75 ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՍՏՂԱԴԻՏԱՐԱՆԸ
Վիքթոր Համբարձումեանի անուան Բիւրականի աստղադիտարանը տօնեց իր հիմնադրման 75-ամեակը: Բիւրական գիւղի Արագած լերան լանջին գտնուող այս եզակի աստղադիտարանը Արեւելեան Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի կարեւորագոյն աստղադիտարաններէն մէկն է, որ հիմնուած է անուանի գիտնական Վիքտոր Համբարձումեանի ջանքերով ու ինքն ալ եղած է աստղադիտարանի առաջին տնօրէնը: Տակաւին 1940-50-ականներուն առաջին աստղագէտներն էին Հայկ Պատալեան, Բենիամին Մարգարեան, Ռուբէն Սահակեան, Գրիգոր Գուրզատեանը Լուտվիկ Միրզոեան, Նինա Իվանովեան, Վաղարշակ Սանամեան, Մարադ Առաքելեան, Եդուարչ Խաչիկեան եւ Քարլոս Գրիգորեան: Երկու մասերէ կազմուած է հայոց աստղադիտարանը, ունի բնակելի աւաններ եւ գործառնական մասեր, որ կը պարունակէ դիտաշտարակները, վարչական եւ տարրալուծարանի շէնքերը, ժողովասրահը եւ հիւրերու տունը: Արտաքին մուտքի աստիճանները ունին իւրայատուկ ճարտարապետական ոճ, որ կը գրաւէ այցելուները: Իսկ այցելուները հոս տարուայ բոլոր եղանակներուն ներկայ են: Մարդիկ ոչ միայն աստղերը դիտելու կը՚երթան, այլ նաեւ վայելելու Բիւրականը՝ իր հրաշք բնութեամբ, նաեւ աստղադիտարանին մէջ ծանօթանալու անոր հիմնադիր-գիտնականին անցած ճանապարհին: Հոս, Համբարձումեանի տուն-թանգարանին մէջ կը պատմեն, որ Վիքթոր Համբարձումեան անցեալ դարու աշխարհի ամենախոշոր գիտնականներէն մէկն էր, որուն աւանդը դարերու եւ սերունդներու համար է:
20-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ԱՄԵՆԱՆՇԱՆԱՒՈՐ ՀԱՅ ԳԻՏՆԱԿԱՆԸ
Աշխարհի մէջ տեսական աստղաբնագիտութեան հիմնադիրներէն Վիքթոր Համբարձումեան ծնած է Թիֆլիզ, 1908 թուականին:
Համբարձումեանին աշխատութիւնները կը վերաբերին՝ աստղերու եւ միգամածութիւններու բնագիտութեան, արտայարդգողական աստղագիտութեան, աստղային համակարգերու ուժաբանութեան, աստղերու եւ յարդգողերու տիեզերածնութեան եւ ուսողական բնագիտութեան, միջուկային բնագիտութեան բնագաւառներուն։ Սկզբունքօրէն նոր տիեզերածնական հայեցակարգի հեղինակ է։ Սթալինեան մրցանակի կրկնակի (1946, 1950) դափնեկիր եղած է, աշխատանքի կրկնակի հերոս (1968, 1978), Հայաստանի Ազգային հերոս (1996), Ռուսաստանի Պետական մրցանակի դափնեկիր, արժանացած է բազմաթիւ ակադեմական պարգեւներու։
Անոր հայրը՝ Համազասպ Համբարձումեան եղած է իրաւաբան, գրականագէտ։ Նկատելով երեք-չորս տարեկան որդիին՝ թիւերու նկատմամբ ունեցած մեծ հետաքրքրութիւնը, հայրը աւելի լրջօրէն կը զբաղի իր օժտուած զաւակով՝ զարգացնելով անոր բնատուր բնագիտական ձիրքը։ Դպրոցական տարիներուն առաւել ցայտուն կ՚երեւին թուաբանութեան եւ աստղագիտութեան նկատմամբ անոր հակումները։ Այդ տարիներուն արդէն հրապարակային դասախօսութիւններ կը կարդար բնագիտութեան եւ աստղագիտութեան խնդիրներու վերաբերեալ։ 1924 թուականի մարտին 15-ամեայ Համբարձումեան, Երեւանի Պետական համալսարանի անուանի փրոֆեսէօրներու, դասախօսներու ուսանողներու եւ աշակերտներու համար դասախօսութիւն կը կարդայ Ալպերթ Այնշթայնի յարաբերականութեան տեսութեան վերաբերեալ, որ կ՚ընդունուի մեծ հետաքրքրութեամբ: Մի քանի ամիս ետք նոյն դասախօսութիւնը կրկին կը կարդայ Թիֆլիզի մէջ:
1924 թուականին Համբարձումեան կ՚ընդունուի Լենինկրատի Մանկավարժական համալսարանի Բնագիտա-մաթեմաթիքական բաժինը։ Մէկ տարի ետք կը տեղափոխուի Լենինկրատի Պետական համալսարան։ 1926 թուականին, տակաւին ուսանող, ան կը հրատարակէ իր առաջին գիտական յօդուածը՝ նուիրուած արեգակնային ջահերուն։ Ուսանողական տարիներուն կը տպագրէ աւելի քան տասնհինգ յօդուած։ Համալսարանը աւարտելէ ետք, 1928-1931 թուականներուն Համբարձումեան ուսանած է Փուլքովոյի աստղադիտարանի ասպիրանտուրա՝ ակադեմիկոս Ա․ Փելոպորսքիի ղեկավարութեամբ։ 1934 թուականին Լենինկրատի համալսարանէն ներս չորս տարի աշխատելէ ետք, Համբարձումեան կը հիմնադրէ ու կը ղեկավարէ Խորհրդային Հայաստանի առաջին աստղաֆիզիքայի ամպիոնը։
1935 թուականին Համբարձումեանին կը շնորհուի գիտութիւններու տոքթորի աստիճան՝ առանց ատենախօսութեան պաշտպանութեան: Կոչումը գիտական մեծ հեղինակութեան եւ համաշխարհային համբաւի եւ վաստակի արդիւնքն էր։
1939 թուականին ան կ՚ընտրուի Խորհրդային Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիոյ թղթակից-անդամ, եւ կը նշանակուի համալսարանի փոխ-ղեկավար: 1943 թուականին կը հիմնադրուի Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիան, Վիքթոր Համբարձումեան կ՚ընտրուի փոխ-նախագահ։ 1947 թուականին Երեւանի համալսարանի դասախօս էր։ 1947 թուականին կ՚ընտրուի Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի նախագահ՚ փոխարինելով Յովսէփ Օրբելիին։ Այդ պաշտօնին կը վերընտրուի մինչեւ 1993 թուականը։
1947 թուականին կը հրատարակուի իր յայտնի աշխատանքը՝ «Աստղերու առաջընթացքը եւ աստղային բննագիտութիւնը», որ կ՚ապացուցէ իր յայտնագործած աստղային համակարգեր՝ աստղասփիւռները, կազմուած են միանման աստղերէն, եւ այդպիսով պայմանաւորուած՝ նմանատիպ աստղերու բարձր խտութիւնը։ Համբարձումեանի ստացած արդիւնքներով աստղասփիւռներու տարիքը չէր կրնար գերազանցել մի քանի տասնեակ միլիոն տարին եւ նոյն աստղասփիւռի բոլոր աստղերը առաջացած են միասին։ Ան ապացուցեց, որ աստղերու յառաջացման ընթացքը կը շարունակուի եւ ծեր աստղերուն հետ միասին գոյութիւն ունին նաեւ երիտասարդ աստղեր։ Այս աշխատանքին համար Վիքթոր Համբարձումեան 1950 թուականին արժանացաւ պետական մրցանակի։ Մինչեւ իր կեանքին վերջը Վիքթոր Համբարձումեան համոզուած էր, որ մեր ժամանակներուն նոյնպէս համաստեղութիւններ կը ծնին։
1948-1955 թուականներուն եղած է Միջազգային աստղադիտական միութեան փոխ-նախագահ, 1961-1964 թուականներուն՝ նախագահ, 1968-1972 թուականներուն՝ Գիտական ընկերութիւններու միջազգային խորհուրդի նախագահ։ 1953 թուականին Վիքթոր Համբարձումեան կ՚ընտրուի Խորհրդային Միութեան Գիտութիւններու ակադեմիայի ակադեմիկոս։
1966 թուականին Բիւրականի աստղադիտարանին մէջ կազմակերպուեցաւ միջազգային աստղագիտական միութեան 29-րդ ժողովը, որ կը վկայէ Բիւրականի աստղադիտարանին մէջ իրականացուող հետազօտութուններուն կարեւորութեան մասին։
Վիքթոր Համբարձումեան աշխարհի աւելի քան երեսուն ազգային ակադեմիաներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու պատուաւոր անդամ էր, իսկ 1958-1961 թուականներու միջեւ գլխաւորած է Համաշխարհային աստղագիտական ընկերութիւնը։ Ան երկու անգամ ընտրուած է Գիտական միութիւններու համաշխարհային խորհուրդի նախագահ (1966-1972)։
1993 թուականին կը դառնայ Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի պատուոյ նախագահ։ 1994 թուականին արժանացած է Հայաստանի Ազգային հերոսի կոչման։
Մահացած է 12 օգոստոս 1996 թուականին, Բիւրական։ Թաղուած է Բիւրականի աստղադիտարանի աստղադիտակներէն մէկուն մօտ՝ Համբարձումեաններու ընտանեկան գերեզմանատան մէջ։ Անոր առանձնատունը այժմ մեծ գիտնականի տուն-թանգարանն է, իսկ Բիւրականի աստղադիտարանը 1998 թուականէն կը կրէ իր հիմնադիրի անունը։ 1931 թուականի վերջաւորութեան Վիքթոր Համբարձումեան ամուսնացած է Վերա Ֆիոտորովնա Քլոչիխինայի հետ։ Չորս զաւակներէն երկուքը՝ Ռաֆայէլը եւ Ռուբէնը, բնագէտներ են եղած են:
1932 թուականին Լոնտոնի Թագաւորական աստղագիտական ընկերութեան «Monthly Notices» հանդէսը հրապարակած է Համբարձումեանի «Մոլորակաձեւ միգամածութեան ճառագայթման հաւասարակշռութեան մասին» յօդուածը, որ այժմ կը համարուի կազային միգամածութիւններու ժամանակակից տեսութեան հիմնաքարը։
Անոր մշակած եղանակները կիրառուած են անկայուն աստղերու կազային թաղանթներու հետազօտման համար։ Այդ աշխատութիւններէն մէկուն մէջ (Ն. Ա. Քոզիրեւի հետ համատեղ) յաջողուած է առաջին անգամ գնահատել նոր աստղերու արտանետած կազային թաղանթներու զանգուածները։ Այդ գնահատականը շատ էական դեր ունեցաւ աստղերու զարգացման խնդիրները դիտարկելու պահուն։ Մասնաւորապէս, այն առիթ ընձեռեց յայտնաբերելու աստղային անկայունութեան ամենաչնչին բացայայտումները։
Կիրառելով վիճակագրական Մեքենագիտութեան ինքնատիպ եղանակներ՝ Համբարձումեան կարեւոր արդիւնքներ ստացած է։ 1936 թուականին այդ ճանապարհով լուծած է անգլիացի աստղագէտ Արթուր Էտինկթընի առաջադրած թուաբանական խնդիրը՝ գտնել աստղակոյտի աստղերուն տարածական արագութիւններու բաշխումը՝ ունենալով անոնց տեսագծային արագութիւններու բաշխումը։ Տասնամեակներ ետք այդ նոյն խնդիրը վերստին ի յայտ եկաւ՝ բժշկական համակարգչային ախտորոշման կապակցութեամբ։ Ի վերջոյ (1979 թուականին), այդ թունաբանական խնդիրի լուծումը նշանաւոր դարձաւ բժշկութեան բնագաւառի Նոպելեան մրցանակով «Համակարգչային շողանկարի (tomography) մշակման համար»։
Աստղային համակարգերու վիճակագրական Մեքենագիտութեան եղանակները Համբարձումեանին կարելիութիւն տուին գնահատել աստղային համակարգերու տարիքները։ Մասնաւորապէս, 1935-1937 թուականներուն Համբարձումեան գիտական բանավէճ ունեցաւ անգլիացի նշանաւոր գիտնական Ճէյմս Ճինզի հետ՝ մեր աստղային համակարգի՝ Ծիր կաթինի տարիքին առիթով եւ ապացուցեց, որ մեր Ծիր կաթինը առնուազն 1000 անգամ երիտասարդ է Ճինզի տուած գնահատականէն, որ համընդհանուր ընդունելութիւն ունէր։
Աստղային համակարգերու ուժաբանութեան եւ վիճակագրութեան վերաբերեալ Համբարձումեանի աշխատութիւնները հանդիսացած են աստղային համակարգերու արդի վիճակագրական Մեքենագիտութեան հիմք։ 1995-ին Համբարձումեան այդ հետազօտութիւններուն համար Ռուսաստանէն Պետական մրցանակ ստացած է:
Վիքթոր Համբարձումեանի աշխատանքներու ամբողջ շարք մը նուիրուած է Կալաքսիի միջաստղային նիւթի հետազօտութեան։ Էական նոր արդիւնք կը ստանայ, որուն համաձայն Կալաքսիի մէջ կլանող նիւթը ունի պատառաձեւ բաշխում եւ լոյսի կլանման պատճառը միջաստղային տարածութեան մէջ բազմաթիւ կազափոշային ամպերու առկայութիւնն է։ Միջաստղային ամպերու ամբողջութեան հետազօտման հզօր միջոց եղաւ տատանումներու տեսութիւնը, որ նոր ուղիներ բացաւ աստղագիտութեան մէջ։
2010 թուականին կը հիմնուի Համբարձումեանի անուան միջազգային գիտական մրցանակը։ Մրցանակը կը շնորհվի աստղաբնագիտութեան մէջ, ինչպէս նաեւ բնագիտութեան եւ ուսողութեան յարակից ոլորտներու մէջ նշանակալի գիտական աշխատանքներու համար, անկախ գիտնականի ազգութենէն: Բիւրականի աստղադիտարանին մէջ գտնուող անոր տուն-թանգարանը Հայաստանի Ազգային հերոսի կեանքը ներկայացնող լաւագոյն վայրն է:
ԸՆՏԱՆԻՔ
Հայրը՝ Համազասպ Համբարձումեան, իրաւաբան էր, թարգմանիչ, գրականագէտ։ Յայտնի թարգմանութիւններէն էին Հոմերոսի «Իլիականը»։ Մայրը՝ Հռիփսիմէն, Ցխինվալի քաղաքի հոգեւոր հովիւ Տ. Սահակ Քահանայ Խախանեանցի դուստրն էր։ Քոյրը՝ Գոհար Համբարձումեան, մաթեմաթիկոս էր, բնագիտութեան եւ թուաբանութեան գիտութիւններու անդամակից փրոֆէսօր: Վիքթոր Համբարձումեանին եղբայրը՝ Լեւոնը, իրմէ փոքր էր երկու տարիով, աշխատած է Լենինկրատի աստղագիտական կաճառի ծանրաչափական արշաւախմբերուն մէջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան