ՇաՐլ Ազնաւուրին յանձնուած՝ «Նիքոս Կացոս-2016» Մրցանակը

Փա­րի­զի «Նոր Յա­ռաջ» թեր­թին մէջ կը կար­դանք.-

Գրա­կա­նու­թեան մի­ջերկ­րա­կա­նեան կեդ­րո­նը Դեկ­տեմ­բե­րի 20-ին յայ­տա­րա­րած է, թէ «Նի­քոս Կա­ցոս-2016» գրա­կան մրցա­նա­կը շնոր­հուած է աշ­խար­հահռ­չակ հա­յազ­գի եր­գիչ Շարլ Ազ­նա­ւու­րին, իր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ամ­բող­ջա­կան վաս­տա­կին հա­մար՝ ա­ւե­լի քան ութ հա­րիւր երգ:

Այս մրցա­նա­կը, որ հաս­տա­տուած է 2012 թուա­կա­նին, նա­խա­պէս շնոր­հուած է ծա­նօթ այլ եր­գիչ­նե­րու. ինչ­պէս՝ Սերժ Լա­մային, Կի Պէարին: Մրցա­նա­կը ա­նուա­նուած է յոյն գե­րի­րա­պաշտ վեր­ջին բա­նաս­տեղծ­նե­րէն մէ­կուն ա­նու­նով եւ ա­մէն տա­րի կը շնոր­հուի եր­գե­րու եւ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րու հե­ղի­նակ­նե­րու:

Նա­նա Մուս­քու­րիի գլխա­ւո­րած դա­տա­կազ­մը յայ­տա­րա­րած է, թէ մրցա­նա­կը շնոր­հուե­ցաւ 92-ա­մեայ Շարլ Ազ­նա­ւու­րին՝ «եր­գեր յօ­րի­նե­լու նոր ձեւ մը հնա­րած ըլ­լա­լուն հա­մար»:

Մրցա­նա­կը Ազ­նա­ւու­րին յանձ­նուած է Փա­րի­զի մօտ Յու­նաս­տա­նի դես­պա­նա­տու­նէն ներս տե­ղի ու­նե­ցած ա­րա­րո­ղու­թեան մը ըն­թաց­քին, ո­րուն ներ­կայ գտնուած են նաեւ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Վի­գէն Չի­տէճեան, Ֆրան­սա­յի ա­կա­դե­միոյ ան­դամ պատ­մա­բան Է­լէն Քա­ռեր-տ՚Ան­քոս եւ ծա­նօթ այլ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ:

Իսկ «Նի­քոս Կա­ցոս-2016» բա­նաս­տեղ­ծու­թեան ա­նուա­նա­կար­գի մրցա­նակ­նե­րուն ար­ժա­նի նկա­տուած են ի­րան­ցի բա­նաս­տեղծ Ռո­ժա Շա­ման­քար եւ լի­բա­նան­ցի բա­նաս­տեղծ Աքլ Աուիթ:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2016