ դարաշրջանին պատերազմ, մարդ սպաննել, մէկ խօսքով՝ բռնութիւն չէ տեսած այնքան, որքան 20-րդ դարուն։ 21-րդ դարուն, մէկ կողմէ ամէն ինչ մակերեսային կը դառնայ, իսկ միւս կողմէ՝ աղքատութիւնը, համաշխարհային բնական միջոցներու, աղբիւրներու արագ սպառումը, կեանքի որակի արժեզրկումը, արժէքներու կարեւորութեան արհամարհումը, համաճարակները, գաղթը, բնակելի տարածքներու նուազիլը, անապահովութիւնը, պատերազմները, վախը, յուսահատութիւնը եւ ահաբեկչութիւնը գործօններ են, որոնք ուղղակի կամ անուղղակի բռնութիւն կը յառաջացնեն։
Կարելի չէ ըսել, որ բռնութիւն տեղի չ՚ունենար ընկերատնտեսական եւ մշակութային զարգացած հասարակութիւններու մէջ։ Այս հասարակութիւններէ ներս իրական խնդիրը աւելի ուժեղ բռնութիւնն է. սա բարգաւաճման, առատութեան եւ հանգստութեան արդիւնքին ստեղծուած, աննպատակ եւ անպատճառ բռնութիւն է, սա հաճոյքի համար ստեղծուած բռնութիւն է։ Ժան Պորիար այս երեւոյթը կը նկարագրէ՝ որպէս զարգացած երկրի հիւանդութիւն:
Եթէ քաղաքակրթութիւնը դառնայ բռնութեան աղբիւր՝ իր ստեղծած փորձագիտութեամբ, եթէ մարդոց բարգաւաճումը կը տանի զանոնք դէպի բռնութիւն, ի՞նչ պէտք է ընել: Խնդիրը բռնութեան մէջ չի կրնար ըլլալ, պէտք է այդ մէկուն պատասխանը փնտռել մեր ապրելակերպի մէջ։ Այսօր այն փաստը, որ քաղաքական փիլիսոփայութիւնը ծաւալուն ուսումնասիրուած խնդրայարոյց ոլորտ մըն է եւ բարոյականութեան վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններու աճումը պայմանաւորուած է ապրելակերպի հանդէպ անհանգստութեամբ: Ինչպէ՞ս պէտք է ապրինք:
Անկախ անկէ, թէ մարդ ո՛ւր կը վնասէ կամ կ՚ոչնչացնէ այլ մարդիկ, բռնութիւնը կամ նոյնիսկ անոնց բռնի վարքագիծը միշտ ուղղակի կամ անուղղակիօրէն կը վերադառնայ իրենց: Ինչ որ ալ ընէ «բռնի էակը», ան կը տառապի իր բռնութեան պատճառով: Այստեղ դարձեալ կը ծագի հարցում մը. ինչպէ՞ս ապրիլ։ Որքան պատասխանատու ըլլանք մեր կեանքի համար, այնքան աւելի կը կարողանանք պատասխանել այս հարցումին եւ կանգնիլ ամէն տեսակ բացասականութեան դէմ՝ ինչպէս բռնութիւնը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
•վերջ