ԱՐԵՒԸ

ամէն առաւօտ
արեւը կը բարձրանայ լեռներու գագաթներէն
կը քալէ աշխարհի քաղաքակրթութեան փոշիներուն մէջէն
կը դիտէ մարդոց ողբերգութիւններն ու գռեհկութիւնները
կը տեսնէ անոնց տառապանքէն ծնած արցունքները
ապա աւերուած սրտով հաւաքելով բոլորին երազները
տենչերն ու յոյսերն եւ ցաւերը
խուլ ճգնաւորի մը նման կամաց-կամաց կ՚երթայ
դէպի օրուան կեանքի վերջալոյսին
մայրամուտի ծոցին մէջ իր յուսախաբութիւնը թաղելու
խոստանալով վաղը դարձեալ
իբրեւ նոր լուսածագ աշխարհին վերադառնալով
մարդոց կեանքի թաքուն ձայներուն կրկին ականջ տալու
ինչպէ՞ս բացատրել այս վիճակը
ամէն առաւօտ…

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2024